ՍՐԲՈՑ ՂԵ­ՒՈՆ­ԴԵԱՆՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱ­ՆԵՐ

«Սրբոց Ղե­ւոն­դեանց քա­հա­նա­ներ» ա­նուան տակ կը ճանչ­ցուին այն հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը՝ ո­րոնք Վար­դա­նանց պա­տե­րազ­մէն (451) յե­տոյ, Ատ­րոր­միզդ մարզ­պա­նի թե­լադ­րան­քով, պար­սիկ­նե­րու Յազ­կերտ Բ.-ի հրա­մա­նով ձեր­բա­կա­լուե­ցան՝ Հա­յե­րու ապս­տամ­բա­կան եւ ըմ­բոս­տա­կան նոր խլրտում­նե­րէն զերծ պա­հե­լու հա­մար եր­կի­րը, եւ տա­րուե­ցան Ա­պար աշ­խար­հի Նու­շա­պուհ բեր­դը։ Այն­տեղ ա­նոնց ա­ռա­ջար­կուե­ցաւ ըն­դու­նիլ մազ­դե­զա­կան՝ պար­սիկ կրօ­նին պատ­կա­նող դա­ւա­նան­քը՝ ի­րենց կեան­քը փրկե­լու հա­մար։

Ղե­ւոն­դեան­ներ մեր­ժե­ցին այս ա­ռա­ջար­կը։

454 թուա­կա­նին քու­շան­նե­րու դէմ մղած պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին՝ պար­սիկ­նե­րը պար­տու­թիւն կը կրեն։ Մո­գե­րը, այ­սինքն պար­սիկ քուր­մե­րը եւ աստ­ղա­գէտ­նե­րը այս պար­տու­թեան պատ­ճա­ռը կը վե­րագ­րեն Ղե­ւոն­դեան­նե­րուն՝ ո­րու հե­տե­ւան­քով ալ ա­նոնք կը նա­հա­տա­կուին։

Պատ­մու­թեան վկա­յու­թեան հա­մա­ձայն Ղե­ւոն­դեան­ներ կը յի­շուին՝ Յով­սէփ Կա­թո­ղի­կոս, Սա­հակ Ե­պիս­կո­պոս, Ղե­ւոնդ Ե­րէց, Մու­շէ Քա­հա­նայ, Ար­շէն Ե­րէց, Գա­ճաճ Սար­կա­ւագ, ո­րոնց հետ էին նաեւ՝ Աբ­րա­համ Ե­րէց եւ Խո­րէն Ե­րէց, ո­րոնք աք­սո­րուե­ցան։

Ո­րոշ ժա­մա­նակ մը վերջ չդի­մա­նա­լով երկ­րին տօ­թա­կէզ, կի­զիչ ե­ղա­նա­կին՝ Խո­րէն Ե­րէ­ցը մա­հա­ցաւ։

Իսկ Աբ­րա­համ Ե­րէ­ցը ա­ւե­լի վերջ թոյլ­տուու­թիւն ստա­ցաւ իր եր­կի­րը վե­րա­դառ­նա­լու եւ ձեռ­նադ­րուե­ցաւ Բզնու­նի­քի ե­պիս­կո­պոս։

Աբ­րա­համ Ե­րէ­ցի կը վե­րագ­րուի ա­սո­րա­կան «Վկայք Ա­րե­ւե­լից» եր­կի հա­յե­րէն թարգ­մա­նու­թիւ­նը։

Սուրբ Հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու այս խում­բին՝ Սրբոց Ղե­ւոն­դեանց քա­հա­նա­նե­րու յի­շա­տա­կու­թեան օ­րը այս տա­րի նշուե­ցաւ Փետ­րուար 2-ին։

Եւ երբ կը յի­շենք ան­գամ մը եւս Սրբոց Ղե­ւոն­դեանց քա­հա­նա­նե­րը, կա­րե­լի չէ չյի­շել Ե­ղի­շէ մա­տե­նագ­րի սա հրա­շա­լի՜ քա­ռեա­կը՝ այն չորս յատ­կա­նիշ­նե­րը, ո­րոնք կը մեծց­նեն, կը բարձ­րաց­նեն քա­հա­նա­յու­թիւ­նը, որ ինք­նին ար­դէն մեծ յարգ ու ար­ժէք ու­նի։ Ուս­տի «հո­գե­ւո­րա­կան» ա­նու­նը՝ ե­կե­ղե­ցա­կան պաշ­տօ­նեա­նե­րու յա­տուկ ընդ­հա­նուր նկա­րագ­րի մը ար­տա­յայ­տու­թիւնն է, որ ինք­նին կը մատ­նան­շէ ա­նոնց յա­տուկ կե­ցուած­քը աշ­խար­հա­յի­նի նկատ­մամբ։

Ե­ղի­շէ մա­տե­նա­գի­րը սա­պէս կը նկա­րագ­րէ զա­նոնք.

«Ըն­չա­տեացք էին իբ­րեւ զան­կա­րօտս.

«Սրբա­սէրք էին իբ­րեւ զան­մար­մինս.

«Ա­նա­չառք էին իբ­րեւ զար­դա­րա­դատս.

«Ա­ներ­կիւղք էին իբ­րեւ զան­մահս»։­

Այս կը նշա­նա­կէ՝ թէ քա­հա­նա­նե­րը ինչ­քը, ստա­ցուած­քը, նիւ­թը կ՚ա­տէին, կը մեր­ժէին իբ­րեւ մար­դիկ՝ որ ո՛չ մէկ բա­նի կա­րօտ էին։ Ան­շուշտ որ ինչ­քը պէ՛տք է, բնա­կան պա­հանջք մըն է մար­դուս հա­մար, որ կեանք մը կ՚ապ­րի այս աշ­խար­հի վրայ։

Բայց դա­տա­պար­տե­լի՛ է այս մա­սին չա­փա­զան­ցու­թիւ­նը ինչ­պէս ա­մէն մար­զի մէջ եւ մա­նա­ւանդ «հո­գե­ւո­րա­կան»ի հան­գա­ման­քով ծա­ռա­յող­նե­րու մէջ։ Եւ ա­ւե­լի եւս դա­տա­պար­տե­լի է հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու՝ ինչ­քը, ստա­ցուած­քը դի­զե­լու հա­մար իր ա­ռող­ջու­թիւ­նը եւ մա­նա­ւա՛նդ բա­րո­յա­կան սկզբունք­նե­րը զո­հե՛­լը։ Դա­տա­պար­տե­լի՛ է ինչ­քը դի­զե­լու հա­մար կեան­քի ամ­բողջ գոր­ծու­նէու­թեան շար­ժա­ռի­թը նկա­տել հարս­տու­թիւ­նը, պեր­ճան­քը, չա­փա­զան­ցու­թիւն­նե­րը։

Սխա՛լ է նաեւ հարս­տու­թիւ­նը լոկ անձ­նա­կան հա­ճոյ­քի եւ շատ ան­գամ փառ­քի հա­մար կի­րար­կե­լը։

Մէկ խօս­քով, սի­րե­լի՜­ներ. դա­տա­պար­տե­լի՛ է ա­գա­հու­թիւ­նը, ինչ որ կը հա­մա­րուի «մա­հա­ցու մաղք», քա­նի որ ան ծնունդ կու տայ ու­րիշ զա­նա­զան մեղ­քե­րու։ Ուս­տի ե­թէ մէ­կը ի­րա­պէս «հո­գե­ւո­րա­կան»ի նկա­րա­գիր ու­նի, «հո­գիի մարդ» է, ա­պա ու­րեմն ան հո­գե­ւոր ար­ժէք­նե­րու կա­րե­ւո­րու­թիւն ըն­ծա­յող անձ մը պէտք է ըլ­լայ՝ հա­մա­պա­տաս­խան իր հո­գե­վի­ճա­կին, ընդ­հա­նուր նկա­րագ­րին եւ ո՛չ եր­բեք նիւ­թա­պաշտ։

Ար­դա­րեւ կա­րե­լի չէ, թէ՛ մտա­պէս, թէ՛ հո­գե­պէս եր­կու հո­գե­վի­ճա­կի մէջ ապ­րիլ մար­դուս հա­մար, այ­սինքն մա՛րդ թէ՛ հո­գե­ւո­րա­կան, թէ՛ նիւ­թա­պաշտ չի՛ կրնար ըլ­լալ, ինչ որ բա­նա­կա­նու­թեան եւ ի­րե­րու բնու­թեան բո­լո­րո­վին հա­կա­ռա՛կ է։ Եւ ո՜ր­քան վտանգ կը սպառ­նան ա­նոնք՝ որ հո­գե­ւո­րա­կա­նի ե­րե­ւոյ­թով նիւ­թա­պա՜շտ­ներ են…։

Իսկ նեղ ա­ռու­մով հո­գե­ւո­րա­կա­նը ա­ւե­լի եւս ու­շա­դիր եւ բծախն­դիր ըլ­լա­լու է այս մա­սին, ան պէտք է ապ­րի եւ գոր­ծէ իր ուխ­տին եւ կար­գին հա­մա­ձայն եւ հե­ռո՛ւ մնայ ա­մէն ա­րար­քէ՝ որ դէ՛մ է իր ուխ­տին ու կար­գին։ Մար­մին, այ­սինքն նիւ­թը, հո­գին եւ միտ­քը զի­րար կ՚ամ­բող­ջաց­նեն եւ կը կազ­մեն մար­դը, բայց ո՛չ եր­բեք պէտք է գե­րա­զան­ցեն զի­րար, քա­նի որ մար­մին-հո­գի-միտք ե­թէ կորսնց­նեն ի­րենց ներ­դաշ­նա­կու­թիւ­նը, կը խա­թա­րուի, կը խան­գա­րուի մար­դուս ամ­բողջ էու­թիւ­նը եւ կը կորսնց­նէ իր կշի­ռը, ո­րուն վրայ հիմ­նուած ու հաս­տա­տուած է իր աշ­խար­հա­յին կեան­քը։ Եւ շատ ան­գամ, այս ներ­դաշ­նա­կու­թեան խա­թար­ման պատ­ճա­ռով է որ մարմ­նա­կան, հո­գե­կան կամ մտա­յին ան­հանգս­տու­թիւն­ներ կը գո­յա­նան, եւ կը խան­գա­րուի հո­գիի, մարմ­նի եւ մտքի ներ­դաշ­նա­կու­թիւ­նը եւ ու­րեմն ան­դոր­րու­թիւ­նը եւ խա­ղա­ղու­թիւ­նը։ Կա­տա­րեալ է, զօ­րա­ւոր է եւ ան­թե­րի այն մար­դը՝ որ կա­րո­ղու­թիւն ու­նի ներ­դաշ­նա­կե­լու մար­մի­նը, հո­գին եւ միտ­քը։

Իսկ նեղ ա­ռու­մով հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու պա­րա­գա­յին ա­ւե­լի եւս պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն կը վե­րա­բե­րի, քա­նի որ ա­նոնք ո՛չ միայն ի­րենց ան­ձէն, այլ եւ ժո­ղո­վուր­դին հո­գե­ւոր եւ ին­չո՛ւ չէ, մտա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան հա­մար ալ հա­մա­րա­տու են։ Եւ ու­րեմն նիւ­թա­պաշտ եւ աշ­խար­հա­սէր հո­գե­ւո­րա­կան մը ան­հա­ճոյ կը դառ­նայ նախ Աս­տու­ծոյ առ­ջեւ եւ յե­տոյ կը պզտիկ­նայ յաչս հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու։

Մշա­կը ար­ժա­նի՛ է իր վարձ­քին։ Ան­տա­րա­կոյս ճիշդ է այդ ա­ւե­տա­րա­նա­կան պատ­գա­մը՝ քրիս­տա­սա­ւանդ ան­շեղ սկզբուն­քը, բայց այդ ար­ժա­նա­ւո­րու­թիւ­նը հա­մա­պա­տաս­խան եւ հա­մե­մա­տա­կան ու հա­մար­ժէք ըլ­լայ վարձ­քին՝ ո՛չ ա­ւե­լի եւ ո՛չ պա­կաս, ի՛նչ որ կ՚են­թադ­րէ չա­փա­ւո­րու­թի՛ւն։

Եւ այս Մեծ պա­հոց շրջա­նին կ՚ար­ժէ ան­գամ մը եւս խոր­հիլ, խո­րա­նալ չա­փա­ւո­րու­թեան կա­րե­ւո­րու­թեան վրայ։ Հոն՝ ո՛ւր չա­փա­ւո­րու­թիւն եւ պար­զու­թիւն կայ՝ հոն կայ զօ­րու­թիւն, կա­տա­րե­լու­թիւն եւ ան­շո՛ւշտ եր­ջան­կու­թիւն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետ­րուար 10, 2016, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Փետրուար 29, 2016