ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ ԱՅԼԱՍԵՐՈՒՄԸ
«British Weekly»ի երբեմնի մեծահամբաւ խմբագրին՝ Dr. Nicolson-ի, օր մը սոփեստացեալ երիտասարդ մը ներկայացաւ եւ ըսաւ. «Ձեզի հետ Աստուծոյ մասին տեսակցիլ կը փափաքիմ»։ Մինչ ակռաներուն տակ խոշոր սիկառ մը սեղմած էր…։ «Սիրո՛վ», պատասխանեց Dr. Nicolson եւ. «Բայց եթէ Աստուած պիտի ըլլայ մեր տեսակցութեան նիւթը, նա՛խ սա սիկառը բերնէդ հանելու ես»։
Ան ըսել ուզեց, որ Աստուծոյ հանդէպ պահանջուած պատկառալից դիրք եւ տրամադրութիւն նախնական եւ էական պայման է Աստուծոյ մասին խորհելու, Աստուած տեսնելու եւ հասկնալու, իւրացնելու համար։
Ոմանց բերնին մէջ ամէն սրբազան խորհուրդ եւ ճշմարտութիւն սոսկ ծամոցի պէս է։
Աղօթքը էապէս Աստուծոյ ներկայութեան խորունկ գիտակցութիւն կ՚ենթադրէ, եւ հաղորդակցութիւն այդ ներկայութեան հետ։ Բայց աղօթքն ալ շատերու համար անիմաստ, աննպատակ շաղակրատութեան մը վերածուած, կրկնութիւն մը կաղապարուած է բառերու մէջ պարունակութիւն չկայ. սոսկ ձայն եւ ծնծղայ։
Ոմանք աղօթք կ՚ընեն ինչպէս գաւաթ մը ջուր պիտի խմէին, նոյնքան անպատրաստութեամբ եւ անտարբերութեամբ։ Թէ՛ վատ եւ աղտոտ խորհուրդներու եւ զգացումներու ճահիճի մը մէջ թափառիլ եւ թէ նոյն ատեն Աստուծոյ երեսը տեսնել՝ անկարելի՛ է։
Ուստի, մեր այսօրուան քրիստոնէութեան յատկանշական այլասերումը անոր մէջ է որ կ՚ուզենք Աստուած վա՛ր քաշել եւ մեր կեցած մակարդակին վրայ, մեր քովը եւ մեզի հետ, կանգնեցնել։ Առանց վեր բարձրանալու մեր «հեթանոս կեանք»ին մակարդակէն՝ կ՚ուզենք Աստուծոյ տեսիլքը ունենալ, կամ «քրիստոնեա՛յ ըլլալ»։ Այսպէս՝ անկարելի՛ն է որ կը փորձենք, եւ դեռ նշան չկայ թէ կը զգանք թէ անկարելին է որ կը փորձենք։
Երբ պահ մը յուսահատութեան մատնուի մարդ որեւէ պատճառով, Աստուած անմիջապէս իր բարի խոստումներով կը հասնի։ Ան կը հասնի իր լուսազարդ կերպարանքով՝ ապագայ ապահովութեան վստահութեամբ։ Աստուած կը ներկայանայ գթալից Հօր մը նման՝ որ նոր յոյսերու, նոր ծրագիրներու, նոր կեանքի մը հաւաստիքն է։
Բայց որո՞ւ համար է խոստումը կամ հաւաստիքը։
Անոնց համար՝ որոնք աղէտներու փլատակին ներքեւ չեն թաղուիր, հապա՝ իրենց աչքերը վե՛ր կը բարձրացնեն եւ Աստուած կը փնտռեն եւ Անոր օգնութիւնը կը խնդրեն։
Այս աշխարհը՝ որուն վրայ կը բնակինք միայն դրախտ մը չէ՛, այլ նաեւ՝ տառապանքներու ձոր մը։ Այստեղ կայ վայելք, ժպիտ, հաճոյք, յաջողութին, զուարճութիւն, երջանկութիւն… բայց կայ նաեւ՝ ցաւ, վիշտ, կորուստ, յուսախաբութիւն, տխրութիւն, արցունք, ձախորդութիւն։ Ո՞ւր պիտի գտնենք, ո՞ւր պիտի փնտռենք որ գտնենք օգնութիւն, աջակցութիւն եւ առաջնորդութիւն երբ կը շլմորինք, կը մոլորինք, կը սայթաքին մեր ոտքերը, եւ կամ երբ սեւ սեւ ամպերը կը կուտակուին եւ հետզհետէ կը պատեն երկինքը՝ մեր գլխուն վերեւ, երբ հազարումէկ վախերու, մտահոգութիւններու եւ կասկածներու վիհի մը մէջ կը գլորինք, կը գլտորինք, երբ մեր ֆիզիքական տունը կը քայքայուի, բարոյական տունը՝ ընտանիքը կը ցրուի, երբ միս մինակ կը մնանք՝ անօգնական եւ վհա՛տ։
Ան որ Աստուծոյ կը յուսայ՝ չամչնար։
Վե՛ր նայինք Վեհագոյնը տեսնելու՝ յաւիտենականութի՛ւնը։
Աստուած միշտ հաւատարիմ է մարդուն հետ կնքուած ուխտին, զանոնք մոռցողը եւ անհաւատարիմ եղողը մե՛նք ենք դժբախտաբար։ Աստուած իր ուխտը վերահաստատեց իր Որդին մեզի ղրկելով իբրեւ սիրոյ եւ խաղաղութեան դեսպան։ Եւ ինչպէ՞ս կրնանք տարակուսիլ Աստուծոյ մը վրայ՝ որ «այնքան սիրեց աշխարհը մինչեւ իր Միածին Որդին տուաւ որպէսզի ամէն ո՛վ որ հաւատայ անոր փրկուի…»։
Տիեզերքի մէջ մարդկային փորձառութիւններէն եւ ոչ մէկը վճռական կամ վախճանական է։ Մեզի ի՛նչ որ պատահի երկրորդական նշանակութիւն մը ունի որքան ատեն որ Աստուած կայ եւ կը մնայ իր իմաստութեամբը, բարութեամբը եւ վեհապետական անպարտելի զօրութեամբը։ Աստուծոյ վստահիլ, Աստուծոյ ապաւինիլ կեանքը լեցուն ապրիլ կը նշանակէ։ Ան որ Աստուած ունի՝ ամէն ինչ ունի՝ երբ ոչինչ ունի…
Երբ վե՛ր կը նայինք, կը տեսնենք երկինքը։ Երկինքը խորհրդանիշն է քրիստոնէական հաւատքին անսասան հիման թէ «Աստուած Սէր է» եւ Յիսուս Քրիստոս՝ յայտնութիւնը եւ հաստատութիւնը այդ սիրոյն…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 18 2022, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024