ԱՆՁ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՆՈՒՆ - Ը -

 

Ստո­րեւ, կը շա­րու­նա­կենք ներ­կա­յաց­նել ա­նուն­նե­րու ի­մաստ­նե­րը, ար­մատ­նե­րը՝ ո­րոնք անձ ինք­նու­թիւ­նը կը կազ­մեն զայն կրո­ղին։ Ան­հա­տը անձ է եւ ինք­նու­թիւն կը ստա­նայ եւ կը բնո­րո­շուի ի՛ր «ա­նուն»ով։

Յով­հան­ճան= Յով­հան­ջան= Յով­հան­նէս ա­նու­նէն՝ «հո­գեակ» բա­ռով կազ­մուած ա­նուն

Յով­նա­թան= աս­տուա­ծա­տուր, աս­տուա­ծա­նուէր, Աս­տու­ծոյ պար­գե­ւը. «Yohonatan»

Յով­նան= ա­ղաւ­նի՝ որ է Սուրբ Հո­գի. «Yona», «Jonas» մար­գա­րէ

Յով­սէփ= ա­ճում, աս­տուա­ծաբ­նակ, ա­ռա­տաց­նող, բար­դող, «յա­ւե­լուլ» բա­յէն, յա­ւե­լու­թիւն թա­գա­ւո­րի. նաեւ՝ «Ու­սէփ». «Yosef», «Joseph», «Joe», «Giuseppe»

Յոր­դա­նան= իջ­նել, ցած իջ­նել, նաեւ՝ գետ. «Yarden», «Jourdain»

Յոր­դոր= մեղմ, հան­դարտ

Յու­լիա­նէ= «Julianus» ա­նուան ի­գա­կան ձե­ւը

Յուխ­նան= աս­տուա­ծո­ղորմ, աս­տուա­ծաշ­նորհ

Յու­սակ= «յոյս» բա­ռէն ա­նուն

Յու­սամ= կը յու­սամ, յոյս ու­նիմ, յոյ­սով եմ

Յու­սեր= «յոյս» բա­ռին յոգ­նա­կի ձե­ւը

Յու­սիկ= «յոյս» բա­ռի փա­ղաք­շա­կան ձե­ւը

Յու­սափ= Յով­սէփ ա­նուան ա­րա­բա­կան ձե­ւը. «Yusuf»

Յու­սիա­նէ= Ուս­տիա­նէ= ար­դար. «Justine»

Նա­բաթ= Նա­պաթ= սա­ռու­շա­քար, վա­նա­շա­քար, սառ­նա­շա­քար

Նա­դար= Նա­զար

Նազ= նա­զանք, նաեւ՝ «Նա­զե­նի», «Նա­զա­նի»

Նա­զար= նա­յուածք, հա­յեացք. նաեւ՝ «Շահ­նա­զար»

Նա­զա­րէթ= Պա­ղես­տի­նի հա­մա­նուն քա­ղա­քի ա­նու­նէն. պա­տա­հա­կան նմա­նու­թիւն ու­նի «nazarat»ի հետ, որ կը նշա­նա­կէ՝ գե­ղեց­կու­թիւն, դա­լա­րու­թիւն

Նա­զե­լի= Նա­զե­նի. «Նա­զե­նիկ»

Նա­թան= նուէր

Նա­թա­նա­յէլ= աս­տուա­ծա­նուէր, աս­տուա­ծա­տուր, Աս­տու­ծոյ նուէ­րը. Քրիս­տո­սի ա­շա­կեր­տը (Յովհ. Ա 43-51)

Նախ­շուն= զար­դա­րուած, գե­ղե­ցիկ

Նա­հա­պետ= «նա­հա­պետ» բա­ռէն

Նա­հա­տակ= «Մար­տի­րոս». նա­հա­տակ բա­ռը

Նա­նա= հա՛յր իմ, հայ­րի՛կ. (լա­տի­նե­րէն՝ «nonnus». ի­գա­կան ձեւն է՝ «Nonna» մա՛յր իմ, մայ­րի՛կ)

Նաս­պաթ= հա­մե­մա­տու­թիւն կամ ար­դա­րա­սի­րու­թիւն

Նաս­տուր= ի­մաս­տու­թեան նշա­նա­բան

Նասր= յաղ­թա­կան կամ յաղ­թու­թիւն

Նար­դու­հի= «Նար­դոս»՝ ա­նու­շա­հոտ ծա­ղի­կով մա­նի­շա­կա­գոյն սի­զա­յին բոյս ծաղ­կա­նու­նէն

Նա­րեկ= Նա­րեկ գիւ­ղի ա­նու­նէն

Նա­րի­ման= քա­ջա­սիրտ. առ­նա­կան սիրտ ու միտք ու­նե­ցող

Նար­կիս= հա­մա­նուն ծա­ղի­կը. «Նար­գիզ», «Նար­գիս», «Նար­կիզ» ձե­ւե­րով

Նա­ցուալ= վար­ձատ­րու­թիւն, նուէր, պար­գեւ. ժա­ռան­գորդ

Նա­ւա­սարդ= «Նա­ւա­սարդ» հին հա­յոց տո­մա­րով նոր տա­րի, ա­մա­նոր

Նաւ­բաթ= հերթ, կարգ. յա­ջոր­դա­կա­նու­թիւն

Նաւ­հօշ= քաղց­րա­նուն

Նա­ւում= մխի­թա­րու­թիւն. «Nahum»

Ներ­սեհ= Աս­տուա­ծա­յին կրակ

Ներ­սէս= «Nerseh». նաեւ՝ «Ներ­սօ»

Նեւ­րիկ= լու­սա­ւոր. նաեւ՝ «Մի­ներ»

Նեք­տար= նեկ­տար. աս­տուա­ծըմ­պե­լիք. (յու­նա­րէն եւ լա­տի­նե­րէն՝ «Կա­տա­րի­նէ»)

Նէք­նէք= լաւ, բա­րի (կրկնու­թեամբ)

Նի­կո­դի­մոս= յաղ­թող ժո­ղո­վուր­դի

Նի­կո­ղա­յոս= ժո­ղովր­դա­յաղթ. «Nicolas», «Նի­կո­ղոս»

Նի­կոն= յաղ­թու­թիւն

Նշան= նշան՝ խա­չի նշա­նին ակ­նար­կու­թեամբ

Նշա­նու­հի= Նշան ա­նուան ի­գա­կան ձե­ւը

Նոյ= հան­գիստ կամ ար­դար. նոր կամ նո­րո­գիչ. «Noxa», «Noe», «Nuh»

Նո­յեմ­զար= Նոյ նա­հա­պե­տի կնոջ ա­նու­նը

Նո­յե­մի= բա­րի, քաղցր, հա­ճե­լի. քաղց­րու­թիւն. «Naomi», «Na՚ami»

Նոյն= ձուկ. «Nûn», «Nôn»

Նո­րազն= նոր ազն. տոհմ. «Հայ­կազն» նմա­նու­թեամբ

Նո­րա­մայր= նոր մայր

Նո­րայր= նոր մարդ՝ նոր այր

Նո­րա­պետ= նոր ա­ռաջ­նորդ, նոր պետ

Նո­րա­տունկ= նոր տունկ

Նո­րա­րեւ= նոր ա­րեւ

Նո­րա­ւագ= Նո­րա­պետ

Նո­րիկ= Նո­րի= «նոր» բա­ռի փա­ղաք­շա­կա­նը

Նոր­մա­նուկ= նոր մա­նուկ

Նոր­շահ= նոր իշ­խան

Նո­րուկ= նո­րեկ, հա­յե­րէն «նոր» բա­ռէն

Նոր­վարդ= նոր վարդ, գե­ղե­ցիկ

Նուարդ= ըն­ծայ, պար­գեւ, նուէր. «Navard», կամ՝ նո­րա­վարդ, նո­րա­ծիլ, նո­րա­բաց վարդ. «nava» նոր եւ «vared» բուս­նիլ

Նու­պար= Նու­բար= նո­րա­հաս պտուղ, ա­ռա­ջին պտուղ. «Navbar». «nav» ա­ռա­ջին, նոր եւ «bar» պտուղ

Նուէր= Նուէ­րիկ= պար­գեւ, ըն­ծայ

Նու­նէ= «Նոյն» ա­նու­նի ի­գա­կան ձե­ւը. ու­նի նաեւ «Նու­նիկ» փա­ղաք­շա­կան ձե­ւը. մա­քուր, սուրբ

Նու­նու­ֆար= նու­նու­ֆար ծաղ­կա­նու­նէն. նաեւ՝ «Լի­լի­փար»

Նու­շիկ= նուշ «բա­դամ» բա­ռէն. Սե­բաս­տիոյ մէջ գոր­ծա­ծուած է՝ «Նու­շի­վար» ձե­ւը

Նու­շի­ճան= քաղցր հո­գի՝ «հո­գիի  ա­նոյշ ըմ­պե­լիք» ի­մաս­տով

Նու­շիր­վան= ան­մահ հո­գի. «Nurşirvan»

Նու­շու­շար= շա­րո­ցի՝ թե­լի վրայ շա­րուած նու­շի շարք

Նուս­րաթ= օգ­նու­թիւն, յաղ­թու­թիւն. «Victoria», «Nusrat»

Նու­րի= լու­սա­ւոր, լու­սե­ղէն. 1635 թուա­կա­նին՝ ԺԷ եւ ԺԸ դա­րե­րուն գոր­ծա­ծուած է հա­յե­րու մօտ (Հրա­չեայ Ա­ճա­ռեան)

Նուր­նուր= «լոյս» բա­ռը՝ կրկնու­թեամբ

Նու­րում= աչ­քիս լոյ­սը

Նո­քար= ծա­ռայ, սպա­սա­ւոր՝ սուր­բի մը

Նռա­նա= գե­ղե­ցիկ, սի­րուն. (ա­րա­բե­րէն «na՚na» բա­ռէն

Նրճիս= նար­գիզ ծաղ­կա­նու­նէն. «narcis»

Շա­զիկ= ու­րախ, (պարս­կե­րէն՝ «şaz»)

Շա­հան= «Շա­հան­շահ» ա­նուան կրճա­տը. «Şah» թա­գա­ւոր բա­ռի յոգ­նա­կին

Շա­հան­դուխտ= թա­գա­ւո­րի դուշտ­րը

Շա­հապ= ա­սուպ (երկ­նա­յին լու­սա­ւոր մար­մին՝ «մէ­թէօր»)

Շա­հասպ­րում= հա­մա­նուն ծաղ­կա­նուն. ռե­հան. Ար­քա­յիկ, պատ­րուճ. «basilic»

Շա­հաս­տան= մեծ քա­ղաք. ԺԳ-­ԺԷ դա­րե­րու գոր­ծա­ծա­կան ա­նուն (Հրա­չեայ Ա­ճա­ռեան)

Շա­հա­ւոր= ար­քա­յա­վա­յել. նաեւ՝ խո­շոր գո­հար, անն­ման

Շա­հէն= մեծ եւ սպի­տակ բա­զէ. (պահ­լա­ւե­րէն՝ «Şahen», պարս­կե­րէն՝ «Şahin».) կրճատ ձե­ւը՝ «Շա­հիկ»

Շա­հի­նար= նու­ռի ա­մե­նաըն­տիր տե­սա­կը

Շա­հի­ճան= հո­գիի թա­գա­ւոր

Շահ­ղուլ= ար­քա­յի ծա­ռայ. ԺԶ դար

Շահ­մա­նանդ= այ­քա­յան­ման. ԺԷ եւ ԺԸ դա­րեր

Շահ­մի­րան= թա­գա­ւոր եւ իշ­խան­նե­րու թա­գա­ւոր. («miran»՝ իշ­խան­ներ)

Շահ­նա­զար= Շահ­նա­դար= թա­գա­ւո­րի նա­յուածք՝ ո­րու վրայ թա­գա­ւո­րի նա­յուածք կայ

Շահ­նազ= ար­քայ­կան նա­զանք ու­նե­ցող

Շահ­նու­բար= Շահ­նու­պար= ար­քա­յի հա­մար՝ իշ­խա­նին մա­տու­ցա­նե­լի պատ­րաս­տուած նոր պտուղ

Շահ­ռուղ= հե­րոս, հսկա­յա­մար­մին թա­գա­ւոր

Շահ­սուար= ար­քայ ձիա­ւոր, ա­մե­նա­լաւ ձիա­ւո­րը

Շահ­փա­րի= ա­նու­շա­հոտ ծա­ղիկ. (ա­րա­բե­րէն՝ ambar)

Շա­ղոս­կի= դե­ղին սո­կե­գոյն մազ ու­նե­ցող, նաեւ՝ «Շա­ղիկ»

Շա­մամ= շա­ման պտղա­նու­նէն. ա­նու­շա­հոտ փոքր սեխ

Շա­միլ= փչող քա­մի, հով

Շա­մի­րամ= իմ ա­նունն է՝ Բարձ­րու­թիւն

Շա­պուհ= ար­քա­յի, թա­գա­ւո­րի որ­դի

Շա­տա­ղէկ= շատ լաւ

Շա­տան= ու­րախ

Շա­տա­րեւ= «Ա­րեւ­շատ», եր­կա­րա­կեաց

Շար= շարք, շար, շա­րան բա­ռէն

Շա­րա= շա­տա­կեր

Շար­բաթ= օ­շա­րակ. ԺԶ-­ԺԸ դա­րե­րուն գոր­ծա­ծուած ա­նուն (Հրա­չեայ Ա­ճա­ռեան)

Շար­մաղ= դէմ­քի մա­քուր սպի­տա­կու­թիւն

Շա­րու­հի= «եր­կուն­քի ցաւ» ար­մա­տէն ա­նուն

Շա­ւասպ= ան որ սեւ ձիեր ու­նի, սե­ւա­ձի

Շա­ւարշ= ան որ սեւ ա­րու ձիեր ու­նի. «սե­ւա­յո­վա­տակ». (յո­վա­տակ=ա­րու ձի, ձիու քու­ռակ) ինչ­պէս՝ «Şavarş», «Siyavuş»

Շա­ւեաթ= բա­րե­խօ­սու­թիւն

Շե­րամ= մե­տաք­սի որդ, մի­ջատ. «Շա­րամ»

Շե­րոյ= ա­ռիւծ. «Şiroi», «Şirai» («Şer-mard»՝ ա­ռիւ­ծա­մարդ)

Շէկ= «շէկ» բա­ռէն՝ դե­ղի­նի եւ կար­մի­րի խառ­նուրդ

Շէր= «ա­ռիւծ» բա­ռէն՝ «Şir»

Շի­ղա= «Silva»՝ ան­տառ բա­ռէն. Ան­տառ­նե­րու չաս­տուա­ծու­հիի ա­նուն

Շի­րազ= «Şirazat» ա­նուան կրճատ ձե­ւը. կը նշա­նա­կէ՝ ա­զատ իբ­րեւ ա­ռիւծ

Շա­տե­մայր= բազ­մա­թիւ ե­րա­խա­նե­րու մայր

Շա­տեր= «շատ» բա­ռի յոգ­նա­կի ձե­ւը

Շա­տի= ու­րա­խու­թիւն

Շատ­լոյս= «աչքդ լոյս», բա­րի լուր

Շի­րա­զար= ա­զատ ա­ռիւծ. «Şirazat»

Շի­րաք= փոքր ա­ռիւծ. «Sirag»

Շի­րին= քաղցր

Շիր­վան= ա­ռիւծ պա­հող, ա­ռիւ­ծա­պահ

Շիօշ= Սիա­ւուշ= «Շա­ւարշ» ա­նուան տար­բեր ձեւն է. կը նշան­կէ՝ ան որ սեւ՝ ա­րու ձիեր կը պա­հէ

Շմա­ւոն= լսող. «Şimon»

Շմուէլ= Աս­տու­ծոյ զօ­րու­թե­նէն խնդրուած. «Şamuel»

Շնոր­հա­ւոր= շնոր­հա­ւոր բա­ռէն. նաեւ՝ «Շնորհք», «Շնոր­հիկ», «Gratia», «Graziella»

Շնոր­հիկ= «շնորհ» բա­ռին փա­ղաք­շա­կան ձե­ւը

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նո­յեմ­բեր 21, 2016, Իս­թան­պուլ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2016