ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ԿԱՆՉ
Ամէն ժամանակէ աւելի այսօր, հայ ժողովուրդը պէտք է յայտարարէ համազգային օգնութեան կանչ մը, շեշտելով այն ճշմարտութեան վրայ, որ գործը աւելի խօսուն փաստ մըն է հայրենասիրութեան՝ քան խօսքը։
Վիճակը մեր բոլորին պատկերացուցածէն աւելի ծանր է ու դժուար. 120 հազար մարդ մի քանի շաբթուան ընթացքին Արցախէն տեղափոխուեցան Հայաստանի Հանրապետութիւն։ Անոնցմէ շատ շատեր անտուն ու անօթեւան, նոյնիսկ փողոցները գիշերեցին։ Հայաստանի պետութիւնը որոշ գումարական օժանդակութիւն ցուցաբերեց եւ պիտի շարունակէ ցուցաբերել, սակայն դարձեալ բաւարար չեն հոգալու ամբողջ պէտքերը։ Նիւթական օգնութիւն չէ որ կ՚ակնկալուի. գաղթականները այսօր նիւթական ու բարոյական օգնութենէն անդին ուրիշ կարիքներ ունին՝ որոնք մարդկային անհրաժեշտութիւններ են։
Գաղթականներուն օգնելու առաջնահերթութիւնը կը սկսի մանուկներէն՝ որոնք առաջնահերթութիւն են թէ՛ ծնողներուն եւ թէ մեզի համար։
Ա) Առաջնահերթութիւն է մանուկներուն շորիկ (diaper) ապահովել (ցաւ ի սիրտ, հայերէն ճշգրիտ բառ մը գոյութիւն չունի. շատեր կը գործածեն «խանձարուրի շոր» տարբերակը։ Դժբախտաբար Հայաստանի մէջ մանուկներուն այդ պէտքը հոգալը այնքան ալ մատչելի չէ՝ մանաւանդ գաղթականներուն համար, որոնք տակաւին ստեղծուած քաոսին ազդեցութեան տակ են։ Պէտք է մայրերը փրկել այդ մտահոգութենէն եւ մեծ պահեստ մը տրամադրել անոնց։
Բ) Ահաւասիկ ձմեռը վրայ կը հասնի եւ Հայաստանի ցուրտը այնքան ալ տանելի ցուրտ մը չէ։ Այսօր ունինք հագուստի մեծ պակաս՝ թէ՛ մանուկներու եւ թէ մեծահասակներու համար։ Նկատի ունենալով, որ գաղթականները այնքան ալ ի վիճակի պիտի չըլլան փայտով կամ կազով լաւապէս ջերմանալու եւ ցուրտէն պաշտպանուելու, անհրաժեշտութիւնը ունինք հաստ բաճկոններու, գուլպաներու, ձեռնոցներու եւ բոլոր պարագաներու՝ որ մարդկայնօրէն անհրաժեշտ է։
Գ) Անհրաժշտ կարիքը կայ անկողնային պարագաներու՝ բարձ, վերմակ, անկողին եւ այլն։ Բնականաբար եւ ցաւ ի սիրտ, բոլորին անկողին պիտի չհասնի։ Շատեր երկար ժամանակ գետինը պիտի քնանան, մինչեւ որոշ ժամանակ ետք (գուցէ երկար ժամանակ) բախտը դարձեալ որոշէ «ժպտիլ» իրենց։
Դ) Աւելի քան ութը ամիս պաշարման մէջ ապրող եւ սովամահութեան սահմանը հասնող արցախահայութիւնը կարիքը ունին սնունդի՝ մանաւանդ յաջորդող մի քանի ամիսներուն, պարզելու համար թէ ինչ պիտի ըլլայ անոնց ճակատագիրը։ Սնունդն ու ջուրը մարդկային ամենապարզ պէտքերն են գոյատեւելու համար։
Ե) Բժշկական պարագաներ եւ դեղօրաք պէտք է տրամադրել, մանաւանդ որ շրջապատման ընթացքին տիրող քաոսը շատերու հիւանդութեան պատճառ եղած էր։ Արցախէն Հայաստան գաղթեցին բազմաթիւ ծերեր, որոնք այս կամ այն դեղի օգնութեամբ իրենց գոյութիւնը կ՚ապահովեն։
Զ) Մաքրութեան ու խնամքի պարագաներ պէտք է յատկացնել։ Օճառ, թաշկինակ եւ այլ մարդկային պէտքեր պարտինք տրամադրել, որովհետեւ աղտին ու անմաքրութեան մէջ է որ հիւանդութիւնները ծնունդ կ՚առնեն։ Մաքրութեան այդ պարագաներուն մաս կը կազմէ նաեւ ակռայի վրձինն ու խիւսը, գետինի ու տունի մաքրութեան պարագաները եւ այլն։
Է) Այսօր պէտք է անհամար թիւով խաղալիքներ, գիրքեր ու մանկական հետաքրքրաշարժ պարագաներ ապահովել, որպէսզի մանուկներն ու պատանիները չդառնան «մանկութիւն չունեցող» մարդոց։ Ամենէն դժուար պարագաներուն եւս պարտինք անոնց տրամադրել «անհոգ» մանկութիւն մը, հոգեբանական ու մանկավարժական բոլոր մեթոտները ի գործ դնելով։
Ը) Պէտք է փայտ ապահովել՝ մեզի սպասող ցուրտէն պաշտպանելու համար գաղթական արցախահայութիւնը։
Թ) Պէտք է նկատի առնել, որ արցախահայ մեր գաղթականները ժամանակաւոր ձեւով չէ որ Հայաստան կը գտնուին եւ հետեւաբար անտուն ու անտէր ձեւով մշտական ապրիլը հնարաւոր չէ։ Պէտք է ապահով միջավայր մը ստեղծել եւ զիրենք դուրս բերել փողոցներէն, ստեղծելով աշխատավայրեր։
Ժ) Սփիւռքի մէջ ապրող բարեկեցիկ ընտանիքներ պարտին «որդեգրել» գաղթական ընտանիք մը եւ անոնց օժանդակելով՝ հայրենիքի հանդէպ իրենց պարտքը կատարած համարեն։
Նիւթականներուն կողքին անհրաժեշտ է նաեւ բարոյականը։ Պէտք է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն շնորհուի անոնց։ Տրամադրուին դպրոցներ՝ ուր աշակերտներ կարենան սորվիլ ու գործածել իրենց արցախեան բարբառը, ինչ որ իրենց մշակոյթին մաս կը կազմէ։
Ցաւ ի սիրտ, շատեր Հայաստանի վերջին իրադարձութիւններէն ետք Հայաստանի պետութեան եւ կամ բարեգործական հիմնարկներու չեն վստահիր։ Մենք չենք պնդեր, որ վստահին, այլ կը յորդորենք անձամբ գալ Հայաստան, տեսնել վիճակը եւ բոլոր անհրաժեշտ պէտքերը հոգալ։ Որովհետեւ մեր եւ սփիւռքահայերու ներկայութիւնը իրենց մօտ աւելի արդիւնք ունի՝ քան հեռուէն դրամ կամ նպաստ ղրկելը, որովհետեւ մեր ներկայութիւնը մեր ցաւակից ըլլալու մեծագոյն փաստն ու բարոյական պարտքն է։
Այս բոլորը որպէս «խնդրանք» չենք ներկայացներ, այլ պարտաւորութիւն, որովհետեւ հայ ըլլալը իր մէջ դժուարին օրերուն իրար օգնել կ՚ենթադրէ։
Լալով չէ որ վէրքերը կը բուժուին, այլ օգնելով, հետեւաբար թող ամէն հայ ինքզինք երեւակայէ այդ գաղթական հայերուն տեղ։ Թող ենթադրէ, որ զոհուողը իր ամուսինը, հայրը եւ կամ եղբայրն է եւ ինքզինք դնէ անոնց տեղ եւ փորձէ մորթին վրայ զգալ այդ ցաւը։ Ոչինչ, մի քանի խնջոյք պակաս թող կազմակերպեն հայերը եւ այդ միջոցները տրամադրեն իրենց արենակից հայերու օգուտին, խրախուսելով, որ անոնք մինակ չեն դժուարին այս օրերուն։
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -358-
Ֆրանսայէն ծանօթ մը ամէն տարի Հայաստան գալով աղքատ ընտանիքներու որոշ գումար կը տրամադրէ։ Համոզուած եմ, որ աղքատ մարդոց դրամ տրամադրել պէտք չէ, որովհետեւ այդ դրամով, աղքատը կրնայ ապրիլ մի քանի շաբաթ ու յայտնուիլ այնտեղ՝ ուր որ էր նախապէս։ Նախընտրելի է աղքատ ընտանիքի մը բաղնիքը կամ խոհանոցը վերանորոգել եւ մարդկայնօրէն ապրելու միջավայր ստեղծել եւ գիտնալ, որ մի քանի տարի պիտի օգտագործուի, քան նիւթապէս օգնել ու դարձեալ զինք աղքատ վիճակի մէջ ձգել։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան