ՀՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ Է
Այս սիւնակներուն մէջ յաճախ կը յիշենք հպարտութիւնը եւ կը խորհրդածենք այդ մասին։ Կարելի է առարկուի, որ հպարտութեան մասին այսքան շատ խօսիլ կ՚արժէ՞, թէ ոչ։ Իրաւացի կրնայ նկատուիլ այս առարկութիւնը, քանի որ շատերու համար ձանձրոյթ կը պատճառէ ասիկա։ Բայց, խնդրեմ սիրելիներ, անգամ մը դիտեցէ՛ք ձեր շուրջը եւ հոն պիտի հանդիպիք զանազան հպարտութեան արտայայտութիւններու՝ ինքնիրմով հպարտ մարդոց, որոնք կը հանդիսանան իբրեւ սնափառներ, փառամոլներ։ Անոնք կը փորձեն տիրապետել իրենց նմաններուն եւ շատ անգամ անտանելի կ՚ընեն կեանքը՝ խոնարհ եւ համեստ անձերու համար։
«Webster» բառարանը հպարտութիւնը կ՚արձանագրէ՝ որպէս եօթ մեղքերու գագաթը։ Արդարեւ, հպարտութիւնը «ծնող» մեղք մըն է, արմատը բոլոր մեղքերուն։ Ան մարդկային անհատականութիւնը փտեցնող ախտ մըն է, գլխաւոր մոլութիւն մը՝ վատագոյն չարը։
Արդարեւ, հպարտութիւնը տիեզերական է։
Ինքնահաւանութիւնը, ինքնասիրութիւնը, գոռոզութիւնը, անձնահաճութիւնը հպարտութեան տարբեր արտայայտութիւններ են։ Ուստի, կը գտնուին «անձնական հպարտութիւն», «կրօնական հպարտութիւն», «մտաւորական հպարտութիւն», «գիտական հպարտութիւն», «ցեղային հպարտութիւն», «ազգային հպարտութիւն» եւ բազմատեսակ հպարտութիւններու ամբողջ խումբ մը։ Սակայն, Աստուած կ՚ատէ հպարտութիւնը։ Արդարեւ, հպարտութիւնը արհամարհանք, նախատինք եւ վիրաւորանք է մարդկային արժանապատուութեան՝ առանց նկատի առնելու անոր տեսակը։ «Ամէն սրտով հպարտները Տէրոջը առջեւ պիղծ են», կ՚ըսէ Առակախօսը. (ԱՌԱԿ. ԺԶ 5)։
Henry St. John-Lord Bolingbroke (1678-1751) կ՚ըսէ. «Հպարտութիւնը մարդուն մտքին մէջ պալար մըն է, որդ մը՝ անոր գանձին մէջ, ան բարեկամն է շողոքորթին, մայրը՝ նախանձին, դայեակը՝ բարկութեան, սատանաներուն՝ չարերուն մեղքը եւ մարդկութեան սատանան։ Ան կ՚ատէ գերադասները, կը ծաղրէ ստորադասները եւ ոչ մէկը իրեն հասարակակից կ՚ընդունի»։ Այս պատճառով է, որ Պետրոս առաքեալ ընդհանրական իր նամակին մէջ կը գրէ. «Բոլորդ ալ խոնարհաբար ծառայեցէ՛ք իրարու, որովհետեւ՝ ինչպէս Սուրբ Գիրքը կ՚ըսէ.- Աստուած հակառակ է ամբարտաւաններուն։ Մինչ խոնարհներուն շնորհք կու տայ։ Հետեւաբար Աստուծոյ հզօր ձեռքին տակ խոնարհեցէք, որպէսզի երբ յարմար ժամանակը գայ, ձեզ բարձրացնէ». (Ա ՊԵՏՐ. Ե 5-6)։
Խոնարհութիւնը մարդուն ամենամեծ եւ թանկագին բարոյական հարստութի՛ւնն է։
Խոնարհութիւնը՝ հակաթոյնն է հպարտութեան։
Ուստի, Պօղոս առաքեալ Փիլիպէի եկեղեցւոյ գրած իր նամակին մէջ դեղաթափը կու տայ այս չարութիւններուն համար։ Որպէս բացատրագիր ան կը ներկայացնէ, թէ խոնարհութիւնը ներդաշնակութիւն եւ համաձայնութիւն կը ստեղծէ, ինչ որ շատ կարեւոր է հոգեւոր կեանքի աճումին եւ արդիւնաբեր ծառայութեան համար. (ՓԻԼԻՊ. Բ 1-5)։ Պօղոս առաքեալ Քրիստոսի խոնարհութիւնը օրինակ բերելով կ՚ըսէ. «Ձեզմէ ամէն մէկը նոյն միտքը թող ունենայ, որ Քրիստոս Յիսուս Աստուծոյ կերպարանքը ունենալով իր մէջ, յափշտակութիւն մը չստիպեց Աստուծոյ համահաւասար, համագոյակից ըլլալը, հապա անձը ունայնացուց ծառայի կերպարանք առնելով՝ մարդոց նման ըլլալով եւ կերպարանքովը մարդոց պէս գտնուելով, ինքզինք խոնարհեցուց, մինչեւ մահուան հնազանդ եղաւ եւ այն ալ խաչին մահուանը». (ՓԻԼԻՊ. Բ 5-8)։
Ուրեմն, մենք պէ՛տք է Յիսուսի ցոյց տուած նոյն խոնարհ եւ անձնուէր հոգին ունենանք՝ Աստուծոյ հասնելու համար. ինչպէս նաեւ խոնարհ սիրտ մը եւ խոնարհ հոգի մը պէտք է ունենանք՝ Աւետարանով մարդոց հասնելու համար։ Յիսուս կ՚ըսէ. «Ու ձեզմէ ով որ առաջին ըլլալ կ՚ուզէ, թող անիկա ձեր ծառան ըլլայ, ինչպէս Որդին մարդոյ չեկաւ սպասաւորութիւն ընդունելու, հապա սպասաւորութիւն ընելու եւ իր կեանքը շատերու համար փրկանք տալու». (ՄԱՏԹ. Ի 27-28)։
Ինչո՞ւ հպարտ ըլլանք. ինչո՞ւ մենք յաճախ հպարտ դիրք, նախանձ եւ անհաճոյ ընթացք կ՚ունենանք մեր գործակիցներուն հանդէպ, երբ խոնարհութիւնը աւելի մարդավայել է…
Հպարտութիւնը կը մղէ մեզ պարծենալու մեր անձին արժանիքովը երբ մենք անարժա՛ն ենք…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024