ԱՄԷՆ ՄԱՐԴ ԽՕՍԻԼ Կ՚ՈՒԶԷ…
Սա իրողութիւն մըն է, թէ այն որ բանականութիւն ունի, այն որ նիւթի մը մասին խորհելու կարողութիւն ունի, այն որ կարծիք մը ունի, բնական է որ արատայայտել ուզէ զայն։ Այս կը նշանակէ, թէ ամէն մարդ խօսիլ կ՚ուզէ։ Ամէն մարդ կը խօսի, բայց քիչեր են որ խօսելու կերպը գիտեն, քանի որ խօսի՛լն ալ արուեստ մըն է։ Ուստի չկայ մարդ որ չխօսի, քանի որ ըստ էութեան, մարդ, բանաւոր, ասուն էակ մըն է։
Ամէն մարդ կ՚ուզէ, կամ ըսենք, կը փորձէ խօսիլ, բայց ո՜րքան հազուագիւտ են անոնք՝ որոնք խօսելէ առաջ պահանջքը կը զգան խորհելու. խօսելէ առաջ խորհիլ, խօսելէ աւելի մտածել՝ ահաւասիկ բան մը որ հետեւանքն է մարդուն՝ ո՛չ միայն «ասուն» այլ նաեւ «բանաւո՛ր» էակ մը ըլլալուն։
Արդարեւ, խօսելէ աւելի խորհելու համար եւ խօսքէ աւելի մտածելու կարեւորութիւն տալու համար մարդ մեծ իմաստութիւն ունենալու է։ Բառ բառի ետեւէ շարել, գրել եւ հնչել շատ դիւրին է, բայց իմաստալից վանկ մը հնչելը ամէնուն գործը չէ՛. մարդ, շատախօս ըլլալով պատգամախօս չի՛ կրնար ըլլալ։ Իմաստութեամբ խօսելու համար, մարդ պէտք է գիտնայ խորհիլ եւ խորհրդածել։
Անիմաստ բառեր շարելը խօսիլ չի նշանակեր. թերեւս «salade des mots» մը պատրաստած կ՚ըլլայ, այսինքն՝ «բառերու աղցան» մը, ինչ որ միայն ուտելու կը ծառայէ, բայց դժբախտաբար «բառ»երը ուտելու յարմար արժէքներ չեն, այլ միայն խօսելու կամ գրելու կը ծառայեն, եւ «բառերու աղցան»ը կը մնայ աննպատակ, անիմաստ եւ անգործածելի՛։
Յաճախ կ՚ըսենք. մարդիկ կան, որ շատ կը խօսին բայց ո՛չինչ կ՚ըսեն, եւ մարդիկ ալ կան, որ քիչ կը խօսին եւ շա՜տ բան կ՚ըսեն։ Եւ այս պատճառով է որ խօսիլը արուե՛ստ մըն է, եւ որոշ գիտութիւն, ուսում եւ կրթութիւն կը պահանջէ։ Ուստի, մարդ էակին «բանաւոր» էակ մը ըլլալուն ապացոյցներէն մին է՝ խօսելէ առաջ խորհելու պահանջքը։
Մարդիկ կան, որ երկու վանկով, երկու խօսքով ամէնուն սիրտը իրենց կը գրաւեն, իսկ ընդհակառակը, քառասուն տարի աղաղակ բարձրացնողներ կան, որ ունկնդիր մը իսկ չեն կարողացած գտնել եւ հազուագիւտ ունկնդիրներն ալ հեռացուցած են իրենց շուրջէն։
Արդարեւ, ճշմարտութիւնը խօսելու համար մարդ, նախ ի՛նք ճշմարտասէր ըլլալու է։ Ինչպէս՝ բարութեան մասին խօսելու համար՝ բարեսէր եւ գեղեցիկին մասին խօսելու ատեն՝ գեղեցի՛կ։ Եւ այս կը նշանակէ, թէ մարդ երբ կը խօսի, նախ պէտք է անկե՛ղծ ըլլայ, իր խօսքերը պէտք է համապատասխան ըլլան իր խորհածներուն՝ իր խօսքերը պէտք է բխին որքան մտքէն, բայց նո՛նյքան իր սրտէ՛ն։ Այն որ անկեղծ չէ իր խօսքերուն մէջ՝ որքան ալ խօսի, վստահութիւն չի ներշնչեր իր շուրջիններուն, իր ունկնդիրներուն։ Եւ «սրտով խօսիլ», «սրտէն խօսիլ» ա՛յս է ահաւասիկ։
Ուստի, ճշմարիտը խօսիլ՝ խօսելէն դժուա՛ր է՝ իսկ խորհիլը՝ ամենէն դժուարը։ Ուրեմն, մարդ խօսելէ առաջ պէտք է գիտնայ խորհելու կարեւորութիւնը՝ պէտք է խորհելու վարժութիւն ունենայ՝ որպէսզի իր խօսքերը իմաստալից ըլլան եւ ըստ այնմ ունկնդիրներ գտնէ եւ չխայտառակուի անոնց դիմացը։
Բայց միայն խորհիլն ալ չի բաւեր, այլ իր խօսքը իր խորհածին համապատասխան ըլլալու է, այսինքն անկե՜ղծ՝ մտքով եւ սրտո՛վ։
Խօսիլը, արդարեւ, միայն ձայն տալ, ձայն բարձրացնել չէ՛, իսկ պոռալ երբեք չէ. անիմաստ եւ պարապ խօսիլը միայն ժամանակ վատնելու կը ծառայէ, եւ ամէն տեսակ չարախօսութիւնը՝ բամբասել, զրպարտել եւ յետին նպատակներով խօսիլ վատութի՛ւն է, չարութիւն է։ Պոռալը, ինչպէս կը կարծեն ոմանք, խօսիլ չէ, իսկ խօսքով մարդ վարկաբեկել, արժանապատուութիւն վիրաւորել՝ սիրտ կոտրել, մեղք է, Աստուած վըշ-տացնել եւ Աստուծոյ պատուիրաններուն դէմ գործել կը նշանակէ։ Ուստի խօսիլ, խորհուրդներու պատշաճօրէն արտայայտութիւնը պէտք է ըլլայ՝ բանաւոր եւ ընդունելի պատճառներ, բարի նպատակ, եւ իմաստ եւ իմացականութիւն ունենալու է, ապա թէ ոչ՝ պարզապէս դատարկաբանութիւն կ՚ըլլայ, ի՛նչ որ ժամանակը անօգուտ տեղ փճացնելէ զատ ո՛չ մէկ բանի կը ծառայէ։
Տարակարծութիւններ միշտ կը պատահին, ասիկա, բանականութեան բնական մէկ արդիւնքն է, բայց տարակարծութիւնները պէտք չէ որ խօսքի մէջ ստորնութեան վերածուին. խօսքը պէտք է միշտ իր պատնէշին վրայ մնայ՝ որպէս բանականութեան նշան։ Խօսքը պահելու է միշտ իր պատշաճութիւնը՝ չափաւոր, կշռուա՛ծ։ Տրամաբանութիւնը առանցքն է խօսքին, որ կը զարդարուի ճշմարտութեամբ, բարութեամբ եւ գեղեցկութեամբ։ Ճշմարտախօսութիւնը բարեմտութեան եւ գեղեցկութեան արտայայտութի՛ւնն է։ Այդպէս պէտք է ըլլայ։
Ոմանք ալ կը խօսին, պարզապէս «խօսած ըլլալ»ու համար՝ որուն մէջ ո՛չ իմաստ գոյութիւն ունի եւ ոչ ալ նպատակ, եթէ ոչ վնասակար, բայց անօգուտ խօսքեր են անոնք եւ ժամանակ կը վատնեն միայն։ Ուստի խօսքը քանի որ բանականութեան արտայայտութիւնն է, պէտք է բանաւոր՝ իմաստալից ըլլայ։ Եւ իմաստալից խօսքն է որ օգտակար կ՚ըլլայ թէ՛ խօսողին եւ թէ՛ ունկնդրողին։
Եւ քանի որ խօսիլը բանականութեան արտայայտութիւնն է, ապա ուրեմն հարցը սա է, թէ՝ որեւէ նիւթի մասին խօսելու՝ կարծիք եւ գաղափար յայտնելու համար, խնդրոյ առարկայ նիւթին մասին գոնէ նուազագոյն չափով տեղեկութիւն, գիտութիւն ունենալ պէտք չէ՞։ Արդարեւ գաղափարի համար գիտութիւնը անհրաժեշտ է. ամէն մարդ ամէն ինչ չի՛ կրնար ըլլալ։ Մարդու մը մասնագէտ ըլլալը հասկնալի է եւ իր կարողութեանը եւ տարողութեանը համեմատ դիւրին, բայց ամենագէտ ըլլալ՝ ահաւասիկ ասիկա դժուար է, եթէ ոչ անկարելի, եւ բացառիկ բարձր իմացականութեան եւ հանճարի կը կարօտի, այսինքն հազուագիւտ են անոնք՝ որ «ամենագէտ» կարելի է կոչել, քանի որ հազուադէպ պարագայ մըն է բարձր իմացականութիւնը եւ հանճարը…։
Ապա ուրեմն, սխալ է եւ վնասակա՛ր՝ ամէն մարդու ամէն բանի շուրջ գաղափար յայտնելը՝ խօսիլը, քանի որ գիտութիւն պահանջող նիւթերու շուրջ բանականութիւնը բաւարար չի կրնար ըլլալ ինքնին, այլ բանականութեան պէ՛տք է մասնակից եւ համընթաց ըլլայ գիտութիւնը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 22, 2018, Իսթանպուլ