ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

«Հաւատարմութիւն»ը առաքինութիւն մըն է՝ որ իր մէջ ամփոփուած է ուղղամտութիւն, վստահութիւն, անկեղծութի՛ւն։ Հաւատարմութիւնը ճիշդ, անխարդախ, անշեղ եւ անսխալ, վստահութիւն ներշնչող նկարագրի մը արտայայտութիւնն է։ Հաւատարմութիւնը ցոյց կու տայ մարդկային վիճակ մը՝ որ միշտ կա՛յ, միշտ նո՛յնն է եւ ցմիշտ նո՛յնը կը մնայ, ինչ որ ի զօրու է նաեւ անցեալի համար։ Հաւատարմութիւնը անշեղ գիծ մըն է, որ ամէն պարագայի եւ պայմանի մէջ երբեք չի շեղիր, միշտ նոյն ձեւով կը շարունակէ իր ճամբան։

Հաւատարիմ մարդը թէ՛ ինքնավստահ է եւ թէ՛ ուրիշներու ալ վստահութիւն կը ներշնչէ, անկեղծ է եւ անայլայլելի՝ փոփոխամիտ չէ, այլ՝ հաստատամի՛տ։ Մէկ խօսքով՝ հաւատարմութիւնը առաքինութիւն մըն է, որ մարդուս արժանիքը կ՚աւելցնէ, արժանապատուութիւնը եւ արժանաւորութիւնը միշտ վե՛ր կը պահէ։

Աստուած հաւատարմութեան յայտնութիւնն է։ Ան յայտնելով Իր անունը միանգամայն կը յայտնէ Իր հաւատարմութիւնը՝ որ միշտ կա՛յ եւ միշտ է. «Ես եմ Աստուածը քու հայրերուդ» (ԵԼՔ. Գ 6)։ Այս հաւատարմութիւնը կը բովանդակէ նաեւ ապագան՝ գալիքը. «Ես քեզի հետ պիտի ըլլամ» (ԵԼՔ. Գ 12)։ Աստուած որ կը յայտնէ Իր անունը որպէս «Ես Եմ», կը յայտնէ Ինքզինք իբրեւ այն Աստուածը, որ միշտ հոն կայ, միշտ ներկա՛յ է։ Արդէն Այն՝ որ Աստ-ւած է, կը նշանակէ թէ «աստ» է, այսինքն՝ հո՛ս է։ Եւ այն որ միշտ «հո՛ս» է, ան հաւատարիմ է եւ վստահելի՛։

Մարդ ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերով եւ Անոր նմանութեամբ, ուրեմն մարդն ալ իր այս հանգամանքով պէտք է միշտ հաւատարիմ ըլլայ, որպէսզի իր նմանութիւնը յայտնէ Աստուծոյ նկատմամբ։ Ուստի մարդ կոչուած է ուղղամտութեան, անկեղծութեան՝ որոնց մայրն է հաւատարմութիւնը։

Արդարեւ, ի դիմաց Աստուծոյ խորհրդաւոր եւ առինքնող ներկայութեան, միշտ հաւատարիմ եւ վստահութիւն ներշնչող էութեան, մարդ իր փոքրութիւնը կը տեսնէ։ «Եթէ մեր սիրտը մեզ դատապարտէ Անոր առջեւ, մենք պիտի խաղաղեցնենք մեր սիրտը, որովհետեւ Աստուած աւելի մեծ է քան մեր սիրտը եւ Ինք գիտէ ամէն ինչ» (Ա ՅՈՎՀ. Գ 19-20)։

Մարդ կը հաւատայ ե՛ւ կը վստահի Աստուծոյ, քանի որ Ան հաւատարի՛մ է Իր խոստումներուն եւ Ան միշտ նո՛յնն է՝ հո՛ս է։

Մարդկային փոխյարաբերութիւններու մէջ ալ հաւատարմութիւնը կարեւոր եւ մանաւանդ դրական դեր մը կը կատարէ։ Եւ հաւատարմութիւնը յատուկ տեղ մը ունի ամուսնական սիրոյն մէջ, ամուսնական սրբազան եւ նուիրական հաստատութեան մէջ։

Ամուսնական սէրը իր բնութեամբ իսկ ամուսիններէն՝ այր թէ կին, անբռնաբարելի հաւատարմութիւն կը պահանջէ։ Ասիկա հետեւանքն է իրենց անձերուն պարգեւին, զոր ամուսինները, այսինքն ամուսնացածները իրարու կը կատարեն։ Սէրը կոչուած է վերջնակա՛ն ըլլալու։ Ուստի ան չի կրնար տեւել «մինչեւ ցնոր տնօրինում»։ Երկու բանաւոր եւ գիտակից անձերու փոխադարձ նուիրումը հանդիսացող այս սերտ միութիւնը, նո՛յնքան նաեւ զաւակներուն բարիքը, կը պահանջեն ամուսիններուն ամբողջական հաւատարմութիւնը եւ անբաժանելի միութիւնը։ Եւ հաւատարմութեան ամենախորունկ դրդապատճառը կը գտնուի Աստուծոյ հաւատարմութեան մէջ Իր ուխտին հանդէպ եւ Քրիստոսի՝ Իր Եկեղեցիին հետ։

Ամուսնութեան սուրբ խորհուրդով ամուսինները կը լիազօրուին այս հաւատարմութիւնը ներկայացնելու եւ անոր վկայելու։

Սուրբ Խորհուրդին շնորհիւ, ամուսնութեան «անլուծանելիութիւն»ը նոր եւ աւելի՛ խորունկ նշանակութիւն մը կը ստանայ։

Մարդկային խորհելակերպով, կրնայ դժուար եւ նոյնիսկ անկարելի՛ թուիլ մարդկային մէկ էակի հետ կապուիլը ամբողջ կեանքին համար։

Սակայն կարեւոր է հռչակել այս Բարի Լուրը, թէ Աստուած մեզ կը սիրէ վերջնական եւ անվերադարձ սիրով եւ ամուսիններն ալ ունին բաժին այս սէրէն, որ կը կրէ զիրենք եւ կ՚օգնէ իրենց. իրենց հաւատարմութեամբ անոնք կարող կը դառնան Աստուծոյ հաւատարիմ սիրոյն վկաները ըլլալու։ Ամուսինները, որոնք յաճախ շատ դժուար պայմաններու մէջ Աստուծոյ շնորհքով այս վկայութիւնը կու տան, արժանի կը դառնան եկեղեցային հասարակութեան երախտագիտութեան եւ նեցուկին։ Եւ այս իսկ պատճառով, հաւատարմութիւնը տիպար առաքինութիւն մըն է…։

Իրատե՜ս ըլլալու է. կան սակայն կացութիւններ, ուր ամուսնական համակեցութիւնը եւ տեւականութիւնը բազմաթիւ պատճառներով, զանազան երեւոյթներու բերումով գործնականապէս անկարելի՛ կը դառնայ։ Եւ նման պարագաներուն, Եկեղեցին կ՚ընդունի ֆիզիքական «բաժանում»ը ամուսիններուն եւ վե՛րջը կենակցութեան։ Սակայն այս դժուար կացութեան մէջ, եթէ պայմանները ներեն անշուշտ, կարելի լաւագոյն լուծումը՝ հաշտութիւն պիտի ըլլար, ջանալով ամուսնական միութեան տեւականացումը կասեցնող պատճառները մէջտեղէն վերցնել եւ ջնջել։ Եւ իր իսկական իմաստով հաւատարմութիւնն ալ այս կը պահանջէ. իսկ եթէ ասիկա անկարելի է եւ վնաս կը պատճառէ անձերուն, «բաժանում»ը անհրաժե՛շտ կը դառնայ։

Բայց նոր միութիւն մը վաւերական չի ճանչցուիր, եթէ նախորդը օրինաւոր կերպով չէ վերջացած եւ կը շարունակէ վաւեր ըլլալ։

Արդարեւ, ամուսնութիւնը՝ որպէս հաւատարմութեան մարմնացում մը, պէ՛տք է ճառագայթէ սիրոյ, զոհաբերումի, նուիրականութեան բեղմնաւոր կեանքով։ Ուստի սուրբ ամուսնութեամբ կազմուած ընտանիքը «առտնին Եկեղեցի» մըն է։ Ընտանիքին մէջն է, որ ծնողներ խօսքով եւ կենդանի օրինակներով կը հանդիսանան իրենց զաւակներուն հաւատքի, կրթութեան, մարդասիրութեան առաջին բամբերները յօգուտ իւրաքանչիւրին սեփական կոչումին եւ յատկապէս՝ հաւատարմութեան կոչումին։ Այս իմաստով, քրիստոսնեայ ընտանիքը՝ օճախը այն վայրն է, ուր զաւակները կ՚ընդունին առաջին ծանօթացումը հաւատքին եւ հաւատարմութեան։ Այս պատճառով ընտանեկան տունը դպրոց մըն է մարդկային առաքինութիւններու եւ սիրոյ, որ հետզհետէ պիտի զարգանայ կեանքի ընթացքին։

Եսայի մարգարէին մօտ՝ կը գտնենք «Աստուծոյ ճշմարտութեան» կամ բառացիօրէն «Աստուած Ամէնի» արտայայտութիւնը, ըսելու համար թէ «Աստուած հաւատարիմ է Իր խոստումներուն մէջ»։ «Ով որ կ՚ուզէ օրհնուիլ երկրի վրայ, պիտի ուզէ օրհնուիլ Ամէնի Աստուծմէ» (ԵՍ. ԿԵ 16)։ Յիսուս Քրիստոս ալ յաճախ կը գործածէ «Ամէն» բառը, երբեմն կրկնուած ձեւով, ընդգծելու համար Իր ուսուցումին արժանահաւատութիւնը եւ Աստուծոյ Ճշմարտութեան վրայ հիմնուած Իր Իշխանութիւնը։

Հաւատալ՝ Աստուծոյ խօսքերուն, խոստումներուն, պատուիրաններուն «Ամէն» ըսել է, ինչպէս յաճախ կը կրկնէ մեր Տէրը. ամբողջովին վստահիլ է Անոր, որ անհո՜ւն սիրոյ եւ կատարեալ հաւատարմութեան «Ամէնն» է։

«Թող քու Հանգանակդ ըլլայ քեզի՝ զերդ հայելի մը։ Ինքզինքդ դիտէ՝ անոր մէջ տեսնելու համար թէ դուն արդեօք կը հաւատա՞ս այն ամէն ինչին, որուն հաւատալ կը յայտարարես։ Եւ ամէն օր հրճուէ՝ քու հաւատքովդ», կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս։

Արդարեւ, հաւատարմութիւնն է որ իր բոլոր ստորոգելիներով կը զօրացնէ հաւատքը՝ կ՚ամրացնէ զայն եւ առիթ կ՚ընծայէ որ մարդ վայելէ Աստուծոյ հաւատարմութի՛ւնը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 13, 2019, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 28, 2019