ՆՈՐ ԷՋ, ՆՈՐ ՍԿԻԶԲ
Ժամանակի ընթացքին հասանք այն եզրակացութեան, թէ այնպէս ինչպէս սէրերը հեքիաթներուն համար ստեղծուած են, նոյնպէս ալ Նոր տարին ստեղծուած է միայն մանուկներուն համար եւ կամաց-կամաց մեծահասակներուս համար իր գոյնը սկսած կորսնցնել: Անցեալին երջանկութիւն պատճառող երփներանգ լոյսերը աղօտ ու տարտամ յիշատակ մը ըլլալ կը թուին եւ նորին երջանկութիւնը գացողին տխրութեան հետ միախառնելով կը ստեղծեն տօնական օր մը՝ այն յոյսով, թէ նորը այնքան անարդար չըլլայ՝ ինչքան որ էր հինը: Կաղանդը դուրս գալով իր անմեղ ու պարզուկ շապիկէն՝ ժամանակի ընթացքին դարձաւ անցնող 365 օրերուն համար նախատեսուած հաշուետուութեան օր մը, ուր արդիւնքը մի՛շտ ժխտական դուրս կու գայ:
Այս տրտմութիւնը կը պատէ մեզ, որովհետեւ նորին բերելիքները անյստակ, սակայն հինին տարածները յստակ են մեզմէ իւրաքանչիւրին համար։ Այդ հինը մեզմէ իւրաքանչիւրին համար խաղ ու ժպիտով չանցաւ, սակայն մարդ արարածի բնութեան մաս կը կազմէ յոյսով ապրիլ, այդ իսկ պատճառով մարդոց մէջ եղած է սովորոթիւն եւ նախապաշարում, թէ տարուան փոփոխութիւնը կրնայ աւելի լաւատես ու պայծառ ապագայ մը գծել մեզմէ իւրաքանչիւրին կեանքին մէջ:
Սակայն ի՞նչ կարելի է յուսալ 2023 թուականէն։ Պետութիւններու միջեւ խաղաղութեան եւ ապահովութեան խնդիրները լուծման մը պիտի յանգի՞ն, պետութիւններ իրենց շահերուն համար պիտի շարունակե՞ն անմեղ քաղաքացիները զոհ դարձնել իրենց քաղաքական խամաճիկութիւններուն, ժամանակէ մը ի վեր անհետացած խիղճը դարձեալ ծնունդ պիտի առնէ՞ մարդոց սիրտերուն եւ հոգիներուն մէջ, մարդը մարդուն ո՛չ թէ իր սեփական շահերուն համար, այլ պարզապէս մա՛րդ եւ արիւնակից ըլլալուն համար պիտի սիրէ՞, թուաբանական հաշիւներէ դուրս գտնուող հարստութեան տէր մարդոց սիրտն ու գութը պիտի շարժի՞ մինչեւ օրս անօթութեան պատճառով մահացող մանուկներուն նկատմամբ, վերջ պիտի գտնե՞ն ոճիրներն ու չարագործութիւնները… Եթէ ո՛չ, ապա ի՞նչ Նոր տարի, ո՞ւր է անոր նորութիւնը: Եթէ մարդը պիտի չի փոխուի, ի՞նչ նշանակութիւն կրնայ ունենալ «2»ին «3» ըլլալը, որ ժամանակ մը ետք իր տեղը պիտի զիչի «4»ին՝ նոյն յոյսերով ու նոյն ակնկալութիւններով:
Դառնութիւն եւ խաւար կարելի է միայն տեսնել ակնարկ մը նետելով մեր անցած ճամբուն թէ՛ անհատապէս եւ թէ՛ ազգովի: Անցեալին էր, որ նոր տարուան համար յուսալի, լաւատես ու գօտեպնդիչ խօսքեր գրի կ՚առնէինք, որովհետեւ կ՚ուզէինք հաւատալ այն լաւատեսութեան սուտին, կ՚ուզէինք մենք զմեզ համոզել, թէ իրապէս եկող նորը պիտի մոռցնել տայ հինին ցաւերը եւ ամբողջութեամբ նոր մը գծագրէ մեր առջեւ։ Սակայն մարդ արարածը ժամանակ մը ետք յուսալէն ալ կը յոգնի: Որոշ ժամանակ կը կարծէի, թէ տարեցները նոր տարուան գիշերը նոյնիսկ կանուխ անկողին կը մտնեն եւ այդ մէկը հետեւանքն էր իրենց տարիքին, սակայն ժամանակ մը ետք սկսայ անդրադառնալ, որ ժամանակին տուած յոգնութենէն աւելի՝ նորին բերած յուսահատութիւնն է, որ այդ «կախարդական» օրը կը վերածէ պարզ օրի մը, ուր յուսալու փոխարէն մաղթանք ընելը աւելի տրամաբանական կը սկսի թը-ւիլ: Տասնամեակ մը ետք, հաւանաբար, մեզի համար ալ ամբողջութեամբ սովորական ու պարզ օրի մը պիտի վերածուի Կաղանդը, որովհետեւ տարուէ տարի անոր բերած յուսախաբութիւնը տեսնելով՝ պիտի սկսինք չյուսալ:
Կա՞յ աւելի երանելի ժամանակ՝ քան մանկութիւնը։ Այսօր մեզմէ ո՞վ պիտի չուզեր վերադառնալ այն օրերը, երբ «Կաղանդ պապուկ»ը իրականութիւն էր տակաւին, ուր ամէն ինչ լաւատես, ջինջ ու աննենգ էր: Վերդառնալ հոն, ուր տակաւին զգացումներն ու նայւածքները անմեղ էին, սէրերը՝ ճշմարիտ:
Վերոյիշեալ բոլորը մտաբերելով կ՚ուզեմ համեմատական մը կատարել տարիներ առաջ եղած Կաղանդին եւ ներկայ Կաղանդներուն միջեւ, ուր տան մէջ Կաղանդի մթնոլորտը աւելի ճոխ, հարազատներու կապուածութիւնը աւելի ամուր եւ երջանկութիւնը աւելի անկեղծ ու իսկական էր:
Տարիներու փոփոխութիւնները բոլորս ալ կը զգանք, սակայն կ՚անգիտանանք, որ տարիներուն նման մեր մօտէն անվերադարձ կ՚անցնին նաեւ մեր վայրկեաններն ու ժամերը եւ անոնց յառաջխաղացումով է, որ տարին կը փոխուի եւ չես գիտեր ի՜նչ առեղծուածով անցնող մէկ տարուան համար կը նեղուինք՝ անգիտանալով բազմահարիւր ժամերուն անցնիլը։ Այդ ժամերն են, որ տարին կը կազմեն եւ շա՜տ աւելի տրամաբանական պիտի ըլլար տարուան փոխարէն գիտնալ ժամին եւ վայրկեաններուն արժէքը:
Ռաֆայէլ Պատկանեանի յայտնի բանաստեղծութիւնը սկիզբ կ՚առնէ «Երնէ՜կ»ով, որովհետեւ բանաստեղծը ի՛նք ալ կը գիտակցի, որ այդ բոլոր փափաքներն ու երազները այնքա՜ն հեռու են իրականութենէն, որ հրաշք մը միայն կրնայ կեանքի կոչել:
Նոր տարուան սեմին մեր սիրտը եւս լեցուն է «երնէ՜կ»ներով՝ գիտնալով հանդերձ անոնց իրականանալու անհնարին հաւանականութիւնը: Սակայն գիտնալով հանդերձ մեք զմեզ խաբելով պիտի շարունակենք կարդալ այդ «երնէ՜կ»ները՝ յոյս դնելով մեզ բազմիցս յուսախաբ ըրած այն խօսքին վրայ, թէ «յոյսը ամօթով չի՛ ձգեր» եւ կոյրերու պէս կ՚ուզենք հաւատալ, որ այս տարի այդ յոյսը իրապէս ամօթով պիտի չի ձգէ եւ կեանքի պիտի կոչուին բոլոր այն «երնէկ»ները, որոնք մարդը դէպի արդար, անվիշտ ու անցաւ ապագայ կ՚առաջնորդեն:
Նախորդ տարուան նոյն յուսախաբութիւնները ունենալու յոյսով՝ տարի մը ետք եւս հանդէս պիտի գանք նո՛յն «երնէկ»ներով, որոնք երբեք ալ իրականութիւն դառնալու յաւակնութիւն չունին:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Վաղարշապատ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024