ԱՆՄԱՀ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ

Սակայն Ներսէս Պատրիարք չյուսահատեցաւ։ Նոյն տարուան յունիսի 13-ին Պերլինի մէջ վերատեսութեան պիտի ենթարկուէր Սան Սթեֆանոյի համաձայնագիրը եւ Ներսէս Պատրիարք բաց չէր կրնար ձգել նման առիթ մը, անգամ մը եւս բարձրաձայնելու հայ ժողովուրդի խնդիրները. այս նպատակով ան կազմեց պատգամաւորական խումբ մը՝ գլխաւորութեամբ Խրիմեան Հայրիկի, անոր կողքին ունենալով Խորէն Եպսկ. Նարպէյը, Մինաս Չերազը եւ Ստեփան Փափազեանը: Այս ժողովէն վերադարձին էր, որ Խրիմեան Հայրիկ տուաւ «Թուղթէ շերեփ»ի օրինակը, յայտնելով հայ ժողովուրդի ապարդիւն ներկայութիւնը այդ ժողովէն ներս:

Ներսէս Պատրիարքի տարած աշխատանքը տեսնելու համար պէտք է պարզապէս կարդալ անոր դիմումնագիրերն ու յուշագրերը:

Ներսէս Պատրիարքի կեանքի յիշարժան դէպքերէն մէկն է Մաղաքիա Օրմանեան Պատրիարքի Կաթոլիկ եկեղեցիէն բաժնուիլն ու Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցի վերադարձը. անոնք իրենց այս փափաքը կը ներկայացնեն Ներսէս Պատրիարքի, որ իր կարգին գրկաբաց ընդունելով անմիջապէս ծայրագոյն վարդապետութեան պաշտօն կու տայ Մաղաքիա Օրմանեանին, որ ապագային կը դառնայ պատրիարք:

Հակառակ իր երիտասարդ տարիքին ու վատառողջ վիճակին՝ այսքան մեծ աշխատանք տանիլը պատճառ կ՚ըլլայ, որ հայ ժողովուրդը գնահատէ մեծ եկեղեցականին գործունէութիւնը. կը սիրուի ժողովուրդին կողմէ. 1882 թուականին Էջմիածինի մէջ կը վախճանի Գէորգ Դ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ հակառակ իր կամքին՝ 1884 թուականի մայիսի 9-ին կ՚ընտրուի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս։ Ներսէս Պատրիարք կը մերժէ այդ պաշտօնը, նկատի ունենալով իր վատառողջ վիճակը եւ ընտրութենէն ամիսներ ետք՝ 26 հոկտեմբեր 1884 թուականին, 48 տարեկան հասակին կը վախճանի:

Ան որպէս հոգեւորական կը հրատարակէ երկու աշխատութիւն. «Քրիստոսի սուրբ եկեղեցին եւ անոր հակառակորդները» (1864) եւ «Ուսումն համաբարբառ Աւետարանի Տեառն մերոյ» (1875):

Երջանկայիշատակ Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեանի մահուան 100-ամեակին առիթով Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հետեւեալ տողերը կը գրէ. «Տ. Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեանը բնաւորութեամբ հեզահամբոյր, լայնախոհ, գաղափարապաշտ եւ պարզասէր մի հոգեւորական էր, բարոյական անձնաւորութեան մի կատարեալ տիպար, իր ժամանակի հոգեւորականութեան աչքառու դէմքերից մէկը՝ ազգասիրական ջերմ զգացումներով խանդավառ». իսկ Օրմեանեան Պատրիարք զինք ընդունող մեծանուն Ներսէս Պատրիարքի համար կը գրէ. «Ներսէս իւր ազգին բարւոյն եւ յառաջդիմութեան նախանձայոյզ եղաւ: Ներսէս իւր ազգին ճշմարիտ օգուտին համար անձնուէր աշխատեցաւ: Ներսէս իւր Եկեղեցւոյն պայծառութեան ժիր մշակ եղաւ... Ներսէս արդեամբ եւ արժանեօք բարձրացաւ: Ներսէս պարագաներու ներածին չափ իւր ազգն ու Եկեղեցին շահեցուց եւ զարգացուց»:

Ներսէս Պատրիարքի կեանքը պատասխան մըն է բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատան, թէ եկեղեցին ու եկեղեցականը քաղաքականութեան մէջ տեղ ու գործ չունին։ Ներսէս Պատրիարքի, Խրիմեան Հայրիկի եւ անոնց նման բազմաթիւ եկեղեցականներ եղած են, որ հալածուելու, մինչեւ իսկ կեանքի գնով փորձած են պաշտպանել հայ ժողովուրդի շահերը. գուցէ պետութեան կողմէ շա՜տ աւելի մեծ պարգեւներու ու շնորհակալութիւններու արժանացած ըլլային, եթէ քաղաքական կողմը մէկդի ձգած զբաղէին միայն հոգեւորականութեամբ եւ հոգեւոր դաստիարակութեամբ։ Ներսէս Պատրիարք շո՛ւտ վախճանեցաւ, սակայն վստահ ենք, որ աւելի երկար կեանք եթէ ունենար, զայն ամբողջութեամբ պիտի նուիրէր հայ ժողովուրդի բարօրութեան եւ պայծառացման, որովհետեւ անոր համար, նոյնիսկ սեփական շահէն աւելի առաջնահերթ էր իր ժողովուրդի կարիքները՝ որուն գլուխը կը գտնուէր ինք:

Նման եկեղեցականներու կարիքը ունի այսօր Հայ Եկեղեցին. եկեղեցականներ՝ որոնք խաչը քարոզելէ բացի գիտեն պաշտպանել ժողովուրդի զաւակներուն շահերը՝ նոյնիսկ կեանքի գնով:

•վերջ

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Կա՞յ մշակոյթ որ երբեւէ ազդուած չըլլայ ուրիշէն:

Պատասխան. Աշխարհի վրայ ոչ մէկ մշակոյթ զերծ եղած է օտար ազդեցութիւններէ: Նոյնիսկ ամենէն հեռաւոր կղզիներու մէջ ապրող հասարակութիւնները ուղղակի կամ անուղղակի ձեւով ազդուած են օտար մշակոյթներէ՝ առեւտուրի, ինչպէս նաեւ հակամարտութիւններու ժամանակ: Կարգ մը ցեղեր, որոնք կ՚ապրին Ամազոնի անտառներուն մէջ, յաջողած են անաղարտ պահել իրենց աւանդութիւնները, բայց անոնք եւս սերունդներու փոփոխութեամբ ընդունած են օտարի ազդեցութիւնը: Մարդը ունի յարմարուելու եւ ձեւաւորուելու շնորհք, որ տեղի կ՚ունենայ մշակոյթներու փոխազդեցութեամբ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2024