ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ ԵՒ «ՀԻՆ ԱՍՏՈՒԱԾՆԵՐ» - Բ -

Ստորեւ կը շարունակենք ներկայացնել Լեւոն Շանթի «Հին Աստուածներ»էն հատուածներ։

Վանահայր.-Ըսածներէդ ոչի՛նչ հասկցայ։

Իշխանուհի.- Ոչի՞նչ, Յովհաննէ՛ս։

Վանահայր՝ խայթուածի նման ցնցուելով.- Իշխանուհի՛… Ու ծանր կ՚ելլէ ոտքի։

Իշխանուհի՝ նոյնպէս ոտքի ելլելով.- Մի՞տքդ է արքունի ամարանոցը, մեր փոքրիկ աւազանի եզերքին, այն իրիկունը՝ ասկէ ուղիղ քսանհինգ տարի առաջ։

Վանահայր.- Եւ քսանհինգ տարիներու ետեւէն իշխանուհին դեռ կը յիշէ այն քանի մը հասարակ խօսքերը, որ փոխանակեր ենք հոն։

Իշխանուհի.- Ես յիշեր եմ մի՛շտ։

Վանահայր.- Երախտապարտ եմ, իշխանուհի։ Մե՜ծ պատիւ մը, որ ես բնաւ չեմ յանդգնած երեւակայելու… Քիչ մը լուռ. վերջը հետզհետէ գլուխը բարձրացնելով.- Միայն… միայն այն Յովհաննէսը, որուն անունը այդքան զարմանալի կերպով դեռ չէ մոռցեր իշխանուհին, այն Յովհաննէսը - ան մեռած է վաղուց։ Իսկ հիմա հոս կեցած է վանական մը, գրեթէ ծերունի մը, հեռու արքունիքէն ու ամենքէն, որ եկեր է քեզի հետ կառուցուող եկեղեցիին ծախքերուն մասին խօսելու։

Իշխանուհի.- Յովհաննէսը մեռեր է գուցէ քեզի համար, չե՛մ գիտեր, բայց ո՛չ ինծի։ Ան միշտ կենդանի է եղեր հոգիիս մէջ եւ կենդանի ալ կը մնայ։ Անոր պատկերն է, վանահա՛յր, միակ պայծառ կէտը իմ ամբողջ կեանքիս մէջ։

Վանահայր.- Բայց ատ ըսողը կին մըն է, որ ամուսին է ունեցեր։

Իշխանուհի՝ տեսակ մը ընդհատելով.- Եւ արժանաւո՛ր ամուսին, որ ես միշտ յարգեր եմ խորապէս։ Եւ խորապէս ալ տանջուեր՝ որ յարգանքէ տարբեր բան մը անոր տալու անկարող եմ եղեր։

Վանահայր.- Բայց ատ ըսողը կին մըն է, որ զաւակներ է ունեցեր։

Իշխանուհի.- Ես կատարեր եմ իմ պա՛րտքս։ Եւ շատ ծանր է եղեր սրտիս, որ պարտաւորութենէս աւելի ոչինչ կրցեր եմ տալ զաւակներուս։ Ունեցեր եմ ամէն ինչ եւ ամբողջ ունեցածս տուեր եմ իմ հարազատներուս. բայց բախտաւորութիւն ո՛չ մէկուն չեմ տուեր եւ ո՛չ մէկէն ալ չեմ ստացեր։

Վանահայր կեցած է լուռ, ունքերը կիտած։

Իշխանուհի.- Լսէ՛. պէտք է ըսեմ բոլորը, որ մեր մէջէն վերնայ այս անախորժ լարումը մի անգամ ընդմիշտ։ Նայէ՛, ես պառաւող կին մըն եմ, եւ դուն ինքդ ըսիր քիչ առաջ, որ ծերունի ես արդէն. վախնալու ոչինչ ունինք, քաշուելու ալ ոչի՛նչ ունինք. քանի որ մաքուր է մեր խիղճը։ Այս քօղարկումը, զգացումներու խեղաթիւրումը վայել չէ մեր դէմքին - ո՛չ քու եւ ո՛չ ալ իմ։ Լսէ՛ ինչ որ շրթունքս երբեք չէ արտասաներ, բայց որ լեցուցեր է էութիւնս։ Իմ կեանքիս գորշ երկինքին՝ դուն ես եղեր լոյսի աստղը. առանց այդ լոյսին, այդ մխիթարութեան, ես չեմ գիտեր՝ ինչո՛ւ պիտի ապրէի…

Վանահայր՝ ձեռքովը ճակատը սեղմած.- Հերի՛ք, հերիք է…

Իշխանուհի.- Քու պատկերդ է եղեր իմ դէմ մենակութեանս վայրկեաններուն։ Ինքս ալ աղէկ չեմ գիտեր՝ այն ջերմ աղօթքները, որ սրտէս դուրս են յորդեր, աւելի Խաչեալին նկարի՞ն են ուղղուած եղեր, թէ՞ քու պատկերիդ։ Իրա՛ւ է, ես պաշտեր եմ քու պատկերդ իմ Աստուծոյս հետ միասին…

Վանահայր.- Եւ չե՞ս վախցեր Աստուծմէ։

Իշխանուհի.- Աստուա՞ծ։ Վերցնելով սեղանէն աւետարանը.- Աստուած սէ՛ր է, վարդապե՛տ։

Վանահայրը, մտածկոտ գլուխը շարժելով.- Այդպէ՜ս… Յանկարծ.- Իսկ հիմա՞։

Իշխանուհի.- Հիմա՞։ Հիմա ալ, տե՛ս, այս լուսամուտը, որ քու կղզիիդ կը նայի ու քու փոքրիկ լուսամուտիդ, ուր մինչեւ կէս գիշեր անմար է ճրագը։ Դուն երեւի կը կարդաս ու կ՚աղօթես. ես ալ հոսկէ կ՚աշխատիմ քու մտքերդ կարդալ ու քու աղօթքներդ։ Միթէ այս բոլորը հոգիդ չէ՞ր գիտեր։

Վանահայրը՝ կտրուկ.- Ո՛չ, բնաւ։

Իշխանուհի.- Իրա՞ւ։ Քու հոգիդ նոյնպէս լի չէ՞ եղեր ինձմով, ինչպէս իմինս՝ քեզմով։

Վանահայրը՝ լուռ է։

Իշխանուհի.- Պատասխան տուր, ուրախ չէի՞ր, միթէ հոգիդ ուրախ չէ՞ր, երբ հոս այս մենութեան մէջ դէմ դէմի նստած կը խօսէինք ժամերով ու կը ծրագրէինք։ Պատասխա՛ն տուր։

Վանահայր՝ անհանգիստ.- Չե՛մ գիտեր, բա՛ն չեմ գիտեր։

Իշխանուհի.- Չե՞ս գիտեր։ Ես գիտե՛մ. եւ միշտ ալ վստահ գիտցեր եմ, որ կ՚ապրիմ միշտ հոգիիդ մէջ, թէեւ տարիներու այս երկար շարքին մէջ հազիւ ութ-տասը անգամ պատահած ըլլանք իրարու՝ մինչեւ հոս գալս. եւ մէկ-երկու խօսք փոխանակած՝ միայն, միշտ անգոյն, միշտ կողմնակի բառեր։ Ըսէ՛, ճիշդ չէ՞ ինչ որ կ՚ըսեմ։

Վանահայր.- Թո՛ղ, իշխանուհի՛. հին, անցած-գացած օրեր, ի՜նչ իմաստ՝ քրքրելը։

Իշխանուհի.- Հայր-սո՛ւրբ. եղի՛ր շիտակ ու պատասխան տուր։ Այսօր պէտք է մաքրուին հին հաշիւները։

Վանահայր.- Ի՞նչ կ՚ուզես, կի՛ն, ի՞նչ կ՚ուզես դուն ինձմէ։ Ամբողջ կեանքիս կէսը տառապանք տուիր ինծի, տառապանք ու դառնութիւն. ջարդեցիր կեանքս, խորտակեցիր երիտասարդութիւնս. հիմա ալ մոխի՞րը քրքրել կ՚ուզես։

Իշխանուհի.- Իմ խե՜ղճ Յովհաննէս…

Վանահայր.- Արդէն կեանքը բացի տառապանքէ ի՞նչ է տուեր ինծի… ե՛ւ քեզմէ առաջ, եւ քեզմէ ետք։

Իշխանուհի.- Ա՜խ, ես զգացեր էի…

Վանահայր.- Վե՛րջ տանք։ Ի՞նչ միտք՝ այդ հին ու մարած յիշողութիւնները խառնելը։

Իշխանուհի.- Մարա՞ծ…

Վանահայր.- Այո՛. այդ բոլոր անողոք յուշերն ալ միւս բոլոր աշխարհային ցաւերուն հետ մէկտեղ սրտէս դուրս քամեցի այն օրը, երբ վրաս առի այս վերարկուն…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

•շարունակելի

Նոյեմբեր 24 2022, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2022