ՓՆՏՌԵԼ, ԳՏՆԵԼ ԵՒ ՊԱՀԵԼ
Մարդկային կատարեալ գոհունակութեան, կատարելութեան համար երեք հիմնական պայմաններ են՝ փնտռել, գտնել եւ պահե՛լ։ Ուստի մարդկային կեանքի ամէն մարզերու մէջ անհրաժեշտ են այս երեք հիմնական պայմանները։ Չէ՞ որ մարդուս ամբողջ կեանքը կ՚անցնի փնտռելով, գտնելով, եւ պահելով։ Մարդուս կեանքը հիմնուած է անվերջ որոնումի մը՝ փնտռտուքի մը մէջ, եւ եթէ կարենայ գտնել այն ի՛նչ որ կը փնտռէ, կը գոհանայ, կ՚ուրախանա՜յ եւ երջանիկ կ՚ըլլայ զայն պահելով։
Արդարեւ մարդուս մէջ կայ միշտ վա՛խ մը կորսնցնելու, զրկուելու եւ վնասուելու։ Այս պատճառով, մարդ կը պահէ իր գտածը եւ չ՚ուզեր որ կորսուի ան։
Յաճախ ըսած ենք. «կորուստ»ը ցաւ ու վիշտ կը պատճառէ մարդուս։ Կորուստին ու կորսուածին արժէքը կը կրկնապատկուի։ Մարդ չ՚ուզեր վրայ տալ իրեն պատկանած որեւէ արժէքը եւ կը փափաքի պահել իր սեփականութիւնը։
Այս իսկ պատճառով է, որ մարդ միշտ կը փնտռէ կորսուածը, չ՚ընդունիր կորսուած որեւէ արժէք։ Արդարեւ կեանքը ապրիլը անընդհատ ու անվերջ երկունք մըն է փնտռելու, գտնելու եւ պահելու։ Անշուշտ ասոր համար մարդ պէտք է անդրադառնայ կեանքի իմաստին, կարեւորութեան, եւ շիտակ դիտէ իր շուրջը ու ուղիղ մեկնաբանէ իրերն ու իրողութիւնները, երեւոյթները։ Այս պատճառով է որ զոհողութիւնը, առաքինութիւն մըն է եւ տալը՝ ստանալէ աւելի՛ երանելի նկատուած է։
Ամէն նոր օր՝ երբ կը ծագի ու կը սկսի, իրեն հետ կը բերէ նոր մտահոգութիւններ՝ փնտռելու, գտնելու եւ պահելու։ Մարդուն յարաժամ վախն է «կորսնցնե՛լ»։
Ապրելու համար պէտք չէ՛ կորսնցնել, այլ տեւապէս փնտռել, գտնել ու պահել…։ Ա՛յս է ապրելու համար մղուած տեւական պայքարը մարդուն համար եւ բոլոր կենդանի էակներու համար որ կեանք մը կ՚ապրին՝ ապրելու կոչուած են որ կ՚ենթադրէ պահպանել ու տեւականացնել իրենց գոյութիւնը եւ սեփականութիւնը։
Կորսնցնելու եւ հալածանքի վախի բնազդով շարժող ամէն կենդանի էակ ապահովութիւն եւ պաշտպանութիւն կը փնտռէ յարաժամ։ Երբեմն անհոգ, երբեմն անտարբեր բայց միշտ անձկալից ապահովութեան նկատմամբ։ Ապրող կենդանի ամէն էակի ամենամեծ մտահոգութիւնն է՝ ապահովութիւն, որուն համար պէտք է փնտռել, գտնել եւ գտածը պահել…։
Երբ շնչաւոր կեանքէն անցնինք բուսական կեանքին՝ դարձեալ նոյն երեւոյթին հետ կը դիմաւորուինք։
Ծառեր, ծաղիկներ, թուփեր, նոյնիսկ համեստ ու խոնարհ խոտը, ամէնքը իրենց պայքարը կը մղեն ապրելու՝ իրենց ինքնութիւնը ապահովելու, պահելու եւ տեւականացնելու։ Այս պայքարը հիմնուած է «չկորսնցնե՛լ»ու բնազդին վրայ։ Այն որ կ՚ապրի՝ այս պայքարին մէ՛ջ է։
Եւ մենք, սիրելի՜ներ, բոլորս մէ՛ջն ենք այս տիեզերական մշտնջենաւոր պայքարին։ Բայց ի՛նչպէս որ ալ ապրինք, գէթ առանց Աստուծոյ չապրինք. արդարեւ Ա՛ն է որ կ՚օգնէ մեր փնտռածը գտնելու, ուղիղը եւ շիտակին հասնելու՝ ճշմարտութիւնը տեսնելու, ապահովելու կեանքը, պահելու զայն։ Աստուած չի փոխեր կեանքը, մեզ պաշարող ցաւերը, կորուստներու պատճառած վիշտը, վտանգներ եւ նոյնիսկ մահէն հեռու չի պահեր, չի խափաներ մահը բայց անոնց դէմ պայքարելու, անվհատ ու քաջութեամբ կեանքը տանելու ուժն ու զօրութիւնը կու տայ։ Կորսուածը փնտռելու ուժը կ՚աւելցնէ մեր մէջ…։
Իր լայն առումով «հարուստ» է այն մարդը՝ որ կրնայ նաեւ պահե՛լ ունեցածը զոր կը հետապնդէ եւ կը շահի իր աշխատանքով։ Դաստիարակուած, կատարեալ մարդը այն է որ կ՚ուսանի, կը սորվի եւ իր սորվածները կը պահէ եւ պահանջեալ հարկին կ՚օգտագործէ զանոնք։ Ուստի միայն փնտռել եւ գտնել, աշխատիլ եւ ձեռք ձգել չի բաւեր, կարեւորը գտնելէ ետք, ձեռք ձգելէ յետոյ զանոնք կարենալ պահել եւ պէտք եղած ատեն կարենալ գործածե՛լն է…։
Շատեր մեծ ջանքերով, փափաքներով եւ ցանկութեամբ դիրքի մը կը հասնին, բանի մը կը տիրանան, յետոյ չեն յաջողիր իրենց տեղը կամ ունեցածը պահել արժանաւորապէս, եւ իրենք կը վերադառնան դիրքի մը՝ որ իրենց նախկին դիրքէն շատ աւելի վար է եւ կամ կը կորսնցնեն ամէն ինչ, նախապէս իրենց ունեցածներն ա՛լ։
Դիրք, աստիճան, տիտղոս կամ հարստութիւն փնտռողներ շատ են, իրենց փնտռածը գտնողներու թիւն ալ քիչ չէ, բայց իրենց հասած դիրքը եւ կամ ստացուածքը պահելու հմտութիւն եւ իմաստութիւն ունեցողներու թիւը, դժբախտաբար շա՜տ քի՛չ է։
Կարելի է ըսել, այս փնտռտուքը, կեանքի մէջ, ամէն մարզի համար նոյնն է եւ գրեթէ ամէն մարդու համար բնական զգացում մըն է այդ մէկը, սակայն փնտռածը գտնել քիչերու կը վիճակի, ըսենք՝ յաջողութիւն մըն է այդ, սակայն փնտռածը գտնելէ ետք, զայն պահել՝ ահաւասիկ կեանքին յաղթանա՛կն է, որ կը պահանջէ իմաստութիւն, հմտութիւն եւ ձի՛րք։
Կեանքի մէջ յաջողած եւ երջանիկ կը համարուին անոնք՝ որ կրցած են պահել եւ օգտագործել իրենց գտածը։ Արդարեւ, հոս կարեւորութեամբ պէտք է մատնանշել, թէ՝ «պահել»ը պէտք չէ՛ հասկնալ իր նեղ իմաստով, այսինքն ծածկել եւ գաղտնել, այլ ընդհակառակը, պահպանել, հոգալ, խնամել եւ ընդհանուրին օգտագործման ընծայել։
Ծածկուած, գաղնի գանձ մը ո՛չինչ կ՚արժէ, օգտագործուած, գործածուած եւ մարդկութեան շահուն ընծայուած ամենափոքր առարկայ մը շա՜տ բան կ՚արժէ։ Գտնել բաղտատաբար շատ աւելի դիւրին է քան գտնելէ յետոյ զայն պահե՛լ։ Ոմանք լրջօրէն եւ անկեղծօրէն կը հպարտանան իրենց ունեցածով, արդար հպարտութիւն մը պէտք է նկատել ասիկա. բայց դժբախտաբար մինչեւ վերջ հաւատարիմ չեն մնար իրենց ունեցածին՝ կը վատնեն, կը շռայլեն, կը մսխեն եւ շատ անգամ անօգուտ ձեւով, անշահ տեղեր կը փճացնեն զայն։
Զոր օրինակ ժամանակը՝ ամենէն թանկագին արժէքն է մարդուն, անոր հետ, անոր մէջ է որ կ՚ապրի իր կեանքը մարդ, բայց սիրելի ազնիւ ընթերցող բարեկամներ, դիտեցէք ձեր շուրջը եւ պիտի տեսնէք թէ որքան անխղճօրէն կը վատնեն զայն՝ այդ թանկագին բայց ձրի՝ անկրկնելի արժէքը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 21, 2015, Իսթանպուլ