ՎԱՐԱԳԱՅ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉԸ

Խաչի տօներուն վերջինն է Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնը, որ այս տարի կը տօնուի 30 սեպտեմբեր կիրակի օր։ Արդարեւ, Խաչի միւս բոլոր տօները հասարակաց են բոլոր եկեղեցիներուն, բայց Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնը միայն կը տօնէ Հայ Եկեղեցին։ Հայ ժողովուրդին յատուկ Խաչի տօնն է ան, որ է Հայ ժողովուրդին Խաչի տօնը։ Ան «Հայ ժողովուրդ»ին Խաչի տօնն է, քանի որ բոլորովին ազգային-ժողովրդային իրադարձութեան մը յիշատակի տօնն է։

7-րդ դարու ճիշդ կիսուն, Վարագայ լերան կողերուն վրայ ճգնող մենակեաց մը՝ Թոդիկ, գիշեր մը տեսաւ տեսիլքի մը մէջ որ Վարագայ ժայռուտ գագաթին վրայ կազմուած է տասներկու սիւներով տաճար մը, մէջտեղը լուսասփիւռ խաչով, քիչ ետքը այդ լուսաւոր ձեւը ինքնին փոխադրուելով դէպի վար, եկաւ ամփոփուեցաւ Վարագայ վանքի սեղանին վրայ։

Թոդիկ եւ իր աշակերտը Յովէլ փութացին եկեղեցի եւ երկրպագեցին լուսափայլ մասունքին, որ Խաչափայտէն մասնիկ մըն էր այն անշուշտ, ինչպէս առաջին վայրկեանին խորհեցան իրենք, զոր Ս. Հռիփսիմէ կոյս եւ ընկերուհիները իրենց հետ ունէին այդ բարձունքին վրայ ճգնած ատեննին, եւ զոր հոն ճգնող քահանաներու խնամքին յանձնած էին՝ հալածանքի հետեւանքով այդ վայրերէն հեռացած ատեննին, իսկ քահանաներուն վախճանումէն վերջ, մասունքը անծանօթ էր մնացած իր թաղուած տեղը, եւ շատեր՝ անոր սիրով՝ հոն անցուցեր էին, ինչպէս Թոդիկ եւ աշակերտը Յովէլ, իրենց ճգնողական կեանքը՝ անոր յայտնութիւնը խնդրելով միշտ Աստուծմէ։

Թոդիկի պատահած այս աստուածային յայտնութեան լուրը մեծ խանդավառութիւն յառաջ բերաւ Վասպուրականի մէջ։

Ուստի, ժամանակին Կաթողիկոսը, Ներսէս Գ. Շինող մականուանեալ, փութաց Վարագ, Թէոդորոսի որդի Վարդ Ռշտունի կամ Վարդ Պատրիկ սպարապետին հետ, եւ հաստատելով մասունքին ստուգութիւնը եւ պատմական մանրամասնութիւնները, տնօրինեց որ ամէն տարի, սեպտեմբեր 28-ի մերձաւոր կիրակիին, կամ Խաչվերացի տօնէն երկու շաբաթ վերջ, կատարուի Վարագայ Խաչի տօնախմբութիւնը։

Թերեւս Ներսէս Գ. Շինող Կաթողիկոս այս առթիւ ի՛նքն իսկ յօրինեց նաեւ «Նշանաւ ամենայաղթ խաչիւդ» հոգեզմայլ եւ տպաւորիչ շարականը, որ Հայ Եկեղեցւոյ ամենէն սրտառուչ եկեղեցական երգերէն մին է եւ ամենէն աւելի յայտնի եւ ժողովրդականացածներէն։

Հոս, թերեւս պէտք է աւելցնել նաեւ, թէ այս տօնին կազմութիւնը եւ հաստատումը աւելի ճիշդ պիտի ըլլար բացատրել ժամանակին պատմական հանգամանքներով, որոնց մէջ Հայ ժողովուրդը իր ժողովրդական-ազգային եւ կրօնական-հոգեւոր կեանքին համար, այդ շրջաններուն նոր վտանգ մը կը զգար։ Եւ ուրեմն, կարելի է ենթադրել, թէ այդ վտանգին դէ՛մ հոգեւորապէս սպառազինուելու եւ զօրանալու իր ճիգին հանդէսն է այս տօնը։

Որպէս պատմական լրացուցիչ տեղեկութիւններ տալ հոս, պէտք չէ աւելորդ նկատուին, քանի որ անոնք ցոյց կու տան Վարագայ Սուրբ Խաչին պատմական ընթացքը եւ կարեւորութիւնը։

Ուստի, Վարագայ Սուրբ Խաչը՝ որ Թոդիկի յայտնուած էր, նախ մնաց Վարագայ վանքի եկեղեցիին մէջ, ապա փոխադրուեցաւ ներքին Վարագի կամ Սուրբ Նշան վանքի եկեղեցին։

Սուրբ Խաչը՝ Սուրբ Նշան վանքի եկեղեցին մնաց մինչեւ 1021 թուական։

Երբ 1021 թուականին, Վասպուրականի Արծրունի թագաւորը Սենեքերիմ գաղթեց Սեբաստիա, իրեն հետ տարաւ խաչի մասունքը, եւ դրաւ հոն կառուցած Սուրբ Նշան վանքի եկեղեցիին մէջ։ Եւ սակայն, Սենեքերիմ թագաւորին կտակին համաձայն, իր մահէն ետքը, 1026 թուականին, իր մարմինին հետ Սուրբ Նշանն ալ փոխադրուեցաւ Վարագ՝ ուր եւ մնաց մինչեւ 1651 թուական։ Աւելի վերջ, Սուրբ Խաչը Ս. Տիրամայր եկեղեցին փոխադրուեցաւ եւ յետ այնու Ս. Տիրամայր եկեղեցին սկսաւ կոչուիլ Սուրբ Նշան, եւ հոն պահուեցաւ Նուիրական մասունքը։

Արդարեւ, «Խաչ» եւ «Եկեղեցի», իբրեւ արտայայտութիւն «աստուածային խորհուրդ»ի, ընտանի են իրարու. առաջինը՝ Խաչը՝ ըլլալով գործիք եւ նշան փրկագործութեան, իսկ երկրորդը՝ Եկեղեցին՝ անոր իրագործում եւ արդիւնք։ Եւ ահաւասիկ, ա՛յս է պատճառը, որ անոնց տօնախմբութիւններու ատեն կատարուած պաշտամունքը եւ արարողութիւնները իրարու նմանութիւններ ցոյց կու տան, եւ մանաւանդ իմաստի կցորդութիւն՝ անոնց նուիրուած շարականներուն մէջ։ Դարձեալ, այդ իսկ պատճառաւ է, որ Եկեղեցւոյ եւ Խաչի տօներ երբեմն խառն կամ յաջորդաբար կը կատարուին, ինչպէս յատկապէս Խաչվերացի եօթնեակի ընթացքին։

«Եկեղեցի» բառը, իմաստի մի քանի երանգաւորումներով կ՚ըմբռնուի. «հասարակութիւնը հաւատացեալներուն», «հասարակութեան վարիչ ժողովը», «ժողովին իշխանութիւնը», «տաճար, աղօթատեղի», «պաշտամունք կատարուած ժողովատեղի»։

Այս բոլոր իմաստներով Եկեղեցին կը ներկայացնէ Քրիստոսէ հիմնուած «երկնային հաստատութիւն» մը…։

- Օգտուեցանք՝ Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեանի «Սուրբք եւ Տօնք Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ» գիրքէն, 1939, Երուսաղէմ։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 24, 2018, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 29, 2018