ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ԸՄԲՌՆՈՒՄԸ

Ծնողներ կ՚ուզեն որ իրենց զաւակները լա՛ւ կրթութիւն ստանան, սորվին եւ դաստիարակուին՝ որպէսզի կեանքի լաւ պատրաստուին, եւ ապագային բարւոք կեանք մը ապրին։ Շատ բնական է ասիկա։ Բայց լաւ կրթութիւն ստանալու, լաւ սորվելու, արդիւնաբեր դաստիարակութեամբ մը հասնելու միջոցները եւ պայմանները որո՞նք են, ահաւասիկ այս մասին ծնողներ ընդհանրապէս շատ չեն հետաքրքրուիր, իրենց զաւակները կը յանձնեն որեւէ դպրոցի մը, ուսուցիչի մը եւ ամէն ինչ այլեւս դպրոցէն եւ ուսուցիչէն կը սպասեն։ Ասիկա, կերպով մը պատասխանատուութենէ փրկուելու կերպ մըն է եղած։ Անշուշտ մասամբ ճիշդ է ասիկա, քանի որ դաստիարակութիւնը եւ կրթութիւնը դպրոցին եւ ուսուցիչին «գործ»ն է եւ ամէն «գործ» պէտք է յանձնել իր «մասնագէտ»ին, որպէսզի արդիւնաբեր արդիւնք մը ձեռք ձգուի։ Այս ալ բնական է եւ բանակա՛ն։ Տղուն դաստիարակութեան եւ կրթութեան հարցին՝ կայ սահմանագիծ մը, ուր այլեւս ծնողներ պէ՛տք է յանձնուին եւ վստահին դպրոցին եւ ուսուցիչին, դաստիարակի՛ն…։

Սակայն պէտք է նկատի ունենալ որ մանուկին կրթութիւնը, մանաւանդ ներկայ ժամանակներուս ամենէն բարդ եւ ամենէն բախտորոշ հարցն է՝ որուն դարձուցած են իրենց ամբողջ խորհուրդը եւ ուշադրութիւնը դաստիարակներ, կրթական մշակներ, հոգեբաններ, մանկավարժներ, ընկերաբաններ եւ իմաստասէրներ։

Արդարեւ, այսօր ամենէն հարեւանցի դիտողներ անգամ գիտեն, թէ դպրոցը որքան ալ «մասնագէտ» ըլլայ իր ուսուցիչներուն եւ դաստիարակներուն շնորհիւ, միշտ պահանջքը ունի ինքզինք զարգացնելու, եւ որքան ալ կարծուի թէ «կատարեալ» է, աւելի եւս ինքզինք կատարելագործելու, աւելի կատարեալին ձգտումը ունենալու։ Քանի որ ամբողջ բնութիւնը տեւական բարեփոխման եւ բարեշրջման ենթակայ է։

Այս տեսանկիւնէն դիտելով, որեւէ դպրոց իր իսկական իմաստով «ապահով» նկատուելու, իր սկզբնական եւ էական պարտականութեան եւ պատասխանատուութեան կատարեալ գիտակցութիւնը ունենալու համար, պէտք է ամէն բանէ առաջ նկատի ունենայ, թէ այն ինչ որ իբրեւ «կրթութիւն» եւ «դաստիարակութիւն» կը տրուի դեռատիներուն, մանուկներուն, իրապէս անոնց պէտք ունեցա՞ծն է թէ ո՛չ։ Ուրիշ խօսքով՝ տրուած կրթութիւնը եւ դաստիարակութիւնը կը հասնի՞ն իրենց բուն նպատակին թէ ո՛չ։ Ահաւասի՛կ, այս է հարցը։ Անշուշտ ասիկա կախում ունի իրապէս հմուտ եւ լաւ պատրաստուած, նուիրեալ ուսուցիչ եւ դաստիարակներու, իրենց պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը ունեցող, ծառայասէր կրթական մշակներու անձնուէր գործունէութենէն։

Այս մասին կարեւորը՝ տղուն տալ այն՝ որուն պէտք ունի մտային զարգացման համար։

Մասնագէտներ կ՚ըսեն, որ մեր օրերուն ընկերային աշխարհին եւ նոյնիսկ ազգային եւ քաղաքական կեանքին մէջ ընդհանրապէս տիրող անորակելի չարիքներուն անմիջական պատճառները մանուկներու տրուած կրթութեան մէջ է. հոգեբաններ, ընկերաբաններ եւ բարոյագէտներ նախնական կրթութեան մէջ կը գտնեն այդ «չարիք»ներուն պատճառները։ Ուստի լաւ կրթութիւն մը, լաւ դաստիարակութիւն մը միայն կրնայ ապագայ լա՛ւ մարդը հասցնել։ Եւ մեծ է թիւը անոնց որ այն հաստատ համոզումին եկած են, թէ համայն աշխարհը բարոյական աղէտներէ ազատ պահելու համար, պէտք է, եթէ ոչ հիմնովին, բայց մեծ մասամբ յեղաշրջել ներկայ կրթութեան ըմբռնումը եւ դրութիւնը, եւ դպրոցներու մէջ ներմուծել ա՛յնպիսի շունչ մը, ստեղծել այնպիսի մթնոլորտ մը՝ որ մանուկին ընդոծին յատկութիւնները եւ կարողութիւնները՝ վարդին կոկոններուն նման բնականօրէն բացուին, ներդաշնակօրէն աճին, որպէսզի մանուկը կարող ըլլայ ազատօրէ՛ն արտայայտել ի՛նչ որ կը զգայ, կը խորհի, կ՚երեւակայէ եւ կ՚ապրի իր ներաշխարհին մէջ։

Արդարեւ, այլեւս անցած է այն ժամանակները, երբ դպրոցական բարւոք եւ արդիւնաբեր կրթութեան եւ դաստիարակութեան համար դասագիրքերու տեսակին եւ ուսուցչին հմտութեանը վրայ մեծ արժէք կ՚ընծայուէր. այսպէս կ՚ըսեն մասնագէտներ։

Այսօր ընդհանուրին կողմէ ընդունուած եւ մասնագէտներու միջոցով հաստատուած է, թէ դասագիրքէն աւելի՛ կարեւոր է դպրոցին մթնոլորտը եւ անոր աշակերտին վրայ թողած տպաւորութիւնը՝ բարոյական ազդեցութիւնը, իսկ ուսուցչին մտային կարողութենէն եւ համբարած հմտութենէն աւելի կարեւոր եւ անհրաժեշտ են անոր անձը, նկարագիրը եւ ապրած կեանքը։

Այս ուղղութեամբ, արդի ըմբռնումով «կրթութիւն» դուրսէն մանկան մտքին մէջ հմտութիւն, տեղեկութիւն, զանազան գիտելիքներ, պատմական դէպքեր, թիւ եւ թը-ւական խճողել չի նշանակեր, ինչպէս կը խորհէին եւ կը գործադրէին շատեր հին շրջաններու մէջ, եւ ոչ ալ ուսուցչին-դաստիարակին գործը պատիժներու վախով եւ կամ «սպառնալիք»ներով եւ զրկումներով «չար» կարծուած տղան մեքենապէս «բարի» դարձնելն է՝ զայն լռեցնելով կամ անշարժ պահելով եւ կամ բռնի հնազանդեցնելով։

Արդի դաստիարակութեան եւ կրթութեան ըմբռնումով, կրթութեան այդ հին ըմբըռ-նումները անցած են այլեւս, ինչպէս կը վկայեն եւ կը հաստատեն մասնագէտ մանկավարժներ։

Այսօր տղուն մտքին մէջ կաղապարուած զանազան գիտելիքներ լեցնելէ, հմտութիւն եւ տեղեկութիւններ խճողելէ աւելի կարեւոր եւ անհրաժեշտ կը սեպուին սորվեցնել անոր «անկախօրէն մտածել» եւ «ազատօրէն արտայայտել» իր խորհուրդները եւ զգացումները։ Մանուկը պէտք է ըլլայ «դիտող» մը, «խորհող» մը, «թռչող» մը։ Եւ դասագիրքերը՝ որոնցմէ ան իր դասերը պիտի սորվի, տեղեկութիւն պիտի քաղէ, մտային պաշար պիտի ստանայ, դասագիրքերուն առընթեր ըլլալու են գործնական-իրական աշխարհը՝ բնութիւնը, կեա՛նքը, գործը, խաղը եւ առօրեայ փոխյարաբերութիւնները։

Եւ այս կէտին՝ ուսուցիչը ունի կարեւոր դեր մը՝ տղան պատրաստել իր ապագայ կեանքին իր իսկ տիպարով։ Ուսուցիչը լաւ «տիպար» մը ըլլալու է իր կեանքով, կեցուածքով, շարժուձեւերով, նկարագրով, որոնք տրուած գիտելիքներէն աւելի կ՚ազդեն տղուն եւ օգտակար կ՚ըլլան անոր կրթութեան։

Մասնաւորաբար մանուկին բարոյական կրթութիւնը կարեւոր է, անոր բարոյական կրթութեան գործին մէջ անոր բարի, գործնական խրատներ տալը, կամ սխալներուն համար զայն յանդիմանելը չէ որ օգտակար կ՚ըլլայ, այլ՝ անոր «ապրիլ» սորվեցնելը, կեանքը վարելու գործնական միջոցները ցոյց տա՛լը. այս է որ «ապագայ մարդ»ը, երջանիկ, յաջող անհատը պիտի պատրաստէ։ Եւ ասիկա դասով, յորդորով չ՚ըլլար, այլ՝ ուղղակի օրինակի ներշնչումո՛վ։ Ահաւասիկ հո՛ս է «տիպար» ըլլալու կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը։

Մանուկը իր ծնողներուն եւ իր ուսուցչին կեանքին նայելով պիտի սորվի «ապրելու արուեստ»ը։

Եւ «ապրելու արուեստ»ը դժուար եւ նոյնքան կենսական կերպ մը, եղանակ մըն է։ Հետեւաբար տանը մէջ, ընտանիքի մթնոլորտին՝ հօրը եւ մօրը, իսկ դպրոցին մէջ ուսուցչին անձը եւ կեանքը բարոյապէս պիտի կրթեն տղան եւ սորվեցնեն անոր ապրիլ ազնիւ եւ բարի մարդու առաքինի կեանքը։

Հոս պէտք է յատկապէ՛ս մատնանշել նուիրուած ուսուցչին ընդհանուր պատկերին. ան պէտք չէ՛ ինքզինք սահմանափակէ դասարանին պատերով եւ իր նուիրական ծառայութիւնը յատկացնէ միայն դասազանգակի եւ արձակուրդի զանգակի հնչիւններուն միջեւ, միայն այդ ժամանակաշրջանին, քանի որ ուսուցիչը ամէն տեղ եւ ամէն ժամանակ «ուսուցի՛չ» է՝ պատրաստ՝ սորվեցնելու, անձնուիրաբար ծառայելու «մարդ հասցնել»ու նուիրական գործին…։

Եւ երբ տուներէ եւ դպրոցներէ դուրս գան բարոյական բարձր սկզբունքներով գօտեպնդուած եւ հոգեկան շունչով շաղուըւած անձեր, որոնց մէջ սէրը եւ սրբութիւնը, արդարութիւնը եւ ճշմարտութիւնը տիրական եւ բնական ուժեր դառնան, անձեր՝ որ ուղիղ խորհին, ուղիղ գործեն, ուղիղ ապրին, այն ատեն է որ ազգի մը կեանքը հիմնովին բարեփոխել կարելի պիտի ըլլայ։

Հետեւաբար, տունը եւ դպրոցը, ծնողք եւ ուսուցիչ պէտք է միանան այս կենսունակ եւ ներդաշնակ կրթութիւնը եւ դաստիարակութիւնը տալու դեռատիներու, եւ պատրաստելու «ապագայ մարդ»ը։

Եւ ահաւասիկ, ասոր մէջ է համայն աշխարհի խաղաղութեան եւ փրկութեան յոյսը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 26, 2019, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 29, 2019