ԱՇԽԱՐՀԻ ԼՈՅՍԸ
«Ես եմ աշխարհի լոյսը. ան որ իմ ետեւէս կու գայ, խաւարի մէջ պիտի չքալէ, հապա կենաց լոյսը պիտի ունենայ». (ՅՈՎՀ. Ը 12)։
Լոյսը, արդարեւ, ամենէն արագընթաց եւ ամենէն արագ տարածուող եւ շրջապատը պատող բնական երեւոյթ մըն է։ Ուստի, լոյսի ամենափոքր ցոլք մը, կամ շողք մը բաւարար է, որ փարատէ ամենաթանձր խաւարը եւ անթափանց մութը։ Եւ պատահական չէ, որ աստուածային ստեղծագործութիւնը սկսաւ լոյսո՛վ. «Աստուած ըսաւ.- Լոյս ըլլայ, եւ լոյս եղաւ». (ԾՆՆԴ. Ա 3)։
Այս պատճառով, մեր ամէնօրեայ աղօթքներուն մէջ պէտք է յիշենք լոյսը՝ որ շողայ եւ տարածուի մեր բոլորին վրայ։ Արդարեւ, երբ Յիսուս կ՚ըսէ. «Ես եմ աշխարհի լոյսը…», այս կը նշանակէ, թէ Ա՛ն է, որ պիտի փարատէ ամէն խաւար, ամէն մութ՝ ո՛չ միայն ֆիզիքական, այլ եւ մանաւա՛նդ հոգիի եւ մտային խաւար, որոնք աւելի վտանգաւոր են մարդուս համար, քան ֆիզիքական խաւարը։
Անորոշութիւններով, կասկածներով, տարակուսանքներով լեցուն մարդկային կեանքին մէջ Լոյսը ապահով, վստահելի ուղեցոյց մը, եւ խաւարի մէջ գտնուողներու համար մխիթարութիւն մըն է։ Ուստի, ծէսերու մէջ «սպիտակ զգեստ»ը կը խորհրդանշէ՝ «Քրիստոս որպէս զգեստ հագնիլ». (ԳԱՂ. Գ 27)։ Յարութեան մոմէն վառուած մոմը, կը նշանակէ, թէ Քրիստոս Իր լոյսով լուսաւորեց նորադարձը։ Ուստի մկրտուածներ Քրիստոսով «աշխարհի լոյսն են». (ՄԱՏԹ. Ե 14), (ՓԻԼ. Բ 15)։
Եւ սակայն, աշխարհային՝ երկրային կեանքի մէջ կան խաւար եւ մութ պահեր, շրջաններ, բայց ամէն խաւարի, ուշ կամ կանուխ, անպայմա՛ն կը յաջորդէ Լոյսը, քանի որ էականը եւ կենսականը Լո՛յսն է։ Կեանքի լուսաւոր եւ պայծառ պահերը խափանող երեւոյթները պարզ եւ ժամանակաւոր շեղումներ, խոտորումներ եւ կարճ ընդմիջումներ են միայն, որոնք շուտով կը փարատին Լոյսի յոյսով։ Եւ հաւատքով զօրացած յոյսը ուրախութիւնն է հաւատացեալ հաւատաւորին։
Այս իմաստով, խոնարհ ծառայութիւնը կեանքին փա՛ռքն է։ Առանց վհատելու, առանց յուսալքուելու՝ Լոյսին յուսալ եւ ծառայասիրութեան հոգիով օգտակար հանդիսանալ իր շրջապատին՝ յօժարակամ եւ սիրով լեցուած։ Եւ այս ոգին կը բարձրացնէ մարդը։
Ահաւասի՛կ, այսպէս կը փայլի, կը տարածուի լոյսը՝ փարատելով ամէն խաւար։
«Մէկը ճրագը չի վառեր եւ ծածուկ տեղ մը չի դներ, ո՛չ ալ գրուանի տակ. հապա աշտանակի մը վրայ, որպէսզի ներս մտնողները լոյսը տեսնեն». (ՂՈՒԿ. ԺԱ 33)։
Արդարեւ, պէտք է այնպէս գործածուի, որ ամէն մարդ կարենայ օգտուիլ լոյսին բարիքէն։
Այս առթիւ, քարոզչութիւնն ալ Լոյսին տարածութեան մէկ միջոցն է։ Քարոզչութիւնը թէեւ խօսքով կ՚ըլլայ, բայց, չի բաւեր խօսքը, խօսքին պէտք է համընթաց ըլլայ, ընկերանայ քարոզիչին կեանքի տիպարը։ Ուստի այն խօսքը, որ կեանքով, կենցաղի տիպարով չէ հաստատուած եւ ամրացուած, կը նմանի ծածուկ տեղ դրուած կամ գրուանի տակ ծածկուած ճրագի, որ կարող չէ տարածել իր լոյսը։
Շրջապատը լուսաւորել իմաստուն եւ իր կոչումին հաւատարիմ ամէն մարդու պա՛րտքն է։
Մարդուն կը պարտի իր արմատներէն միշտ նոր ծիլեր ծագեցնել եւ արձակել, եւ ա՛յս է «մարդ»ուն փառքը…
Հաւատքը մարդուն պատասխանն է Աստուծոյ, որ Ինքզինք կը յայտնէ եւ Ինքզինք անոր կու տայ, իր կեանքին գերագոյն իմաստը որոնող մարդուն միաժամանակ յորդառատ լո՛յս կը սփռէ։
Պատմական պայմաններու մէջ՝ ուր ան կը գտնուի, մարդը կը զգայ բազմաթիւ դժուարութիւններ ճանչնալու Աստուած միա՛յն իր իմացականութեան լոյսով։ Արդարեւ, թէպէտ մարդկային իմացականութիւնը կարող է ճշմարտապէս իր ուժերով եւ բնական լոյսով հասնիլ անձաւոր «Աստուծոյ» մը՝ որ կը պահպանէ եւ կը կառավարէ աշխարհը իր Նախախնամութեամբ, կան սակայն բազմաթիւ արգելքներ՝ որոնք այս իմացականութեան թոյլ չեն տար, որ իր այս բնական կարողութիւնը արդիւնաւորապէս եւ արգասաւոր կերպով կիրարկէ, որովհետեւ Աստուծոյ եւ մարդոց հայող ճշմարտութիւնները բացարձակապէս կը գերազանցեն շօշափելի իրերուն աշխարհը եւ երբ անոնք պէտք է գործնականի անցնին եւ լուսաւորեն կեանքը, մարդէն կը պահանջեն, որ յանձնէ ինքզինք եւ հրաժարի իր անձէն։ Ասոր համար, մարդ կարիքը ունի լուսաւորուելու Աստուծոյ յայտնութեամբ՝ լուսաւորուելու կրօնական եւ բարոյական ճշմարտութիւններու մասին՝ որոնք յինքեանս անմատչելի չեն իմացականութեան՝ հաստատ ստուգութեամբ եւ առանց սխալի խառնուրդին։
Եւ Լոյսը՝ Քրիստոս ինքն է. ամէն ինչ կարելի է անոր՝ որ կը հաւատա՛յ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 26, 2024, Իսթանպուլ