ՄԱՀՈՒԱՆ ՏԵՍԻԼԸ ԿԱ՞Յ
Գիրքերու մէջ յաճախ կարդացած էի «մահուան տեսիլ» արտայայտութեան մասին, սակայն մինչեւ երեք տարիներ առաջ անոր ինչ ըլլալը այնքան ալ ծանօթ չէր ինծի:
Երեք տարիներ առաջ՝ այսօր ես Լիբանան էի, իսկ հայրս Հայրենիքի մէջ հիւանդանոցն էր. գիշերուան ժամը տասին զանգեցի Հայաստան ապրող ծանօթ եկեղեցականի մը եւ խնդրեցի, որ երթայ հիւանդանոց, աղօթք մը կատարէ հօրս վրայ եւ Հաղորդէ զինք։ Եկեղեցականը ըսաւ, թէ ժամը ուշ է եւ անյարմար է հիւանդանոց երթալու եւ խոստացաւ յաջորդ առտու կանուխ երթալ եւ կատարել խնդրանքը: Համաձայնեցայ..., բայց հանգիստ չէի. կէս ժամ ետք զանգեցի այլ եկեղեցականի մը եւ պնդելու չափ խնդրեցի, որ այսօր գիշեր իսկ կատարէ այդ խնդրանքը:
Գիշերուան ժամը 12.00-ին եկեղեցականը գնաց հիւանդանոց եւ հակառակ արգիլուած ըլլալուն, յատուկ հրամանով մտաւ հիւանդանոց եւ կատարեց սրբազան պարտաւորութիւնը. ժամ մը ետք արդէն հիւանդանոցէն փոխանցեցին հօրս մահուան բօթը:
Ի՞նչն էր պատճառը այդ զգացողութեան, որ չհամաձայնեցաւ այդ սրբազան պարտաւորութիւնը յաջորդ առտուան մնալուն, որ իրապէս ալ շա՜տ ուշ պիտի ըլլար: Այդ օր սորվեցայ 7-8 ժամը յաճախ մեզի համար ինչքա՜ն կարճ ալ թուի, մարդու կեանքին մէջ շա՜տ բաներ կրնայ փոխել:
Մահուան տեսիլի գաղափարը մօտս ամրապնդուեցաւ այն ատեն, երբ իրականացաւ հօրս Նոր տարուան գիշեր կատարած գուշակութիւնը. 2019 տարուան Նոր տարիին ուզեց բոլորս միատեղ ըլլանք. «վերջին Նոր տարիս է» ըսաւ. բնականաբար լուրջի չառինք եւ «անիմաստ բաներ մի՛ ըսեր» ըսելով նշեցինք Նոր տարին այնպէս՝ ինչպէս ինք ուզած էր: Փաստօրէն իրապէս ալ վերջինն էր:
Այս պատահարներէն ետք սկսայ պրպտել ու ուսումնասիրել «մահուան տեսիլք»ին շուրջ նիւթեր. պատմութիւնը կը փաստէ, որ շատ անձեր կրցած են նախատեսել իրենց մահուան ժամանակը. անոնցմէ ոմանք մինչեւ իսկ յաջողած են անուղղակիօրէն յայտնել մահուան ձեւն ու վայրը: Այսպէս՝ 18-րդ դարուն ապրող ֆրանսացի գիտնական Ապրահամ տը Մուավր (Abraham de Moivre) ամբողջ կեանքի ընթացքին ուսումնասիրութիւններ կը կատարէ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է գիտնալ անձի մը մահուան ճշգրիտ թուականը՝ հիմնուելով թուանշաններու եւ կեանքի մէջ ունեցած շարք մը մանրամասնութիւններուն վրայ: Ժամանակի ընթացքին այդ իր ուսումնասիրութիւնները կը կեդրոնացնէ իր անձին շուրջ եւ կը պատրաստէ ցուցատախտակ մը, ուր կը գրէ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին կատարելիքները՝ ժամ առ ժամ: Ուսումնասիրութիւններու ու հաշիւներու հիման վրայ գիտնականը իր մահուան օրը կը նշէ 1754 թուականի օգոստոսի վերջը. գիտնականը կը մահանայ 27 նոյեմբեր 1754 թուականին, ինչ որ հեռու չէ իր գուշակութենէն:
Պատմութիւնը կու գայ անմահացնելու Ուիլիամ Թոմաս Սթիտի (William Thomas Stead) անունը, որ մեծ գործատէր ըլլալու կողքին սէր ունեցած է երեւակայական արձակներ գրելու. այդ երեւակայական գրութիւններուն մէջ Ուիլիամ ինքզինք կը նկարագրէ մտածին պահերու եւ վայրկեաններու մէջ:
Ուիլիամ 1892 թուականին գրած իր մէկ գրութեան մէջ կը նկարագրէ, թէ ինչպէս ծովային ճամբորդութեան ընթացքին իրենց նաւը դուրս գալով իր ճամբայէն՝ կ՚երթայ զարնուելու լողացող սառալեռի մը, ուր կը մահանայ ինք եւ ճամբորդողներէն շատեր: Այս գրութենէն տարիներ ետք Ուիլիամ զոհ կը դառնայ յայտնի Թիթանիք նաւի արկածին եւ այդտեղ կը մահանայ այնպէս՝ ինչպէս նկարագրած էր երեւակայական գրութեան մէջ: Ուիլիամ պատմութեան մէջ յայտնի կը դառնայ նաւակի արկածի գուշակութեամբ, որ իրեն կու տայ մարգարէական հով մը:
Պատմութեան մէջ որպէս յատկանշական դէպք կը յիշուի ամերիկացի մարզիկ Փեթէ Մարավիչը (Pete Maravich), որ հարցազրոյցներէն մէկուն ընթացքին կը յայտնէ, թէ ինք կարճ ժամանակ պիտի ունենայ մարզաձեւերով զբաղելու. 26 ամեայ Փեթէ հարցազրոյցի մը ընթացքին կը յայտնէ, թէ ինք պիտի մահանայ քառասուն տարեկանին, հետեւաբար միայն տասն տարի կրնայ շարունակել զբաղիլ մարմնամարզութեամբ։ Մարզիկը հաւատարիմ մնալով իր խօսքին 36 տարեկանին դուրս կու գայ մարզաշխարհէն եւ քառասուն տարեկանին բարեկամներու հետ ժամանցի ժամանակ սրտի կաթուածի պատճառով կը մահանայ:
Մահուան գաղափարը եւ ինչութիւնը մի՜շտ ալ պիտի շարունակէ մնալ առեղծուած. այնպէս ինչպէս անցեալին, նոյնպէս ալ ապագային բազմահազարներ պիտի փորձեն վերլուծել անոր ինչ ըլլալը, պիտի փորձեն պայքարիլ անոր դէմ ու վերջաւորութեան յուսահատ յանձնուին անոնց գիրկը:
Այս բոլորին դիմաց սկսած եմ հաւատալ Դուրեանի «եթէ տժգոյն մահու հրեշտակ, անհուն ժպտով մ՚իջնէ իմ դէմ» խօսքերուն, որովհետեւ այդ հրեշտակը տեսնենք թէ ոչ՝ այդտեղ կանգնած է նոյն այդ ժպիտով:
Կեանքը բարելաւելու համար մահուան օրը գիտնալու կարիքը չունինք, որովհետեւ գիտնանք թէ ոչ՝ այդ օրը կա՛յ եւ իւրաքանչիւր վայրկեան մէկ քայլ աւելի կը մօտենանք այդ անյայտ՝ սակայն ճշտորոշ ու ճշտապահ թուականին:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ԱՒԵՏ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ
(1897-1971)
Մեր թուականէն 51 տարիներ առաջ՝ 29 մարտ 1971-ին Երեւանի մէջ մահացած է դերասան եւ արուեստագէտ Աւետ Աւետիսեան (բուն անունով՝ Աւետ Ոսկանեան):
Աւետ Աւետիսեան ծնած է 12 նոյեմբեր 1897-ին, Թիֆլիզի մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Ներսիսեան դպրոցէն ներս, ուր կատարած է իր դերասանական առաջին փորձերը՝ մասնակցելով սիրողական ներկայացումներու: Դպրոցական ուսումը աւարտելէ ետք որոշ ժամանակ աշխատած է որպէս աշկերտ զանազան գործակատարներու մօտ եւ ապա մեկնած է բանակ: Բանակային ծառայութիւնը աւարտելէ ետք մեկնած է Պաքու եւ մաս կազմած՝ դերասան Յովհաննէս Աբէլեանի կազմակերպած թատերական ներկայացումներուն, ուր առաջին անգամ բեմ բարձրացած է Շիրվանզատէի «Չար ոգի» ներկայացման Ոսկանի դերով: Որոշ ժամանակ Պաքուի մէջ բեմ բարձրանալէ ետք, 1919 թուականին վերադարձած է ծննդավայր՝ Թիֆլիզ եւ մաս կազմած է Թիֆլիզի հայոց տրամաթիքական խումբին: Տարի մը ետք՝ 1920 թուականին մեկնած է Վանաձոր եւ մաս կազմած դերասան եւ թատերական գործիչ Ամօ Խարազեանի խումբին, ուր որոշ ժամանակ դերասանութիւն ընելէ ետք ընդունուած է Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան թատրոն, ուր մնացած է մինչեւ իր կեանքի վերջը:
Աւետիսեան մաս կազմած է բազմատասնեակ թատերգութիւններու. ինչպէս՝ Գ. Սունդուկեանի «Պէպօ» ներկայացումը՝ Պէպոյի դերով, Վրթանէս Փափազեանի «Ժայռ»ը՝ Եկորիչի դերով, Շիրվանզատէի «Պատուի համար»ը՝ Սաղաթէլի դերով եւ բազմաթիւ ուրիշներ: Թատերգութեան կողքին Աւետիսեան դերեր ստանձնած է նաեւ ժապաւէններու մէջ. անոնցմէ յատկանշական է հայ ժապաւէնի առաջին ներկայացումներէն «Նամուս» ժապաւէնը, ուր Աւետիսեան հանդէս եկած է Հայրապետի դերով. անոր յաջորդած են «Գիգոր», «Խասփուշ», «Շոր եւ շորոր», «Քաջ Նազար», «Լեռնային արշաւ» եւ այլ ժապաւէններ:
Շնորհիւ իր վաստակին՝ Աւետ Աւետիսեան 1938 թուականին արժանացած է Ժողովրդական արուեստագէտի կոչման: «Զանգեզուր» ժապաւէնի մէջ ստանձնած սպարապետի դերակատարութեան համար Աւետիսեան արժանացած է «Ստալինեան մրցանակի 2-րդ աստիճան»ին, որուն յաջորդած են «Լենին»ի, «Հայրենական մեծ պատերազմի ժամանակ անձնուէր աշխատանք»ի, «Կովկասի պաշտպանութեան», «Պատուոյ նշան», «Կարմիր աստղ» եւ «Աշխատանքային կարմիր դրօշ» շքանշանները. 1971 թուականին Աւետիսեան եղած է Խորհրդային Հայաստանի Պետական մրցանակի դափնեկիր:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ