ԱՄՕԹԽԱԾՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

«Ամօթխածութիւն»ը կը նշանակէ մերժել քօղազերծել ի՛նչ որ պէտք է թաքնուած մնայ։ Արդարեւ, արդէն մարդը հոգիէ եւ մարմինէ բաղադրեալ էակ մը ըլլալուն, անոր մէջ գոյութիւն ունի որոշ «լարուածութիւն» մը՝ անոր հոգիին եւ մարմինին միջեւ տեղի կ՚ունենայ ձգտումներու տեսակ մը «պայքար»։ Բայց այս պայքարը, իրականութեան մէջ, ժառանգուած է մեղքէն. անոր մէկ հետեւանքն է եւ միաժամանակ անոր մէկ հաստատո՛ւմը։ Ան մաս կը կազմէ հոգեւոր պայքարի առօրեայ փորձառութեան։

Այս պատճառով է որ Առաքեալը կ՚ըսէ. «Եթէ կ՚ապրինք Հոգիով, ընթանանք նոյն Հոգիին համաձայն» (ԳԱՂ. Ե 25)։ Ուստի հարցը մարմինը արհամարհել եւ դատապարտել չէ՛, քանի որ ան աննիւթական հոգիին հետ մարդուն ընդհանուր բնութիւնը եւ անոր ենթակայի անձնականութիւնը կը կազմէ՝ կ՚ամբողջացնէ։

Սիրտը «աթոռ»ն է բարոյական անձնականութեան։ «Սրտէն կը բխին չար խորհուրդները, սպանութիւնները, շնութիւնները, անառակութիւնները» (ՄԱՏԹ. ԺԵ 19)։ Մարմնային տենչանքներուն դէմ պայքարը կ՚անցնի սրտի մաքրազտումի եւ ժուժկալութեան գործադրութեան մէջէն։ Ուրեմն պէտք է մարդ ինքզինք պահէ պարզութեան եւ անմեղութեան մէջ՝ փոքրիկ մանուկներու նման, որոնք կեանքի աւերիչ գէշութիւնը չեն ճանչնար։

«Երանի՜ անոնց որ սուրբ են սրտով, որովհետեւ անոնք զԱստուած պիտի տեսնեն» (ՄԱՏԹ. Ե 8)։

Արդարեւ, մարմինին եւ հաւատքին մաքրութեան մէջ զանոնք միացնող կապ մը գոյութիւն ունի։

«Սրտով մաքուր»ներուն խոստացուած է տեսնել Աստուած դէմ առ դէմ եւ ըլլալ նման Անոր։ Սրտի մաքրութիւնը նախապայմա՛նն է այս երանելի տեսութեան։ Ան այսօրուընէ թոյլ կու տայ մեզի տեսնել Աստուծոյ աչքերով, ընդունիլ ուրիշը իբրեւ «մերձաւոր» մը. ան թոյլ կու տայ մեզի դիտել մարդկային մարմինը, մերը եւ ուրիշինը, իբրեւ մէկ տաճարը Սուրբ Հոգիին, իբրեւ մէկ յատկութիւնը աստուածային գեղեցկութեան։

Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս իր «Confessiones»ին (Խոստովանութիւններ) մէջ սապէս կ՚ըսէ.

«Կը կարծէի թէ ժուժկալութիւնը կախում ունէր իմ չունեցած սեփական ուժերէս։ Եւ ես այնքան յիմար էի որ չէի գիտեր, թէ ո՛չ ոք կրնայ ժուժկալ ըլլալ, եթէ Դուն զայն չտաս անոր։ Եւ ապահով եմ, որ Դուն պիտի տայիր զայն ինծի, եթէ իմ ներքին հառաչանքներս Քու ականջներդ բախէին եւ եթէ ես ամուր հաւատքով մտահոգութիւնս մէջդ ձգէի»։ Ուրեմն «մաքրասիրութիւն»ը կը պահանջէ «ամօթխածութիւն»։ Ասիկա մէկ անբաժանելի մասն է ժուժկալութեան։ Ամօթխածութիւնը կը պահպանէ մարդուն մտերմութիւնը եւ նաեւ անկեղծութիւնը։ Ան կարգաւորուած է ողջախոհութեան համար, որուն նրբազգածութեան վկան է ինք։ Ան մարդուն ակնարկները եւ շարժումները կ՚առաջնորդէ անձերուն արժանապատուութեան եւ անոնց միութեան համեմատ։

Ամօթխածութիւնը կը պահպանէ անձերուն եւ անոնց սիրոյն խորհուրդը։ Կը հրաւիրէ սիրային յարաբերութեան մէջ համբերող եւ չափաւոր ըլլալու։ Ան կ՚ուզէ որ լրացուին մարդոց միջեւ, եւ մանաւանդ այր-մարդու եւ կին-մարդու միջեւ նուիրումի եւ վերջնական յանձնառումի պայմանները։ Ամօթխածութիւնը չափաւորութեան կը հրաւիրէ մարդը, ըլլալու ժուժկալ եւ ողջամի՛տ։

Ամօթխածութիւնը համեստութի՛ւն է։

Զոր օրինակ, ամօթխածութիւնը կը ներշնչէ հագուելիք զգեստին ընտրանքը։ Ան լռութիւն կը պահէ կամ կ՚ըլլայ վերապահ հոն, ուր «ախտաւոր հետաքրքրութեան» մը վտանգը կը նկատուի։ Ան կ՚ըլլայ գաղտնապահ, ինչ որ ինքնին առաքինութիւն մըն է եւ ազնուութի՛ւն։

Գոյութիւն ունի ամօթխածութիւն մը զգացումներու, ինչպէս նաեւ մարմինի։ Ամօթխածութիւնը կը ներշնչէ մեզի մեր վարուելակերպը, որ կը նպաստէ դէ՛մ կենալու նորաձեւութեան հրապոյրներուն եւ տիրող գաղափարախօսութիւններուն ճնշումին։ Սակայն ամօթխածութեան զգեցած ձեւերը կը տարբերին մշակոյթէ մշակոյթ։ Ամէն տեղ բայց ան կը հանդիսանայ մարդուն յատուկ «հոգեւոր արժանապատուութեան» նախազգացումը։ Ան կը ծնի ենթակային խղճմտանքին զարթնումին հետ։ Մանուկներու ամօթխածութիւն սորվեցնել անոնց մէջ մարդկային անձին հանդէպ յարգանքը արթնցնել է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 30, 2019, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 29, 2019