ԱՐԴԱՐ ԶԱՅՐՈՅԹ

«Բայց Աստուծոյ բարկութիւնը երկինքէն պիտի յայտնուի մարդոց անհաւատութեան եւ անիրաւութեան համար, որոնց անիրաւութիւնը թոյլ չի տար որ ճշմարտութիւնը երեւան գայ», (ՀՌՈՄ. Ա 18)։

Բարկութիւնը փափաք մըն է վրէժխնդրութեան։ «Վրէժխնդրութիւն բաղձալը պատժի արժանացած մարդուն գործած գէշութեան համար, ապօրինի է». գովելի է սակայն անոր հատուցում պարտադրել «մոլութիւնները սրբագրելու եւ արդարութիւնը պահպանելու համար», կ՚ըսէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի։

Եթէ բարկութիւնը հասնի մինչեւ մերձաւորը սպաննելու կամ զինք ծանրօրէն վիրաւորելու ազատակամ փափաքին, ան ծանրօրէն կը հակառակի սիրոյն, եւ «մահացու մեղք» է։

«Ո՜վ որ բարկանայ իր եղբօր, պարտաւոր պիտի ըլլայ դատաստանի», կ՚ըսէ Տէր Յիսուս. (ՄԱՏԹ. Ե 22)։

Արդարեւ, մարդուս կիրքերը բազմաթիւ են։ Ամենէն հիմնական կիրքը սէ՛րն է, որ կը դրդուի բարիին հմայքէն։ Սէրը կը պատճառէ բացակայ բարիին բաղձանքը եւ զայն ստանալու յոյսը։ Այս շարժումը վերջ կը գտնէ ձեռք բերուած բարիին հաճոյքով կամ ուրախութեամբ։

Իսկ չարին անդոհը ատելութիւն եւ խորշանք կը պատճառէ, գալիք չարիքն ալ՝ վախ։ Այս շարժումը կը յանգի առկայ չարին պատճառած տխրութեամբ կամ անոր հակադրուող բարկութեա՛մբ։ «Սիրել, մէկուն բարիքը ուզել է», կ՚ըսէ Սուրբ Թովմաս Աքունիացի։ Միւս բոլոր զգայնութիւնները կը բխին մարդուն սրտին սկզբնական շարժումէն դէպի բարին։ Միայն լաւը կը սիրուի. «Կիրքերը գէշ են եթէ սէրը գէշ է, բարի են, եթէ սէրը բարի է», կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։

Ուրեմն, գլխաւոր կիրքերն են՝ սէրը եւ ատելութիւնը, բաղձանքը եւ վախը, ուրախութիւնը, տխրութիւնը եւ բարկութի՛ւնը։

Աստուածաշունչը Աբէլին իր եղբօր Կայէնի ձեռքով սպանութեան պատմուածքին մէջ մարդկային պատմութեան սկիզբէն իսկ կը յայտնէ մարդուն մէջ գոյութիւնը բարկութեան եւ ընչաքաղցութեան, հետեւանք սկզբնական մեղքին։ Մարդը թշնամի՛ դարձաւ իր նմանին։ Աստուած կը մատնանշէ այս եղբայրսպանութեան նենգաւոր բնոյթը. «Ի՛նչ ըրիր։ Եղբօրդ արեան ձայնը կ՚աղաղակէ դէպի ինծի։ Հիմա ուրեմն անիծեա՛լ ըլլաս երկրի վրայ, որ բացաւ իր բերանը քու եղբօրդ քու ձեռքով թափուած արիւնը ընդունելու համար», (ԾՆՆԴ. Դ 10-11)։

Արդարեւ, բարկութիւնը գլխաւոր մոլութիւն մըն է, որովհետեւ ծնունդ կու տայ այլ մոլութիւններու եւ այս առընչութեամբ «գլխաւոր մեղք»երու կարգին կը դասուի, քանի որ ուրիշ մեղքերու առիթ կ՚ընծայէ։

Աստուած սուրբ է, Ան կարող է ներել մարդուն, որ ինքզինք «մեղաւոր» կը ճանչնայ Աստուծոյ դիմաց. «Ես ընթացք պիտի չտամ Իմ բարկութեանս… որովհետեւ Աստուած եմ եւ ո՛չ թէ մարդ, ձեր մէջ Ես Սուրբն եմ», (ՈՎՍ. ԺԱ 9)։

Աստուած նոյնինքն ճշմարտութիւնն է՝ արդարութիւնը եւ կատարելութիւնը։ Աստուած որեւէ ջանք չի թափեր Իր բարկութիւնը ծածկելու։ Ան Իր բարկութեան նկատմամբ եղող ճշմարտութիւնները երբեք չի ծածկեր։ Ան պէտք չունի ծածկելու թէ Իրեն կը պատկանի բարկութիւնը, քանի որ Անոր բարկութիւնը «արդա՛ր» է։

Աստուծոյ բարկութիւնը նո՛յնքան աստուածային կատարելութիւն մըն է, որքան Անոր հաւատարմութիւնը, զօրութիւնը եւ շնորհքը։ Բնական է ասիկա, քանի որ Անոր մէջ չկայ որեւէ արատ, ո՛չ ալ ամենադոյզն թերութիւն, քանի որ Անոր բնութիւնը եւ նկարագիրն է ճշմարտութիւն եւ արդարութիւն։ Ան բացարձակ կատարեալն է, ապա ուրեմն Ան «թերի» պիտի նկատուէր, եթէ «արդար բարկութիւնը»՝ արդար զայրոյթը բացակայ ըլլար իրմէ։

Մեղքի հանդէպ անտարբերութիւն՝ բարոյական բիծ մըն է եւ ով որ մեղքի հանդէպ բնական հակազդեցութիւն ցոյց չի տար, ինքն ալ մասնակից եւ մեղսակից կ՚ըլլայ՝ մեղքի մասնակի՛ց։ Եւ ինչպէ՞ս Աստուած՝ որ գերադասութեան լրումն է, կրնայ հաւասար աչքով նայիլ առաքինութեան եւ անառակութեան, իմաստութեան եւ յիմարութեան։ Ան՝ որ անհո՜ւնօրէն սուրբ է, կարելի՞ է որ աննկատ թողու մեղքը, անտարբեր գտնուի անոր հանդէպ եւ մերժէ արտայայտել Իր բարկութիւնը. «Արդ, Աստուած Իր բարկութիւնը ցոյց տալ եւ Իր զօրութիւնը ճանչցնել ուզելով՝ մեծ համբերատարութեամբ համբերեց բարկութեան արժանի մարդոց, որոնք կորուստի դատապարտուած են, որպէսզի միւս կողմէ Իր մեծ փառքը յայտնուի անոնց վրայ՝ որոնք իր ողորմութեան արժանի են եւ որոնք Ինք սկիզբէն պատրաստեց՝ Իր փառքին մասնակից դարձնելու համար» (ՀՌՈՄ. Թ 22-23)։

Աստուծոյ բարկութիւնը Իր յաւիտենական զզուանքն է բոլոր անարդարութիւններուն։

Աստուծոյ բարկութիւնը՝ չարին դէմ Իր սրբութեան դատաստանն է։ Աստուած մեղքին հանդէպ բարկացած է, զայրացած է, որովհետեւ մեղքը ըմբոստութիւն մըն է Իր հեղինակութեան դէմ եւ հակառակութիւն՝ Իր գերիշխանութեան։

Արդարեւ, մարդ պէտք է գիտնայ թէ որքա՛ն մեծ է Աստուծոյ վեհափառութիւնը, որ ինք ատեց, եւ որքա՛ն սարսափազդու պիտի ըլլայ բարկութիւնը, որ ինք աննկատ թողուց կամ անտարբեր գտնուեցաւ եւ ստորագնահատեց։

Աստուծոյ բարկութիւնը ոչ թէ չարակամ փոխվրիժում մըն է կամ վնաս պատճառելու սիրոյն արարք մը, այլ արդարութեան եւ կատարելութեան բնական մէկ աստուածային հակազդեցութիւնը, արտայայտութիւնն է։

«Բայց Աստուծոյ բարկութիւնը երկինքէն պիտի յայտնուի մարդոց անհաւատութեան եւ անիրաւութեան համար, որոնց անիրաւութիւնը թոյլ չի տար որ ճշմարտութիւնը երեւան գայ», (ՀՌՈՄ. Ա 18)։

Այն ստեղծագործութիւնը որ կը յայտարարէ Աստուծոյ գոյութիւնը, եւ կը հրապարակէ Անոր փառքը, նաեւ կը փաստէ, թէ Ան մեղքի թշնամի՛ է եւ վրէժխնդիր՝ մարդոց ոճիկներուն։ Դարձեալ Աստուծոյ բարկութիւնը աստուածային կատարելութիւն մըն է. «Իմ բարկութեանս մէջ երդում ըրի որ անոնք իմ հանգիստս չմտնեն», (ՍԱՂՄ. ՂԵ 11)։

Աստուծոյ բարկութիւնը արդա՛ր է եւ աստուածային նկարագրին կատարելութիւնն է։

Ուստի, Աստուծոյ հանդէպ ճշմարիտ եւ սուրբ վախը ունենալու համար մեր հոգիներուն մէջ «… ամուր բռնենք այն շնորհքը եւ Աստուած պաշտենք հաճելի կերպով, ակնածութեամբ եւ բարեպաշտութեամբ, որովհետեւ մեր Աստուածը մաշող կրակ է», (ԵԲՐ. ԺԲ 28)։ Չենք կրնար «ընդունելի» կերպով Աստուծոյ ծառայել, պաշտել, եթէ չունինք ակնածանք եւ սուրբ վախ, երկիւղ՝ Իր արդար բարկութեան հանդէպ։

Արդարեւ, բարկութիւնը մարդոց համար ալ բնական զգացում մըն է, բայց պէտք է հաւասարակշռուի եւ հակակշռուի, որպէսզի «արդար բարկութիւն» մը ըլլայ ան։ Արդար բարկութիւնը ճիշդ ատեն, ճիշդ մարդու, ճիշդ տեղ եւ յարմար, պատշաճ կերպով զգացուած եւ արտայայտուած բարկութիւնն է։ Չափ եւ կշիռ ունենալու է բարկութիւնը, որպէսզի «արդար» ըլլայ։ Չափազանցուած ամէն բարկութիւն աւելի մեծ մեղք է քան բարկութեան պատճառ եղող որեւէ արարք։

Չափաւոր բարկութիւնը բնական հակազդեցութիւն մըն է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

 Օգոստոս 26, 2020, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Օգոստոս 29, 2020