ԳԵՐԱԶԱՆՑ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ

«Բարոյական գերազանց սկզբունքներ» կան՝ որոնք միջավայր չունին՝ տիեզերական են անոնք, ժամանակ չունին՝ յաւիտենական են անոնք։ Այդ կարգի սկզբունքներէն մին է այն՝ որ քրիստոնէական թուականէն գրեթէ վեց հարիւր տարիներ առաջ՝ Ծայրագոյն Արեւելքի մէջ՝ Հնդկաստանի մէջ կը քարոզուէր Պուտտայի կողմէ, որով միեւնոյն ուղղութեան կամ առաքինացման կ՚ուզէր առաջնորդել մարդը բացասապէս ըսելով. «Ի՛նչ որ չէք ուզեր որ ընեն ձեզի մարդիկ, դուք ալ մի՛ ընէք մարդոց»։ Մինչ վեց հարիւր տարի վերջ՝ Յիսուս Քրիստոս կը քարոզէր նման սկզբունք մը, նոյն առաքինացման առաջնորդելու համար մարդը՝ դրակա՛ն կերպով, երբ կ՚ըսէր. «Ի՛նչ որ կ՚ուզէք որ մարդիկ ընեն ձեզի, նո՛յնը ըրէք դուք անոնց. այս սկզբունքը իր մէջ կը խտացնէ Օրէնքը եւ մարգարէներու ուսուցումները», (ՄԱՏԹ. Է 12)։

Եւ ահաւասի՛կ, այս «դրականութեան» մէջն է ինքնին «քրիստոնէութեան աստուածային գերազանցութիւնը»։

Պուտտա «յաւիտենական ոչնչութիւն»ը իրեն գաղափարական ունենալով՝ Նիրվանայէն ոգեւորուած կը պատուիրէր իր հետեւորդներուն. «Չընե՛լ ուրիշին ա՛յն, ինչ որ չէին ուզեր որ ուրիշը իրենց ընէ»։

Պուտտայի վարդապետութիւնը իր բարձրութեամբը հանդերձ «եսասիրութեան յատկանիշ»ը ունի. առանձինն բարձրանալ եւ առաքինանա՛լ, ուրիշին գործին չխառնը-ւիլ, որպէսզի իր այդ առաքինացումը չվրդովուի՝ ուրիշին ալ իր գործին չխառնուելովը։ Կերպով մը այս կարելի է բացատրել «չէզոքութեամբ», ինչ որ կ՚ենթադրէ անշարժութի՛ւն։

Բայց ամէն առաքինութիւն դրական վիճակ կը պահանջէ, այսինքն՝ գո՛րծ, գործնականութիւն։

Ահաւասիկ, այս իմաստով, քրիստոնէութիւնը Պուտտայի «չէզոք» դիրքին հակառակ ըմբռնումով եւ հակադրելով, կը պատուիրէ գործե՛լ, աշխատիլ ուրիշին օգտին համար, ուրիշին բարիքին համար, եւ անոր մէջ փնտռել կեանքին բանական նպատա՛կը։

Այսու ամենայնիւ, խնդիրը վերաբերութիւն ունենալով ընկերային, բնական կարգով՝ Քրիստոս ուշադրութիւն պէտք էր ընէր նաեւ բացասականին վրայ։ Ապա ուրեմն, նա՛խ բացասականին մէջ կը հրահանգէ մեզի՝ սահմա՛ն կը դնէ ատոր, եւ ապա կ՚անցնի դրակա՛նին։

Քրիստոսի ամենէն հիանալի՜ եւ բարացուցական քարոզներէն մէկուն այդ հատուածը, լերան քարոզին վերջաբանն է։ Մատթէոսի աւետարանին հինգ մարգարիտ փունջերէն մի՛ն։

«Մի՛ դատէք ուրիշները, որպէսզի Աստուած ալ ձեզ չդատէ. որովհետեւ ի՛նչ սկզբունքով որ ուրիշները դատէք՝ Աստուած անով պիտի դատէ ձեզ, եւ ի՛նչ չափանիշ որ գործածէք՝ նոյնը Աստուած պիտի գործածէ ձեզ դատելու համար», (ՄԱՏԹ. Է 1-2)։

Որքա՜ն մարդիկ կան մեր մէջ՝ որ չափազանց կը սիրեն քննադատութիւնը, որովհետեւ լսած են եւ համոզուած՝ թէ ամէն ոք ազա՛տ է դատողութիւն ընելու, բայց այսքան միայն, շատ անգամ ուրիշ ո՛չինչ գիտեն, ո՛չ մէկ տեղեկութիւն ունին, թէ զո՞վ է որ կը դատեն, թէ ի՞նչ է քննադատութեան նիւթը, թէ ի՞նչ փաստեր եւ փաստարկումներ եւ իրողութիւններ են՝ որոնց շուրջը կը դառնայ խնդիրը, եւ թէ ի՞նչ եղանակով է որ պէտք է դատեն։ Արդարեւ, բաւակա՛ն է որ «իրաւունք չունի՛» որոտան, եւ ցոյց տան թէ «իրենց ալ խելքը կը հասնի…»։

Քննադատութիւնը արդարեւ նոր քաղաքակրթեալ ժամանակներու ամենէն յառաջդիմական քայլն է, որ անհրաժեշտութի՛ւն մըն է եղած բոլոր խնդիրներուն լուծմանը համար։ Մանաւանդ այնպիսի խնդիրներ՝ որոնց գիտական կամ թուաբանական ճշդութենէն կախում ունին մարդկային եւ ընկերական կեանքի հետ վերաբերութիւն ունեցող երեւոյթներ, ըլլան անոնք պատմական կամ բնական, կամ տնտեսական կամ թէ քաղաքական։

Ուստի, մտքի կատարելագործեալ ուժերէն մի՛ն է քննադատութիւնը, երբ երեւոյթները ներածական մեթոտով մի առ մի կը դիտենք, նա՛խ նոր երեւոյթները անցեալ երեւոյթներու հետ կը բաղդատենք, ատոնց տարբերութիւնները եւ նմանութիւնները կը զտենք, եւ եզրակացութիւն մը յառաջ կը բերենք, որ «ճշմարտութի՛ւն» է։

Մերօրեայ բնական գիտութիւնները, ընկերային բարքերը եւ կազմակերպութիւնները, նո՛յնպէս եւ պատմութիւնը, այդ դրութեան կը պարտին իրենց լուսաբանութիւնը։ Զոր օրինակ, փոքրիկ կաթսային մէջ եռացուած ջուրին յառաջ բերած շոգիին ուժովը անոր կափարիչին շարժիլը, պատճառ է եղած շոգեկառքերու, շոգենաւներու եւ ուրիշ մեծ գործարաններու հսկայական մեքենաներու գիւտին։

Եւ սակայն փոքրիկ կաթսային շոգին մինչեւ շոգեկառքի կամ շոգենաւի ահագին կատարելագործուած վայրաշարժին հասնելու համար՝ բազմաթիւ փորձերու, երկա՜ր տարիներու եւ շատ մը գիտուններու, գիտնականներու ամբողջ կեանքին վրայէն է անցած։ Փոքրիկ կաթսայի շոգիին ուժը՝ փոքրէն մեծին, մասնաւորէն ընդհանուրին վրայ փորձուելով, յառաջ եկած երեւոյթները զննուելով եւ մանրամասն քննադատուելով, վերջապէս կարելի է եղած անոր յատկանիշը, հանգամանքը եւ մեծութիւնը եւ մեր գործնական կեանքին մէջ ունեցած օգտակարութիւնը եզրակացնել։

Քննադատութիւնը ընկերային կազմակերպութիւններու մէջ ալ ուժ եւ տեւականութիւն կը բերէ։

Բայց կարեւորագոյնը եւ կենսական հարցը եւ մեր նպատակը՝ ցոյց տալ է, թէ ի՞նչպէս պէտք է գործադրել եւ իրականցնել այդ «քննադատութիւն»ը։

Այս հարցին որպէս փաստարկում կրնանք առնել ընկերային ամենապարզ երեւոյթ մը. ենթադրենք, թէ մարդ մը սպաննուած գտնուեցաւ իր անկողնին մէջ. ոստիկանութիւնը ի՞նչպէս կը գտնէ մարդասպանին հետքը։ Կը սկսին զննել իրողութեան յաջորդութիւնը, զոր օրինակ, բժշկական քննութեամբ ստուգել մահուան ճիշդ ատենը, եւ փնտռել, թէ ո՞վ գտնուած է այդ միջոցին՝ այդ սենեակին մէջ, թէ ի՞նչ տեսակ զէնք կամ գործիք մը անոր մահ է պատճառած, եւ այդպիսի զէնք մը կամ գործիք մը այդ մարդուն վրայ կը գտնուի՞, թէ ի՞նչ պատճառներ ունէր այդ մարդը սպաննելու զայն… եւ դեռ շատ մը ուրիշ քննութիւններ, որոնք սակայն միա՛յն նմանութիւններ հաստատող երեւոյթներ են, եւ որոնք միա՛յն հասարակաց անտարբեր հետաքըրք-րութեան կրնան գոհացում տալ։

Այլ ոստիկանութիւնը եւ դատաւորը ատով չե՛ն եզրակացներ, տարբերութիւններ ալ պարտաւոր են գտնել. այսինքն պէ՛տք է ապացուցանեն նաեւ, որ այդ ամէն երեւոյթները՝ այդ կասկածելի անձէն զատ ուրիշին վրայ չեն տեսնուիր. միա՛յն ա՛յդ մարդը հոն էր այդ միջոցին, միայն ա՛ն ունէր մահուան գործիքը, միայն ա՛ն պատճառ ունէր սպաննելու։

Ուրեմն, կը տեսնենք, թէ շատ մը նմանութիւններ եւ տարբերութիւններ զննելո՛վ է որ ճշմարտութիւն մը երեւան կու գայ, եւ մէկ երեւոյթ մը բաւական չէ՛ որ մենք որեւէ գործ վերագրենք անձի մը։

Այս ուղղութեամբ եւ ըստ այնմ պէտք է քննադատուի ոեւէ անձ եւ միա՛յն նպատակ ունենալու է «ճշմարտութի՛ւն»ը երեւան հանել…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 30, 2018, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Յուլիս 3, 2018