ԳՆԱ՛ ՄԵՌԻՐ, ԵԿՈ՛ՒՐ ՍԻՐԵՄ
Առածները ժողովուրդի մը իմաստութեան եւ ապրած կեանքի հայելին է՝ նոյնինքն այդ ժողովուրդին ստեղծագործութիւնն ու ծնունդը: Անոնք շատ անգամ գրուած են ազգի մը իսկական դիմագիծը պարզելու՝ եւ յաճախ քննադատելու երեւոյթներ, որոնք երբեք սրբագրութեան չեն ենթարկուիր:
Այդ առածներէն ամենէն հիներէն եւ կենդանի մնացածներէն է «Գնա՛ մեռիր, եկո՛ւր սիրեմ»ը, որ այս ընթացքով կը խոստանայ գոյատեւել տակաւին երկար տասնամեակներ եւ գուցէ դարեր՝ մնալով իր նոյն յամառ ընթացքին վրայ:
Մեր հայկական իրականութեան մէջ եղած են բազմաթիւ դէմքեր, որոնք իրենց կենդանութեան հալածուած, ատուած ու անտեսուած են: Բարեբախտաբար անոնցմէ շատեր յետ մահու գտած են իրենց արժանի սէրն ու մեծարանքը, սակայն ուրիշներ շարունակած են մնալ ապերախտութեան ճիրաններուն մէջ:
Վերոյիշեալ գաղափարը փաստելու համար պիտի յիշեմ հայ երգահան, երաժշտագէտ, ուսուցիչ եւ ազգի պարծանք՝ Կոմիտաս Վարդապետի անձնական նամակագրութիւններէն երկտող մը: Կոմիտաս Վարդապետ 115 տարիներ առաջ Պերլինէն Մարգարիտ Բաբայեանին կը գրէ.
«Այս եօթ տարի է ձրի ծառայելով, թոքերս մաշելով, առողջութիւնս քայքայելով, համբերեցի, ոչ մի տրտունջ չհանեցի, բայց փոխանակ խրախոյսի, ոչ թէ նախատինք, երանի՜ նախատինք լինէր. լոկ անտարբերութիւնով վարձատրեցին ինձ» («Կոմիտաս նամակներ», Գրականութեան եւ արուեստի թանգարան տպ., Երեւան 2007, էջ 21-22):
Կոմիտաս Վարդապետ այս գրութենէն 7 տարիներ ետք՝ հինգշաբթի, 7 օգոստոս 1913 թուականին դարձեալ կը գրէ.
«Տեսնում ես, որ Էջմիածնում եմ, բայց չե՛մ եկել մնալու, ուզող էլ չկայ, որ մնամ: Մի բերան չասեցին նո՛յնիսկ, թէ ինչո՞ւ չես մնալու, ինչո՞ւ չես մնում, ինչո՞ւ հեռացել ես վանքից» (Նոյն անդ, էջ 57):
Եւ այսօր Կոմիտասի մահէն 86 տարիներ ետք կը մեծարենք երաժշտութեան տիտանը: Այսպիսով պատմութիւնը դարձեալ կը փաստէ, որ պէտք է երթա՛ր, որպէսզի սիրէինք ու մեծարէինք:
Վստահ եմ, աշխարհի վրայ չես կրնար գտնել ժողովուրդ մը, որ հայ ժողովուրդէն աւելի «յետ մահու պարգեւատրում» կատարած ըլլայ, որովհետեւ մեր «հայկական տասնաբանեայ»ով մահացու մեղք է կենդանութեան գնահատել անձի մը տարած աշխատանքն ու գործունէութիւնը: Մեր հայ ազգի ամենամեծ հիւանդութիւններէն մէկն է անտարբերութեան մատնել աշխատողը, անդին՝ մեծարել ան՝ որ ո՛չ մէկ աշխատանք կը տանի: Ան՝ որ ո՛չ թէ աշխատանքով, այլ ծանօթութեամբ, ասոր անոր միջամտութեամբ կրցած է անուն շահիլ՝ առանց գործելու:
Դար մը առաջ մի քանի տասնեակ ազգային գործիչներ, լրագրողներ, հրապարակագիրներ եւ ուսուցիչներ անօթութենէ եւ անտարբերութենէ կը տառապէին: Զաւեշտի նման հայկական պատմութեան ամօթալի բաժնին մէջ կը գրուէր. «Երբ մեծատաղանդ երգիծաբանը մեռաւ, գրպանէն չորցած կտոր մը հաց ու սոխ ելան»: Պոլսահայ գրող Գրիգոր Զօհրապ 18 օգոստոս 1908-ին իր գրչեղբօր՝ Արշակ Չօպանեանին կը գրէր. «Ես ապերախտ վաստակին մէջ կը տառապիմ». եւ այսօր այդ անտեսուածներուն անունով կը կոչուին փողոցներ... դրամաթուղթեր կը կրեն անոնց նկարները, ուսումնարաններ եւ հիմնարկներ կը կոչուին անոնց անունով եւ կը կանգնեցուին անոնց արձաններն ու կիսանդրիները:
Հին աշխարհի մեծագոյն զօրավարներէն Աննիպալին յաջորդը՝ Սկիպիոն, մեր թուականէն աւելի քան երկու հազար տարիներ առաջ կը հրամայէր իր մահէն ետք գերեզմանին վրայ գրել հետեւեալը. «Ապերախտ հայրենի՜ք, դուն իմ ոսկորներս չպիտի ունենաս»: Վստահաբար ապերախտութեամբ պսակուած մեր նուիրեալներն ալ պիտի ձայնակցէին զօրավարին:
Հաւանաբար ըլլան մարդիկ, որ ըսեն «եթէ ես ըլլայի...». այդ հիւանդութեան դարման գտնելու համար Կոմիտասի, Օտեանի, Զօհրապի եւ ուրիշներու ժամանակաշրջանին ապրելու պէտք չի՛ կայ. որովհետեւ այսօր եւս մեր շուրջ կան նուիրեալներ, որոնք ցմահ պիտի ապրին՝ առանց իրենց ապերախտ ջանքերուն պսակումը տեսնելու, ինչպէս չտեսան նախնիները: Կ՚ուզէ՞ք մարդիկ ձեզ յարգեն ու մեծարեն ձեր մահէն ետք, մինչդեռ ձեր կենդանութեան միա՛յն նախատինք ու անտարբերութիւն քաղէք ի դիմաց ձեր վաստակին, կամ ձեր զաւակներ ձեր մահէն ետք միա՛յն գիտնան ձեր արժէքն ու օրհնութեան պակասը:
Մատա՜ղ անոնց, որոնք անկոտրուն կամքով կը շարունակեն ստեղծագործել, գրել եւ ստեղծել այնքա՛ն ապերախտ պայմաններու տակ: Եկէ՛ք տասնամեակներ ետք փողոցները իրենց անունով կոչելու փոխարէն իրենց կենդանութեան նեցուկ ու յենարան ըլլանք իրենց, որպէսզի աւելիո՛վ պտղաբերեն իրենց գործունէութիւնը:
*
Վերոյիշեալ բոլոր տուեալներուն լոյսին տակ գրութիւնը կ՚ուզեմ աւարտել սփիւռքահայ գրող եւ բանաստեղծ Նիկողայոս Սարաֆեանի բառերով.
«Ի՛նչ փոյթ թէ խուլ են եղեր եւ ապերախտ ինծի դէմ,
Թէ տառապեր եմ ի զուր, չառնելով ոչ մէկ յագուրդ
Եւ ոչ ալ վարձքը ճիգիս… Ես ապրեցայ, ու գիտեմ,
Որ սիրտս աճեր է, մեծցեր, լեցուեր լոյսով մը մաքուր»:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ՎՈՎԱ ՓԻՂԸ
Մեր թուականէն 51 տարիներ առաջ՝ երեքշաբթի, 28 յուլիս 1970 թուականին Երեւան ունէր քաոսային իրավիճակ մը: Սոյն թուականին Խորհրդային Միութեան տարածքին իր չափով ամենամեծ երկրորդ փիղը՝ Վովա փախուստ կու տայ Կենդանաբանական պարտէզէն ահ ու սարսափ պատճառելով տեղի բնակիչներուն:
Փիղը կը սկսի յարձակիլ մարդոց եւ ինքնաշարժներու վրայ, որու ընթացքին կը կոտրէ ժանիքը՝ աւելի ահ ու սոսկում պատճառելով: Այդ օր Վովա փիղի հոգատար «մարզիչ»ը՝ Իւան Շչերպան բարձր տաքութեամբ քնացած էր եւ փիղը իրմէ զատ ուրիշի չէր հնազանդեր:
Դէպքի վայր կը կանչուի զինուորականութիւն, որոնք զանազան ձեւերով անյաջող փորձեր կը կատարեն հանդարտեցնելու համար փիղը: Ապա կը բերուի զրահապատ մեքենայ եւ քշուելով կենդանին կը փորձուի վերադարձուիլ Կենդանաբանական այգի: Անյաջող բազմաթիւ փորձերէ ետք պարտաւորուած կը սպաննուի Վովա փիղը:
Փիղի կատաղելուն մասին բազմաթիւ վարկածներ յառաջ քշուած են. շատեր այդ մէկը կը վերագրեն այն իրողութեան, որ երեսուն տարիներու ընթացքին ո՛չ փիղի ապրելու տեղը մեծցուցած էին եւ ո՛չ ալ անոր սնունդը աւելցուցած:
Յ.Գ. Վովա փիղը ծնած է 1927-ին, Հնդկաստանի մէջ եւ 1928 թուականին բերուած՝ Խորհրդային Միութիւն: Ապրած է նախ Ռուսաստանի, ապա Ուքրայնայի կենդանաբանական այգիներուն մէջ, ուրկէ բերուած է Հայաստան:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ