ՓՈԹՈՐԻԿԻ ՀԱՆԴԱՐՏԵՑՈՒՄ

«Այն ատեն, ոտքի ելլելով, սաստեց հովերուն եւ ծովուն. եւ մեծ խաղաղութիւն եղաւ», (ՄԱՏԹ. Ը 26)։ Ահաւասիկ, հրաշք մը՝ որ ցոյց կու տայ՝ թէ Յիսուս Տէ՛րն է նաեւ բնութեան, թէ Ան կրնայ զայն հպատակեցնել իրեն, եւ թէ զօրութիւն եւ կարողութիւն ունի անոր տիրելու եւ անոր ընթացքը որոշելու։ Արդարեւ, Աստուած ամէն բանի Տէ՛րն է եւ Նախախնամը՝ Իր ամենակարողութեամբ եւ ամենատեսութեա՛մբ։ Եւ ասիկա բնական է, քանի որ ամբողջ բնութեան արարիչը եւ ստեղծիչն է Աստուած։

Աւետարանիչներ՝ (ՄԱՏԹ. Ը 23-27), (ՄԱՐԿ. Դ 35-40), (ՂՈՒԿ. Ը 22-25), կը յիշեն այն հրաշքը՝ որ պատահեցաւ Գալիլիայի ծովակին արեւելեան կողմը, երբ Յիսուս իր աշակերտներուն հետ կ՚անցնէր դիմացի կողմը։

Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեան հետեւեալ կերպով կը պարզաբանէ Յիսուսի կատարած հրաշքը։

«Առաջին անգամ է՝ որ աւետարանիչներ կը յիշեն, Յիսուսի Գալիլիայի ծովակին արեւելեան կողմն անցնիլը։ Առաջին անգամ յիշելնին բնաւ չի 0ստիպեր ըսել՝ թէ ուրիշ անգամ չէր անցած, որովհետեւ աւետարանիչներ ոչ թէ Գալիլիայէ դիմաց անցնելնուն նորութիւնը կը շեշտեն, այլ անցած ատեննին հանդիպած ալեկոծութիւնը եւ ալեկոծութեան հրաշքով հանդարտիլը։

«…Երեկոյան դէմ էր, որ Յիսուս իր աշակերտներուն հրաման տուաւ Կափառնաումէ նաւել հանդիպակաց ծովեզերքը. ինքն առջեւէն նաւ մտաւ, աշակերտներն ալ, այսինքն Երկոտասանները իրեն ետեւէն մտան, բայց ոչ թէ ամէնքը մէկտեղ մէկ նաւի մէջ…։ Այդ նաւերն ալ յատուկ վարձուած նաւեր չէին. ձկնորս առաքեալներուն նաւերն էին, որ միշտ իրենց տէրերուն տրամադրութեան ներքեւ էին՝ երբ պէտք ըլլար, եւ առաքելոց մերձաւորներուն եւ վարձկաններուն ձեռօք կը գործածուէին։

«Սովորաբար այնպէս կը նկատուի եւ կը նկարագրուի, որ մինակ նաւակի մէջ են Յիսուս եւ տասնեւերկու առաքեալներ, եւ նոյն ինքն առաքեալներն են թիավարները ու առագաստ գործածողները։

«Բարոյական նշանակութեանը համար յարմարագոյն է այդ ձեւը, այլ աւելի պատմական կ՚ըլլայ, եթէ մէկէ աւելի նաւեր ընդունինք, վարձկաններն ալ նաւերուն ծառայութեան մէջ, եւ առաքեալներէն ոմանք նաւապետի եւ գլխաւոր նաւավարի գործերուն զբաղած, որովհետեւ ձկնորս չեղող առաքեալներ ալ կային։

«Գիշեր է արդէն երբ ճամբայ կ՚ելլեն, օդը կ՚ամպոտի, երկինք կը մթագնի, սաստիկ քամի մը կը փչէ հակառակ կողմէն, ալիքները կ՚ուռին կը մեծնան, նաւը կոհակներուն խաղալիք կը դառնայ, ջուրը նաւակին մէջ կը սկսի լեցուիլ, առագաստ գործածել անհնար կ՚ըլլայ։ Ղեկը չի զօրեր նաւին ուղղութիւն տալ, թիավարները չեն կրնար ալիքներուն բռնութեան դիմադրել, նաւակը հովին ու ալիքներուն մատնուած, իր բախտին թողուած, ընկղմելու վտանգը ակներեւ կը տեսնուի։

«Նաւին մէջ եղողներ իրարու անցած յետին ճգնաժամին մէջ ամէն ջանք ու ճարտարութիւն կը թափեն։ Յիսուս միայն անցած դարձածէն անգիտակ եւ ծովուն ալեկոծութեան հանդէպ անտարբեր, գիշերուան քունը կը քաշէր նաւին խելքին վրայ. այսինքն նաւին ետեւի կամ ղեկին կողմը՝ բարձի կամ -մինտէր-ի վրայ ընկողմանած։

«Աշակերտներ, ուզելով թերեւս Յիսուսին անհանգստութիւն չպատճառել եւ անոր անոյշ քունը չխանգարել, միւս կողմէն իբր հինաւուրց ձկնորսներ եւ վարժ նաւազներ իրենց ճարտարութեան վստահելով, պահ մը ձայն չեն հաներ, բայց վերջիվերջոյ տեսնելով՝ որ իրենց ճիգերը անօգուտ կը դառնան, նաւը ալիքներուն մէջ կը մտնէ կ՚ելլէ եւ ջուրով կը լեցուի, նաւին կողերն ալ կոհակներուն բռնութեան դէմ տեղի տալ կ՚երեւնան, վերջին յուսահատութեան մէջ կը սկսին գոչել.- Վարդապետ, վարդապետ, ոչինչ է քեզ փոյթ՝ զի կորնչիմք աւասիկ. տէ՛ր, փրկեա՛ զմեզ՝ զի կորնչիմք։

«Աւետարանիչներուն խօսքերը իրարու յարակցելով կը գտնենք, որ առաքելոց ըսածներուն մի մասը զարմանքի եւ գանգատանքի իմաստ ունի. ի՛նչպէս կ՚ըլլայ որ այդպիսի սարսափելի վայրկեանի մէջ նա կարենայ հանդարտ քնանալ. մինչ իրեն ալ, առաքեալներուն ալ խղդուելու վտանգը վերահաս է։ Իսկ միւս մասը աղաչանքի եւ պաղատանքի իմաստ ունի, Յիսուսէ խնդրելով՝ որ վտանգը հեռացնէ։

«Առաքեալներ հարկաւ նաւապետի վարպետութիւն չէին սպասեր Յիսուսէ, որ իրենց արհեստին ալ հմուտ չէր, այլ միայն հրաշալի կերպ մը, ինչպէս որ ուրիշ փորձանաւորներուն օգնութեան կը հասնէր։

«Յիսուս քունէն արթնցաւ, չորս կողմը նայեցաւ, առաքեալներուն շփոթութինը տեսաւ, ծովին վիճակն ալ նկատեց, եւ մէկէն ոտքի ելլելով, եւ հրամայական շեշտով մը ծովին ու հովին ուղղելով իր խօսքը, բարձրաձայն  ըսաւ.- Դադարեա՛, կարկեա՛ց. եւ իսկոյն ծովն ալ հովն ալ իրենց սասկութենէն թուլցան, հանդարտեցան, եւ ընդհանուր խաղաղութիւն տիրեց։

«Երբ առաքեալները զարմացմամբ իրենց սպասածէն ալ աւելին տեսնելով յայտնուած զօրութեան վրայ կը հիանային, Յիսուս յանդիմանական շեշտով մը սկսաւ զիրենք մեղադրել.- Սակաւահաւատներ, ինչո՞ւ այսպէս վատասիրտ էք. այնչափ զօրութիւններ ու հրաշքներ տեսաք, բայց տակաւին պէտք եղած հաւատքը չկազմեցիք իմ վրայ. ո՞ւր է այն հաւատքը, զոր ստէպ խօսքով կը փութայիք յայտնել, ո՞չ ապաքէն այսպիսի պարագաներուն մէջ պէտք էր որ զօրաւոր հաւատք ցուցնէիք, եւ քանի որ ես ձեզի հետ եմ, յուսահատութեան չիյնայիք։

«Աւետարանիչներ միաձայնութեամբ կը պատմեն՝ թէ առաքեալներ նորօրինակ զարմացումով մը լեցուեցան այդ առթիւ։ Հիւանդներու ախտաւորներու եւ դիւահարներու բժշկութիւններ հարիւրներով տեսած էին, Յիսուսի աստուածային կարողութեան հաւատացած էին, սակայն ծովին եւ հովին իշխել տարբեր էր այդ հրաշքներուն բաղդատութեամբ, որովհետեւ իրենց արհեստին փորձառութեամբ գիտէին՝ թէ հովին ու ծովին դէմ դնել, հովն ու ծովը դադրեցնել, մարդկային կարողութեան գործերէն չէր։ Այս պատճառով Յիսուսը խոստացեալ Մեսիա ճանչցած ըլլալով հանդերձ, տակաւին իրարու կը հարցնէին.- Ո՞ արդեօք իցէ սա. Ո՞րպիսի ոք իցէ սա։

«Անոնք, որ մանր բաներ պրպտելու սովորութիւն ունին, խնդիր կ՚ընեն թէ Յիսուս իրօք կը քնանա՞ր այդ շփոթութեան մէջ, թէ ոչ քնանալ կը ձեւացնէր. թէ ինչո՞ւ ալեկոծութիւնը առաջուընէ չէր արգիլեր, թէ արդեօ՞ք ուզելով ալեկոծութիւնը հանած էր, թէ հով ու ծով յանկարծակի՝ թէ ոչ աստիճանաբար հանդարտեցան՝ բայց այս ու այս տեսակ խնդիրներ յուզել աւելորդ կը սեպենք, բաւական համարելով աւետարանի գրածները իբր եղելութիւններ ընդունիլ, ճիշդ ինչպէս որ գրուած են։

«Ծովին ալեկոծութեան եւ հանդարտութեան ամէն պարագաներ գեղեցիկ կերպով կը համեմատին՝ կենաց պայքարի յուզումներուն, որ ոչ մեր զօրութեամբ, այլ Աստուծոյ օգնութեամբ այդ պայքարին մէջ կարող ենք անվտանգ մնալ։

«Այդ առակով մեկնութիւնը շատ յարմար կերպով կը գործածուի քարոզիչներէն, ինչպէս որ ուրիշ շատ պատմական եղելութիւններ ալ օրինակ կ՚ըլլան խրատական եւ բարոյական սկզբունքներու»։ (Ալեկոծութեան Հանդարտիլը. «ՀԱՄԱՊԱՏՈՒՄ» էջ. 237-240)։

Երբ կը կարդանք այս հատուածը, կը խորհինք եւ անմիջապէս կ՚անդրադառնանք, որ գրեթէ նոյն եւ նման հրաշքներ կը պատահին մեր բոլորին կեանքին մէջ։ Բայց այս պատահած հրաշքները՝ թէ՛ բնութեան մէջ, թէ՛ մեր իւրաքանչիւրին կեանքին մէջ հասկնալու համար պէտք է զօրաւոր եւ հաստատ հաւատք ունենալ։ Իսկ այսպիսի հաւատքը ո՛չ մտածումով եւ ոչ ալ խօսքով կը յայտնուի, այլ՝ գործո՛վ, այսինքն հաւատքը ապրելով առանց երկմտութեան, առանց տարակուսանքի, առանց վարանումի, այսինքն հաստատ եւ առանց թերամտութեա՛ն։ Արդարեւ, ճշմարիտ հաւատքը կը յայտնուի մարդուս կեանքին մէջ ապրելով եւ իր մտքին եւ սրտին մէջ զգալով…։ Այս իմաստով հաւատքը ո՛չ գաղափար է եւ ոչ ալ խօսք, այլ՝ կեա՜նք։

Վերջացնենք հաւատքի եւ վստահութեան մասին Սաղմոսերգուին խօսքերով.

«Տէրը իմ հովիւս է. ես բանի մը կարօտութիւնը պիտի չունենամ… Թէեւ մահուան շուքի ձորին մէջ ալ պտըտիմ չարէն պիտի չվախնամ, վասնզի դուն ինծի հետ ես…», (ՍԱՂՄ. ԻԳ 1 եւ 4)։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 1, 2018, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2018