ԱՆ«ԺԱՄԱՆԱԿ»Ը

Երուանդ Օտեան իր թերթօններէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Արքայդ Արքայից Սարգիս, իցիւ չմոռնայիր տրուպս որ քու հրաշափայլ պալատիդ պատերուն կը քսուիմ ամէն օր» եւ Օտեան ուսումնասիրող Ա. Մակարեան կու գայ հիմնաւորելու թէ. «իրօք, նա ամէն օր այցելում էր «Ժամանակ»ի խմբագրութիւն, քսուելով խմբագրութեան պատերին» (Ա. Մակարեան, «Երուանդ Օտեան. Կեանքը եւ հրապարակախօսական գործունէութիւնը», Երեւան, 1977, էջ 249):

Ու հիմա, աւելի քան դար մը ետք ինչքա՜ն մեծ պատիւ է բաժին ունենալ ա՛յն օրաթերթին մէջ, որուն խմբագրութեան «պատերուն քսուած» է Երուանդ Օտեան, աշխատակցելով ԺԱՄՆԱԿ-ին՝ «Բոլշեւիկ» գըր-չանունով: Գրող եւ խմբագիր կը վերածուին հարազատներու եւ Օտեան կը գրէ «Սարգիս Գօչունեան» խորագրով յօդուած մը, որուն մէջ կը յիշատակէ. «Օր մըն ալ, 1915 Օգոստոս 24-ին, զիս ձերբակալեցին ու բանտարկեցին: Ձերբակալուած գիշերս 30 ղրուշ ունէի գրպանս: Բանտին մէջ կարելի չէր դուրսի հետ յարաբերութիւն ունենալ: Բարեբախտաբար ինձ հետ բանտակից էր նաեւ Տոքթ. Քըլըճեան, որ մէկ շաբթուան ընթացքին պէտք եղած նիւթական օգնութիւնը ըրաւ ինծի: Բայց ահա զիս ղրկելու եկան Գոնիա: Պէտք էր, որ վճարէի երկաթուղիի ճամբու ծախքս եւ յետոյ ինծի հետ ընկերացող ոստիկանին երթեւեկի ծախքն ու օրականը: Վերջապէս մեծ դժուարութեամբ հրաման ստացայ լուր ղրկելու Գօչունեանին, որ անմիջապէս տաս ոսկի ղրկեց ինծի»:

Ու այսպէս անարատ յարաբերութիւններով ԺԱՄԱՆԱԿ պահելով խմբագիր-գրող հարազատութիւնը կը գոյատեւէ՛ 1908-էն մինչեւ այսօր:

Ազատագրական պայքարը միայն մարտի դաշտի վրայ չէ՛ որ տեղի կ՚ունենայ. ամենօրեայ ազատագրական պայքար մըն է մամուլի հրատարակութիւնը, որ իր կարգին կը պայքարի վասն լեզու ու գրականութեան՝ ի հեճուկս խաւարամտութեան ու տգիտութեան: Պայքար՝ որու ճամբով կ՚անմահանայ գրական մշակներու վաստակը, կ՚անմահանայ լեզուն:

Նոյն այդ գիտակցութեամբ, մամուլի կոչումին, բարոյական սկզբունքներուն, մղումներուն ու առաքելութեան հաւատարիմ, աննուաճ կամքով կուրծք տալով ամէ՛ն տեսակ դժուարութեանց, «ի՜նչ փոյթ, մրրիկ, ազդու ծով» ըսելով Քէֆսիզեանի Անթէպի մէջ հաստատած գիշերօթիկ դպրոցէն շրջանաւարտ Քասիմ եւ Սարգիս Գօչունեան եղբայրները, մեր թուականէն 114 տարիներ առաջ, կը հիմնեն ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը, դիւցազնօրէն պահպանելով անոր գոյութիւնը: Ամէ՛ն տեսակ դժուարութեանց կ՚ըսենք, որովհետեւ, ինչպէս թերթի հիմնադիրը իր առաջին խմբագրականին մէջ կը գրէ. «անկարելի էր թերթի մը արտօնութիւն ձեռք բերել»:

Պատմութեան մէջ այս մէկը որպէս սովորական երեւոյթ մը չէր կրնար դիտուիլ, որովհետեւ եկեղեցի ու դպրոց հիմնելու հաւասար կարեւորութիւն կը ներկայացնէ նաեւ մամուլ հիմնելը:

ԺԱՄԱՆԱԿ-ը իր 114 տարիներուն ընթացքին փոխած է միա՛յն խմբագիրներուն ու անոր աշխատակից գրողներուն անունները՝ պահելով հարազատութիւնը երկու հիմնադիր եղբայրներուն, որոնք իւրաքանչիւր ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի նոր թիւի հետ անգամ մը եւս կը մեծարուին:

Այդ հարազատութիւնը աւելիով զգացի, երբ կարդացի Օտեանի Եգիպտոս հրատարակ-ւող «Արեւ» թերթի մէջ գրած 7 յունիս 1926-ի թիւը, ուր Օտեան խօսելով ԺԱՄԱՆԱԿ-ի իր աշխատակցութեան մասին կը գրէ. «Իրաւ է որ ինչպէս Քասիմ, ինքն ալ (այսինքն՝ խմբագիր Սարգիս Գօչունեան) իմ գրածներուս չէր խառնուեր եւ ես ձեռագիրներս ուղղակի գրաշարերուն կու տայի»: Այսօր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 82-րդ յօդուածս է, որ լոյս կը տեսնէ եւ նո՛յն հարազատութիւնն է, որ կ՚ապրիմ խմբագիր Արա Գօչունեանին հետ, ինչ որ ապացոյց է հիմնադիրներէն սերած իր լայնախոհութեան ու ազատախոհութեան:

Հայատառ մամուլը առաջին անգամ Պոլիս կը հասնի 1832-ին՝ «Լրոյ գիր մեծի տէրութեանն Օսմանեան» անունով, որմէ ետք լոյս կը տեսնէ աւելի քան 650-ի հասնող պարբերականներ, շաբաթաթերթեր, ամսագիրեր եւ օրաթերթեր, որոնցմէ միայն մի քանին կը յաջողին իրենց ընթացքը պահել, որոնցմէ լաւագոյն օրինակներէն է ԺԱՄԱՆԱԿ-ը:

ԺԱՄԱՆԱԿ-ը անկիւնադարձ մըն է ընդհանրապէս հայութեան, մասնաւորապէս պոլսահայութեան կեանքէն ներս, բեմ՝ բազմաթիւ գրողներու, որոնցմէ են Զապէլ Եսայեան, Արփիարեան, Վահան Թէքէեան, Եղիշէ Դուրեան, Արամ Անտոնեան, Ալփիար, Գրիգոր Զօհրապ, Ենովք Արմէն եւ բազմաթիւ ուրիշներ:

Յայտնի գրող՝ Ռուբէն Զարդարեան եւս աշխատակցած է ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին. այս բոլոր հսկաներու անուններուն դիմաց ինչպէ՞ս չհպարտանալ:

ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի Ա. թիւին մէջ՝ չորեքշաբթի 15-28 հոկտեմբեր 1908 Ալփասլան կը գրէ բանաստեղծութիւն մը՝ «Հանդիպում» խորագրով, որուն մէջ հիմնադիրներու բերնով կ՚ըսէ.

Ի՜նչ փոյթ , մրրիկ, ազդու ծով,
Կը յաջողինք Աստուծով,
Ես, իմ գլուխս, մի՛ս մինակ
Պիտի հանեմ «Ժամանակ»:

Այսօր, նոյն այդ մրրիկներն ու ազդու ծովին փոթորիկները դիմադրելով ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մեծ ընտանիքը կը շարունակէ հանե՛լ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը:

Փա՜ռք, անցեալի եւ ներկայի բոլո՛ր նուիրեալներուն:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԺԱՄԱՆԱԿ
(1908-∞)

Մեր թուականէն 113 տարիներ առաջ՝ 28 հոկտեմբեր 1908-ին Միսաք եւ Սարգիս Գօչունեան եղբայրներու գլխաւորութեամբ լոյս տեսած է ԺԱՄԱՆԱԿ քաղաքական ժողովրդական օրաթերթի անդրանիկ թիւը:

ԺԱՄԱՆԱԿ թերթը ծնունդ առած է մտաւորականութեան կենդրոն նկատուող Պոլսոյ մէջ: Թերթի հիմնադրութեան առաջին օրէն սկսեալ անոր մէջ սկսած են յօդուած գրել մտաւորական մեծութիւններ, որոնցմէ են Զապէլ Եսայեան, Երուանդ Օտեան, Ռուբէն Զարդարեան եւ ուրիշներ. մինչեւ իսկ Օտեանի յայտնի «Անիծեալ տարիներ»ը որպէս թերթօն սկզբնական շրջանին հրատարակուած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ:

ԺԱՄԱՆԱԿ թերթը իր հիմնադրութեան առաջին օրէն սկսեալ գտնուեցաւ Գօչունեան գերդաստանի տնօրինութեան ներքեւ: Անոր հիմնադիրները իրենց ժամանակի յայտնի դէմքեր էին. Միսաք Գօչունեան ծանօթ էր Քասիմ գրչանունով. հեղինակ բազմաթիւ թերթօն վէպերու եւ պատմուածքներու եւ առաջինն էր Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան»ը աշխարհաբարի վերածողներէն: Հիմնադրութեան առաջին օրէն թերթին խմբագրութիւնն ու ղեկը ստանձնած էր Սարգիս Գօչունեան, որ Օսմանեան պետութեան տարածքէն ներս մամուլի ծանուցումներու գործակալութիւն հիմնած առաջին ձեռներէցներէն էր, միաժամանակ ըլլալով Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան Ելեւմտական յանձնաժողովի ատենապետ եւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ:

Միսաք Գօչունեան մահացած է 50 տարեկանին՝ 15 մայիս 1913-ին ու թերթը հրատարակելու դժուարին գործը ստանձնած է Սարգիս Գօչունեանը: Երկրորդին մահէն ետք թերթի աշխատանքը յանձն առած են անոր զաւակները՝ Մարտիրոս, Մելիք եւ Արա Գօչունեանները, հիմնական ղեկը տալով Մարիտոսին, որ ծանօթ էր Քասիմորդի անունով՝ Քասիմի շունչով մեծցած ըլլալուն պատճառով: Ու այսպէս շարունակաբար սերնդափոխութեամբ հասաւ մինչեւ մեր օրերը՝ խմբագիր ունենալով արիւնակից Արա Գօչունեանը:

Հայաստանի մէջ 2018 թուականին ի պատիւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին «ՀայՓոստ»ի կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած է նամականիշ՝ «Պոլսոյ «Ժամանակ» Օրաթերթ» անունով, որ տպագրուած է 30 հազար օրինակ:

Ի յարգանք ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գործունէութեան, պատրաստուած է «ԺԱՄԱՆԱԿ-ի Ժամանակը» անունով վաւերագրական ժապաւէն մը:

ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի երթը կը շարունակուի:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2021