ԿՈՅՐ ՈՒ ԽՈՒԼ ԳՐՈՂ ՄԸ

Կոյրերը, խուլերն ու համրերը մարդկութեան համար անկարներ ըլլալ կը կարծուին եւ կամայ թէ ակամայ անոնց հանդէպ գութ մը կը ծագի մարդոց քարացած սիրտերուն մէջ, մոռնալով, որ մեծագոյն անկարութիւնը ո՛չ թէ աչքերու կամ լսողութեան չգոյութեան, այլ մարդոց միտքին մէջ է պարզապէս:

Սակայն պատմութեան մէջ ծնած են մարդիկ, որոնք լոյս աշխարհ եկած են իրենց գոյութեամբ կոտրելու այդ անկարութեան հանդէպ յառաջացած համոզումը. անոնցմէ մէկն է 27 յունիս 1880 թուականին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ծնած աղջնակ մը, որ մէկուկէս տարեկան հասակին հիւանդութեան մը հետեւանքով կորսնցուցած է թէ՛ իր տեսողութիւնը եւ թէ լսողութիւնը. մօտաւորապէս երկու տարեկան աղջիկ մանուկ մը՝ կոյր ու խուլ վիճակի մէջ:

Մեզմէ շատեր երկու տարեկան խուլ ու կոյր աղջնակ մը տեսնելով մեղքնալու զգացումով կը լեցուին, սակայն աղջնակը իր կեանքով կու գայ փաստելու, որ մեղքնալիքը աչք ու լսողութիւն չունենալուն մէջ չէ, որովհետեւ ան առանց աչքի ու լսողութեան կը յաջողի ընել այն՝ ինչ որ չեն կրնար ընել բազմամիլիոն աչքերու ու լսողութեան տէր մարդիկ, որովհետեւ գոյութիւն ունի մարդկային արժէք մը, որ վեր է այդ արտաքին անկարութենէն:

Երկու տարեկանին իր լսողութիւնն ու տեսողութիւնը կորսնցուցած Հելէն Քելլեր եօթ տարեկանին կը սկսի գրել ու կարդալ սորվիլ՝ Պրալեան տառատեսակներով (Պրալեան տառատեսակը կոյրերու յատուկ ցցուն կէտերով այբուբենն է): Իր կուրութիւնն ու խուլութիւնը առանց նկատի ունենալու երիտասարդ աղջիկը յաջողութեամբ կ՚աւարտէ դպրոցը եւ ի զարմանս մեղքցողներուն՝ կը դառնայ առաջին կոյր ու խուլ անհատը, որ յաջողութեամբ կ՚աւարտէ աշխարհի մեծագոյն համալսարաններէն մին նկատուող Հարվըրտի համալսարանը:

Ուսումը յաջողութեամբ աւարտելէ ետք պաշտօնի կը կոչուի Կոյրերու ամերիկեան համալսարանէն ներս եւ ի պաշտօնէ կը ճամբորդէ ու դասախօսութիւններ կ՚ունենայ աւելի քան 35 երկիրներու մէջ:

Կոյր ու խուլ երիտասարդուհին հազարաւոր դասախօսութիւններու կողքին 14 հատոր գիրք կը գրէ հաշմանդամութեան, մարդկային իրաւունքներու եւ աշխարհի խաղաղութեան նուիրուած: Անոր մեծագոյն գործերէն մին նկատուող «Իմ կեանքիս պատմութիւնը» աշխատութիւնը (գրուած 1903 թուականին) կը վերածուի ժապաւէնի «Հրաշագործը» խորագրով:

Կոյր ու խուլ երիտասարդուհին իր յաջողութիւնը կը վերագրէր իր շրջապատին եւ ստացած ուսումին եւ պայքար կը մղէր աղքատութեան դէմ, որպէսզի նման ուսուցում հասանելի ըլլայ բոլորին. եթէ Հելէն ծնած ըլլար համեստ ու աղքատ ընտանիքի մը մէջ, վստահաբար պիտի չկարենար նման բարձր որակով ուսում ստանալ, այդ իսկ պատճառով ան կը հաւատար, որ կոյրերը, համրերն ու խուլերը անկարող են ո՛չ թէ իրենց թերութիւններուն, այլ ընկերային կեանքի անհաւասարութեան պատճառով:

Հելէնի յայտնի խօսքերէն է հետեւեալը. «Կոյրերու գլխաւոր արատը անոնց կուրութիւնը չէ, այլ մարդոց անոնց հանդէպ ունեցած վերաբերմունքն է»։ Ֆիզիքական անկարողութիւնը մտաւոր անկարողութիւն չի նշանակեր, այդ իսկ պատճառով ամէն կոյր կարեկցութեան եւ արգահատանքի առարկայ չի՛ կրնար ըլլալ:

Կոյրերու պարագային լսողութիւնը կ՚ամբողջացնէ տեսողութեան պակասը եւ կոյրեր աւելի լաւ լսողութիւն կ՚ունենան, սակայն Հելէն դժբախտութիւնը կ՚ունենայ լսողութիւնն ու տեսողութիւնը միանգամայն կորսնցնելու եւ հակառակ իր այդ «անբախտ» վիճակին՝ կը յաջողի իր անունը ոսկի տառերով գրել պատմութեան էջերուն մէջ, մինչ բազմամիլիոն լսողներ ու տեսնողներ անկարող կ՚ըլլան ընելու այն՝ ինչ Հելէն ըրաւ իր անկարողի վիճակին մէջ:

Հոգիի ի՜նչ ուժգնութիւն կ՚ուզէ, կոյր ըլլալով յայտարարել «երբեք ձեր գլուխները մի՛ ծռէք. բարձր պահեցէք ձեր գլուխները եւ ուղիղ նայեցէ՛ք աշխարհի դէմքին»: Սա Հելէնին խօսքն է. անձ՝ որ իր մօր, ուսուցիչին ու բարեկամներուն շրթներուն, ծոծրակին եւ լեզուին շարժումները շօշափելով սորված է խօսիլ. անձ՝ որ անգլերէն լեզուով չբաւարարուելով ուզած է սորվիլ նաեւ գերմաներէն ու յունարէն:

Հելէնը աշխարհի մէջ վկայ մըն էր պարզապէս՝ քարոզիչը հաշմանդամներուն, համոզելու համար մարդիկ, որ աշխարհի մեծագոյն զէնքը մարդու կամքն է, որ խուլ ու կոյր վիճակին մէջ նոյնիսկ կրնայ մեծագոյն ճառախօսներէն մին ըլլալ, աշխարհի լաւագոյն գրողներէն մին ըլլալ. Հելէն եւ կամ Հելէնի ընտանիքը այլոց նման կրնար նստիլ եւ կուրութիւնն ու խուլութիւնը սգալ։ Այսօր շա՜տ են նման ընտանիքներ, որոնք իրենց «անկար» կարծած զաւակները հեռու կը պահեն շրջապատէն, որպէսզի մարդիկ ծաղրանքի առարկայ չդարձնեն եւ կամ չմեղքնան, մինչ անոնց մէջէն եւս կարելի է ստեղծել Հելէններ:

Մենք ազգովին լրջօրէն կարիքն ունինք մեր կրթական ծրագիրը փոփոխութեան ենթարկելու. ոչ-կոյրերու եւ ոչ-խուլերու ուսման ծրագիրը արդէն իսկ հիւանդ է… ո՜ւր մնաց կոյրերունը եւ խուլերունը: Մինչեւ լրջօրէն փոփոխութիւններու մասին չմտածենք, մեր մէջ ծնունդ պիտի չառնեն Հելէններ, որոնց կարիքը կը զգանք մեծապէս:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -229-

Պատանեկութեան տարիքին երբ մեր ընկերներէն մին ոչ-տրամաբանական բան մը ըսէր, կ՚ըսէինք. «Քեզ Տէր Սալիպ պէտք է ղրկենք»: Տէր Սալիպը Լիբանանի հոգեբուժարաններէն մէկն էր, ուր բուժում կը ստանային մտապէս եւ հոգեպէս ոչ-առողջ անձեր:

Դժբախտաբար մեր բարեկամներէն մէկուն եղբայրը եւս հոն ղրկուեցաւ. ջղային խանգարումներ ունէր եւ հակառակ իր տարիքին անբացատրելի ուժով մը մեծահասակները, մինչեւ իսկ մօրը կը հարուածէր:

Սակայն պատանեկութիւնը փափկանկատութիւն չի ճանչնար. ամէն անգամ կատակի ձեւով այդ մեր բարեկամին ներկայութեան մէկը միւսին «Քեզ Տէր Սալիպ պիտի ղրկենք» կ՚ըսէր՝ չնկատելով, որ մեր մօտ գտնուող ընկերոջ եղբայրը այդտեղ է: Տղան լռութեամբ կը տանէր այդ կատակները, սակայն կը զգայի, որ իր մէջ վէրք կը յառաջացնէր այդ բոլորը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Ապրիլ 29, 2023