ԿԵԱՆՔԻ ԲԱԽՏԱԽԱՂ ՄԸ

Այս յօդուածը կարդացած ժամանակ բազմատասնեակ անձեր այս իսկ վայրկեանին իրենց կեանքը վտանգելով կը փորձեն ապօրինի մուտք գործել Եւրոպա եւ կամ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ՝ հետապնդելու համար ա՛յն երազը, ուր կեանքը աւելի գունաւոր ու մարդ արարած նիւթապէս աւելի ապահով է։

Այդ երազին անուշութիւնն է որ մարդը կը մղէ մինչեւ իսկ կեանքը վտանգել, որովհետեւ իր համոզումով խաղաղ նաւահանգիստը հո՛ն է՝ կեանքի բոլոր բարիքներով։ Ապագայի այս վարդագոյն երազները իրենց հոգւոյն ու սիրտին մէջ անցնող տասը տարիներու ընթացքին Միջերկրական ծովը գերեզմանը դարձաւ աւելի քան 32 հազար մարդոց՝ որոնց երազը այդպէս ալ չիրականացաւ։ Բազմաթիւ մանուկներ «դէպի նոր կեանք» համոզումով զոհը դարձան ալիքներուն, սակայն այդ մահերն ու կորուստները չյաջողեցան վախցնել անոնց՝ որոնց համար բախտախաղ մըն էր թէ՛ կեանքը եւ թէ՛ ճանապարհորդութիւնը։

Նման ճանապարհներու դիմող մարդիկը կարելի է բաժնել հիմնական երկու մասերու. -

Ա- Ցաւ ի սիրտ կայ խումբ մը, որ շրջապատին ըսածներուն վրայ հիմնուելով՝ առանց բացորոշ տպաւորութիւն մը ունենալու Ամերիկայի եւ Եւրոպայի մասին, իրենց միտքին մէջ կը ստեղծեն իրենց համոզուած Եւրոպան ու Ամերիկան, ու առանց անոնց ճշգրտութիւնը փաստելու կը հաւատան իրե՛նց ստեղծած երազին։ Այս խումբին պատկանողները ընդհանրապէս կ՚ըլլան բարձրագոյն ուսում չստացած մարդիկ՝ որոնք ամէն բան դիւրին կը կարծեն։ Այսպիսի մարդոց համար կայ մէ՛կ նպատակ. Հասնիլ Ամերիկա կամ Եւրոպա՝ «խոստացուած երկիր»։ Նման մարդիկ նկատի չեն առներ լեզուի չգիտութիւնը, կեանքի սղութիւնը, տուներու աներեւակայելի վարձքերը եւ հոն հասնելով ծառերէն կախուած տոլարներ տեսնել կ՚երազեն։ Այսօր Եւրոպա եւ Ամերիկա լեցուն են նման փախստականներով, որոնք կը խօսին արաբերէն, կ՚ապրին արաբերէն, արաբի մտայնութեամբ ու սովորութիւններով՝ սակայն Ամերիկայի եւ Եւրոպայի մէջ, փորձելով Ամերիկան արաբացնել՝ իրենք ամերիկացիանալու փոխարէն։

Բ- Երկրորդ խումբը առաջինին հակառակ լաւապէս գիտակցելով բոլոր դժուարութեանց փրկութիւն կը տեսնեն այդ մէկը՝ մարդուն մտածել տալով հետեւեալ հարցին մասին «կը ճամբորդեն, որովհետեւ իրենց ապրած երկի՞րը վատ է՝ թէ ոչ «հոն աւելի լաւ է»ի տրամաբանութեամբ է որ կը ճամբորդեն։

Ցաւ ի սիրտ, այս երկու տրամաբանութիւններն ու տրամադրութիւնները կը տեսնեմ հայերուս մէջ եւս։ Գրեթէ բոլոր համալսարանական երիտասարդները տակաւին համալսարանական ուսումը չաւարտած Եւրոպա եւ Ամերիկա երթալու երազները կը հիւսեն, ինչ որ պատճառ կը դառնայ սեփական հայրենիքի անկումին, որովհետեւ ուրիշին երազներով ապրողը իր հողին ու հայրենիքին տէր չի կրնար կանգնիլ։

Տակաւին մինչեւ այսօր հանդիպած չեմ, որ խումբ մը ամերիկացիներ ծովին մէջ ընկղմին՝ դէպի Հնդկաստան ապօրինի մուտք գործել փորձելու ժամանակ, ոչ ալ տեսած եմ եւրոպացի մը, որ փախստական Լիբանան մտնելու երազը ունենայ՝ նոր ու փայլուն կեանքի մը սկսելու համար։ Նման մարդիկ չենք տեսներ, որովհետեւ ո՛չ Լիբանան եւ ո՛չ Հնդկաստան ինքզինք չի գովազդեր ինչպէս Ամերիկան եւ Եւրոպան։

Հիմնականին մէջ գովազդները հետեւեալներն են։

Ա- Ապահովութիւն։ Աշխարհի մէջ մարդ ինչքան ալ դրամասէր ու նիւթապաշտ ըլլայ, դրամէ աւելի խաղաղութիւն ու ապահովութիւն կը փնտռէ։ Անցնող յիսնամեակը՝ մանաւանդ վերջին տասը տարիներուն Միջին Արեւելքի երկիրները փաստեցին, որ հոն ապրող մարդը երբեւէ ապահովութիւն չունի։ Եւրոպայի երկիրներն ու Ամերիկան երբեւէ անցած չեն այն դժուարութիւններուն մէջէն, որոնցմէ անցած է միջինարեւելքցին։

Վստահաբար ծանօթ է ձեզի Ամերիկայի յայտնի 9/11-ը՝ որ մինչեւ օրս քննարկման առարկայ է։ Վստահ եղէք Միջին Արեւելքի մէջ գրեթէ օրական տեղի կ՚ունենայ 9/11 մը… աշխարհի աչքէն ու հետաքրքրութենէն հեռու։

Բ- Մարդկային արժէք։ Եւրոպա եւ Ամերիկա յայտնի են մարդոց՝ մանաւանդ տարեցներու հանդէպ իրենց ունեցած փափկանկատութեամբ։ Ամերիկա եւ Եւրոպա ամէ՛ն պայման կը ստեղծէ կեանքի վերջին հանգրուանը խաղաղութեամբ անցընելու համար։ Իսկ մեր մօ՞տ. եկէ՛ք Հայաստան ու շուկայ, գացէք. 80-85 տարեկան ծերուկներ դաշկինակի տուփ մը բռնած եւ կամ բանջարեղէնի կապոց մը ձեռքին անցնող գացողին օրհնութիւններ տեղացնելով օրուան ապրուստը կը փորձեն վաստակիլ։ Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ ծերանալը դժբախտութիւն, իսկ այդտեղ երանութիւն կարելի է նկատել։

Գ- Նիւթական անհաւասարութիւն։ Ցաւ ի սիրտ, Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ միջին դասակարգի պատկանող մարդիկ դատապարտուած են վաստակիլ հազի՛ւ իրենց առօրեայ պէտքերուն համեմատ։ Նոյն գործին եւ նոյն յոգնութեան համար Ամերիկա եւ Լիբանան ամբողջութեամբ տարբեր գնահատական մը ունին, ա՛յն աստիճան որ ամերիկացի բանուորը կրնայ գալ Հայաստան ու մի քանի շաբաթ հանգստանալ, մինչ Հայաստանի մէջ բանուորութիւն ընողը հազիւ երազին մէջ տեսնէ ինքզինք Ամերիկա՝ շաբաթուան մը հանգիստի համար։

Դ- Արդարադատութիւն։ Բարեբախտաբար Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ օրէնքը ամէ՛ն բանէ գերիվեր է, իսկ մեր երկիրներուն մէջ կան մարդիկ՝ որոնք օրէնքէն ալ վեր են։ Այսօր մեր երկիրներուն մէջ ցաւ ի սիրտ մարդ մը կրնայ հաւ մը գողնալ եւ ամիսներ բանտ դրուիլ, իսկ ուրիշ մը մարդ սպաննելով հանդերձ ազատ արձակուիլ։ Մեր երկիրներուն մէջ օրէնքը մէկ չէ, այլ կայ օրէնք աղքատին, իսկ ուրիշ մը հարուստին կամ միջնորդներ ունեցողին համար։

Վերջապէս պէտք է համոզուիլ, որ ո՛չ թէ Ամերիկան կամ Եւրոպան շա՜տ լաւ է… այլ մենք ենք որ շա՛տ վատ կացութեան մէջ ենք եւ այս ընթացքով մի՛շտ ալ պիտի ունենանք արտագաղթ՝ աւելիով հայաթափուելու դժբախտ ճշմարտութեամբ։

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -60-

Տարիներ առաջ դպրեվանքի դասընկերներէ մին նկար ղրկեց. փոքր, շա՜տ փոքր նաւակի մը մէջ նստած են 34 հոգի, որոնցմէ մին ինքը կը պատրաստուին ձմրան անտանելի եղանակին Լիբանանէն գաղտնի հասնիլ Թուրքիա եւ ապա Յունաստան՝ յոյն կառավարութեան ճամբով որպէս փախստական գերմանական պետութեան յանձնուելու երազով։

Նաւակին վրայ իրենց կեանքի «ապահովութիւն»ը իրենց հագած ծովային փրկարար հագուստներն էին։

Տարօրինակ զգացում էր խօսիլ բարեկամի մը հետ, որ ժամեր ետք կրնայ մահուան գիրկը յաձնուիլ։

Բարեբախտաբար այդ բախտախաղէն յաղթանակած դուրս եկաւ, սակայն ամէն մարդ իր բախտաւորութիւնը չունեցաւ եւ կրնայ չունենալ։

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2022