ԿԵՐՊԱՐԱՆԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ
Բնութեան անյեղլի, անշարժելի օրէնքն է՝ կերպարանափոխութիւնը (metamorphosis)։ Երբ կերպարանքը փոխուի նոյնիսկ, էականը չի՛ փոխուիր. գեղեցիկը՝ նորէ՛ն գեղեցիկ է, ի՜նչ կերպարանք որ ալ ստանայ այն։ Զոր օրինակ՝ թարմ խնձորը երբ կը փտի, կը նեխի, դարձեալ խնձոր է, ոչ թէ էութիւնը, այլ կերպարանքը կը փոխուի։ Եւ կեանքն ալ նոյնն է՝ կեանքի կերպը, ընթացքը կրնայ փոխուիլ, բայց կեանքը մի՛շտ «կեանք» կը մնայ։ Եւ եթէ «կեանք»ը ձեռք առնուի իր ամենալայն իմաստով՝ «ժամանակաւոր կեանք» եւ «յաւիտենական կեանք»։ Էականը յաւիտենական կեանքն է եւ անոր կերպարանափոխուածը՝ ժամանակաւոր կեանքն է, որ կը համապատասխանէ մարմնաւոր կեանքի՝ երկրային կեանքի։
Կեանքը հոգիի մէկ արտայայտութիւնն է, եւ կեանքը մի՛շտ «կեանք» է, «կեանք» կը մնայ։
Երբ կեանքին նայինք այս տեսանկիւնէն՝ մահը կեանքին մէկ կերպարանափոխութիւնն է՝ կեանքին ուրիշ միջոցի մը մէջ շարունակութիւնը։ Ուրեմն, ընդհանրացած ըմբռնումով՝ մարմնաւոր հոգին երկրային կեանք, լոկ, հարազատ հոգին երկնային կեանքն է։
Հիանալի՜ է հոգիի այս երեւոյթները՝ կեանքին կերպարանափոխութիւնը։ Բնութեան մէջ ամէն ինչ գեղեցիկ եւ բարի կը ծնի, ժամանակի ընթացքին ան արտաքին ազդեցութիւններով կը կերպարանափոխուի, բայց իր գեղեցիկ եւ բարի էութիւնը չի կորսնցներ։
Եւ մահը՝ այդ կեանքի անլուծելի, անիմանալի, անհասկնալի խորհուրդը, առեղծուածը։ Մարդուն, կորսնցնելու մտահոգութեամբ ամենէն էական վախն է մահը։ Արդարեւ, վախ եւ սոսկում կը պատճառէ, քանի որ կորսնցնել կ՚ենթադրէ։ Մա՛րդ ո՛չ կորսուիլ, եւ ոչ ալ կորսնցնել կ՚ուզէ։ Եւ քանի որ մահը կորսուիլ եւ կորսնցնել կ՚ենթադրէ, բնականաբար վախ կը պատճառէ։ Բայց մահը դիտել եւ տեսնել իբրեւ բնութեան անփոփոխ մէկ օրէնքը՝ կերպարանափոխութի՛ւն, ահաւասիկ կրնայ փոխել մեր զգացումները անոր նկատմամբ։ Եւ այս կերպով, մարդ, մահը կը տեսնէ այնքա՛ն գեղեցիկ եւ բարի եւ բնական որքան կեանքը։
Մահը յաճախ աւելի հեշտ կ՚ըլլայ կեանքի նկատմամբ։ Անշուշտ ասիկա պիտի չնշանակէր գովել եւ բաղձալ մահը, այլ՝ այլեւս չվախնալ մահէն այնքան որ ընդհանրապէս կը վախնան մարդիկ։ Մարդ, նախ իր մահէն կը վախնայ, կորսուիլ չ՚ուզեր ներկայ վիճակէն, յետոյ մահէն կը վախնայ կորսնցնելու մտահոգութեամբ՝ իր շուրջինները, սիրելիները։ Բայց աշխարհի վրայ ամէն ինչ անցաւոր է եւ ժամանակաւոր, այսինքն կերպարանափոխումի ենթակայ է եւ ասիկա բնական է, որովհետեւ մարմինը՝ նիւթը կարելի չէ որ միշտ նոյնը մնայ, ան տեւական կերպարանափոխման կ՚ենթարկուի։
Հաւատքով խօսելով՝ մա՛հն ալ կեանք, կեանքը աւելի կեանք, որովհետեւ մահուամբ կեանքը չի վերջանար, հապա՝ կեանքէն կը մաղուին, կը նետուին այն բոլոր տարրերը՝ թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ՛ հոգեկան, որոնք մեր երկրաւոր կեանքին մէջ «մա՛հ» կը ներմուծեն։
Կեանք եթէ կայ, մա՛հն ալ կայ։ Մահը կեանք է՝ նուազականութեամբ. կեանք է նուազ՝ տառապանքով, նուազ՝ մեղքով, նուազ՝ ցաւով, նուազ՝ վիշտով եւ վերջապէս, նուազ՝ յուսախաբութեամբ։ Մահուան մէջ ո՛չ կեղծիք, ո՛չ խաբէութիւն եւ ո՛չ իսկ խարդախութիւն գոյութիւն ունի։ Մարդ չ՚ապրիր մեռնելու համար. կ՚ապրի՝ ապրելո՛ւ համար։ Բայց մարդ գիտէ նաեւ, թէ մահ գոյութիւն ունի։ Ա՜հ, որքա՛ն գեղեցիկ է կեանքը, որ մահով կու գայ. աւելի՛ գեղեցիկ՝ գեղեցկութեամբ մը որ աշխարհ չի կրնար տալ իր ամբողջ պարունակութեամբ։
Մահուան մասին խօսիլ երբեք յոռետեսութիւն չէ՛, այլ՝ իրատեսութի՛ւն։ Լաւատես կամ յոռետես չի՛ փոխեր իրականութիւնը։ Եւ որեւէ բան սիրելու համար անհրաժեշտ է նախ ճանչնալ, ծանօթանալ եւ ընդունիլ զայն։ Եւ սէրը ամենազօրաւոր արգելքն է վախին, հոն՝ ուր սէր կայ, հոն վախ գոյութիւն չ՚ունենար։ Ահաւասիկ, այս իմաստով, եթէ ճանչնանք, ընդունինք եւ իւրացնենք մահը՝ որ կեանքին անբաժան մէկ իրականութիւնն է, թէեւ դժուար է ըսել, պիտի սիրենք զայն եւ պիտի չվախնա՛նք։
Սա ճշմարտութիւնը պէտք է ընդունիլ, որ մահը վերջ մը չէ, միայն կերպարանափոխութի՛ւն մը…
Մահը մարդուս համար կերպարանափոխութիւն մը՝ «metamorphosis», ժամանակի եւ միջոցի տեղափոխութիւն մըն է. պարունակութեան փոփոխութիւն չկա՛յ հոն, քանի որ միջուկը, կորիզը միշտ «կեանք» է՝ կեղեւը կամ ծրարն է, որ կը փոխուի։ Առաքեալը երբ կ՚ըսէ. «Ամէնքս ալ պիտի փոխուինք…», ճի՛շդ այս ըսել կ՚ուզէ, եւ կ՚աւելցնէ, հաստատելով, թէ՝ այդ փոփոխութիւնը մահկանացուին՝ անմահութիւն ստանալուն մէջ կը կայանայ, եւ ասիկա կը նշանակէ «կեանք»ի վճռականութիւնը եւ տեւականութիւնը, կամ, իր բառերով. «յաղթութիւն»ը։ Ուստի, մահը՝ կեանքին յաղթութեամբ լրո՛ւմն է։ Այս իմաստով, մահը վերջ չէ՛։
Պարտութենէ՝ յաղթութի՛ւն. իր խորքին մէջ ա՛յս է «կեանք»ը, թէ՛ մահէն առաջ եւ թէ՛ մահէն յետոյ։ Ուստի, մահը «երեւոյթ»ն է, կեանքն է «իրականութիւն»ը։ Այս ճշմարտութեան կը վկայեն բնութեան բոլոր երեւոյթները՝ գիշերը եւ ցերեկը, մութը եւ լոյսը, չոր՝ գօս ճիւղը եւ բողբողջած՝ ծլած ճիւղը, բարունակը…
Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ մեզի, թէ՝ կեանքը «կեանք»ն իսկ է, երբ գեղեցիկ է երկրի վրայ եւ երկինքի մէջ։ Կեանքը՝ արդէն մահ է, երբ գեղեցիկ եւ բարի չէ։ Ժամանակի տարրը չէ որ կեանքին կու տայ իսկական սահմանը, հապա՝ իր նկարագիրն է, իր յատկութիւնը եւ պարունակութիւնը։ Կարճ կամ երկար, կարեւոր չէ՛. գեղեցի՞կ է կեանքը։ Գեղեցկութիւնն է յաւիտենականը եւ ո՛չ թէ թիւը տարիներու…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 28, 2023, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 01/16/2025
- 01/16/2025