ՎՏԱՆԳԷՆ ԴԷՊԻ ՄԱՀ…
Դժբախտաբար, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադիր եղբայրները՝ Միսաք եւ Սարգիս Գօչունեանները 1908 թուականին հրատարակած իրենց առաջին թիւին մէջ ոչ մէկ ակնարկ ըրած են օրաթերթի անուան կապակցութեամբ, սակայն կարելի չէր ուրիշ անուանում մը տալ օրաթերթի մը, որ պիտի յաղթահարէր ժամանակն ու ժամանակի դժուարութիւնները եւ պիտի յաջողէր իր կեանքին աւելի քան դար մը ընթացք տալ։ Կարելի չէր ուրիշ անուանում տալ, որովհետեւ ԺԱՄԱՆԱԿ պիտի կոչուէր ականատես ըլլալու մեր վերջին երկու դարերու բոլո՛ր ժամանակներուն՝ 1908 թուականէն ցայսօր։ Կարելի չէր տալ ուրիշ անուանում, որովհետեւ ենթարկուելով ժամանակի փոփոխութիւններուն ԺԱՄԱՆԱԿ ի՛նք եւս պիտի կրէր ապերախտութեան հարուածը, սակայն պիտի շարունակէր դիմանալ այնպէս, ինչպէս յաջողած էր դիմանալ բազմաթիւ փոթորիկներու։
Անցեալ տարուան տարեդարձին խմբագիր Արա Գօչունեան մտահոգութիւն յայտնած էր՝ ըսելով. «ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը այսօր կը թեւակոխէ իր հիմնադրութեան 114-րդ տարին։ Սա կ՚երեւի այս թերթի պատմութեան ամենատխուր տարեդարձն է, որովհետեւ կրնայ ըլլալ արդէն վերջինը»։ Իսկ եթէ այսօր ԺԱՄԱՆԱԿ-ը անգամ մը եւս շօշափելու եւ կարդալու առիթը կ՚ունենաք, կրնաք վստահ ըլլալ, թէ ան անգամ մը եւս յաղթահարեց ժամանակի դժուարութիւնները, սակայն վերջին տարեդարձը ըլլալու մտահոգութիւնն ու վտանգը կը շարունակէ մնալ։
Թերթերու կեանքին մէջ գոյութիւն ունին երկու տարբեր երեւոյթներ։ Խմբագիրներ շատ անգամ թերթի ճամբով իրենց անունը անմահացնելու մարմաչով կը տառապին, իսկ ուրիշներ իրենց ճամբով թերթը անմահացնել կը փորձեն։ Առաջիններու համբաւը խմբագիրի մահով վերջ կը գտնէ ու այդ փառքը ժամանակաւոր կը դարձնէ, մինչ երկրորդ տեսակինները յետմահու նոյնիսկ կը յաջողին կանգուն պահել թերթը՝ ինչպիսին է պարագան ԺԱՄԱՆԱԿ-ին։
Այս բոլոր հպարտութեան արժանի յատկանիշներով հանդերձ, ԺԱՄԱՆԱԿ երբեք առիթը չէ ունեցած հպարտանալու։ Կեանքն ու ժամանակը այդ առիթը չեն ընծայած։ Հիմնադրութենէն տարի մը ետք ցաւով ականատես եղած է Կիլիկիոյ աղէտներուն, մի քանի տարիներ ետք ո՛չ միայն ականատես եղած է ցեղասպանութեան, այլեւ իր գրողներէն շատերը նահատակ տուած է այդ կարմիր դժբախտութեան։ Վիրաւոր մօր մը նման շարունակած է իր վիրաւոր կեանքը, տեսած է անկախանալը մեր հայրենիքին եւ քանի մը տարիներ ետք դարձեալ ստրկանալը, տեսած է Արցախի ազատագրումը եւ տասնամեակներ ետք արձանագրուած ամօթալի պարտութիւնը։ Տեսած է այն՝ ինչ ես ու դուն չենք տեսած, տեսած է ա՛յն՝ ինչ ես ու դուն տեսանք ու մեր երազն ու մաղթանքն է, որ ան շարունակէ տեսնել այն՝ ինչ ես ու դուն տեսնելու առիթը պիտի չունենանք։
Այս բոլորը տեսած ըլլալով ԺԱՄԱՆԱԿ-ը օրաթերթ մը ըլլալէ անդին թէ՛ հայոց եւ թէ՛ ընդհանուր մարդկութեան առընչուող պատմութեան գոհար մըն է եւ վստահ եղէք պատմութեան ընթացքին չէք կրնար գտնել աւելի արդարացի ու վստահելի վկայ՝ քան ականատես մը, որովհետեւ ԺԱՄԱՆԱԿ ո՛չ թէ լսածը, այլ տեսածն է, որ փոխանցած է ու կը փոխանցէ։
Դժբախտ պատմութիւնը կ՚ըսէ, թէ հինգ զաւակներ մօր մը չեն կրցած հոգ տանիլ… Նոյնն է մեր պարագան։ Իր հիմնադրութեան շրջանին 15 հազար տպաքանակի հասած ԺԱՄԱՆԱԿ-ը, այսօր հազար տպաքանակով կը հրատարակուի, որովհետեւ մարդիկ անգիտակ անոր ունեցած արժէքին՝ սովորական թերթի մը աչքով կը նային։ 1908 թուականէն մինչեւ օրս գոյատեւած ու ապրած երեք բան եթէ փորձէք մտաբերել, վստահ եղէք, թէ անոնցմէ մին ԺԱՄԱՆԱԿ-ն է, որուն կեանքը ապահով չէ երբեք։
Խմբագիր Արա Գօչունեան 2018 թուականին իր ունեցած հարցազրոյցներէն մէկուն ընթացքին կը շեշտէ, թէ թերթը «ներկայումս փակուելու վտանգի առջեւ կանգնած չէ»։ Նոյն խմբագիրը, սակայն, երեք տարիներ ետք՝ 2021 թուականին թերթին անդունդի եզրին գտնուիլը կը յայտնէ։ Երեք տարուան ընթացքին ի՞նչ փոխուեցաւ, իսկ երեք տարուան մէջ նման փոփոխութենէ ետք ակամայ կը մտածենք յաջորդող երեք տարիներուն մասին, որպէսզի անվտանգ ընթացքէն դէպի վտանգ, իսկ վտանգէն դէպի յաւիտենականութիւն չառաջնորդենք ԺԱՄԱՆԱԿ-ը։
Այսօր շատեր կը մեղադրեն ա՛յն զաւակները, որոնք իրենց մայրը ծերանոց կը տանին… Ազգովի այդ զաւակներէն տարբեր վիճակ մը չենք ներկայացներ ու գուցէ թերթին արժէքը իրապէս մարդիկ կը սկսին հասկնալ թերթը ամբողջութեամբ մահուան մատնելէ ետք՝ ինչպէս որ էր պարագան սփիւռքահայ շա՜տ մը դպրոցներու եւ կրթարաններու։
Հաւատացէ՛ք, որ Թուրքիան ԺԱՄԱՆԱԿ-ին ունեցած պատմական արժէքին շա՜տ աւելի գիտակից է՝ քան մենք։ Մեր փափաքն է, որ նման գիտակցութիւն ծնունդ առնէ նաեւ մեր մէջ, որպէսզի տեսնենք բարձրանալը այն վիթխարի ծառին, որ ԺԱՄԱՆԱԿ կը կոչուի։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ