ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԾՐԱԳԻՐԸ
Արարչագործութիւնը պատահական, դիպուածի արդիւնք իրականութիւն մը չէ՛, այլ իմաստութեան արդիւնք, կամքի մը հետեւանքը՝ ուր կը գտնուի Աստուծոյ ծրագիրը։ Արդարեւ, առանց ծրագրի ո՛չ մէկ բան կատարեալ կ՚ըլլայ, քանի որ ամէն արարք իմաստութեամբ պատրաստուած ծրագրի մը համաձայն կը կատարուի։ Եւ ահաւասիկ, այս ուղղութեամբ, արարչագործութիւնը հի՛մն է Աստուծոյ փրկչական բոլոր ծրագիրներուն՝ սկիզբը փրկութեան պատմութեան՝ որ իր բարձրակէտին կը հասնի Քրիստոսով։ Հակադարձաբար, Քրիստոսի խորհուրդը վճռական լո՛յսն է արարչագործութեան խորհուրդին. ան կը յայտնէ այն նպատակը՝ որուն հեռանկարով՝ «Աստուած սկիզբէն ստեղծեց երկինքը եւ երկիրը». (ԾՆՆԴ. Ա 1)։ Ուստի, սկիզբէն իսկ, Աստուած իր տեսութեան մէջ ունէր փառքը նոր արարչագործութեան Յիսուս Քրիստոսի անձին մէջ։
Ահաւասիկ, այս իսկ պատճառով է, որ Ճրագալոյցի գիշերը ընթերցումները կը սկսին արարչագործութեան պատմութեամբ. ասիկա միշտ առաջին ընթերցումն է Տիրոջ աւագ տօներու նախօրեակին։
Աշխարհին եւ մարդուն ստեղծագործութեան մէջ Աստուած դրաւ առաջին եւ ընդհանրական վկայութիւնը Իր իմաստութեան եւ Իր ամենազօր անհուն սիրոյն. «առաջին աւերում»ը՝ Իր «բարեհաճ ծրագրին», որ Իր վախճանին կը հասնի նոր արարչագործութեան մէջ Քրիստոսով։
Բնական բանականութեամբ, մարդը կարող է ստուգապէս ճանչնալ Աստուած՝ մեկնելով Անոր գործերէն։
Կայ նաեւ ճանաչումը, տարբեր ճամբով կատարուած. ճանաչումի ուրիշ կարգ մը՝ որուն մարդ չի կրնար հասնիլ իր սեփական ուժերով. կարգը աստուածային յայտնութեան։ Բոլորովին ազատ կամքով եւ որոշումով՝ Աստուած Ինքզինք կը յայտնէ եւ Ինքզինք կու տայ մարդուն։ Ասիկա կը կատարէ յայտնելով Իր խորհուրդը, Իր հաճութեան ծրագիրը, զոր կազմած է յաւիտենական կերպով Քրիստոսի մէջ՝ ի նպաստ բոլոր մարդոց։
Ան իր ծրագիրը ամբողջովին կը յայտնէ առաքելով Իր սիրելի Որդին՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը եւ Սուրբ Հոգին։
Իր իմաստութեան եւ բարոյութեան մէջ հաճոյ թուեցաւ Աստուծոյ յայտնել Ինքզինք եւ ճանչցնել Իր կամքին խորհուրդը՝ որուն շնորհիւ մարդիկ, Քրիստոսով՝ մարդացեալ եւ մարմնացեալ բանով, կը մերձենան Հօր՝ Սուրբ Հոգիին մէջ եւ մասնակից կ՚ըլլան աստուածային բնութեան եւ ծրագրին։
Աստուած Սէր է. երանելի Լոյս, առաջնահերթ Միութիւն։ Ան յաւիտենական երանութիւն է, անմահական կեանք, անշիջանելի լոյս. Հայր, Որդի եւ Սուրբ Հոգի, եւ Ան կ՚ուզէ ազատակամօրէն հաղորդել իր երանաւէտ կեանքին փառքը. ահաւասիկ, ա՛յս է «ծրագիրը հաճութեան». (ԵՓՍ. Ա 9), զոր Ան յղացաւ արարչագործութենէն առաջ Իր սիրելի Որդիին մէջ. «կանխաւ նախասահմանելով մեզ որդեգրութեան Անոր մէջ». (ԵՓՍ. Ա 5), այսինքն «ըլլալու կերպարանակից Իր Որդիին պատկերին». (ՀՌՈՄ. Ը 29), շնորհիւ «որդեգրութեան Հոգիին». (ՀՌՈՄ. Ը 15)։
Այս «ծրագիր»ը շնորհք մըն է «տրուած բոլոր ժամանակներէ առաջ». (Բ ՏԻՄ. Ա 9)։ Ան անմիջորդ կը բխի Ս. Երրորդութեան սէրէն։ Ան կը տարածուի, կը ծաւալի ամբողջ արարչագործութեան վրայ. իսկ անկումէն ետք՝ փրկութեան ամբողջ պատմութեան վրայ Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին առաքելութիւններուն մէջ, զորս կը շարունակէ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը։
Արդարեւ, ամբողջ աստուածային ծրագրին տնտեսութիւնը աստուածային Երեք Անձերուն հասարակաց գործն է։ Որովհետեւ ինչպէս որ Ս. Երրորդութիւնը ունի մի եւ նոյն բնութիւնը, նոյնպէս ալ ունի մի եւ նոյն գործողութիւնը։ Աստուածային ծրագրին ամբողջ տնտեսութիւնը միանգամայն հասարակաց եւ առանձնական գործ է, որ կը ճանչցնէ մեզի թէ՛ յատկանիշները Անձերուն եւ թէ՛ անոնց միակ բնութիւնը։
Քրիստոսի վարդապետելը Իր Անձին մէջ Աստուծոյ յաւիտենական ամբողջ ծրագիրը քօղազերծել է, հետամուտ ըլլալ է՝ որպէսզի հասկնանք քրիստոսաւանդ խօսքերուն, հրաշքներուն եւ արարքներուն նշանակութիւնը։ Ուստի, կրօնուսուցումին նպատակը մեզ Յիսուս Քրիստոսի հետ հաղորդակից դարձնել է եւ ճանչնալ «ծրագիր»ը արարչութեան. միայն Ինք կարող է առաջնորդել մեզ դէպի Հօր Սէրը՝ Հոգիով եւ մեզ մասնակից ընել այդ ծրագրին Ամենասուրբ Երրորդութեան կեանքին։
Մարդ, աստուածային սիրոյ եւ իմաստութեան յաւիտենական ծրագրին կեդրոնն է՝ մասնակից՝ ծրագրին իրականացման եւ գործադրութեան…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 2, 2023, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 04/24/2025
- 04/24/2025