ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ՄԻՇՏ ՎԵՐԸ

Ճշմարտութիւնները միշտ մեր գլխուն վրայ են, եւ ո՛չ թէ մեր ոտքերուն տակը. բարձրութեան մէջ, եւ ո՛չ թէ ցած տեղեր։ Ուրեմն ճշմարտութիւնները աժանցնելու փորձութենէն զգուշանալո՛ւ է մարդ։

Աւետարանին եւ Քրիստոսի մասին կարելի չէ խօսիլ այն թեթեւամտութեամբ, որով ընդհանրապէս կը խօսուի հասարակ նիւթերու վրայ. զոր օրինակ՝ դէպքի մը վրայ եւ կամ պարզ աշխատանքի մը մասին։ Մարդ պէտք է փոխէ իր հոգիին եւ խորհուրդին մակարդակը. հասարակ տեղերու մակարդակէն բարձրանալու է եւ կենալու մակարդակի մը վրայ՝ ուր կարելի է եւ արժան «վերին բաներու մասին մտածել»։

Աստուած, Քրիստոս, Աւետարան, յաւիտենական՝ մշտնջենաւոր եւ անայլայլելի ճշմարտութիւններ՝ մարդուս ոտքերուն տակ չե՛ն, որ վարերը նայինք եւ փնտռենք. անոնք վե՛րերն են եւ վերերը փնտռելու ենք՝ մեր հոգեւոր աչքերը վերերը յառելով, մեր բանականութիւնը, մեր իմացականութիւնը դէպի վե՛ր դարձնելով դիտելու եւ տեսնելու ենք զանոնք իրենց լուսեղէն համեմատութիւններովը։

Արդարեւ, Աստուծոյ հանդէպ պահանջուած պատկառալից դիրք եւ նաեւ բարձր տրամադրութիւն նախնական պայմա՛ն է Աստուծոյ մասին խորհելու, զԱստուած տեսնելու եւ հասկնալու համար։

Ոմանց բերնին մէջ ամէն սրբազան խորհուրդ, ամէն բարձր արժէք, ամէն ճշմարտութիւն սոսկ ծամոցի պէս է։ Աստուծոյ հետ հաղորդակցութիւնը՝ աղօթքը էապէս Աստուծոյ ներկայութեան խորունկ գիտակցութիւն կ՚ենթադրէ եւ հաղորդակցութիւն այդ ներկայութեան հետ։

Բայց աղօթքն ալ ոմանց համար «անիմաստ» եւ «անգիտակից» շաղակրատութեան մը վերածուած է. մեքենաբար կատարուած «գործ» մը, կրկնութիւն մը կաղապարուած բառերու՝ որոնց մէջ պարունակութիւն չկայ, սնամէջ խօսքեր՝ սոսկ ձայն եւ աղաղա՛կ։ Բայց ի՞նչ իմաստ ունի խօսիլ երբ խօսուածը, ըսուածը նշանակութիւն մը, պարունակութիւն մը չունի եւ անգիտակցաբար արտասանուած բառեր, խօսքեր են։ Իմաստալից խօսելու համար, նախ պէտք է խօսողը հասկնայ իր ըսածները. ո՛չ թէ բերնէն, այլ պէ՛տք է սրտէն բխին անոնք։ Ոմանք ալ աղօթքը կ՚ընեն այնպէս՝ ինչպէս գաւաթ մը ջուր պիտի խմէին՝ նո՛յնքան անպատրաստութեամբ եւ անտարբերութեամբ։ Իսկ ուրիշներ կ՚աղօթեն, որպէս պարտադրութիւն մը, պարտականութիւն մը ստիպողաբար կատարած ըլլային՝ որուն մէջ ո՛չ հոգի կայ եւ ո՛չ իսկ բարի կամեցողութիւն։

Գիտակցաբար, կամեցողութեամբ, հասկնալով եւ հասկցնելով աղօթելը կրնայ հասնիլ իր նպատակին։ Հասկնալով եւ սրտով աղօթքն է, որ լսելի եւ ընդունելի կ՚ըլլայ։ Ճշմարտութեան հասնելու համար պէտք է աչքեր՝ հոգի եւ միտք սեւեռուին դէպի վեր՝ ուր է ճշմարտութիւնը։ Թէ՛ վատ եւ աղտոտ խորհուրդներու եւ զգացումներու ճահիճին մէջ թափառիլ եւ թէ նոյն ժամանակ Աստուծոյ երեսը տեսնել՝ Անոր ներկայութիւնը վայելել, Անոր հետ հաղորդակցիլ՝ անկարելի՛ է։

Արդարեւ, ընդհանրապէս, աղօթողներ կ՚ուզեն Աստուած «վար» քաշել եւ իրենց կեցած մակարդակին վրայ, իրենց քովը, իրենց հետ կանգնեցնել։ Բայց աղօթքը հասարակ հաղորդակցութիւն մը նկատել եւ այդպէս վարուիլ սխա՛լ է. առանց վեր բարձրանալու մեր մակարդակէն, մեր աշխարհային մարմնաւոր կեանքէն՝ Աստուծոյ տեսիլքը ունենալ կամ քրիստոնեայ ըլլալ կարելի չէ։ Պէտք է որ մե՛նք ճշմարտութեան բարձրանանք եւ ո՛չ թէ ճշմարտութիւնը մեր մակարդակին քաշել փորձենք։ Ուրեմն, ընդհանրապէս, «անկարելին» է որ կը փորձենք յաճախ, երբ կ՚աղօթենք, թէեւ ասիկա անգիտակցաբար կ՚ընենք, բայց ա՛յդպէս կ՚ընենք, եւ տակաւին որեւէ նշան չկայ, թէ կը զգանք թէ «անկարելին» է, որ կը փորձենք… եւ կը յամառին փորձել այն՝ ինչ որ սխալ է, անիմաստ է։

Բայց երբ յուսահատութեան մատնուինք որեւէ պատճառով մը, թերեւս այն ատեն կ՚անդրադառնանք մեր սխալին. կը փորձենք այս անգամ գիտակցութեամբ ներկայանալ եւ հաղորդակցիլ Աստուծոյ հետ։ Ահաւասիկ, այդ անդրադարձումի պահը նոր յոյսերու, նոր ծրագրերու, նոր կեանքի հաւաստիքն է։ Սակայն պայմա՛ն է, որ անդրադառնալու համար յուսահատութեան պահ մը ապրէինք, կորսնցնէինք մեր վրայ մեր վստահութիւնը, ապաւէնի մը պահանջքը զգայինք. մարդկային բնութեան տկարութիւնն է ահաւասիկ ասիկա։ Մարդ ինքնավստահ եւ ինքնահաւան է մինչեւ այն ատեն, երբ ամէն ինչ կարգին, լաւ կ՚ընթանայ, բայց երբ արգելք մը, դժուարութիւն մը, խոչընդոտ մը յանկարծ յայտ-նըւի, այն ատեն կ՚անդրադառնայ, թէ վըս-տահելի մէկու մը, ապաւէնի մը պահանջքը ունի, եւ այդ Վստահելի Ապաւէնը իր Արարիչը եւ Նախախնամը՝ Աստուա՛ծ է։

Աստուծոյ հաւատալ՝ Աստուծոյ վստահիլ կը նշանակէ, ապաւինիլ մէկու մը՝ որուն կարողութիւնը անսահման է, եւ Իր կարողութիւնը կը գործածէ անհո՜ւն սիրով, քանի որ Ինք Սէր է եւ կը կատարէ միշտ բարին, քանի որ Ան միակ եւ բացարձակ Ճշմարտութի՛ւնն է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 26, 2020, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 28, 2020