ԿՐՕՆՔԻ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ

Ամէն հաստատութիւն կը ներշնչուի, նոյնիսկ լռելեայն, մարդուն եւ անոր ճակատագրին մասին տեսութենէ մը, որմէ կը քաղէ իր դատումին բաղդատութեան եզրերը, իր արժէքներուն դասաւորումը եւ իր ուղեգիծը։

Ընկերութիւնները մեծ մասամբ իրենց հիմնարկները կ՚առընչեն մարդոց իրերուն վրայ ունեցած որոշ մէկ գերիշխանութեան հետ։ Միայն աստուածայնօրէն յայտնուած Կրօնը յստակօրէն ճանչցած է Արարիչ եւ Փրկիչ Աստուծոյ մէջ ծագումը եւ ճակատագիրը մարդուն։ Եկեղեցին կը հրաւիրէ քաղաքական իշխանութիւնները առընչելու իրենց դատումները եւ որոշումները Աստուծոյ եւ մարդուն մասին ճշմարտութեան այս ներշնչումին հետ։ Ընկերութիւնները՝ որոնք կ՚անգիտանան այս ներշնչումը կամ կը մերժեն զայն Աստուծոյ հանդէպ իրենց անկախութեան եւ ազատութեան անունով, տարուած են իրենց բաղդատութեան եզրը եւ վախճանը իրենք իրենց մէջ փնտռելու եւ կամ փոխ առնելու գաղափարախօսութենէ (idéologique) մը, եւ քանի որ չեն ընդունիր որ բարիին եւ չարին շուրջ առարկայական (objectif) չափանիշ մը պաշտպանուի, ուստի մարդուն եւ անոր ճակատագրական վախճանին վրայ յայտարարուած եւ կամ քօղարկուած բռնատիրական իշխանութիւն մը իրենք իրենց կը վերագրեն, ինչպէս ցոյց կու տայ զայն պատմութիւնը։

Եկեղեցին, որ իր պաշտօնին եւ իր իրաւասութեան պատճառով ո՛չ մէկ կերպով ինքզինք կը շփոթէ քաղաքական հասարակութեան հետ, միանգամայն մարդկային անձին գերակայ նկատագրին նշանը եւ պահպանող պահակը կը հանդիսանայ։ Եկեղեցին կը յարգէ եւ կը հրահրէ քաղաքացիներուն քաղաքական ազատութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը։

Եկեղեցւոյ առաքելութեան կը պատկանի բարոյական դատում մը տայ նոյնիսկ քաղաքական մարզին հայող հարցերու շուրջ, երբ անձին հիմնական իրաւունքները կամ հոգիներուն փրկութիւնը զայն կը պահանջեն, օգտագործելով բոլոր եւ միայն այն միջոցները, որոնք Աւետարանին համապատասխան են եւ բոլորին բարիքին հետ ներդաշնակութեան մէջ են ըստ ժամանակներու եւ կացութիւններու տարբերութեան։

Մարդ պէտք է կարենայ կրօնը ազատօրէն դաւանիլ՝ առանձին եւ հրապարակաւ։

Աւելորդապաշտութիւնը շեղում մըն է պաշտամունքէն, զոր կ՚ընծայենք ճշմարիտ Աստուծոյ։ Ան կը յանգի կռապաշտութեան, ինչպէս նաեւ գուշակութեան եւ մոգութեան զանազան կերպերու մէջ։

Բոլոր մարդիկը պարտաւոր են փնտռել ճշմարտութիւնը, յատկապէս այն հարցերուն մէջ, որոնք կը հային Աստուծոյ եւ Եկեղեցւոյ, եւ զայն ճանչնալէ ետք, անոր փարիլ եւ անոր հաւատարիմ ըլլալ։ Այս պարտականութիւնը կը բխի նոյնինքն մարդոց բնութենէն։ Ան չի հակասեր անկեղծ յարգանքին այլազան կրօններու հանդէպ, որոնք յաճախ կը կրեն նշոյլ մը ճշմարտութենէն, որ կը լուսաւորէ բոլոր մարդիկը, ո՛չ ալ կը հակասէ սիրոյ պահանջքին, որ կը մղէ քրիստոնեաները սիրով, խոհեմութեամբ, համբերութեամբ վարուելու անոնց հետ, որոնք կը գտնուին սխալի կամ հաւատքին անգիտութեան մէջ։ Աստուծոյ վաւերական պաշտամունք մը մատուցանելու պարտականութիւնը կը վերաբերի մարդուն՝ անհատապէս եւ ընկերապէս։

Արդարեւ, կրօնքի ազատութիւնը, պէտք է հասկնալ խղճի ազատութիւն եւ մտքի ազատութիւն։ Մարդ ազատ է իր խղճին համեմատ ընտրելու, բայց այդ ընտրութիւնը իր հետ կը բերէ նաեւ՝ պատասխանատուութի՛ւն։ Ամէն ազատութիւն կարելի է վայելել իր փոխադարձ պատասխանատուութեամբ միայն։

Իսկ կրօնքի անկախութիւնը կ՚ենթադրէ՝ կրօնքին ուրիշ որեւէ աշխարհիկ հաստատութեան նկատմամբ ինքնավար եւ ազատ ըլլալը։ Եւ այս կը նշանակէ՝ աշխարհականացում. «Laïcisation», «Laïcisme», ինչ որ օտար չէ Քրիստոնեային. «Գացէ՛ք, ինչ որ կայսրին կը պատկանի՝ կայսրին տուէք եւ ի՛նչ որ Աստուծոյ՝ Աստուծոյ տուէք» (ՂՈՒԿ. Ի 25)։ Աշխարհականի անունին տակ հոս կը հասկցուի մարդկութեան ամբողջութիւնը՝ իր բոլոր հաստատութիւններով, բացի սուրբ Կարգի եւ Եկեղեցիէն ճանչցուած կրօնաւորական վիճակին պատկանող անդամներէն։

Աշխարհականի եւ կրօնաւորականի հասարակաց կէտն է՝ սէրը, ճշմարիտը եւ բարին։

Ուստի, կրօնական հարցին մէջ ո՛չ ոք պէտք է բռնադատուի իր խղճմտանքին դէմ գործելու, ո՛չ ալ արգիլւի արդար սահմաններու մէջ գործելու ըստ իր խղճմտանքին, անհատաբար թէ հրապարակաւ, առանձին թէ միասնաբար։ Այս իրաւունքը հիմնուած է նոյնինքն մարդկային անձին բնութեան վրայ, որուն արժանապատուութինը զինք ազատօրէն յարիլ կու տայ աստուածային ճշմարտութեան, որ գերիվեր է ժամանակաւոր կարգէն։ Այս իսկ պատճառով յիշեալ իրաւունքը կը գոյատեւէ նոյնիսկ անոնց մէջ՝ որոնք ճշմարտութիւնը որոնելու եւ անոր փարելու պարտաւորութինը չեն յարգեր։ Եւ այս իմաստով, կրօնական հարցին մէջ, ազատութեան իրաւունքը պէտք է միաժամանակ ճանչցուի եւ յարգուի, եթէ մասնայատուկ պարագաներու պատճառով իրաւական կարգով մը աշխարհականներ մասնակից ըլլան քաղաքացիական ծառայութեան կրօնական մարզէն ներս։ Կրօնական ազատութեան իրաւունքը եւ անկախութիւնը ո՛չ բարոյական արտօնութիւնն է յարելու սխալին, ո՛չ ալ սխալելու ենթադրեալ իրաւունք մըն է, այլ՝ մարդկային անձին բնական իրաւունքը՝ վայելելու քաղաքացիական ազատութիւնը, որ քաղաքական իշխանութեան կողմէ ճանչցուած արդար սահմաններուն մէջ արտաքին պարտադրանքէն զերծանումն է, կրօնական մարզին մէջ։ Այս բնական իրաւունքը պէտք է ճանչցուի ընկերութեան իրաւական կարգին մէջ, այն ձեւով որ ան քաղաքացիական իրաւունք մը գոյացնէ։

Ե դարուն, Gelasius Պապը ըսած է, որ Քրիստոսի Հօր Աստուծոյ կողմէ երկու սուսեր տրուած է. մին՝ աշխարհականացում, միւսը՝ կրօնաւորութիւն։ Gelasius Պապը այս հիման վրայ կը շարունակէ, թէ՝ սուսերներէն մին Պապին, իսկ միւսը Պետութեան՝ կայսրութեան կը պատկանի… (Gelasius-ին Սուսերները. տքթ. Էօնտէր Կիւնկէօր. ուսումնասիրութիւն)։ Եւ սակայն այս հակադիմութիւնը ներդաշնակել դարե՜րու կարօտած է դժբախտաբար…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունուար 31 2023, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Փետրուար 3, 2023