ԱՌՈՂՋՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԿԵԱՆՔ

Առողջութիւնը, կեանքին պահպանման եւ տեւականացման համար անհրաժեշտ կը նկատուի։ Որո՛ւ որ հարցուի, անվարան կը պատասխանէ. «Նախ եւ առա՛ջ՝ առողջութիւն»։ Առողջութիւնը այսքան կարեւոր եւ անհրաժեշտ է կեանքին համար։ Բայց բաւակա՞ն է առողջութիւնը միայն, «կեանք» կոչուած խրթին, դժուար եւ խոչընդոտներով լեցուն ճամբուն մէջ ապահով եւ անվը-տանգ կարենալ յառաջանալու համար։ Խնդրակա՛ն է…։

Կեա՛նք. արգելքներով, դժուարութիւններով լեցուն այդ ճամբան կարելի չէ՛ միայն առողջ վիճակով եւ առանց ուրիշ ազդակներու եւ արժէքներու աջակցութեամբ տանիլ եւ հասնիլ ակնկալուած նպատակին՝ երջանկութեան եւ կատարելութեա՛ն։

Այո՛, առողջութիւնը կարեւոր է, անհրաժեշտ է, հապա ներքին խաղաղութի՞ւնը՝ խղճի եւ սրտի հանգստութի՞ւնը, անդորրութի՞ւնը, մտքի եւ հոգիի ներդաշնակութի՞ւնը՝ առանց անոնց կարելի՞ է տանիլ կեանքը, կարելի՞ է ապահով յառաջանալ այդ ճամբուն վրայ։ Այս ալ խնդրական է…։ Խորհեցէք, սիրելի՜ բարեկամներ, մէկը մարմնապէս կատարեալ առո՛ղջ է, որեւէ դժգոհութիւն եւ արգելք չունի այդ մասին, եւ սակայն ներքին խաղաղութիւն չունի, մտահոգ է, հոգեպէս եւ մտապէս տկար է եւ թերութիւններ ունի, այդ վիճակով կարելի՞ է որ տանի կեանքի դժուարութիւնները, նեղութիւնները եւ կրե՞լ կեանքի այնքան ծանրութիւնները։ Մարմինը որքան ալ առողջ ըլլայ, եթէ հոգին եւ միտքը չեն ներդաշնակուած, ներքին անդորրութիւնը, խղճի եւ սրտի հանդարտութիւնը կը պակսին, ապա ուրեմն այդ մարդուն, ենթակային կեանքը լաւ չ՚ընթանար, պակաս մը, անկատարութիւն մը կայ անոր կեանքին մէջ։ Կեանքը իր ամբողջութեամբ այնպիսի ընթացք մըն է, որ եթէ նոյնիսկ ամենափոքր, դոյզն պակաս մը ունենայ՝ կը կաղայ, ուղիղ չի կրնար յառաջանալ, կը խոտորի…։

Միայն ներքին խաղաղութի՞ւնը։ Ո՛չ, քանի որ կան ազդակներ տակաւին՝ որոնք անոր ընթացքը կ՚ապահովեն, զոր օրինակ, կեա՛նքը ինք իսկ այդ գործօններէն մին է եւ կարեւորագոյնը՝ եթէ կեանք չըլլայ, ճամբայ ալ չ՚ըլլար, եւ եթէ կեանքը շիտակ չէ՝ ճամբան ալ ուղիղ չ՚ըլլար. ուստի կեանքի ճամբուն ընթացքը կախում ունի կեանքին որպիսութենէն։

Անձնական կամ ընտանեկան պատիւ, արժանապատուութիւն, այս արժէքներն ալ կարեւոր են ապահով եւ անվտանգ կեանքի մը համար։

Արդարեւ, առողջ մա՛րդն ալ պահանջքը ունի անհատական եւ հաւաքական պատիւի, արժանապատուութեան, քանի որ առանց պատուի, առանց արժանապատուութեան մարդ չի կրնար հասնիլ իր նպատակին, չի կրնար կատարեալ ըլլալ կեանքի ճամբուն վրայ՝ որ յայտնի չէ թէ ո՛րքան պիտի տեւէ՝ կա՞րճ թէ երկար ժամանակ։

Պատուի եւ արժանապատուութեան մերձիմաստ են նաեւ՝ բարի համբա՛ւը։

Եթէ մէկը բարի համբաւ չունի, այլապէս ինչպէ՞ս կրնայ յառաջանալ կեանքի ճամբուն վրայ, թէ իր շուրջինները ինչպէ՞ս կը դիմաւորեն զինք, ճամբան աւելի եւս չի դժուարանա՞ր չար համբաւ ունեցող մէկու մը համար։

Կեանքի բարիքները վայելելու համար բաւական չեն այս բոլորը, երբ ենթական բարոյական մաքրութենէ զուրկ է։ Ուստի առողջութենէ նոյնիսկ աւելի՛ սեփականութիւններ են այս բոլորը՝ թանկագին յատկութիւններ, ստացուածք կամ ընդոծին արժէքներ՝ որ կեանքը կը դիւրացնեն, կ՚ապահովեն եւ կը խնամեն զայն։ Եւ ուրեմն, կեանքի մէջ առողջութիւնը կրնայ համար-ւիլ կարեւորագոյն ազդակ մը, արժէք մը, բայց ո՛չ միակը։

Առողջութեան եթէ չմիանան, չընկերակցին վերոյիշեալ միւս ազդակները՝ կեանքը կը շեղի իր բնական ընթացքին մէջ։ Եւ ասիկա, որքան անհատական, նո՛յնքան եւ ի զօրու է հաւաքական-հասարակական կեանքի համար։ Առողջ ընկերութիւն մը պէտք է ունենայ վսեմ արժէքներ՝ բարոյական՝ մտաւոր եւ հոգեւոր բարձրութիւններ, որպէսզի յառաջդիմէ եւ հասնի նպատակի մը։

Խաղաղութեան գաղափարը մանաւանդ, բարոյական մաքրութիւնը, պատիւը ժողովուրդներու, հասարակութիւններու, համայնքներու շահը, ազգերու բարօրութիւնը, հանրութեան իրաւունքը եւ «դրամագը-լուխ»ն են։

Անուշադիր եւ անտարբեր գնացքով մը այս բոլոր արժէքները վտանգնել՝ խելագար, ոճրապարտ եւ անիմաստ ընթացք մըն է, որ ո՛չ թէ միայն ենթական կը կործանէ, այլ իր կործանումին հետ կը տապալէ, կը գլորէ եւ կը տանի նաեւ կեանքի ճամբուն վրայ իր առջեւ ելլող ծանօթ եւ անծանօթ բազմաթիւ արժէքներ։

Ահաւասիկ, ապացոյց մը, թէ միայն առողջութիւնը բաւարար չէ՛ կեանքին համար, ըլլա՛յ անհատապէս, ըլլա՛յ հաւաքաբար։

Եւ խորհեցէ՛ք սիրելի՜ բարեկամներ, մարդ երբ առողջ է, բայց ներքին խաղաղութենէ զուրկ է, ի վերջոյ առողջութիւնն ալ կը խանգարուի, եւ կը վատթարանայ, քանի որ հոգեւոր-բարոյական եւ մարմնական-ֆիզիքական կեանքը իրարու կ՚ազդեն փոխադարձաբար։ Ուստի մարդկային կեանքը մարմնաւորին եւ հոգեւորին ներդաշնակութեան վրայ հաստատուած կ՚ընթանայ՝ ուղիղ եւ շիտա՛կ։

Կեանքի մէջ, արդարեւ, իսկական «ոճիր»ը կը կայանայ մարմնաւորին եւ հոգեւորին ներդաշնակութեան խանգարումին մէջ, յիմարական, անգիտակից եւ աննպատակ ընթացքին հետեւանքով անմեղներու, արդարներու, ողջամիտներու զոհուիլը, անիրաւութեան մատնուիլը եւ այս իսկ պատճառով ընկերային-հասարակական խաղաղութեան կորուստը…։

Մարդկային ամենէն նուիրական, ամենէն վսեմ պարտականութիւնն է պահպանել ուրիշներու անբռնաբարելի իրաւունքները, պաշտպանել զանոնք մարդկային բովանդակ կորովով եւ ուշադրութեա՛մբ։

Եւ երանի՜ անոր որ կրնայ ներդաշնակել իր ուժերը, եւ իր ուժերուն անբաւական եղած ատեն արտաքին եւ ներքին ամէն զօրութեամբ, կարող կ՚ըլլայ իշխել, կառավարել «կեանքին զսպանակ»ները, եւ կեանքի ընթացքը փոխել դէպի լաւը՝ վտանգաւոր ճամբաներու վրայ, ինչ որ միայն առողջ մարդու գործ չէ, այլ՝ բարձր բարոյական արժէքներով օժտուած ողջամիտներո՛ւ։

Այո՛, մարմնապէս առողջ ըլլանք, բայց երբեք չանտեսենք հոգիին, մեր ներաշխարհին առողջութիւնը նաեւ՝ խաղաղութիւնը, ներդաշնակութիւնը, անդորրութիւնը եւ ամէն բարոյական արժէք…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 20, 2017, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2017