ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ

Աստուծոյ վաւերական պաշտամունք մը մատուցանելու պարտականութիւնը կը վերաբերի մարդուն՝ անհատապէս եւ ընկերապէս։ Արդարեւ, բոլոր մարդիկ պարտաւոր են փնտռել ճշմարտութիւնը, յատկապէս այն հարցերուն շուրջ, որոնք կը հային Աստուծոյ, եւ զայն ճանչնալէ ետք, անոր փարիլ եւ անոր հաւատարիմ մնալ։ Այս պարտականութիւնը կը բխի նոյնինքն մարդոց բնութենէն։ Ան չի հակասեր անկեղծ յարգանքին այլազան կրօններու հանդէպ, որոնք յաճախ կը կրեն նշոյլ մը ճշմարտութենէն՝ որ կը լուսաւորէ բոլոր մարդիկը։ Եւ ո՛չ ալ կը հակասէ սիրոյ պահանջքին, որ կը մղէ մարդիկ սիրով, խոհեմութեամբ, համբերութեամբ, հանդուրժողութեամբ, հասկացողութեամբ եւ համակրական մօտեցումով վարուելու անոնց հետ, որոնք կը գտնուին «սխալ»ի կամ հաւատքի անգիտութեան մէջ։

Կրօնական հարցին մէջ ո՛չ ոք պէտք է բռնադատուի իր խղճմտանքին դէմ գործելու, ո՛չ ալ արգիլուի արդար սահմաններու մէջ գործելու ըստ իր խղճմտանքին, անհատաբար թէ հրապարակաւ, առանձին թէ միացած ուրիշներու։ Այս իրաւունքը հիմնուած է նոյնինքն մարդկային անձին բնութեան վրայ՝ որուն արժանապատուութիւնը զինք ազատօրէն յարիլ կու տայ աստուածային ճշմարտութեան, որ գերիվե՛ր է ժամանակաւոր կարգէն։

Ահաւասիկ այս պատճառով այս իրաւունքը կը գոյատեւէ նոյնիսկ անոնց մէջ, որոնք ճշմարտութիւնը որոնելու եւ անոր փարելու պարտաւորութիւնը չեն յարգեր։

Կրօնական ազատութեան իրաւունքը ո՛չ բարոյական արտօնութիւնն է յարելու սխալին, ո՛չ ալ սխալելու ենթադրեալ իրաւունք մըն է, այլ մարդկային անձին բնական իրաւունքը՝ վայելելու քաղաքացիական ազատութիւնը, որ քաղաքական իշխանութեան կողմէ ճանչցուած արդար սահմաններուն մէջ արտաքին պարտադրանքէն զերծանումն է, կրօնական մարզին մէջ։

Այս բնական իրաւունքը պէտք է ճանչցուի ընկերութեան իրաւական կարգին մէջ, այն ձեւով որ ան քաղաքացիական իրաւունք մը գոյացնէ։

Կրօնական ազատութեան իրաւունքը յինքեան ո՛չ կրնայ սահմանազերծ ըլլալ, ո՛չ ալ սահմանուիլ միայն «հանրային կարգ»ով մը յղացուած դրապաշտ կամ բնապաշտ կերպով։ Արդար սահմանները, որոնք այս իրաւունքին յարակից են, պարտին որոշուիլ ընկերային իւրաքանչիւր կացութեան համեմատ՝ քաղաքական խոհեմութեամբ ըստ պահանջներուն «հասարակաց բարիք»ին եւ վաւերացուին քաղաքական իշխանութեան կողմէ՝ ըստ «իրաւական կանոններու համապատասխան բարոյական առարկայական կարգին»։

Արդարեւ, բնական օրէնքը հիմն է արմատական իրաւունքներու։ Բնական օրէնքը որ ներկա՛յ է իւրաքանչիւր անձի սրտին մէջ եւ վերհաստատուած՝ անոր բանականութեան կողմէ, «ընդհանրական» է իր պատուէրներուն մէջ, իսկ իր իշխանութիւնն ալ կը տարածուի բոլոր մարդոց վրայ։ Ան կ՚արտայայտէ անձին արժանապատուութիւնը եւ կը սահմանէ հի՛մը անոր իրաւունքներուն եւ անոր հիմնական պարտականութիւններուն։

Սուրբ Թովմաս Աքուինացի այս մասին կ՚ըսէ.

«Բնական օրէնքը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ՝ լոյսը բանականութեան, որ դրուած է մեր մէջ Աստուծմէ. անով կը ճանչնանք ի՛նչ որ պէտք է կատարել եւ ի՛նչ բանէ պէտք է զգուշանալ։ Այս լոյսը կամ այս օրէնքը Աստուած մարդուս տուած է արարչագործութեան պահուն։

Բնական օրէնքին գործադրութիւնը բազմատեսակ է. ան կրնայ, կեանքի պայմաններուն բազմազանութեան հետ յարմարցուած, խորհրդածութիւն պահանջել ըստ վայրերու, ժամանակաշրջաններու եւ պարագաներու։ Սակայն մշակոյթներուն զանազանութեան պարագային՝ «բնական օրէնք»ը կը մնայ իբրեւ «կանոն» մը, որ իրարու կը զօդէ մարդիկը եւ անխուսափելի տարբերութիւններէն անդին, հասարակաց սկըզ-բունքներ կը պարտադրէ անոնց։

Բնական օրէնքը անյեղլի եւ յարակայ կը մնայ պատմութեան յեղաշրջումներուն մէջ. ան կը գոյատեւէ գաղափարներու եւ բարքերուն մակընթացութեան տակ եւ թիկունք կը կանգնի անոր յառաջդիմութեան։

Բնական օրէնքը արտայայտող կանոնները կը մնան ըստ իրենց էութեան վաւերական։ Նոյնիսկ եթէ մարդ ժխտէ կամ մերժէ մինչեւ իսկ անոր սկզբունքները, սակայն չի կրնար զայն քանդել, զայն ջնջել, եւ ո՛չ ալ զայն հանել մարդուն սրտէն։ Ան միշտ կը վերընձիւղէ անհատներուն եւ ընկերութիւններուն հասարակական կեանքին մէջ։

«Գողութիւնը ստուգապէ՛ս պատժուած է Քու Օրէնքիդ կողմէ, Տէ՛ր, բայց նաեւ այն օրէնքին կողմէ, որ դրուած է մարդուն սրտին մէջ եւ զոր անբարշտութիւնն անգամ չի ջնջեր», կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։ Ուստի օրէնսդիրը պէտք չէ բնական օրէնքի հակասող օրէնքներ սահմանէ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 29, 2019, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 28, 2019