ՆԻՑՉԷՆ ԵՒ ՄԱՐԴԸ

ԺԹ. դարու իմաստասէրներէն գերմանացի Նիցչէ, իր փիլիսոփայութիւնը կը ձեւաւորէր «մարդ»ու էութեան շուրջ եւ կը հասնէր այն եզրակացութեան, թէ՝ մարդը ամբողջ տիեզերքին գերագոյն էակն է, այն «կատարելութիւնը», որուն պէտք է հպատակէին եւ ենթակայ ըլլային բոլոր էակները եւ էութիւնները, քանի որ ան կարող էր ամէն ինչի ձեռնարկել եւ յաջողիլ, կատարելագործել։ Իր մէջ մարդկային յատկանիշներ գոյութիւն ունէին «մարդ» էակին մէջ եւ ուրեմն կարող էր լաւագոյնը կատարել եւ կոչուիլ «գերագոյն էակ»։

Նիցչէ կրնար կարծել այդպէս եւ անտեսել Սաղմոսերգուին հետեւեալ խօսքերը. «Մարդը ի՞նչ է՝ որ զանիկա կը յիշես, կամ մարդու որդին, որ անոր այցելութիւն կ՚ընես». (ՍԱՂՄ. Ը 4), բայց իր կարծիքը կամ տեսակէտը պիտի չփոխէր Ճշմարտութիւնը։

Աստուած ուրացողներ, անաստուածներ, անհաւատներ երբ չեն ճանչնար, չեն հաւատար Աստուծոյ, կը կարծէ՞ք, թէ Աստուած կը կորսնցնէ իր Էութիւնը, եւ կամ անոնց անհաւատութեամբ Ճշմարտութիւնը կը փոխուի՞։ Աչազուրկ մէկը թէեւ չի տեսներ արեւը, լոյսը, բայց այս չի նշանակեր, որ արեւը, լոյսը գոյութիւն չունին, անոնք կը շարունակեն փայլիլ եւ լուսաւորել բոլորը առանց խտրութեան, նոյնիսկ զիրենք չտեսնողները։ Աչազուրկ մէկը չի կրնար տեսնել դիմացինը, բայց դիմացի մարդը կը տեսնէ զինք եւ նաեւ անոր կուրութիւնը։

Աչազուրկ մէկը խաւարի մէջ է. բայց չկայ աւելի անթափանց խաւար, քան հոգեւոր եւ մտային խաւարը։ Արդարեւ, ամէն խաւար կարծուածին չափ մութ չէ, քանի որ զգացումներ կը փարատեն մասամբ աչքի խաւարը, բայց մտքի եւ հոգիի խաւարը կարելի չէ փարատել, որովհետեւ անոնց կուրութիւնը խափանած, կասեցուցած է Ճշմարտութիւնը։ Ամէն կասկածամիտ կը նմանի Թովմաս առաքեալին, բայց ի վերջոյ կը ծանօթանայ Ճշմարտութեան Լոյսին…

Մարդուն մեծամտութիւնը, ինքնահաւանութիւնը եւ չափազանց յանդգնութիւնը պատճառ են ինքզինք գերադասելու եւ անծանօթ մնալու Ճշմարտութեան։

Բայց «մարդը ի՞նչ է որ…»։ Հարցը ա՛յս է։

Նախ, սա անվիճելի է որ մարդ, մանաւանդ իր տկարութիւնը եւ թերութիւնները զգացած եւ անոնց անդրադարձած պահերուն, որեւէ ժամանակէ աւելի պէտք ունի զԱստուած՝ Յիսուս Քրիստոսը անձնապէս ճանչնալու։ Կրօնքը բաւարար չէ՛ եւ ոչ ալ եկեղեցասէր ըլլալը՝ գոհացուցիչ, այլ պէտք է ճանչնալ Տէր Յիսուս Քրիստոսը անձնապէ՛ս. «Հաւատա՛ Տէր Յիսուս Քրիստոսի եւ պիտի փրկուիս». (ԳՈՐԾՔ. ԺԶ 31)։

Եւ «մարդը ի՞նչ է որ…», եթէ ոչ՝ ստուեր մը, շուք մը միայն՝ որ լոյսին առջեւ կը խաղայ եւ ոչ ոք կրնայ կշռել անոր ծանրութիւնը։ Մարդը տերեւ մըն է՝ որ աշնանամուտին, ճիւղերէն վար կ՚իյնայ, թեթեւ զեփիւռին չկարենալով դիմադրել։ Մարդը ծաղիկ մըն է՝ որ կը բացուի արեւին եւ անցորդներուն բոյր եւ գեղեցկութիւն բաժնելէ, տարածելէ ետք՝ վերջապէս կը թոռմի եւ հովերը կու գան կը ցրուեն իր թերթիկները։

Այս իրականութիւններու եւ պայմաններու մէջ «մարդը ի՞նչ է որ…»։ Երա՜զի մը պէս կը հիւսուի եւ կը քակուի, երբ երազողը կ՚արթննայ իր քունէն…

Այն գոռոզ, ինքնահաւան, մեծամիտ եւ ինքնակեդրոն «մարդը ի՞նչ է որ…», որուն հետ անկարելի՛ է երկու խօսք փոխանակել, քանի որ ան «քիչ մը աւելի ժամանակ տրամադրած է գիտութիւն ամբարելու» եւ ածական մը, տիտղոս մը կցած է իր անունին։ Մինչ, կասկածելի է, որ մեծամիտ մարդը արժանի՞ է այդ ածականին եւ տիտղոսին։ Գոռոզ մարդը, որովհետեւ քիչ մը աւելի ժամանակ յատկացուցած է աշխարհահաճութեան եւ նիւթեղէնին տիրանալու համար, կը զլանայ երկու խօսք ընելու իր ստորադասած մարդոց հետ։ Ինքնահաւան մարդը վերէն կը նայի իր չորս կողմը գտնուող մարդոց վրայ… բայց «մարդը ի՞նչ է որ…», չի խորհիր այդ մասին։ Ան հպարտ է իր «առաւելութիւն»ներուն համար՝ ունեցածներուն համար, իրագործումներուն համար՝ առանց նկատելու հասարակաց բարիքը, բայց միայն իր անձնական շահերը։

«Երանի՜ հեզերուն, վասնզի անոնք պիտի ժառանգեն երկիրը». (ՄԱՏԹ. Ե 5)։

Հեզ եւ խոնարհ ըլլալ մարդը կը բարձրացնէ եւ կատարելութեան կը հասցնէ. մարդ երբ անդրադառնայ իր «փոքրութեան», այն ատեն կը ջանայ «մեծ ըլլալ», բայց եթէ ինքզինք կատարեալ համարէ, յառաջանալու տեղ չ՚ունենար եւ միշտ անկատար, փոքր եւ տկար կը մնայ։ Պահ մը խորհինք սիրելի՜ բարեկամներ. «Մենք ի՞նչ ենք որ…»։ Տէրը եւ սէրը ձեզ հետ ըլլայ եւ մի՛շտ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 28, 2024, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 28, 2024