ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐԳԱՐԷԱՑՈՒՄԸ

Տարիներ ետք նոր կ՚անդրադառնամ, որ Լիբանանի դպրոցներուն մէջ բոլորիս սորվեցուցած են 1915 եւ ցեղասպանութիւն բառերը, թշնամութիւն մը ու ատելութիւն մը սերմանած են մեր մէջ, սակայն չեն կրցած լաւագոյնս բացատրել, թէ ի՞նչ էր ցեղասպանութիւնը, ի՞նչ էր անոր նախնական պայմաններն ու ընթացքը. ամբողջութեամբ անակնկա՞լ էր այդ բոլորը, թէ ոչ անհեռատես քաղաքականութեան մէկ արդիւնքն էր:

Մեր հայկական դժբախտութիւններէն մէկն ալ այն է, որ բոլորիս ուղեղները լեցուած են հայ դատով՝ առանց սակայն ճշգրիտ վերլուծում եւ պատմական ենթահող մը ունենալու եւ վստա՛հ ենք. իջէ՛ք փողոց եւ նոր սերունդին հարց տուէք ցեղասպանութեան մասին. անոնք գիտեն 1915 թուականը, Տէր Զօրը, Թալիաթ փաշան եւ Սողոմոն Թեհլիրեանը եւ այս չորս բառերուն մէջ կ՚ամփոփուի դարաւոր դատ մը ամբողջ: Երբեւէ տեսա՞ծ էք պահանջատէր մը՝ որ իր դատին պատմութեան անծանօթ է. եթէ ոչ ապա նայեցէ՛ք մեր նոր սերունդին եւ պիտի տեսնէք պահանջատէր, սակայն իր պահանջին պատմութիւնը չգիտցող նոր սերունդ մը:

Այս բոլորին մասին մտածել սկսայ, երբ կարդացի գրող եւ մտաւորական Վահրամ Մավեանի եւ անոր ժամանակակից շատ մը պոլսահայ մտաւորականներու եւ ազգային գործիչներու նամակագրութիւնները, որ կրնաք տպագրուած գտնել 1955 թուականին հրատարակուած «Ճամբուս վրայ» աշխատութեան Բ. հատորին մէջ:

Նամակագրութիւններու ընթերցանութիւնը տուաւ այն համոզումը, որ հայ ժողովուրդին «գլխուն եկած»ը անակնկալ ու անպատրաստից բան մը չէր. այդ բոլորը կը վկայեն տակաւին 1911 թուականին մեր մտաւորականներուն ունեցած մտահոգութիւններն ու վախերը:

Նախացեղասպանութեան շրջանին Պոլսոյ մէջ հայութիւնը բաժնուած էր երկու մասի. կար խումբ մը, որ կը հաւատար Թուրքիոյ իշխանութեան տակ գտնուող հայերու կեանքը փրկելու միակ միջոցը թուրքերուն հետ խաղաղութիւն կնքելու եւ բարեկամական կապեր հաստատելու մէջ կը կայանայ՝ դիւանագիտութեամբ մի՛շտ ի շահ հայ ժողովուրդին, իսկ ուրիշ խումբ մըն ալ կար, որ կը պաշտպանէր այն դատը, որ միակ փրկութիւնը զէնքի ուժի ճամբով պայքարիլն է: Առաջին խումբին պատկանողները ամէն ջանք ի գործ կը դնէին դիւանագիտական կապերով խաղաղեցնելու կացութիւնը, մինչ երկրորդ խումբը ապստամբութիւններով առաջիններուն հակառակ կը փորձէր գրգռել. այլ խօսքով՝ իրարու կապուած վիճակով իրարու ներհակ ուղղութիւններով կ՚առաջնորդուէին:

Մալէզեանի ղրկուած նամակներէն ամենէն յատկանշականն է լրագրող, Օսմանեան համալսարանի դասախօս, «Սապահ» եւ «Ճիհան» թերթերու խմբագիր Տիրան Քէլէկեանի գրած 28 հոկտեմբեր 1912 թուականի նամակը, որ ապագայի մարգարէացում մըն է պարզապէս: Նամակագրութենէն կը պարզուի, թէ Քէլէկեան կողմնակից է դիւանագիտական ճամբով հարցերը լուծելու՝ քան զէնքի, որովհետեւ ինչպէս իր նամակին մէջ կը գրէ. «ասոնք (զէնքն ու ապստամբութիւնը) լաւագոյն միջոցներն են այս երկրին մէջ կոտորածի մը յանգելու համար». հակառակ դիւանագիտութեան կողմնակից ըլլալուն կ՚առաջարկէ այդ բոլորը ընել Պոլսոյ սահմաններէն դուրս, խնդրելով «Աստուծոյ սիրոյն, ներսը խաղաղութիւն...», որովհետեւ անոր համոզումով՝ «ներսը, երկրին մէջ հայ տարրը պէտք է համերաշխ ըլլայ թուրքին հետ», դիւանագիտութիւն՝ որ մերօրեայ Պոլսոյ հայութիւնը կը փորձէ որդեգրել պաշտօնական գետնի վրայ պահելով իր կապերը թրքական պետութեան հետ:

Ցեղասպանութենէն երեք տարիներ առաջ, Քէլէկեան կու տայ այն կարծիքը, որ ապըս-տամբութիւնները հայ ժողովուրդը կ՚առաջնորդեն կոտորածի. անոր խօսքերով «ինչ ինչ քաղաքագէտներու գործին կու գայ թերեւս հայերը ջարդել տալ՝ Օսմանեան հպատակ գտնուած ատեննին»:

Նոյն նամակին մէջ յատկանշական այլ մարգարէացում մը կը կատարէ Քէլէկեան. հայ ժողովուրդին ճակատագիրը հետեւեալ ձեւով կը նկարագրէ. «Ես գիտեմ մեր ճակատագիրը ռուսահպատակ ըլլալ է». այս բոլորը ցոյց կու տայ Քէլէկեանի ուսումնասիրելու, դէպքերը քննելու եւ լաւապէս տրամաբանելու կարողութիւնը՝ պատահարներէն տակաւին տարիներ առաջ եւ այս մէկը դարձեալ ցոյց կու տայ մտաւորականներու կարեւորութիւնը մեր կեանքէն ներս եւ հաւանաբար ա՛յս է պատճառը, որ առաջինը մտաւորականները զոհ դարձան՝ իրենց իմաստութեամբ:

Եթէ ապստամբող կողմը իր բռնած քաղաքականութիւնը զիջէր Քէլէկեանի քաղաքականութեան եւ զէնքի փոխարէն դիւանագիտութիւնը որդեգրէր, կրնա՞ր վիճակն ու արդիւնքը տարբեր ըլլալ. Քէլէկեան նամակին մէջ կը յիշէ, թէ իրենց դիւանագիտական յարաբերութիւններով շա՜տ մը աղէտներ կանխեցին. «Ամէն բան ըրինք որ հայ եւ թուրք յարաբերութիւնները չխանգարուին եւ հակառակ հայ մամուլին մէկ մասին գրգռումներուն՝ յաջողեցանք»: Այսօր աշխարհի ամենէն հզօր զէնքերէն աւելի ազդու է դիւանագիտութիւնը՝ խելացի ու գիտակից ճամբով եղած եւ ո՛չ թէ ի զօրու:

Այս բոլորը կը գրենք ո՛չ թէ հայերու մեղաւորութիւնը կամ թուրքերու «անմեղութիւն»ը քննարկման ենթակայ ընելու համար, այլ Հայաստանի ներկայ դժուարին պայմաններուն մէջ լաւագոյնս կողմնորոշուելու եւ պատկերը Քէլէկեանի նման հեռուէն դիտելու համար: Այսօր, ցաւ ի սիրտ, մեր մէջ կը պակսին Քէլէկեանի նմանները եւ եթէ նոյնիսկ չպակսին... հեռու կը պահուին քաղաքականութենէ, որովհետեւ այսօր մտաւորականը միայն գրականութեան սեփականութիւնը ըլլալ կը կարծուի. ամէ՛ն քաղաքական գործիչ կրնայ մտաւորական չըլլալ, սակայն ամէ՛ն մտաւորականի մէջ քաղաքական գործիչ մը կարելի է գտնել:

Մերօրեայ պետութիւնը ինք եւս «դիւանագիտութեան» կողմնակից ըլլալ կը թուի, սակայն ամէ՛ն «դիւանագիտական» քայլ կարծուած որոշում կամ «դիւանագէտ» կարծուած մարդ կրնայ իսկական դիւանագէտ մը չըլլալ եւ յօնք շտկելու փոխարէն կրնայ աչք հանել:

Այսօր աշխարհի վրայ գոյութիւն ունին պետութիւններ, որոնք աւելի՛ նուազ զէնք-զինամթերք ունին քան Հայաստանը. մինչեւ իսկ կան երկիրներ, որոնք ընդհանրապէս բանակ «չունին», սակայն աւելի՛ ապահով են քան մեր Հայրենիքը, որովհետեւ դիւանագիտութիւնը առանց զէնքի նոյնիսկ կրնայ ազգ մը անվտանգ պահել:

Մաղթենք, որ Քէլէկեանի գուշակութեան ճշգրտութեան նման դէպի կորուստ ահազանգող կանխատեսումները իրականութիւն չեն դառնար:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -56-

Անցեալին «իմաստուն» ու «զարգացած» ըլլալու չափանիշը ուսում ստացած ըլլալն էր. զարգացած կը նկատուէր նոյնիսկ ան՝ որ երկրորդականը կ՚աւարտէր, սակայն մեր օրերուն համալսարանական վկայական ունենալով հանդերձ տգէտներ շա՜տ շատ են:

Առիթով մը համալսարան աւարտած հայ աղջկան մը դիտմամբ հարց տուի. «Ի՞նչ պատահած է 1918 թուականին». պատասխան չունէր: Իր չգիտնալուն վրայ մեծապէս զարմացած մարդ մը հարցին պատասխանելով զարմանք յայտնեց, որ ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ համալսարան աւարտած աղջիկ մը չգիտնայ, թէ ի՞նչ պատահած է 1918 թուականին:

Առ ի արդարացում աղջիկը սիրտնեղած պատասխանեց, որ ինք հոգեբանութիւն ուսանած է համալսարան եւ ո՛չ հայոց պատմութիւն, այս պատասխանով համոզել ուզելով որ «խնդիր չէ 1918-ին ինչ ըլլալը չգիտնալս, որովհետեւ իմ մասնագիտութեանս մաս չի կազմեր»:

Հիմա դո՛ւք ըսէք. համալսարանաւա՞րտը աւելի զարգացած է, թէ ոչ ան՝ որ երկրորդական անգամ չտեսած ունի ընդհանուր զարգացում եւ գիտելիք: 

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2022