ՍՈՒՐԲ ԳՐՈՑ ՄԷՋ ԲՈՅՍԵՐ - Ե -
Սուրբ Գիրքի մէջ յիշուած ծաղիկներու մասին ամփոփ տեղեկութիւններ տալ կը շարունակենք։ Սաղմոսաց գիրքին մէջ Սաղմոսերգուն կ՚ըսէ. «Արդարը արմաւենիի պէս պիտի ծաղկի, Լիբանանի եղեւնիի պէս պիտի մեծնայ». (Սաղմոսաց ՂԲ 12)։ Կը տեսնուի, որ ծառերու եւ ընդհանրապէս բոյսերու յատկութիւնները շատ գեղեցիկ օրինակ են արդարին, այսինքն՝ բարեպաշտ մարդուն, բնաւորութեան, նկարագրին եւ օգտակարութեան։ Արդարեւ իւրաքանչիւր տունկ, բոյս կամ որեւէ ծառ խորհուրդ մը կը խորհրդանշէ Սուրբ Գիրքին մէջ եւ անոնց Սուրբ Գիրքի մէջ գործածութիւնը երբեք պատահական չէ՛։
Ուրեմն այս իրականութիւնը նկատի ունենալով՝ շարունակենք դիտել եւ ուսումնասիրել Սուրբ Գիրքի մէջ յիշուած բոյսերը, տունկերը, ծաղիկները եւ ծառերը, բոլորովին սեղմ սահմանի մը մէջ մնալով, եւ աւելին թողլով իրաւ մասնագէտներու՝ այս մասին գիտութիւնը խորացուցած, հմուտ, բանիմաց եւ գիտակ անձերու…։
45) ՈՊՆԻԱԶ.- «Ոպնիազ»ը սեւ փայտ է՝ «եբենոս». «ébène», «ebony», «ebony tree»։
Այս փայտը մեծապէս յարգի է եւ ընտիր՝ իր գոյնին եւ կարծրութեան համար։ Սուրբ Գիրքի մէջ՝ Եզեկիէլ ԻԷ 15 համարին յիշուած է։ Արեւելքի մէջ եւ մանաւանդ Սէյլան կղզիին մէջ մեծ առատութեամբ բուսնող տեսակ մը արմաւենիի միջին կարծր մասն է այս։
46) ՈՍՊ.- Տեսակ մը ունդ (=«grain»), որ կը գործածուի թան եւ կամ ապուր պատրաստելու։
Այս ընդեղէնը յիշուած է՝ Ծննդոց ԻԵ 34 եւ Բ Թագաւորաց ԺԷ 28 համարներուն մէջ։
47) ՈՐԹ կամ ԱՅԳԻ.- Խաղող տուող տունկ մըն է՝ որուն պարտէզին կամ պտղաստանին կ՚ըսուի, «այգի»։ «Որթ» կը նշանակէ նաեւ՝ որթի ճիւղերէն շինուած կողով։ Որթ կամ որթատունկ, ամէնուն ծանօթ տունկ մըն է եւ բոլոր Արեւելքի մէջ շատ յարգի է եւ ընտիր։ Ան կը բուսնէր Պաղեստինի դարաւանդներուն եւ բլուրներուն վրայ. (Եսայեայ Ե 1, Միքեայ Ա 6), կամ ցած գետնի վրայ. (Եզեկիէլ ԺԷ 5-6)։
Երբեմն շատ կ՚երկարին իր բարունակները, ուստի եւ խեչակներու (=խաղողի որթի յենարան) կամ ձողերու վրայ առնուելով հովանի կու տան. (Գ Թագաւորաց Դ 25)։ Այսպիսի հովանոցներ մինչեւ մեր օրերը կը գտնուին Արեւելքի մէջ, եւ «ձողաբարձ» (=«ասմալըք») կը կոչուին։ Սուրբ Գրոց մէջ որթի ազնիւ տեսակին նմանցուած են ազնուաբարոյ մարդիկ. (Երեմեայ Բ 21) եւ (Եսայեայ Ե 2), ինչպէս վատազգի, չարաբարոյ եւ անարգ մարդիկ նմանցուած են վայրի որթի. (Բ Օրինաց ԼԲ 32)։
48) ՈՐՈՄ.- Տեսակ մը սէզ կամ խոտ. (Մատթէոս ԺԳ 25) կը նմանի ցորենի, մանաւանդ երբ նոր բուսած է։ Որոմ. «ivraie», կը համարուի «պառակտումի հունտ»։ Ան կը նուազեցնէ գետնին հիւթը, եւ կու տայ վնասակար յատկութիւն ունեցող սերմ. (=delice)։
49) ՈՒՌԻ.- «Saule». գետեզրի վրայ կախուող ճիւղերով ծառ մըն է. (Յոբայ Խ 22) եւ (Եսայեայ ԽԴ 4) համարներուն մէջ յիշուած է։ Արեւելքի մէջ ծանօթ ծառ մըն է։ Հինէն ասոր ոստերը «ուրախութեան այլաբանական նշան» համարուած էին. (Ղեւտացիներ ԻԳ 40), բայց աւելի նոր ժամանակներու, նոյն ծառը, մանաւանդ «Արտասուող» կամ «Բաբելոնեան ուռի» կոչուած տեսակը՝ տրտմութեան եւ սուգի նշան համարուած է, թերեւս այն դէպքին պատճառաւ, որ կը յիշուի՝ (Սաղմոսաց ՃԼԷ 1-2) համարներուն մէջ. «Բաբելոնի գետերուն քով՝ հո՛ն կը նստէինք ու Սիոնը մտքերնիս բերելով կու լայինք։ Անոր մէջ՝ ուռիներուն վրայ կախեցինք մեր քնարները»։
50) ՉԱՄԱՆ.- «Չաման»ը համեմիչ բոյս մըն է. «քիմիոն»։ Յիշուած է. (Եսայեայ ԻԸ 25-27) համարներուն մէջ. արջնդեղի կը նմանի, սերմերը ունին դառնագին ջերմ համ, ծաղիկն համեմային է եւ աղով խառնուելով կը գործածուի իբրեւ համեմ կերակուրի։
Մալթա կղզիի բնակիչները կը մշակեն չամանը, եւ Եսայեայ վերոյիշեալ գլխուն մէջ յիշուած եւ նկարագրուած կերպով կը հանեն հունտը։
51) ՊՐԱՍ.- Նոյն՝ եբրայեցերէն բառը, որ «պրաս» թարգմանուած է (Թուոց ԺԱ 5) համարին մէջ եւ դարձեալ ուրիշ տեղեր կը թարգմանուի՝ «խոտ». (Գ Թագաւորաց ԺԸ 5, Յոբայ Ը 12, Առակաց ԻԷ 25), քանի որ կը նշանակէ բուն կանաչ կամ դալարի։
Բայց քանի որ «Սոխ» եւ «Խստոր» բառերուն հետ դասուած է Թուոց վերոյիշեալ գլխուն մէջ, կը կարծուի, թէ հոն «խոտ» բառով պէտք է հասկնալ «պրաս», որ հինէն ի վեր ծանօթ տունկ էր Եգիպտոսի մէջ։
52) ՍԱՏԻՄԻ ՓԱՅՏ.- Ելից ԻԵ 5։
Այս է հայերէն ծայրի, ըստ եւրոպացիներու «ակասիա» կոչուած ծառը՝ «acacia»։ Բունը ուղղորդ է եւ փշոտ, կեղեւը՝ գորշ, եւ փայտը՝ շատ թեթեւ եւ տոկուն. ուստի եւ շատ կը յարմարի տապանակի նման շարժական կամ բառնալի՝ շալկելու եւ վերցնելու պահանջքը ունեցող կազմածներու։ Այս տեսակին վերաբերեալ ծառերու ամէնքն ալ ծաղիկ կու տան, եւ ծաղիկները երեւելի են անուշահոտութեան եւ գեղեցկութեան կողմանէ։
53) ՍՈԽ.- Այս երկրի մէջ ամէնուն ծանօթ տունկ է՝ տաք երկիրներու մէջ շատ ախորժելի եւ սննդարար։ Յիշուած է՝ (Թուոց ԺԱ 5) համարին մէջ։
54) ՍՕՍԻ.- Պերճ հասակով ծառ մը, բարտիի նման. «Plane tree», «platane»։ Ասորիներու երկրին մէջ շատ հասարակ եւ գեղեցիկ ծառ մը. (Ծննդոց Լ 37 եւ Եզեկիէլ ԼԱ 8) համարներու մէջ յիշուած է։
55) ՎԱՅՐԻ ՎԱՐՈՒՆԳ.- (Դ Թագաւորաց Դ 39) համարին մէջ յիշուած է։ Տերեւները որթի տերեւներու նման են, բայց պտուղը թունաւոր յատկութիւն մը ունի եւ դառն՝ լեղի եւ անախորժ համ։
Երբ վայրի վարունգին՝ այս սողացող տունկին պտուղին ձեռք դպցուի, իսկոյն կը ճաթռտի եւ սերմերը կը թափին։
56) ՎԱՐՈՒՆԳ.- Արեւելքի մէջ ծանօթ է եւ շատ կը մշակուի։ (Թուոց ԺԱ 5, Եսայեայ Ա 8» համարներուն մէջ յիշուած է այս տունկը։
57) ՏՕՍԱԽ.- Կարծր փայտ տուող մշտադալար թուփ մըն է. «buis»։ Եւրոպայի մէջ կը մշակուի եւ մանր թուփի երեւոյթ ունի. Արեւելքի մէջ վայրի կը բուսնի եւ մեծ կ՚ըլլայ. (Եսայեայ ԽԱ 19, Կ 13)։ Կը սիրէ լեռնային տեղեր եւ աւելի՛ լաւ կ՚աճի այնպիսի հողի մէջ՝ որ կրաքար ունի Լիբանանի նման։
58) ՓԵԳԵՆԱՅ.- Բուժիչ դառն բոյս մըն է։
Յիշուած է միայն (Ղուկաս ԺԱ 42) համարին մէջ։
Պարտէզի հասարակ բոյս է, որուն տերեւները սաստիկ եւ դառն հոտ ունին։ Հին ժամանակներ շատ գործածուած է բժշկութեան համար։
59) ՓՈՒՇ.- Պաղեստինի փշալից տունկերը այլ եւ այլ են։ Հրեաներու րաբունիներ կ՚ըսեն, թէ Սուրբ Գիրքի մէջ կան փուշի այլ եւ այլ տեսակներու իբր քսաներկու անուններ։ Այս բառերով նշանակուած տունկերուն մեծ մասը չենք կրնար իրարմէ զատել ու որոշել։ Եւ գրեթէ ամէնքն ալ բանի չծառայող՝ անպիտան են։ Ոմանք կը կարծեն, թէ եբրայեցերէն բառը, որ «եղինձ» (=ձաւարով կամ բրինձով կերակուր) թարգմանուած է (Առակաց ԻԴ 31 եւ Յոբայ Լ 7), կը նշանակէ «վայրի մանանեխ»՝ որ Արեւելքի մէջ հասարակ է եւ ուրիշ տունկերու վնասակա՛ր։
Փուշի տեսակներէն «դժնիկ»ը (Դատաւորաց Թ 14-15) կ՚արձակէ նուրբ, փշալից եւ երկար ճիւղեր։ Ոմանք կը կարծեն, թէ Քրիստոսի «փշեղէն պսակ»ը ասկէ շինուած էր, ուստի եւ կոչուած է «Քրիստոսի փուշ»։ («Դժնիկ»=եղջերափուշ, խմի, խմենի, հրեշտակախոտ)։ «Փուշ», «եղինձ», «դժնիկ» միւսներուն հետ միասին, Պաղեստինի մէջ կը գտնուին։ Հասարակ դժնիկը առատ է մեծապէս, կը ծածկէ ընդարձակ դաշտեր, եւ շատ մեծ կ՚ըլլայ։
60) ՓՍՏՈՒՂ.- (Ծննդոց ԽԳ 11) համարին մէջ յիշուած՝ Ասորիներու երկրին եւ Հնդկաստանի մէջ ծանօթ պտուղ է։ («փստուղ»=Pistachio, pistachia nut)։
61) ՔԹԱՆ.- «Քթան» եբրայեցերէն բառն է, որ «քթան» թարգմանուած է Ելից Թ 31-ի մէջ, եւ «պատրոյգ»՝ Եսայեայ ԽԲ 3 եւ ԽԳ 17-ի մէջ։ Կը նշանակէ՝ քթանի բոյսը։ (Քթան=«Linen», «Linen cloth», «canvas», «sailcloth». կտաւ, վուշ, բաղմ)։ Բոյս, որմէ կանեփի թել պատրաստելով կտաւ կը գործեն։
Այս տունկը շատ կը մշակուի Եգիպտոսի եւ Ասորիներու երկիրը։ Ասկէ կը շինուի կտաւ, չուան եւ ճրագի պատրոյգ։
Ոմանք կը կարծեն, թէ բառը՝ որ «կերպաս» թարգմանուած է՝ (Եսթերայ Ա 6 եւ Եզեկիէլ ԻԷ 16) համարներու մէջ, կը նշանակէ «բամբակ», որ կ՚երեւի թէ հինէն տարազագործութեան (=մանիֆաթուրա) մէջ կը գործածուէր Հնդկաստանի մէջ, ուստի բերուեցաւ նախ Եգիպտոս եւ ապա Պաղեստին։ «Բեհեզ»ն՝ որ կը յիշուի (Եզեկիէլ Իէ 16) համարին մէջ, հաւանաբար կը շինուէր «կանեփ» կոչուած տունկէն։ («Բեհեզ»=ազնիւ եւ նուրբ կերպաս)։
62) ՔՐՔՈՒՄ.- (Երգ Երգոց Դ 14), դեղնագոյն ծաղիկ է. «safran», ծիղերը՝ կոթ, ցօղուն եւ ծղօտը չորցնելով անուշահոտ համեմ մը կը շինէին, եւ կը գործածէին կերակուրի եւ գինիի անուշահոտութիւն տալու համար, նաեւ իբրեւ գրգռիչ դեղ։
63) ՕՇԻՆԴՐ.- Շատ լեղի համ ունեցող բոյս մըն է. «absinthe», «wormwood», «absinthium»։ Յիշուած է Առակաց Ե 4 եւ Ողբ Երեմեայ Գ 15-ի մէջ. ունի զանազան տեսակներ, ամէնքն ալ՝ շատ դառն։ Առեւտուրի մէջ ծախուած «օշինդր»ը բաղադրեալ է նոյն տունկին տերեւներէն, ծաղիկներէն եւ մանր մանր սերմերէն…։
- Սկզբնաղբիւրներ.-
ա) «Ներածութիւն Սուրբ Գրոց Ուսման» Տոգ. Անկըսէ, 1892, Կ. Պոլիս,
բ) «Dictionnaire de la Bible» André-Marie Gerard, 1989, Paris,
գ) «Նոր բառգիրք Հայկազեան Լեզուի» Հայր Գաբրիէլ Աւետիքեան, Հայր Խաչատուր Սիւրմէլեան, Հայր Մկրտիչ Աւգերեան, 1836, Վենետիկ,
դ) «Հայոց Լեզուի Հոմանիշների բառարան» Աշոտ Մուրադի Սուքիասյան, 1967, Երեւան,
ե) «Հայոց Լազուի Նոր բառարան» Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան, Հրանդ Գանգրունի եւ Փարամազ Կ. Տօնիկեան, 1968, Պէյրութ,
զ) «Ընդարձակ բառարան Հայերէնէ Անգլիերէն» Մեսրոպ Կ. Գույումճեան, 1970, Պէյրութ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 27, 2016, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024