ՀԱՐՑԵՐ ԿԸ ՓՈԽՈՒԻՆ՝ ՉԵՆ ՊԱԿՍԻՐ

Հարցեր չեն պակսիր մարդուս կեանքին մէջ այլ՝ կը փոխուին ժամանակի ընթացքին։ Ասիկա որքան անհատական, նո՛յնքան ալ ընկերային կեանքի համար իրականութիւն մըն է։ Այս իմաստով մարդ էակին անայլայլելի եւ մշտնջենական հարցն է պահել իր գոյութիւնը եւ յետոյ՝ տեւականացնել, շարունակութիւնը ապահովել իր գոյութեան։ Զոր օրինակ, «հացի կարօտութիւն»ը ստիպողական եւ տեւական հարց մը եղած է մարդուն համար՝ որով կարելի կ՚ըլլայ ապահովել իր կեանքը, այսինքն՝ իր կեա՛նքը։ Ուրեմն էական հարցն է սնանիլ՝ իր գոյութիւնը պահելու համար։ Յետոյ իր գոյութեան տեւականութիւնը պահել եւ ապահովել՝ սերունդներու շարունակութեանը շնորհիւ, այսինքն՝ կերպով մը շարունակել ապրիլ՝ յաջորդ սերունդներու ծիներու եւ հոգիներու մէջ։

Մարդ էակին էական այս երկու հարցերը անշուշտ կը ստեղծեն նոր հարցեր, որոնք ժամանակի ընթացքին տեւական կը փոխ-ւին, բայց երբեք չեն պակսիր։ Մարդ երբ կ՚ապրի, անպայման պիտի ունենայ հարցեր, որոնք յաղթահարելու պարտաւո՛ր է, եթէ կ՚ուզէ ապրիլ՝ պահպանել իր կեանքը եւ գոյատեւել՝ շարունակել ապրիլ եւ գոյութիւնն ալ տեւականացնել։ Այս ուղղութեամբ, կեանքի մէջ երբեք չեն պակսիր հարցեր, նեղութիւններ, երբեմն շատ ծանր, երբեմն ալ թեթեւ, բայց միշտ զգալի՛։

Մարդ երբեմն արթուն եւ պատրաստ չի գտնուիր հարցերու նկատմամբ։ Մարդուն զբաղումները արգելք կ՚ըլլան անդրադառնալու այն հարցերուն, որոնք հետզհետէ կը բարդուին եւ ի վերջոյ անել վիճակի կը մատնեն ենթական։ Անշուշտ ամէն հարց «հացի կարօտութեան» կամ «հացի պէտք»ի կարեւորութիւն չի ներկայացներ եւ այդքան ալ մտասեւեռում չի պահաջեր։

Կեանքի ընդհանուր պայքարը, թերեւս արգելք կը հանդիսանայ երկրորդական կարեւորութիւն ունեցող հարցերու նկատմամբ անտարբեր գտնուելու։ Բայց երբեմն կրնան գտնուիլ այնպիսի հարցեր, որոնք ամբողջ հաւաքականութիւնը կը հետաքրքրեն, եւ «հացի հարց»էն աւելի՛ կարեւորութիւն կը ստանան։ Կան այնպիսի պարագաներ՝ ուր հաւաքական բարիքը կը կանխէ անհատականը։ Այն ատեն մարդ կը զոհէ հացը՝ հասարակաց բարիքին եւ օգտին համար։ Եւ երբ հասարակութեան մէջ եթէ մէկ հոգի հացի հարց չունի՝ հացի կարօտը չի զգար, այդ չի՛ նշանակեր, որ հաւաքականութեան մէջ ոչ մէկը հացի կարօտ ունի, հացի հարցով կը մտատանջուի…։

Ընդհանրապէս հարցով մը զբաղելու համար պէտք է հասարակաց միտքով մտածել, հասարակաց բարիքին եւ օգտին համար մտահոգուիլ։ Մարդիկ ընկերութեան մէջ, մէկտեղ կը զգան, մէկտեղ կը տառապին, մէկտեղ կ՚ուրախանան, բայց «մէկտեղ խորհելու» անընդունակ կը թուին ըլլալ։ Հասարակաց զգացողութիւն կայ, բայց հասարակաց մտածողութիւնը կը պակսի։ Եւ այս պատճառով ալ տուժողը միշտ ժողովուրդը, հասարակութիւնը կ՚ըլլայ։

Ոմանք կը յամառին եսամոլութեան մասին, իրենց «Ես»ը աւելի մեծ եւ աւելի կարեւոր կը տեսնեն քան հասարակութիւնը։ Հպարտութիւնը, ինքնամոլութիւնը, եսասիրութիւնը բոյն դրած կ՚երեւի այդպիսիներու մօտ։ Խոնարհութիւն սպասել, հեզութիւն յուսալ ինքնախաբէութիւն կ՚ըլլա՞յ արդեօք։ Բայց այդ ակնկալութեան, այդ յոյսին զուգահեռաբար պիտի ծագի նաեւ հասարակութեան բարիքը։

Բայց ոեւէ մէկն ալ ինքզինք համայնաբոյժ բժիշկ համարելու յաւակնութիւնը պէտք չէ ունենայ, քանի որ ո՛չ մէկ գաղափար ամէնուն ընդունելի է։

Չէ՞ որ դեղահատ մը կրնայ հիւանդ մը բուժել, բայց ուրիշ մըն ալ վատթարացնել եւ մինչեւ իսկ տագնապի ենթարկել։ Արդարեւ, ոմանք զգացումով կը շարժին, ոմանք՝ միտքով, դատողութեա՛մբ։ Ոմանք կը ցաւին, ոմանք կը համաձայնին։ Ուստի, ճշմարտութիւնը կը տարուի ոչ միայն զայն խօսողին դատաստանովը, այլ նաեւ՝ լսո՛ղին դատաստանովը։ Այն որ խոնարհութեամբ կը խօսի, ընդհանրապէս ճշմարիտը կը խօսի, ճշմարտութեան կը վկայէ, եւ եթէ անոր ըսածը ճշմարիտ է՝ անոր հետեւանքէն պատասխանատու չէ, ընդունուի կամ մերժուի։ Պատասխանատուութեան եւ պարտականութեան սահմանը ճշմարտութիւնը՝ խօսքէն անդին չ՚անցնիր։ Ճշմարտութիւնը ոչ ոքի վրայ կարելի է պարտադրել։ Քանի որ Աստուած մարդուս «ազատ կամք»ով շարժելու իրաւասութիւն տուած է, ապա ուրեմն մարդն ալ իր նմանին՝ ուրիշ մարդու մը կամքին ուղղութիւն չի կրնար տալ։

Մարդ պէտք է իր աչքը յստակ պահէ՝ Աստուծոյ կամքը տեսնելու եւ անոր համաձայն շարժելու՝ յօժար ըլլալու զայն կատարելու։ Բայց երբ մարդ չի կատարեր Աստուծոյ կամքը եւ «ազատ կամք»ով շարժելով կը շեղի ճշմարտութենէն, այն ատեն պատասխանատո՛ւ է իր արարքէն։

Կեանքի մէջ ժխտական որեւէ գործ, որեւէ արարք դրական խորհուրդ չ՚ենթադրեր։ Այս է ահաւասիկ ցաւալին. փուշին համար վարդը պէտք չէ նետել։ Բանաւոր չէ ասիկա։ Ուստի արդարադատ ըլլալ՝ ուղղամիտ եւ ճշմարտախօս, ահաւասիկ այս կերպով կարելի է օգտագործել «ազատ կամք»ը։

Երբ խօսքը հարցերու մասին է, հրատապ հարց մըն ալ լեզուի եւ մշակոյթի պահպանումն է։ Ի՞նչ կ՚ընենք, ի՞նչ պէտք է ընենք լեզուն եւ մշակոյթը պահպանելու համար։ Տարին երկու անգամ «Թարգմանչաց տօն» տօնելով, միջոցի մը համար ոգեւորուելով, խանդավառուելով կարելի՞ է պահպանել լեզուն եւ մշակոյթը…։ Ի՞նչ կ՚ընենք ձեւականութենէ զատ, ի՞նչ կ՚ընենք, որ ապացոյց տանք, թէ անձնապէ՛ս կ՚ուզենք սատարել լեզուին եւ մշակոյթին պահպանման եւ գոյատեւման։

Պարզ հաշուով մը կրնանք պատասխանել, թէ ի՛նչ կ՚ընենք։ Կը հարցնենք. տարեկան քանի՞ ոսկի կը յատկացնենք հայերէն թերթի, հայ գիրի, հայերէն գիրքի, եկեղեցիի, դպրոցի…։ Եւ իրապէս տարուան մէջ քանի՞ անգամ ձեռք կ՚առնենք հայ թերթ մը, քանի՞ հայերէն գիրք կը կարդանք, եւ կամ երբ երկտող մը գրելու պահանջքը կը զգանք, երբեք խորհած ենք այդ երկտողը հայերէն գրել, եւ ո՛չ թէ հայ մշակոյթին հեռուէն հետեւող մը, դիտող մը ըլլալ, այլ հայ մշակոյթին մաս կազմել, հայ մշակոյթին մէջը ըլլալ կարելի չափով, խորհա՞ծ ենք եւ ի՞նչ ըրած ենք այդ մասին…։

Այո, սիրելի՜ներ, հարցերը շատ են եւ անոնց մօտենալու ենք դրական եւ շինարարական ոգիով, սիրով եւ խոնարհութեա՛մբ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 1, 2020, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Յուլիս 3, 2020