ԱՆԻՐԱՒՆԵՐ ԵՒ ԻՐԱՒԱՑԻՆԵՐ

«Est modus in rebus». Ամէն բանի մէջ չափ կայ։ Այսպէս կ՚ըսէ հռոմէացի բանաստեղծ Որատիոս (Ովրատիոս) Ֆլակքոս. (Ք.Ա. 65-8)։

Աստուածաշնչական դրախտի պատմութիւնը եւ նախաստեղծները, կեանքին մասին կատարելագործուած գաղափար մը չեն ներկայացներ. վերին հեղինակութիւն մը, հիմնուած՝ որոշած եւ գծած է անոնց երջանկութեան պայմանները. արդարութեան գաղափարը դեռ յստակ չ՚երեւիր։

Մարդ հոս պիտի ապրի եւ իր ապրումներուն համար, կատարման՝ ապրուստին համար, այս հրաշալի՜ միջավայրը բաւական է իր բազմաթիւ բարիքներով եւ վայելքներով. ամէն ինչ լաւ է, բայց ամէն ինչ օգտակար չէ՛ մարդուն համար։ Արդարեւ, ամէն բարի օգտակար կրնա՞յ ըլլալ նաեւ։

Զոր օրինակ, անուշը լաւ է, կերպով մը, զայն վայելող մէկու մը համար «բարի» է, բայց երբ անիկա չափազանցուի, կրնայ վնասակար ըլլալ։ Մարդուս համար սնունդը անշուշտ որ օգտակար է, բայց անոր ծայրայեղութիւնը վնաս կը պատճառէ, ասիկա անուրանալի իրականութիւն մըն է։

Մարդուս արդար իրաւունքն է իրեն շնորհուած ամէն բարիք վայելել. միայն առանց չափազանցելու. աշխարհի բիւրաւոր բարիքներու եւ վայելքներու մէջ ամէն բան լա՛ւ է, բայց ամէն ինչ օգտակար չէ մարդուս համար։ Մարդուս երջանկութեան պայմանը, արդարեւ, այս հասկացողութիւնը ըլլալու է եւ ո՛չ թէ բոլոր վայելքները։ Աստուածաշնչական պատմութեան մէջ «արգիլուած պտուղ»ի վարդապետութիւնը, կամ ուսուցումը մեզի ցոյց կու տայ, ահաւասիկ, այս հասկացողութիւնը։

Ուստի, երբ կեանքի եւ երջանկութեան մասին հարկ եղած տիրական հասկացողութիւնը կորսնցնէ մարդ, երջանկութիւնը ինքնին կը խանգարուի եւ խոյս կու տայ իրմէ, ան կ՚ընդունի տաժանելի աշխատութեան դատակնիքը՝ որ է անբնական եւ վաղահաս մահը։

Եւ դժբախտաբար, մարդը իր աւելորդ եւ չափազանցուած բաղձանքներով եւ իր ծայրայեղ հետաքրքրութիւններով, որ հաւասար է անհնազանդութեան կամ պատուիրազանցութեան, խանգարած է իր երջանկութեան պայմանները։ Տուեալ սահմանը անցնիլ, այս իմաստով կը նշանակէ՝ չափազանցել։

Այս կէտին, մարդ իր պայմաններուն մէջ, բնութեան օրէնքներուն պէտք է հնազանդի, եւ այս հարցով պէտք չէ օրինազանց ըլլայ։ Գիտական հետազօտութիւնները եւ ուսումնասիրութիւնները պատրուակելով բնութեան հետ չափէ աւելի զբաղիլ՝ օգուտէ աւելի վնաս կրնայ պատճառել, քանի որ կան կարգ մը «խորհուրդ»ներ՝ որոնց հասնիլ կարելի չ՚ըլլար…

Ոչ միայն չափաւորութեան արդար հասկացողութիւնը մէկդի դրեր է մարդ, այլ նաեւ չարաչար գործածեր է իր աստուածատուր կարողութիւնները եւ ընդունակութիւնները։ Մարդ ո՛րչափ հեռանայ չափաւորութեան, հաւասարութեան եւ մանաւանդ արդարութեան ըմբռնումներէն եւ արդա՛ր ըմբռնումէն, այնչափ նեղութիւն կը զգայ եւ այս զգացումին դէմ պայքարելու եւ յաղթելու համար քարէ քար կը զարնէ ինքզինք։

Չափաւորութիւնը մտքի եւ հոգիի ամենէն բնական եւ հետեւաբար ամենէն արդար վիճակն է մարդու համար, որով կարելի է ապահովել երջանիկ կեանքը։ Չափաւորութիւնը այնքան գրաւիչ եղած է իր բարերար արդիւնքով, որ խստութեան աստիճանները հասցուցած են մարդիկ զայն ամէն երկրի եւ ամէն կրօնքի մէջ։

Բարդ եւ շռայլ կեանքի վատախտարակ հրապոյրէն պէտք չէ՛ տարուին մարդիկ, քանի որ երջանկութիւնը չափաւորութեան մէջ է։

Բնութեան անփոփոխելի օրէնքն է՝

Ամէն բանի մէջ չա՛փ կայ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յուլիս 27, 2023, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Յուլիս 28, 2023