ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

«Վստա­հու­թիւն»ը՝ ան­ձեր ի­րա­րու կա­պե­լու զօ­րա­ւոր ազ­դակ մըն է՝ կապ մը, որ ո­րե­ւէ կաս­կա­ծի, տա­րա­կու­սան­քի պատ­ճա­ռած երկմ­տու­թիւ­նը բո­լո­րո­վին կը ջնջէ եւ ան­կեղծ փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու, ա­ռողջ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մշակ­ման ա­ռիթ կ՚ըն­ծա­յէ։ Վստա­հու­թիւ­նը, ու­րեմն ա­պա­հո­վու­թիւն է, հա­ւաս­տիք է, ե­րաշ­խիք է, յո՛յս է, որ հաս­տատ հա­մո­զու­մի մը հե­տե­ւանքն է՝ որ կը կազ­մուի մար­դուս մտքին մէջ։ Ար­դա­րեւ վստա­հու­թիւ­նը՝ ներ­քին խա­ղա­ղու­թեան նա­խա­պայ­մա՛նն է. մարդ ե­թէ վստա՛հ է, ա­պա ու­րեմն խա­ղա՛ղ է։

Վստա­հու­թիւ­նը կ՚են­թադ­րէ մէ­կու մը բան մը յանձ­նել եւ յանձ­նուա­ծը ա­ռանց տա­րա­կու­սան­քի, ա­ռանց կաս­կա­ծի ըն­դու­նիլ։ Եւ ա­սի­կա մար­դուս խա­ղա­ղու­թիւն կը պատ­ճա­ռէ։ Եւ ե­թէ մար­դիկ կա­րե­նա­յին վստա­հիլ ի­րա­րու, ա­պա ու­րեմն ըն­կե­րա­յին շատ մը հար­ցեր պի­տի լու­ծուէին եւ կամ եր­բեք գո­յու­թիւն պի­տի չու­նե­նա­յին։ Վստա­հու­թիւ­նը ա­պա­հո­վու­թիւն պի­տի ստեղ­ծէր եւ ա­պա­հո­վու­թիւ­նը՝ խա­ղա­ղու­թիւն, իսկ խա­ղա­ղու­թիւ­նը՝ եր­ջան­կու­թիւն, զոր մարդ միշտ կ՚ու­զէ ու­նե­նալ։

Վստա­հու­թիւն ներշն­չե­լու հա­մար՝ ան­կեղ­ծու­թիւ­նը ան­հրա­ժեշտ է։ Ան­կեղ­ծու­թիւն՝ ուղ­ղամ­տու­թեան, հաս­տա­տամ­տու­թեան եւ ճշմար­տա­խօ­սու­թեան։ Թէ ի՞նչ է ան­կեղ­ծու­թիւ­նը։ Ան­կեղ­ծու­թիւ­նը՝ խոր­հուր­դի, խօս­քի եւ գոր­ծը կա­տա­րե­լու մէջ հա­մըն­թա­ցու­թիւն է, ու­րիշ խօս­քով՝ ան­կեղծ է այն ան­ձը՝ ո­րուն մտա­ծում­նե­րը, խօս­քե­րը եւ գոր­ծե­րը ի­րա­րու հա­մա­պա­տաս­խան են։

Ներ­քի­նը ու­րիշ, ար­տա­քի­նը ու­րիշ՝ ա­հա­ւա­սիկ ա­սի­կա, կեղ­ծի՛ք է՝ այդ­պի­սի­ներ ուղ­ղա­միտ չե՛ն կրնար ըլ­լալ։

Ան­կեղ­ծու­թիւ­նը, ու­րեմն բնա­ւո­րու­թեան դրա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն մըն է։

«Ան­կեղծ մարդ»ը միշտ ճշմար­տու­թիւ­նը կը խօ­սի եւ հե­ռու կը մնայ ա­մէն կեղ­ծի­քէ եւ ձե­ւա­պաշ­տու­թե­նէ։

Բա­նա­կան էակ՝ մար­դուն կը պատ­շա­ճի ան­կեղ­ծու­թիւն, բայց ընդ­հան­րա­պէս մար­դիկ բա­նա­կա­նու­թեամբ չեն վա­րուիր, եւ կը նա­խընտ­րեն ան­կա­նոն, տա­րօ­րի­նակ ան­բա­նա­կա­նու­թիւ­նը եւ կը վա­րուին «ձե­ւա­կա­նօ­րէն» եւ ո՛չ՝ բնա­կան կեր­պով՝ բա­նա­կա­նու­թեան սահ­մա­նին մէջ։

Անվս­տա­հու­թիւ­նը՝ հո­գե­կան տհաճ վի­ճակ մըն է, որ յա­ռաջ կու գայ ան­կեղ­ծու­թեան պա­կա­սէն, եւ կամ անս­տոյգ, կաս­կա­ծե­լի վի­ճակ­նե­րէն։ Մարդ ինչ­պէ՞ս վստա­հի մէ­կու մը՝ ո­րուն ան­կեղ­ծու­թիւ­նը խնդրա­կան է, կաս­կա­ծե­լի եւ ան­հաս­տա՛տ։

Հոս կ՚ու­զեմ հարց մը ներ­կա­յաց­նել, սի­րե­լի ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ։ Ի՞նչ կը խոր­հիք. ան­բա­րոյ մէ­կը ե­թէ շատ վար­պետ եւ հմուտ է իր գոր­ծին մէջ, ա­պա ձե­զի վստա­հու­թիւն կը ներշն­չէ՞, կամ ը­սենք. ա­ռանց նկա­տի առ­նե­լու իր ան­բա­րոյ նկա­րա­գի­րը, այդ մար­դուն կը դի­մէ՞ք եւ կը գոր­ծակ­ցի՞ք ա­նոր հետ։

Մե­զի հա­մար դժբախ­տա­բար, ո­մանք կ՚ը­սեն.- մե­զի չի հե­տաքրք­րեր իր անձ­նա­կան կեան­քը, իր ներ­քին կեան­քը, մենք կը նա­յինք իր գոր­ծին, իր օգ­տա­կա­րու­թեան։ Եւ այդ­պի­սի­ներ մէկ կողմ կը թո­ղուն բա­րո­յա­կան կեան­քը եւ կը հե­տաքրք­րուին միայն ա­նոր գոր­ծով։

«Դժբախ­տա­բար» ը­սինք, քա­նի որ մարդ իր բա­րո­յա­կան էու­թեամբ, մտա­ւոր աշ­խար­հով եւ մար­մի­նով «ամ­բողջ» մըն է եւ «անձ»ը կազ­մող թէու­թիւն­նե­րը հո­գի-բա­րո­յա­կան կեանք, մտա­ւոր կեանք եւ մարմ­նա­կան-ֆի­զի­քա­կան կեանքն են։

Ու­րեմն, ե­թէ այս թէու­թիւն­նե­րէն մին պա­կաս է, ան­կա­տար է ա­նոր կազ­մու­թիւ­նը եւ այս ի­մաս­տով ա­նոր վստահիլը անկարելի է։

Ու­րեմն, չեմ գի­տեր ու­րիշ­ներ ի՛նչ պատ­ճառ­նե­րով կամ փաս­տե­րով կը զա­տեն ան­ձին բա­րո­յա­կան եւ ըն­կե­րա­յին կեան­քը։

Մարդ կրնայ իր աս­պա­րէ­զին մէջ շատ յա­ջող մէ­կը ըլ­լալ, հմուտ ըլ­լալ, վար­պետ ըլ­լալ եւ օգ­տա­կա­րու­թիւն­ներ ու­նե­նալ իր շուր­ջին­նե­րուն, բայց ե­թէ բա­րո­յա­պէս վա­տա­համ­բաւ է, ան­բա­րոյ անձ­նա­կան կեանք մը ու­նի, ո՜ր­քան վստա­հե­լի կրնայ ըլ­լալ եւ ո՜ր­քան վստա­հու­թիւն կրնայ ներշն­չել։ Կա­րե­լի բա՞ն է ան­բա­րոյ մէ­կու մը հետ գոր­ծակ­ցիլ, ե­թէ նոյ­նիսկ ան­կէ շատ մեծ օգ­տա­կա­րու­թիւն­ներ կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ ստա­նալ։ Կա­րե­լի է զա­տել բա­րո­յա­կա­նու­թիւ­նը եւ նիւ­թա­կա­նու­թիւ­նը՝ ո­րոնք կը կազ­մեն «ան­հատ»ը, իր զգա­ցում­նե­րով, մտա­ծում­նե­րով եւ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով։

Մարդ­կա­յին անձ­նա­ւո­րու­թեան հիմ­նա­կան բա­ղադ­րեալ տար­րերն են նկա­րա­գի­րը եւ բնա­ւո­րու­թիւ­նը, հա­մադ­րու­թիւն մըն է մար­դը իր բա­րո­յա­կա­նով եւ ըն­կե­րա­յին կեան­քով, ան­հա­տա­կան եւ հա­ւա­քա­կան ամ­բողջ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով։

Այս իսկ պատ­ճա­ռով է, որ կ՚ը­սենք, թէ՝ մարդ «վստա­հե­լի» ըլ­լա­լու հա­մար իր նե­րաշ­խար­հը եւ ար­տա­քին ե­րե­ւոյ­թը պէտք է հա­մա­պա­տաս­խա­ն եւ հա­մըն­թաց ըլ­լան եւ ամ­բող­ջու­թիւն մը կազ­մեն։

Երբ կը պակ­սի վստա­հու­թիւ­նը, ա­պա կ՚ար­ժէ՞ շա­րու­նա­կել յա­րա­բե­րու­թիւ­նը։

Անվս­տա­հե­լի մէ­կու մը հետ յա­րա­բե­րու­թիւ­նը շա­րու­նա­կել նոյն­քան կեղ­ծա­ւո­րու­թիւն է՝ անվս­տա­հու­թիւ­նը փո­խա­րի­նել անվս­տա­հու­թեա՛մբ։ Մինչ­դեռ փո­խա­դարձ եր­կու անվս­տա­հու­թիւն՝ եր­բեք վստա­հու­թիւն չի ստեղ­ծեր, այլ անվս­տա­հու­թիւ­նը ա­ւե­լի եւս կը բար­դէ, յա­րա­բե­րու­թիւ­նը ա­ւե­լի կը կնճռո­տէ եւ դժուա­րա­լոյծ կը դարձ­նէ, թե­րեւս՝ բո­լո­րո­վին ան­լու­ծե­լի՛…։

Այս ի­մաս­տով կաս­կա­ծը կա­րե­ւոր դեր կը խա­ղայ՝ ան­կեղ­ծու­թեան ո՛ր­քան ստոյգ ըլ­լա­լու մա­սին։ Ար­դա­րեւ, կաս­կա­ծը մարդ­կա­յին բա­նա­կան զգա­ցում­նե­րէն մէկն է, որ պայ­մա­նա­ւո­րուած է՝ ինչ որ բա­նի մը մա­սին հաս­տատ տե­ղե­կու­թիւն­ներ չու­նե­նա­լով, այ­սինքն՝ անվս­տա­հու­թեա՛մբ։ Ու­րեմն երբ ոե­ւէ կեր­պով ի­րո­ղու­թեան մը կամ յա­րա­բե­րու­թեան մը մէջ նոյ­նիսկ փոքր կաս­կած մը կայ, ու­րեմն հետզ­հե­տէ կը սկսի անվս­տա­հու­թիւ­նը եւ կամ՝ վստա­հու­թեան պա­կա­սը։

Սի­րե­լի ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ, ե­կէ՛ք ան­գամ մըն ալ վստա­հու­թեան հար­ցը դի­տենք Սուրբ Գիր­քի տե­սան­կիւ­նէն։

Պօ­ղոս Ա­ռա­քեալ, իր նա­մակ­նե­րուն մէջ կ՚ը­սէ, թէ վստա­հու­թիւ­նը հա­ւատ­քէն յա­ռաջ կու գայ. «Ար­դա­րը հա­ւատ­քով պի­տի ապ­րի։ Բայց օ­րէն­քը հա­ւատ­քէն չէ՛, հա­պա.- Ան որ կը կա­տա­րէ այն բա­նե­րը՝ ա­նոնց­մով պի­տի ապ­րի» (ԳԱ­ՂԱՏ. Գ 11-12)։

«Ո­րով մենք ալ հա­մար­ձա­կու­թիւն ու մօ­տե­նա­լու ար­տօ­նու­թիւն ու­նինք վստա­հու­թեամբ՝ ի­րեն հա­ւա­տա­լով» (Ե­ՓԵՍ. Գ 12)։

«Ա­նոր հա­մար այս չար­չա­րանք­ներն ալ կը կրեմ. բայց ա­մօթ չեմ սե­պեր, քա­նի որ գի­տեմ թէ ո­րո՛ւն եմ հա­ւա­տա­ցեր եւ հա­մո­զուած եմ թէ իմ ի­րեն ա­ւան­դած բանս կրնայ պա­հել մին­չեւ այն օ­րը» (Բ. ՏԻ­ՄՈԹ. Ա 12)։

«Ան­խախտ պա­հենք յոյ­սին դա­ւա­նու­թիւ­նը, վասն­զի հա­ւա­տա­րիմ է ա­նի­կա որ խոս­տա­ցաւ» (ԵԲՐ. Ժ 23)։ Այս տո­ղե­րէն կը հասկ­ցուի, որ հա­ւատ­քը եւ նաեւ հաս­տատ հա­մո­զու­մը վստա­հու­թեան պատ­ճառ կ՚ըլ­լան։

Սաղ­մո­սեր­գուն կը յայտ­նէ իր վստա­հու­թիւ­նը Աս­տու­ծոյ՝ զայն իր հո­վի­ւը հա­մա­րե­լով։

«Տէ­րը իմ հո­վիւս է. ես ո­րե­ւէ բա­նի կա­րօ­տու­թիւն չու­նիմ… Թէեւ մա­հուան շու­քի ձո­րին մէջ ալ պտը­տիմ, չա­րէն պի­տի չվախ­նա՛մ, վասն­զի Դո՛ւն ին­ծի հետ ես» (ՍԱՂՄ. ԻԳ 1 եւ 4)։

Յոյ­սով՝ վստա­հու­թիւ­նը իր կա­տա­րեա­լին կը հաս­նի, ինչ­պէս կ՚ը­սէ Ա­ռա­քեա­լը.

«Որ ու­նինք իբ­րեւ հաս­տա՛տ ու ան­շա՛րժ խա­րիսխ մը մեր ան­ձին, որ վա­րա­գոյ­րին ներ­սի կողմն ալ կը մտնէ» (ԵԲՐ. Զ 19)։

­Յոյ­սը ա­մուր բռնել՝ հաս­տատ մնա­լու նա­խա­պայ­մա­նը կը սե­պէ Պօ­ղոս Ա­ռա­քեալ։

Ար­դա­րեւ այն, որ յոյս ու­նի՝ ա­պա ու­րեմն վստա­հու­թիւն ու­նի, քա­նի որ ան կաս­կած եւ տա­րա­կու­սանք չու­նի եր­բեք։

Յոյ­սը բա­րիք­նե­րուն ա­մե­նաօգ­տա­կա­րը եւ կեն­սա­տուն է, քա­նի որ հոն, ուր կը մեռ­նի յոյ­սը, այն­տեղ կը սկսի ու­նայ­նու­թիւ­նը եւ դա­տար­կու­թիւ­նը, ինչ­պէս ը­սած է Լ. Տա Վին­չի։ Եւ ու­նայ­նու­թեան մէջ վստա­հու­թիւ­նը միշտ բա­ցա­կա՛յ է։

Եւ ինչ­պէ՞ս վստա­հիլ մէ­կու մը, երբ զայն չէք ճանչ­ցած, կամ ը­սենք «մութ կէտ»եր ու­նի, եւ երբ իր խոր­հուրդ­նե­րը, խօս­քե­րը եւ գոր­ծե­րը՝ հա­պա իր բո­լոր ներ­քի­նը եւ ար­տա­քին ե­րե­ւոյ­թը հա­մա­պա­տաս­խան չեն ի­րա­րու։

Ուս­տի մէ­կու մը վստա­հե­լու հա­մար պէտք է ուղ­ղամ­տու­թեան բո­լոր չա­փա­նիշ­նե­րը ցոյց տան, թէ ա­նի­կա ի­րա­պէ՛ս շի­տակ մարդ է։ Զոր օ­րի­նակ՝ Աս­տու­ծոյ կը վստա­հինք, քա­նի որ գի­տե՛նք, թէ Ան ի­րա­պէ՛ս «բա­րի» է, գի­տենք, թէ Ան գթա­սիրտ է եւ Ան «սէ՛ր» է։ Եւ ե­թէ այս յատ­կու­թիւն­նե­րով աս­տուա­ծան­ման մէ­կը կը տես­նէք ձեր շուր­ջը՝ պէ՛տք է  վստա­հիլ ա­նոր եւ միա՛յն այդ­պի­սի­նե­րուն։

Պահ մը դի­տե­ցէք ձեր շուր­ջը, սի­րե­լի­նե՜ր, քա­նի՞ ազ­նիւ անձ­նա­ւո­րու­թիւն, քա­նի՞ ուղ­ղամ­տու­թեան տի­պար ան­հատ կրնաք տես­նել եւ ը­սել.- Ա­յո՛, ես կրնամ վստա­հիլ ա­սոր։ Ար­դա­րեւ, ինչ­պէս ը­սինք նա­խա­պէս, վստա­հու­թիւ­նը եր­ջա­նիկ ըն­կե­րա­յին կեան­քի մը հա­մար անհ­րա­ժեշտ է, մա՛րդ ա­ռանց վստա­հե­լու չի կրնար ապ­րիլ այս կեան­քը եւ մարդ, ո­րով­հե­տեւ վստա­հե­լի մարդ չի գտներ, դժբախտ կ՚ըլ­լայ, կը յու­սալ­քուի եւ դա­սա­լիք կ՚ըլ­լայ այս աշ­խար­հի կեան­քէն…։

Այ­սուա­մե­նայ­նիւ, վստա­հու­թիւ­նը փո­խա­դարձ զգա­ցում­նե­րու հա­մադ­րա­կան հո­գե­վի­ճակ մըն է. մարդ կը վստա­հի ա­նոր՝ որ վստա­հու­թիւն կը ներշն­չէ եւ վստա­հու­թիւն կը ներշն­չէ ա­նոր՝ որ վստա­հե­լի՛ կը թուի ի­րեն։

Եւ ան­շուշտ, երբ հա­ւատ­քը եւ յոյ­սը դեր կը խա­ղան վստա­հու­թեան ստեղծ­ման, սէ՛րն ալ կա­րե­ւոր դեր մը ու­նի այս մա­սին։ Ըստ Ա­ռա­քեա­լին, վստա­հու­թիւ­նը կը հաս­տա­տուի սի­րո՛վ։

«Պա­տուի­րա­նը, որ սկիզ­բէն իսկ լսե­ցինք, սա է՝ որ սի­րենք ի­րար» (Ա.  ՅՈՎՀ. Գ 11)։ Եւ շա­րու­նա­կե­լով. «Մենք գի­տե՛նք, թէ մա­հէն կեան­քի ան­ցած ենք. ա­պա­ցոյց՝ որ մեր եղ­բայր­նե­րը կը սի­րենք։ Ով որ իր եղ­բայ­րը չի սի­րեր՝ մա­հուան են­թա­կայ կը մնայ» (Ա. ՅՈՎՀ. Գ 14)։

«Որ­դեակ­նե՛ր, մեր սէ­րը միայն խօս­քով ու լե­զուով թող չըլ­լայ, այլ՝ գոր­ծով ար­տա­յայ­տուած ճշմա­րիտ սէ՛ր։ Ա­հա այս­պէ՛ս կը գիտ­նանք՝ թէ ճշմար­տու­թեան հե­տե­ւող կը մնանք։ Այս­պէս նաեւ մեր սիր­տե­րը վստա­հու­թիւն կ՚ու­նե­նան Աս­տու­ծոյ առ­ջեւ կանգ­նե­լու» (Ա. ՅՈՎՀ. Գ 18-19)։­

Ուս­տի կեան­քի ընդ­հա­նուր փոր­ձա­ռու­թիւնն ալ ա՛յս ցոյց կու տայ մե­զի՝ թէ մար­դիկ կը վստա­հին ա­նոր՝ ո­րուն կը հա­ւա­տան, որ­մէ կը յու­սան եւ զոր կը սի­րեն։ Եւ դար­ձեալ, հա­ւա­տա­լու հա­մար, յու­սա­լու հա­մար, մա­նա­ւա՛նդ սի­րե­լու հա­մար, նախ պէտք է լա՛ւ ճանչ­նալ…։

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մա­յիս 18, 2015, Իս­թան­պուլ

 

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2015