ՀՕՐ ՄԻԱԾԻՆ ՈՐԴԻՆ

Մարդ, որպէս բանաւոր էակ, մտքին մէջ ունի շարք մը «ինչո՞ւ»ներ։ Զոր օրինակ, այս «ինչո՞ւ»ներէն մէկն է. «Յիսուս՝ Հայր Աստուծոյ Որդին ինչո՞ւ աշխարհ ղրկուեցաւ, ինչո՞ւ մարմնացաւ եւ մարդացաւ»։

Արդարեւ, Աստուած Ի՛նքն է զօրութեան ակը։ Ինչո՞ւ համար Ի՛նք ուղղակի ի գործ չդրաւ մարդկութեան համար՝ այն ծրագիրը զոր ի գործ դրաւ «Փոխանորդ»ի մը՝ որ էր Իր Միածին Որդին։ Տարբեր հարցումով, ինչո՞ւ համար Հայր Աստուած մարդոց հետ չվերաբերեցաւ այնպէս, ինչպէս վերաբերեր էր «Հին Տնտեսութեան», այսինքն Հին Ուխտի ընթացքին, որ նախ քան Յիսուսի մարդեղութիւնը, հազարաւոր տարիներ տեւած էր եւ դեռ կը տեւէ։ «Հին Ուխտ»ը կը տեւէ հրեայ ժողովուրդին համար մինչեւ այսօր։

Հայր Աստուած Իր Միածին Որդին ղրկեց եւ Իր Որդւոյն միջոցաւ խօսեցաւ մարդոց, եւ յայտնեց եւ գործադրեց Իր կամքը։

Հին Տնտեսութեան մէջ Աստուած քօղազերծ էր. կը լսուէր, կը տեսնուէր եւ անմիջական հաղորդակցութեան մէջ էր մարդոց հետ, որոնց կեանքը կը կանոնաւորէր, կը ձեւէր եւ կ՚առաջնորդէր Իր հրամաններովը։

Աւելի պարզ եւ յստակ ընելով հարցումը. քանի որ Աստուծոյ նպատակը մեղաւոր մարդկութիւնը փրկել էր, ինչո՞ւ համար առանց փոխանորդի մը կամ դեսպանի մը չփրկեց։ Միթէ Հայր Աստուած Ինք «անկարո՞ղ» էր -ենթադրենք պահ մը- հապա ինչպէ՞ս աւելի կարող կրնար ըլլալ Իր Որդին։ Եւ եթէ կարո՛ղ է -եւ աներկբայօրէն եւ անհաշուելիօրէն կարող- ինչո՞ւ համար Իր կարողութիւնը փոխանցեց Իր Որդւոյն եւ մարդոց փրկութեան գործը վստահեցաւ Անոր։

Ուստի, Յիսուսի մարդեղութիւնը անհրաժեշտ էր, որովհետեւ ո՛չ թէ Աստուծոյ փրկարար զօրութիւնը պիտի յայտնէր միայն, այլ նաեւ՝ այդ զօրութեան ներգործութեան արդիւնքը ցոյց պիտի տար իր ապրած կեանքովը՝ Իր տիպա՛րովը։ Փրկող զօրութիւնը անծանօթ չէր քանակութեամբ, այլ՝ կենդանի օրինա՛կը այդ զօրութեան յայտնութեան մարդուն մէջ։

Աստուածորդին «պարպուեցաւ», ինչպէս կ՚ըսէ Առաքեալը, Իր աստուածութենէն եւ մարդացա՛ւ, ենթակայ մարդկային ամէն փորձութիւններու, բայց առանց երբեք փորձուելու, քանի որ աստուածային զօրութեամբ լեցուած եւ պաշտպանուած էր պարսպապատ քաղաքի մը պէս։ Մարդիկ գիտէին, թէ Աստուած ամենազօր է եւ կրնայ տիեզերքը իր հիմերէն քանդել եւ վերաշինել, բայց չէին գիտեր, թէ ինչպէ՞ս կը յայտնուի մարդ էակին մէջ եւ ի՞նչ կ՚ըլլայ արդիւնքը երբ յայտնուի։

Աստուծոյ զօրութեան յայտնութեան փորձարկական առաջին ցուցադրութիւնը մարդկային կեանքին մէջ եղաւ Յիսուս Քրիստոսի մարդեղեալ կեանքը։

Եթէ չմարդանար Աստուծոյ Որդին՝ պիտի կրնար Աստուծոյ զօրութեան երկրաւոր ներկայացուցիչը ըլլալ, բայց «անկարող» պիտի ըլլար, իբրեւ մարդ, ցոյց տալու անվիճելի ստուգութեամբ, այդ զօրութեան սրբացուցիչ, վերանորոգիչ, կենսաւորիչ ներգործութիւնը. «Ես եւ Հայրը մէկ ենք»։ Իբրեւ Որդի Աստուծոյ՝ արդէն «մէ՛կ» էր Ան Աստուծոյ հետ, բայց իբրեւ Որդի Մարդոյ ալ «մէկ» եղաւ եւ մնաց։ Այսու ապացուցուց, թէ «ամէն» մարդ եւս կրնայ այս փրկարար զօրութեամբը նմանիլ Իրեն, եւ Իրեն պէս նոյնանալ Աստուծոյ հետ, կամ, մէ՛կ ըլլալ Աստուծոյ հետ։

Եւ Յիսուս մարմնացաւ-մարդացաւ նպատակի մը համար՝ օրինա՛կ ըլլալու համար, տիպար մը ըլլալու համար մարդոց։

Համատես Աւետարաններու՝ Մատթէոսի, Մարկոսի եւ Ղուկասի Աւետարաններուն մէջ Յիսուս Քրիստոսի կ՚ակնարկուի «Աստուած Որդի» անունով, դիւահարի մը կողմէ, Հրեաներու կողմէ, Հռովմաէցի հարիւրապետին կողմէ եւ քահանայապետին կողմէ. (ՄԱՐԿ. Գ 11), (ՄԱՏԹ. ԻԷ 40), (ՄԱՐԿ. ԺԵ 39) եւ (ՄԱՏԹ. ԻԶ 63)։ Բայց Յիսուս կը նախընտրէ ինքզինք կոչել «Որդին» փոխանակ գործածելու Իր պատուանունը՝ «Աստուած Որդի». Յիսուս «Որդին» անուանակոչումը կը գործածէ երեք կարեւոր տեղեր. «Ամէն բան ինծի տրուեցաւ Իմ Հօրս կողմէ եւ մէկը չի ճանչնար Որդին, բայց Հայրը, եւ մէկը չի ճանչնար Հայրը, բայց Որդին, եւ ան՝ որու Որդին կ՚ուզէ յայտնել» (ՄԱՏԹ. ԺԱ 27)։ «Իսկ այն օրուան ու ժամուն համար մէ՛կը չի գիտեր, ո՛չ երկինքի մէջ եղող հրեշտակները եւ ոչ Որդին, հապա միայն Հայրը» (ՄԱՐԿ. ԺԳ 32)։ «Ամէն իշխանութիւն տրուեցաւ ինծի երկինքի ու երկրի մէջ։ Ուրեմն գացէք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէք՝ զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ» (ՄԱՏԹ. ԻԸ 18-19)։

Այսու ամենայնիւ շատ նշանակալից է Յիսուսի սովորութիւնը երբ զԱստուած «ԻՄ Հայրս» կը կոչէ, եւ ոչ «ՄԵՐ Հայրը» Իր աշակերտներու ընկերակցութեան մէջ։

«Հապա անիկա՝ որ իմ երկնաւոր Հօրս կամքը կը կատարէ» (ՄԱՏԹ. Է 21)։

«Ով որ մարդոց առջեւ զԻս կը դաւանի, Ես ալ զանիկա պիտի դաւանիմ Իմ Հօրս առջեւ» (ՄԱՏԹ. Ժ 32)։

«Վասնզի ով որ Իմ երկնաւոր Հօրս կամքը կատարէ, անիկա է Իմ եղբայր, քոյրս եւ մայրս» (ՄԱՏԹ. ԺԲ 50)։

«Ես կ՚ելլեմ -Իմ Հօրս- եւ -ձեր Հօրը- մօտ -Իմ Աստուծոյս- եւ -Ձեր Աստուծոյն- մօտ» (ՅՈՎՀ. Ի 17)։

Յիսուսի տպաւորիչ վերոյիշեալ արտայայտութիւնները մեզ կը ստիպեն հաւատալ, թէ Ինք «ուրոյն» յարաբերութիւն մը, հոգեկան կապ մը, կամ «նոյնանմանութիւն» մը ունի Հօր Աստուծոյ հետ։

Ղուկաս Աւետարանագիրը մեզ քիչ մը ետ կը տանի Յիուսի կեանքին մէջ եւ կը յայտնէ մեզ Անոր զգայնութիւնն ու ինքնագիտացկութիւնը Իր պատանեկան շրջանին։ Յիսուս սապէս կ՚արտայայտնուի Իր մօր Մարիամին.

«Զիս ի՞նչու կը փնտռէիք. չէի՞ք գիտեր թէ Ինծի պէտք է որ Իմ Հօրս գործերուն մէջ ըլլամ» (ՂՈՒԿ. Բ 49)։

Յիսուս իբր գերագոյն Աստուած Որդի ներկայացուած է եւ արձանագրուած միայն Մատթէոսի Աւետարանին ԺԱ 27-րդ ոսկեղէն համարին մէջ.

«Ամէն բան ինծի տրուեցաւ Իմ Հօրմէս, ու մէկը չի ճանչնար Որդին, բայց Հայրը, եւ մէկը չի ճանչնար Հայրը, բայց Որդին, եւ ան՝ որու Որդին կ՚ուզէ յայտնել»։

Յիսուսի վերոյիշեալ արտայայտութիւնը կը ստիպէ մեզ հաւատալ, թէ Աստուծոյ եւ Միածինին միջեւ կայ յարաբերութիւն մը, որ աննախընթաց է, կատարեալ է եւ անծածկո՛յթ։ Ո՛չ թէ աստուածային գիտութիւնը մատչելի է Որդւոյն գիտակցութեան, այլ՝ Մարդեղեալ Յիսուսի մտածումներն ու տեսութիւնները եւս դիւրամատոյց են Հօր Աստուծոյ։ Այսինքն Յիսուս դարձած է Աստուծոյ տեսանելիութիւնը երկրի վրայ։

Հետեւաբար վերոյիշեալ խորհրդազգած ոգեկան ներհայեցողութիւնը Աստուծոյ եւ Յիսուսի որդիութեան միջեւ կը բացատրուի «ՄԻԱԾԻՆ» բառով։ Երբ մարդ արարածները հաւատալով Յիսուսի՝ կը կոչուին «Աստուծոյ որդիներ». անոնք կը դառնան երկրորդական աստիճանի, այսինքն «որդեգիր»ները Աստուծոյ։ Աստուծոյ եւ Յիսուսի Իրար պատկանելիութիւնը՝ մարդկային ըմբռնումի տարածական ծիրի իմացական ըմբռնումէն շատ բարձր է ու անհասանելի։

Յիսուս Ինքզինք «Որդի» կոչելով, պարզապէս բացատրել կ՚ուզէ աշակերտներուն Իր դիրքը Աստուծոյ հանդէպ կամ Աստուծոյ հետ առանց մանրամասնելու Իր ինքնութիւնը եւ Աստուծոյ հետ Իր մտերմութիւնը։ Յիսուսի համար գերագոյն ճշմարտութիւնը՝ աւետարանել եւ վկայակոչել է Հօր Աստուծոյ անսպառ սէրը հանդէպ մարդկութեան։

Յիսուս որպէս Որդի մարդոյ, է՛ Գլուխ Աստուծոյ Թագաւորութեան, որովհետեւ աւելի խոր թափանցած է մարդկային գիտակցութեան թէ՛ որպէս Որդի մարդոյ եւ թէ Աստուծոյ Միածին Որդին։

Աշակերտներուն յարաբերութիւնը Յիսուսի հետ, հետզհետէ կը զօրանայ եւ կը խորանայ։ Անոնք Յիսուս Վարդապետին մէջ կը տեսնեն նախորդ մարգարէներէն տարբեր Անձնաւորութիւն մը։ Կը տեսնեն Յիսուսի անբաղդատելի մեծութիւնը եւ զօրութիւնը, հրաշքները եւ մեղքերու թողութիւն տալու իշխանութիւնը։ Յիսուս անվերապահօրէն յայտարարեց. «Ամէն իշխանութիւն ինծի տրուեցաւ թէ՛ երկինքի մէջ եւ թէ երկրի վրայ» (ՄԱՏԹ. ԻԸ 18)։

Չենք կրնար երբեք համոզուիլ, թէ Յիսուս ինքնախաբէութեան մը զոհ ըլլալով վերոյիշեալ իշխանութիւնն ու իրաւունքները տուաւ Ինքզինքին։

Երբ խորապէս ուսումնասիրենք Աւետարանները, ու շնորհուի մեզի թափանցել գիրին խորհուրդին, զօրութեան եւ հոգիին, այն ժամանակ մենք եւս, հմայուած Յիսուսի Անձնաւորութենէն, վստա՛հ պիտի գիտնանք, թէ Առաքեալներուն ներկայացուցած Յիսուսի յարաբերութիւնը Աստուծոյ հետ կը գերազանցէ մարդկային որեւէ ըմբռնում եւ իմացականութիւն։

Եւ աշակերտներն ալ հաստատեցին այս ճշմարտութիւնը. «Իսկապէս դուն Աստուծոյ Որդին ես» (ՄԱՏԹ. ԺԴ 33)։ Անուրանալի՜ ճշմարտութի՛ւն…։

Սկզբնաղբիւր.- Ալպէռ Ժ. Նորատունկեան, «ԱՌԱՒՕՏ ԼՈՒՍՈՅ Ս. ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ, Մաս Բ» Հոկտեմբեր 1986, Թորոնթօ։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 24, 2020, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2020