ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐՆԵՐ

Մարդ­կա­յին կեան­քին մէջ միշտ կան հա­կա­պատ­կեր ե­րե­ւոյթ­ներ, հա­կադ­րու­թիւն­ներ եւ ի­րե­րա­մերժ ա­րարք­ներ։ Այն որ ու­շադ­րու­թեամբ կը դի­տէ կեան­քի ա­մէն մէկ ե­ղե­լու­թիւն, կը տես­նէ, թէ հոն կա՛ն ա­մե­նէն մե­ղա­պարտ, աղ­տոտ եւ ստո­րին ա­րարք­ներ եւ նաեւ՝ ա­մե­նէն մա­քուր, բա­րի եւ ազ­նիւ ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ, նոյ­նիսկ նոյն ան­ձին կող­մէ՝ տար­բեր ժա­մա­նակ­նե­րու կամ շրջան­նե­րու մէջ ի­րա­գոր­ծուած։

Կեան­քը, հա­կադ­րու­թիւն­նե­րու հրա­շա­լի՜ հա­մադ­րու­թիւն մը, ներ­դաշ­նա­կու­թիւն մըն է՝ ո­րուն դե­րա­կա­տար­նե­րը մար­դիկ են, ե­թէ հա­մա­րուի ա­նի­կա բե­մադ­րու­թիւն մը։

Ար­դա­րեւ, բա­րին ու չա­րը, մա­քու­րը եւ աղ­տո­տը, օգ­տա­կա­րը եւ վնա­սա­կա­րը, սե­ւը եւ ճեր­մա­կը միշտ միա­տեղ, միշտ հա­մըն­թաց են կեան­քի մէջ՝ ուր նա­խընտ­րու­թիւն մը ը­նե­լու պար­տա­ւո­րու­թեան մէջ կը գտնուի մարդ։

Ըն­կե­րա­յին կեան­քի մէջ ալ այդ­պէս չէ՞. ո­մանք յա­ռաջ­դի­մու­թեան մէջ կը գտնուին, իսկ ո­մանք, չը­սե­լու հա­մար յե­տա­դի­մու­թեան մէջ, ա­ւե­լի պահ­պա­նո­ղա­կան կե­ցուածք մը կը ցու­ցա­բե­րեն ա­մէն բա­րեշրջ­ման, բա­րե­փո­խու­թեան հան­դէպ։ Բայց թէ՛ յե­տա­դէ­մը եւ թէ յա­ռա­ջա­դէ­մը միշտ քով քո­վի կ՚ըն­թա­նան եւ միա­տեղ կ՚ապ­րին կեան­քը։ Եւ կա­րե­լի չէ զա­նա­զա­նել ա­նոնք ներք­նա­պէս, քա­նի որ եր­կուքն ալ ի վեր­ջոյ ար­տաք­նա­պէս նոյն «մարդ»ն են։ Ուս­տի մար­դուն ան­փո­փոխ նկա­րա­գի­րը եւ յատ­կու­թիւնն է «մա՛րդ» ըլ­լալ՝ մարդ­կու­թիւն, որ հա­սա­րակ նկա­րա­գիր մը, բնա­ւո­րու­թիւն մըն է բո­լոր մար­դոց հա­մար, անխ­տիր։

Մարդ կրնայ յա­ռա­ջա­դէմ ըլ­լալ, կրնայ ըլ­լալ նաեւ՝ յե­տա­դէմ, կրնայ նա­խընտ­րել լոյ­սը, լու­սա­ւո­րը եւ կրնայ ա­խոր­ժիլ մու­թէն, խա­ւա­րէն, բայց ու­նին հա­սա­րա­կաց կէտ մը՝ «մարդ» ըլ­լալ՝ բա­նա­ւոր եւ ա­զատ կամ­քի տէր էա՛կ մը ըլ­լալ։ Եւ այս պատ­ճա­ռով, մար­դիկ, հա­ւա­սա­րու­թեան, ար­դա­րու­թեան ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րով օժ­տուած՝ կը ջա­նան ներ­դաշ­նա­կել կեան­քի ա­մէն տե­սակ հա­կադ­րու­թիւն­նե­րը, հա­կա­պատ­կեր ե­րե­ւոյթ­նե­րը, ո­րոնք ան­պա­կաս են կեան­քի մէջ։

Երբ կը խորհր­դա­ծենք կեան­քի հա­կա­պատ­կեր ե­րե­ւոյթ­նե­րու եւ մար­դոց հա­կա­դիր ա­րարք­նե­րուն վրայ, պէտք է ծան­րա­նալ եր­կու կէ­տե­րու վրայ։

Յո­ռի ա­րարք մը կամ գործ մը եւ կամ ե­րե­ւոյթ մը միշտ ընտ­րու­թեամբ, գի­տակ­ցու­թեամբ կա­տա­րուած չա­րու­թեան մը, չա­րամ­տու­թեան հե­տե­ւան­քը չէ՛, եւ ա­մե­նէն ազ­նիւ, ե­րե­ւու­թա­պէս բա­րի եւ օգ­տա­կար ա­րար­քը կամ գործն ալ ան­պայ­մա՛ն բարձր շար­ժա­ռիթ­նե­րու ար­դիւնք չէ՛. կան թէ՛ ազ­դակ­ներ եւ թէ՛ պատ­ճառ­ներ, ո­րոնց ար­դիւն­քը ակն­կա­լուած կամ մտադ­րուա­ծէն բո­լո­րո­վին տար­բեր հե­տե­ւանք­ներ կ՚ու­նե­նան։ Ուս­տի կան ազ­դակ­ներ, ո­րոնք կ՚ե­ղա­նա­կա­ւո­րեն այս կար­գի ա­րարք­ներ, զոր օ­րի­նակ, «ար­դար» ըլ­լա­լու հա­մար, հարկ կ՚ըլ­լայ եր­բեմն մէ­կուն դա­տա­պար­տու­թե­նէն եւ միւ­սին ար­ժա­նի­քէն բա­ւա­կան բան զեղ­չել։

Քա­ղա­քա­կան օ­րէն­քը, ընդ­հան­րա­պէս նկա­տի կ՚առ­նէ գոր­ծուած ա­րար­քը՝ այն որ գործ­նա­կա­նի վե­րա­ծուած է եւ այդ ուղ­ղու­թեամբ կը դա­տէ, ուս­տի եւ են­թա­կան կը դա­տա­պար­տէ կամ ան­պարտ կ՚ար­ձա­կէ։

Եւ սա­կայն, քա­ղա­քա­կան օ­րէն­քէն զատ կան նաեւ բա­րո­յա­կան օ­րէնք­ներ եւ խիղճ։ Ար­դա­րեւ, բա­րո­յա­կան օ­րէնք­նե­րը կը դա­տեն այն ա­րարք­նե­րը՝ ո­րոնք սխալ են, վնա­սա­րար են, բայց չեն սահ­մա­նուած որ­պէս «յան­ցանք» քա­ղա­քա­կան օ­րէնք­նե­րու մէջ։ Բա­րո­յա­կան օ­րէնք­նե­րը նիւթ ու­նին ան­հատ­նե­րու ա­րարք­նե­րը՝ ըն­կե­րու­թեան մէջ, հա­սա­րա­կաց զգա­ցում­նե­րով եւ մտա­ծո­ղու­թեամբ սխալ հա­մա­րուած։

Իսկ խիղ­ճը, այս հրա­շա­լի՜ ներ­քին դա­տա­ւո­րը, բո­լո­րո­վին ան­հա­տա­կան է, իւ­րա­քան­չիւր ան­հա­տի յա­տուկ անձ­նա­կան ար­դար դա­տա­ւոր մը՝ որ նախ կը զգու­շաց­նէ եւ յե­տոյ կը դա­տէ  ու կը դա­տա­պար­տէ ան­ձը՝ ինքն ի՛ր մէջ, իր նե­րաշ­խար­հին սահ­ման­նե­րուն մէջ։

Ար­դա­րեւ, բա­րո­յա­կան օ­րէն­քը եւ խիղ­ճը՝ ա­րար­քի մը ար­դիւն­քէն ա­ւե­լի՝ ա­նոր շար­ժա­ռի­թին կա­րե­ւո­րու­թիւն կ՚ըն­ծա­յեն եւ նկա­տի կ՚առ­նեն մա­նա­ւա՛նդ խոր­հուր­դի եւ զգա­ցու­մի այն «զսպա­նակ»ը՝ որ շարժ­ման մէջ կը դնէ են­թա­կա­յին կամ­քը եւ կիր­քը եւ ա­նի­կա գոր­ծի կը վե­րա­ծէ, կը գոր­ծադ­րէ։ Այս ի­մաս­տով, բա­րո­յա­կան օ­րէն­քը եւ խիղ­ճը կը հե­տաքրք­րուին ո՛չ միայն ար­դիւն­քով, այլ նաեւ՝ պատ­ճառ­նե­րով եւ ար­դիւն­քը պատ­րաս­տող շար­ժա­ռիթ­նե­րով։ Եւ այս իսկ պատ­ճա­ռով, ա­նոնք կան­խար­գե­լից եւ նա­խազ­գու­շա­կան հան­գա­մանք ու­նին յան­ցանք մը կան­խե­լու տե­սա­կէ­տէ, ա­ւե­լի քան քա­ղա­քա­կան օ­րէն­քը, որ կը հե­տաքրք­րուի եւ շարժ­ման կ՚անց­նի միայն ա­րար­քի մը գո­յու­թեան ա­տեն, այ­սինքն ար­դիւն­քի պա­րա­գա­յին կամ հանգ­րուա­նին։ Քա­ղա­քա­կան օ­րէն­քը չի հե­տաքրք­րուիր խոր­հուր­դով, որ­քան ա­տեն, որ ան գոր­ծի չվե­րա­ծուի։

Բայց խոր­հուրդ-խօսք-գործ գի­ծին վրայ, ա­մէն մէ­կը նկա­տի ու­նե­նա­լով, ու­րիշ խօս­քով՝ պատ­ճառ-ար­դիւնք յա­րա­բե­րու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւն ըն­ծա­յե­լով, այս կշի­ռով չա­փուած դա­տա­պար­տու­թիւ­նը կամ վար­ձատ­րու­թիւ­նը, այ­սինքն՝ հա­տու­ցու­մը ա­ւե­լի՛ ար­դար դրոշմ կը կրէ։ Թէեւ պատ­ժա­կան օ­րէնք­նե­րու մէջ «պատ­ճառ»ի եզ­րը մաս­նա­կի դեր մը կը խա­ղայ, բայց ո՛չ այն­քան՝ որ­քան բա­րո­յա­կան օ­րէն­քը եւ մա­նա­ւանդ խի՛ղ­ճը։ Ուս­տի պատ­ժա­կան օ­րէն­քով կրնայ մէ­կը ան­պարտ ու ան­պա­տիժ ար­ձա­կուիլ, բայց խիղ­ճով կը մնայ միշտ դա­տա­պար­տեա՛լ։

Ա­հա­ւա­սիկ, հա­կա­պատ­կեր կշիռ­ներ, կամ յա­րա­կար­ծիք­ներ կրնան յայտ­նուիլ մարդ­կա­յին կեան­քին մէջ մա­նա­ւանդ երբ նկա­տի առ­նուի ա­նոր աշ­խար­հա­յին եւ հո­գե­ւոր կեան­քը, կամ ար­տա­քին աշ­խար­հի եւ նե­րաշ­խար­հի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։

Ուս­տի օ­րէն­քին հա­տու­ցու­մը՝ պա­տիժ է, իսկ խղճին հա­տու­ցու­մը՝ խղճա­հա­րու­թիւն, խղճի խայթ ու տան­ջա՛նք։ Պա­տի­ժը ժա­մա­նա­կա­ւոր է, ո­րոշ չափ մը ու­նի, բայց խղճա­հա­րու­թիւ­նը ան­ժա­մա­նակ է՝ մարդս կը տան­ջէ մին­չեւ վերջ։

Այս­պէս մարդ­կա­յին ա­ւե­լի լայն մտա­ծո­ղու­թիւն մը եւ ա­ւե­լի նրբազն­նին խիղճ մը կ՚ար­դա­րաց­նեն եր­բեմն քա­ղա­քա­կան օ­րէն­քին դա­տա­պար­տա­ծը, եւ փո­խա­դար­ձա­բար, այս օ­րէն­քին ան­պարտ ու ան­պա­տիժ ար­ձա­կա­ծը կը դա­տա­պար­տէ բա­րո­յա­կան օ­րէն­քը։

Այս հա­կա­պատ­կե­րէն հե­տեւց­նե­լով, կրնանք ը­սել, թէ լաւ եւ օգ­տա­կար ա­րարք­ներ ան­պայ­ման բարձ­րա­գոյն գա­ղա­փա­րի մը, նուի­րու­մի մը կամ զո­հո­ղու­թեան ար­դիւնք չե՛ն։ Ուս­տի անձ­նա­կան, են­թա­կա­յա­կան շար­ժա­ռիթ­ներ, ա­նարգ նկա­տում­ներ կրնան ներ­կա­յա­նալ որ­պէս օգ­տա­կար գոր­ծու­նէու­թիւն­ներ եւ շող­շո­ղուն բա­րե­գոր­ծու­թիւն­ներ։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ, այս­տեղ ալ կը դի­մա­ւո­րուինք խոր­հուր­դի եւ գոր­ծի, պատ­ճա­ռի եւ ար­դիւն­քի ան­հա­մա­ձայ­նու­թեան։

Ո՞ր մէ­կը նա­խընտ­րել՝ ա­հա­ւա­սիկ խղճի գործն է, ո­րուն պէ՛տք է անդ­րա­դառ­նալ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապ­րիլ 22, 2017, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Մայիս 3, 2017