ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ ԵՒ «ՀԻՆ ԱՍՏՈՒԱԾՆԵՐ» - Ա -
Լեւոն Շանթի ամբողջ գործը մարդկային հոգիի ձգտումները, ծարաւը կը պատմէ. ինքզինք հաստատող, իրագործող Մարդ արարածին դիւցազնավէպը։ «Հին Աստուած»ներու մէջ ան կը բեմադրէ հանդիպումը վանահօր մը եւ իշխանուհիի մը՝ որուն նուիրատուութեամբ կառուցուած է եկեղեցի մը եւ որուն մասին է որ կը խորհրդակցին։ Բայց… մինչ կը կարծուէր, թէ եկեղեցին նուիրուած է քրիստոնեայ Աստուծոյն, կը յայտնուի անոր ծածուկ հիմը։ Ահա՛, իրականութիւնը այն է, որ եկեղեցին նուիրուած է «հի՜ն Աստուածներ»ուն՝ զգացական մարդո՛ւն։
Բնական է եւ ընդունելի՝ իշխանուհիին համար, այդ ծածուկ «հիմ»ը կը մերժուի վանահօր կողմէ՝ իբր «մութ եւ խաւար բնազդներու ոլորտ»։
Ահաւասիկ, ստորեւ կը ներկայացնենք հատուած մը մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն, տեսարան մը՝ որ գլուխ գործո՛ցն է Լեւոն Շանթի հեղինակութեան։
«Պառաւը ետ կ՚ընէ վարագոյրը սիւներուն միջեւ, ու բռնած ալ կը մնայ պատկառանքով։ Կը մտնէ Վանահայրը ու շիտակ՝ դէպի Իշխանուհին, որ ոտքի կ՚ելլէ։ Պառաւը՝ դուրս։
Վանահայր.- Աստուծոյ օրհնութիւնը քու վրադ, իշխանուհի՛։
Իշխանուհի.- Եւ քո՛ւ, հայր-սուրբ։ Ի՞նչ լուրեր վանքէն։
Վանահայր.- Աղօթք եւ օրհնութիւն։
Իշխանուհի.- Ո՛չ, եկեղեցի՛ն։
Վանահայր.- Օր օրի կը լրանայ ու կը դառնայ տուն աղօթքի ու ներասոյզ խոհանքի։
Իշխանուհի.- Ինչպէ՞ս եղաւ աջակողմեան նիշը։
Վանահայր.- Ինչպէս որոշեցինք անցած օր։
Իշխանուհի (փռելով մագաղաթը իր փոքրիկ սեղանին վրայ).- Նստէ՛, հայր-սուրբ։ Ա՜յ, նայէ՛։
Վանահայր.- Ա՛ս՝ սիւները, աս ալ՝ կո՛ղքը։
Իշխանուհի.- Իրա՛ւ է… Գիտե՞ս, յաճախ ամբողջ գիշերներ այդ կառոյցին մասին կը մտմտամ, բոլոր անկիւնները, բոլոր մանրամասնութիւնները, ամէն մէկ քարը։ Ամբողջը այնպէ՜ս մօտ է սրտիս, այնպէս կապուած է հոգիիս, կարծես ամէն մէկ քարը ես եմ դրեր, ես եմ շիներ։
Վանահայր՝ կատակով.- Այո, իշխանուհի՛, ես կը կարծէի՝ շինողը ես եմ. արդիւնքը եղաւ որ դուն շինեցիր։ Ապա՝ լուրջ ու մտածկոտ.- Այո՛, դո՛ւն շինեցիր, իշխանուհի՛։
Իշխանուհի.- Ո՛չ, հայր-սուրբ, ես չշինեցի այս եկեղեցին. մե՛նք շինեցինք այդ եկեղեցին, մե՛նք, ես եւ դուն։ Միասին ենք խորհեր, միասին ենք ոգեւորուեր, միասին ենք կազմեր ու միասին ալ կերպարանաւորեր։ Եւ այնպէս հիւսուած է եղեր այդ բոլորը իրարու, որ այժմ չեմ գիտեր իսկ՝ ո՛րն է ինձմէ ծներ, եւ ո՛րը՝ քեզմէ։ Կը յիշե՞ս, հա՛յր-սուրբ, մեր այն միասին խոկումներուն ժամերը։
Վանահայր.- Կը յիշե՛մ, իշխանուհի՛. բախտաւոր բան է կառուցելը, մանաւանդ տաճար մը, ուր քու Աստուածդ է բնակելու։
Իշխանուհի.- Աղուո՛ր ըսիր։ Երազկոտ՝ կեանքիս ամենէն քաղցր վայրկեաններն են եղած, երբ մենք միասին, այս նոյն սեղանին երկու կողմը նստած, մեր երեւակայութեան մէջ ստեղծեր, կառուցեր ենք այս եկեղեցին… Այո՛, կեանքիս ամենաքաղցր վայրկեանները. չեմ քաշուիր կրկնելու ինչ որ ճշմարիտն է. չե՛մ ուզեր քաշուիլ։ Ինչո՞ւ գետին կը նայիս. ո՛չ, պէտք չէ որ գետին նայիս։ Ես ամբողջ կեանքս շիտակ եմ նայեր ամենուն երեսին եւ կ՚ուզեմ որ ամէնքը՝ որոնց համար սրտիս խորքը յարգանք ունիմ, շիտակ նային իմ երեսիս։
Վանահայր.- Չեմ հասկնար՝ ինչ կը խօսի իշխանուհին։ Ես պատճառ չունիմ ո՛չ մէկուն առջեւ գետին նայելու։
Իշխանուհի.- Բայց ճշմարիտն ա՛ն է որ ես ու դուն կը վախնանք իրարու աչքին ուղիղ նայելու։
Վանահայր.- Իշխանուհի՛։
Իշխանուհի.- Թո՛ղ, թո՛ղ, մինչեւ ե՞րբ։ Ա՛լ լեցուեր է բաժակը։ Ինծի համար ծանր է ատիկա, վիրաւորիչ։ Ինչո՞ւ, ի՞նչ յանցանք ենք գործեր։
Վանահայր՝ ոտքի ելլելով.- Իշխանուհին թող ներէ, պէտք է մեկնիմ։
Իշխանուհի.- Ո՛չ, ո՛չ, հա՛յր-սուրբ, մի՛ փախչիր։ Եւ ի՞նչ օգուտ փախուստը. դուն քու հոգիէդ չես կրնար փախչիլ։ Նստէ՛, պէտք է խօսիմ։ Ամբողջ տարի մըն է ես հոս եմ, եւ շրթունքիս է այս հարցը՝ որ շարունակ վախցեր եմ տալ. իսկ այդ վախը խոր կը վիրաւորէ արժանապատուութիւնս. կարծես երկու մեղաւոր ըլլանք դէմ-դէմի կեցած, որոնք ստիպուած են ամօթով իրենց հոգին ծածկել։
Վանահայր.- Ես չեմ հասկնար՝ ինչ ըսել կ՚ուզէ Իշխանուհին։
Իշխանուհի.- Չե՞ս հասկնար…
Վանահայր.- Ըսածներէդ ոչի՛նչ հասկցայ։
Իշխանուհի.- Ոչի՞նչ, Յովհաննէ՛ս…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
•շարունակելի
Նոյեմբեր 19 2022, Իսթանպուլ