ԿԵՆԴԱՆԻՆԵՐ ԱՒԵԼԻ ԵՐՋԱՆԻԿ՝ ՔԱՆ ՄԱՐԴԻԿ
Այս հաստատումը թող զարմանալի չթուի, սակայն աշխարհի վրայ անասունները աւելի երջանիկ կ՚ապրին՝ քան մարդիկ, որովհետեւ փաստացիօրէն մարդ արարածը անասունի հանդէպ աւելի գութ ունի, քան իր նմանին հանդէպ: Մեր օրերուն, փողոցը ապրող կատուն ու շունը աւելի կուշտ կը թափառին, քան մայթերու անկիւնները իրենց գոյութիւնը քաշքշող անտունները:
Համաշխարհային մամուլը գրեթէ օրական դրութեամբ կը բարձրաձայնէ Ափրիկէի մէջ անօթութեան պատճառով մահուան հետ դէմ յանդիման եղող բազմահազար մարդոց գոյութեան մասին, մինչ միւս կողմէ կը կարդանք, թէ մեծահարուստներ մեծամեծ գումարներ կը նուիրաբերեն անասուններու իրաւունքները պաշտպանող հաստատութիւններու:
Յաճախ անասուններու իրաւունքները պաշտպանողներու հետ նոյն հարցին շուրջ կը վիճիմ. անասուններու հանդէպ ատելութիւն մը չունիմ, սակայն համոզուած եմ, թէ մարդ արարածը աւելի՛ առաջնահերթ է՝ քան անասունը: Տակաւին ամիս մը առաջ Միջազգային ազգերու կազմակերպութիւնը (United Nations) կը յայտարարէր, թէ Ուկանտայի, Եթովպիոյ, Սոմալիի եւ Սուտանի մէջ աւելի քան 129 հազար մարդ մահուան դէմ յանդիման կը գտնուի եւ ցաւ ի սիրտ, սակայն ճշմարտութիւն է, թէ շա՜տ շատերու համար իրենց տուներուն եւ կամ բակերուն մէջ ապրող շուն-կատուները աւելի յարգի ու կարեւոր են, քան օրական դրութեամբ մահացող անօթի մանուկ-պատանիները:
Հաւատաք թէ ոչ, աշխարհի վրայ գոյութիւն ունի անասուններու իրաւունքներ եւ օրէնքներ.-
Ա.- Պէտք չէ փորձեր կատարուին անասուններու վրայ.- յայտնի բան է, թէ նոր դեղեր ու փորձարկումներ մարդ արարածը կենդանիներու վրայ կը կատարէ: Անասուններուն վրայ փորձարկումները արգիլողները երբեւէ անդրադարձա՞ծ են այն հարցին, որ այսօր աղքատ երկիրներու մէջ մարդիկ կը յօժարին փորձարկումներու ենթարկուիլ՝ պարզապէս օրուան հացի դրամ մը շահելու համար: Կ՚անդրադառնա՞ն այն հարցին, որ այսօր մարդիկ կը յօժարին իրենց մարմնական անդամները մինչեւ իսկ արիւնը ծախել՝ օրուան հաց ապահովելու համար:
Բ.- Սնունդի, հագուստի եւ կամ դեղօրայքի համար անասուններ պէտք չէ սպաննել.- անասուններուն ապրելու իրաւունքը պաշտպանողները երբեւէ կ՚անդրադառնա՞ն, թէ քարիւղի, կազի եւ անիմաստ բաներու համար մանաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ բազմաթի՜ւ մանուկներ, պատանիներ, մեծահասակներ ու անմեղներ կը զոհուին: Անասուններուն մորթերը որպէս հագուստ օգտագործողներուն դէմ եղողները երբեւէ մտածա՞ծ են, որ Ափրիկէի մէջ բազմաթի՜ւ մանուկներ ոտաբոպիկ ու մերկ կը թափառին:
Գ.- Անասունները պէտք չէ ենթարկել ծանր աշխատանքներու.- անասուններու համար այս օրէնքը պաշտպանողները երբեւէ կը մտածե՞ն, թէ Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի երկիրներու մէջ աղքատութեան պատճառով դպրոց ու դաս ձգած պատանիներ իրենց տարիքէն վեր գործերու մէջ իրենց կեանքը կը մաշեն: Միթէ անասունին յոգնութենէն առաջնահերթ չէ՞ վտանգաւոր փողոցներու վրայ թաշկինակ ծախել փորձող մանուկներուն ճակատագիրը:
Ցաւ ի սիրտ, նոյնիսկ ականատես եղած եմ, որ աղքատի մը կտոր մը հաց չտուող անձեր, մեծ գումարներ մսխած են իրենց շուներուն «առողջութեան» համար. տեսած եմ, թէ ինչպէս շան յօրանջելը տարօրինակ գտնող անձեր աճապարած են իրենց շան բժիշկները տեսնելու. դուք որպէս մարդ անհատներ անհատական բժիշկներ ունի՞ք չէ ոչ՝ չեմ գիտեր, սակայն կրնաք վստահ ըլլալ, որ գրեթէ ամէն շուն ու կատու ունի իր անհատական բժիշկը, որովհետեւ անոնց առողջութիւնը աւելի առաջնահերթ է՝ քան նմանինը:
Ցաւալի է տեսնել աղքատներու եւ անօթիներու հանդէպ անտարբերութեամբ, նախատինքով ու վիրաւորանքով ապրող մարդկութիւն մը, որ գութով ու կարեկցանքով կը մօտենայ փողոցի անասուններուն:
Յաճախ մարդիկ հպարտութեամբ կը բարձրաձայնեն շան հաւատարմութիւնը. այո՛, շունը աւելի հաւատարիմ է քան մարդը, որովհետեւ մարդ աւելի սէր ու գորով ունի շունին հանդէպ՝ քան մարդուն:
Պէտք է մարդ արարածին համար առաջնահերթ ըլլայ իր նմանին վիճակը եւ մարդկութեամբ մեր մարդկային հարցերը չլուծած պէտք չէ առաջնահերթութիւն տալ անասուններուն, որովհետեւ չի կրնար սատկող շուն մը աւելի կարեւորութիւն ներկայացնել՝ քան մեռնող մանուկները: Աշխարհը կարծես աչքերը փակած ըլլայ Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի մէջ տիրող կացութեան ու բան մը չեղածի պէս փողոցները անասուններու համար արդարութիւն կը պահանջեն:
Պարզապէս մեղա՜յ մարդութեան:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -232-
Հալէպէն Հայաստան հաստատուած մեծահարուստ մարդ մը կը ճանչնանք. մայրը մահացած ժամանակ իրենց որպէս ժառանգ ձգած է շուն մը, որ իր մօրը յիշատակին արքայական կեանք մը կը վայելէ:
Առիթով մը այցելութեան գացինք եւ տեսանք, թէ շունը անտարբերութեամբ թանկարժէք նստարաններուն վրայ պառկած կահոյքի կաշիները կը ճանկռտէ: Հայրս սխալմամբ շունը նստարանին վրայէն հեռացնել փորձեց. մեծահարուստը վիրաւորուած խնդրեց, որ շան հանգստութիւնը չխանգարենք. շունը իրաւունք ունի այդ տան մէջ իր ուզածը ընելու՝ որովհետեւ վերջապէս մօր յիշատակն է: Այդ շունը, շատ մը մարդոց ապրած կեանքէն շա՜տ աւելի հանգիստ ու հարուստ կեանք մը կ՚ապրի:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024