ՏՆՏԵՍԻ ԿԻՐԱԿԻ

Մեծ պահքի չորրորդ Կիրակին, Ճաշու ժամուն կարդացուած Աւետարանի հատուածին սկիզբը կը գտնուի «Տնտեսի առակ»ը (ՂՈՒԿ. ԺԶ 1-13)։

Արդարեւ, ուշագրաւ հատուած մըն է «Տնտեսի առակ»ը՝ իր բովանդակութեամբ, իմաստով եւ տուած դասով։ Եւ այս հատուածին պատճառով, Մեծ պահքի այս չորրորդ Կիրակին կոչուած է «Տնտեսի Կիրակի»։

Արտաքին երեւոյթով առակը ունի «գայթակղական» տեսք մը։ Բայց պէտք է նկատի ունենալ, թէ ո՛չ առակին արտաքին տեսքը եւ ո՛չ պատմուածքը կարեւոր է եւ էական, այլ՝ անոնց իմաստը եւ բարոյակա՛նը։ Առակին նպատակն է ցոյց տալ, թէ՝ ճարպիկութիւն, վարպետութիւն, հնարամտութիւն ունենալ նպատակի մը հասնելու համար անհրաժե՛շտ է։

Ընդհանրապէս նիւթական ակնկալութիւններով, անիրաւութեան միջոց կը համարուին այս յատկութիւնները, սակայն նոյն յատկութիւնը կարելի է գործածել արդար՝ նմանապէս բարի եւ աստուածահաճոյ նպատակներու համար։ Արդարեւ, անիրաւը կամ արդարը գործիքը չէ՛, այլ՝ գործածողը։ Եւ ուրեմն, արդարներն ալ պարտին ճարպիկ, վարպետ եւ հնարամիտ ըլլալ՝ որպէսզի կարենան հասնիլ իրենց բարի եւ արդար նպատակին։

Այս իմաստով, արդարամիտ, ուղղամիտ մարդիկ ալ պէտք է ճարպիկ ըլլան, որպէսզի արդարութիւնը եւ ուղղամտութիւնը կարենան կեանքի կոչել։

Ուրեմն ճարպիկութիւնը, հնարամտութիւնը եւ վարպետութիւնը արդար մարդուն ձեռքը, արդարութեան եւ բարութեան միջոցներ, գործիքներ կը դառնան, հակառակ այն ընդհանրացած կարծիքին թէ՝ ճարպիկութիւնը, հնարամտութիւնը եւ վարպետութիւնը անիրաւ գործերու եւ նպատակներու ծառայող միջոցներ են։ Արդարը եւ բարին պէտք չէ՛ չէզոք ըլլայ, քանի որ «չէզոք ըլլալ» անգործութիւն կը նշանակէ՝ անաշխատութիւն եւ ամլութի՛ւն։ Ուստի «բարի» մարդ մը եթէ բարի գործ մը չկատարէ, կարելի՞ է զայն իրապէս «բարի» կոչել, առանց բարեգործութեան։ Նոյնպէս «արդար» մէկը, եթէ արդարութիւնը գործի չվերածէ, արդարութիւնը որեւէ կերպով ցոյց չտայ, ի՞նչ արժէք կ՚ունենայ անոր «արդար» ըլլալը։

Արդարութիւն, բարութիւն եւ այլ առաքինութիւններ գործով է որ արժէք կը ստանան, այլապէս կը մնան պարզապէս «բառ»եր՝ որպէս զարդեր…։

Եւ ահաւասիկ առակին իսկական իմաստը եւ դասը այս գաղափարն է. արդարն ալ, բարին ալ պէտք է արդարութիւնը եւ բարութիւնը կեանքի կոչէ ճարպիկութեամբ, վարպետութեամբ, եւ հնարամտութեա՛մբ։

Արդարեւ, «Տնտեսի առակ»ը ունի նաեւ իմաստասիրական երեսակ մըն ալ, թէ՝ մարդ այս աշխարհի տնտեսն է, այսինքն զայն կառավարողը։ Ուստի, Աստուած, մարդը «տնտես» կարգած է աշխարհի, ազատ կերպով աշխարհը հարստացնելու, ճոխացնելու, աւելի բարի եւ օգտակար դարձնելու համայն մարդկութեան ի նպաստ։

Բայց ամէն ազատութիւն իր հետ ունի նաեւ պատասխանատուութի՛ւն։ Ուստի, մարդ իր ազատ տնտեսութեան, գործունէութեան փոխարէն, անխուսափելիօրէն պատասխանատուութիւն ունի։ Նկատի ունենալով «Տնտեսի առակ»ին սկզբունքը, իմաստը եւ ոգին, դրական եւ ուղղամիտ դատողութեամբ, մարդուս կ՚անդրադարձնէ իր պատասխանատուութիւնը՝ փոխարէն իր ազատութեան, ազատ կամքին եւ մանաւանդ իրենց վստահուած աշխարհի տնտեսութեան ուղիղ եւ արդար գործադրութեան մէջ…։

Այս իմաստով, ահաւասիկ, ինչպէս ամբողջ Մեծ պահքի շրջանը, «Տնտեսի Կիարկի»ն ալ առիթ մըն է ինքնամփոփման, ներհայեցողութեան, ինքնաքննութեան եւ մանաւանդ ինքնասրբագրութեա՛ն։

Ինքնասրբագրութեան յատկապէ՛ս, քանի որ մարդ կրնայ սխալիլ, կրնայ նպատակէն շեղիլ՝ իր բնական թերութիւններուն եւ մարդկային տկարութիւններուն՝ անկատարութեան պատճառով։

Աւետարանի մէջ «տնտես» բառով նկարագրուած է «լիազօր վարիչ»ի հանգամանքը՝ մատակարար, վերակացու, որուն վստահուած է հարստութեան մը խնամատարութիւնը եւ ազատօրէն տնտեսութիւնը, կառավարութիւնը։ Եւ ինչպէս կ՚երեւի, «տնտես»ը կարգուած եւ հիմնուած է իր պաշտօնին վրայ, եւ իրաւունք է տրուած անշուշտ, վարել իր պաշտօնը ցկեանս։

Ուրեմն, այս կէտին, կարեւորութիւն կը ստանայ «վստահութիւն» եզրը, քանի որ մէկու մը, պաշտօն մը յանձնելու նախապայմանը եւ սկզբնական պատճառը՝ վստահութի՛ւնն է։

Եւ խորհեցէ՛ք, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, այդ վստահութեան շահագործումը ո՜րքան կը ստորնացնէ մարդը, եւ ո՜րքան յուսախաբութեան կը մատնէ վստահողը։

Վստահութիւնը շա՜տ դիւրաբեկ է…։

Ուստի, վստահութիւնը անգամ մը որ խախտի, այլեւս անխուսափելի կը դառնայ անկումը, որուն կը յաջորդէ յուսախաբութեան վատ զգացումը՝ յուսալիք կ՚ըլլայ մարդ, եւ կը կորսնցնէ իր վստահութիւնը մարդու նկատմամբ, կը տարակուսի, կը վարանի վստահելու, հաւատալու անկեղծութեանը բոլոր անոնց նկատմամբ՝ որոնք կը գտնուին իր շուրջը։ Եւ այս իմաստով՝ անվստահութիւնը աւելի զօրաւոր զգացում մը, աւելի ընդհանրացած մտածում մը կ՚ըլլայ, քան վստահութիւնը։

Եւ ահաւասիկ, վստահութիւնը պահելու համար մարդ պէտք է անկե՛ղծ ըլլայ եւ անշուշտ գործէ եւ գործածէ իր իրաւասութիւնները բարի եւ արդար նպատակներու համար՝ ճարտարութեամբ, հնարամտութեամբ եւ վարպետութեամբ, առանց շեղելու իր բարի եւ արդար նպատակէն, առանց շահագործելու իրեն վստահուած տնտեսութիւնը, քանի որ վստահութիւնը խախտել կը նշանակէ ամբողջ կեանքը խորտակել, քանդե՛լ։ Ուրեմն, մարդ ուշադրութեամբ, ճարտարութեամբ, վարպետութեամբ պէտք է գործածէ իրեն վստահուած ամէն տնտեսութիւն՝ պատասխանատուութեան ամբողջական եւ առողջ գիտակցութեա՛մբ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետրուար 26, 2018, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Մարտ 3, 2018