88 ՕՐ ՄԱՐԴՈՒԺԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԱՒԱՐՏԻՆ

Աչքդ բաց գոցէ եւ արդէն ուր որ է աւարտին կը հասնի 2024 տարեթիւը. տարի, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ հռչակուեցաւ որպէս «Մարդուժի պատրաստութեան տարի»: Այսօր, այս հռչակումէն անցած է 276 եւ ընդամէնը մնացած 88 օրեր։ Տակաւին տարի մը առաջ Արամ Ա. Կաթողիկոս կը բարձրաձայնէր. «Սփիւռքը հայօրէն արագ մաշումի ընթացքի մէջ է, մեր կառոյցները սկսած են կորսնցնել իրենց այժմէականութիւնը, եւ հետեւաբար անհրաժեշտ է սփիւռքի վերակենսաւորումը` մեր կեանքը շրջապատող ներկայ պայմաններուն ու իրականութիւններուն լոյսին տակ» եւ վստահաբար այս մտածումներով է որ այս տարին հռչակուեցաւ «Մարդուժի պատրաստութեան տարի», որովհետեւ ինչպէս հռչակագիրը կ՚ըսէ, մարդուժի պակասը փաստօրէն սկսած էր իր ներկայութիւնը զգալի դարձնել եւ նկատի ունենալով որ «ազգային ինքնութիւնը պահողը եւ որակ ու ուղղութիւն տուողը մարդուժն է», հետեւաբար անհրաժեշտութիւն էր:

Սակայն կ՚ուզենք անկեղծութեամբ հասկնալ, թէ այս հռչակումները մեր ազգային կեանքէն ներս ի՞նչ փոփոխութիւններ ու բարելաւում կ՚արձանագրէ. իրենց դրական ազդեցութիւնը կ՚ունենա՞ն, թէ ոչ որպէս անուանում կու գան ու կ՚երթան. եթէ պարզապէս որպէս անուանում կու գան ու կ՚երթան, պէտք է լրջօրէն մտածել, որովհետեւ իրականութեան մէջ մեր ազգի ցաւերու անուններն են՝ սակայն առանց լուծումի ու բուժումի. մարդուժի պակասը այս վերջին տարիներուն յատուկ երեւոյթ մը չէր վստահ, սակայն վերջին տասնամեակներուն անոնց պակասը աւելիով զգալի դարձաւ:

Յաճախ մեր շուրջ կը լսենք «մարդուժի պակաս ունինք» արտայայտութիւնը. կը հաւատանք, որ հայ ազգը մարդուժի պակաս չունի, որովհետեւ ունի բաւարարաչափ մարդուժ, սակայն չունի այդ մարդուժը գնահատող, այդ մարդուժը ազգի շահերուն ծառայեցնող հաւաքականութիւն. մեր ազգին մէջ մարդուժը ունի հետեւեալ պատկերը. հիւանդանոց, ուրկէ դուրս դրուած են բոլոր բժիշկները, սակայն կը բողոքեն, որ բժիշկ չունին. նոյնն է մեր ազգը: Բարեբախտաբար, Արամ Կաթողիկոս արդար գտնուելով իր հռչակագրին մէջ կ՚ըսէր. «Ինչ-ինչ պատճառներով եւ զանազան բնագաւառներէն ներս հայ կեանքէն հեռու մնացած մարդուժին թուարկումը կարելի է շարունակել» եւ կը կարծեմ հիմնական մտահոգութիւնն ու կեդրոնացումը պէտք է հո՛ն դրուի, որովհետեւ մինչեւ այդ հեռացումի պատճառները չվերանան, պիտի չյաջողինք նորերը ներգրաւել, որովհետեւ այն հարուածները զորս ստացան հիները, պիտի ստանան նաեւ նորերը եւ ազգովին յայտնուինք նոյն կացութեան մէջ.

Մարդուժի մասին խօսելով հիմնական հարցեր կը յայտնուին.- Ո՞վ է մարդուժը. եթէ հարցնելու ըլլաք, մեր ազգին մէջ իւրաքանչիւր անհատ «մարդուժ» մըն է, որովհետեւ մարդուժին ինչ ըլլալուն յստակ չափանիշ մը գոյութիւն չունի. վերջապէս ո՞վ է անձի մը մարդուժ ըլլալն ու չըլլալը որոշողը. եթէ ոչ ոք՝ ապա ամէն մարդ «մարդուժ» կրնայ դառնալ: Մենք յաճախ մարդուժը բեմերուն վրայ կը փնտռենք. կը հաւատանք, որ մարդուժ է ան՝ որ գաղութի կեանքին մէջ այս կամ այն գործը կը կատարէ՝ նոյնիսկ անուանական եւ կամ խնամի ծանօթ բարեկամ կարգախօսին շնորհիւ այս կամ այն պաշտօնը կը վարէ: Իսկ եթէ իրապէս մարդուժ փնտռենք՝ իր արժանի բոլոր արժեչափերով, ապա 2024 թուականը քանի՞ մարդուժ վերադարձուց մեր ժողովուրդին. հիներէն քանի՞ն վերադարձաւ իր արժանի կոչումը կատարելու եւ քանի՞ նորեր աւելցան անոնց վրայ ծառայելու այն նպատակին, որ հայրապետական հռչակագիրը կը հետապնդէ:

Արամ Ա. Կաթողիկոս իր հռչակագրին մէջ կ՚ըսէ. «Արտաքին ազդակներուն կողքին, նաեւ ներքին եւ անձնական պատճառներ մղած են որոշ թիւով մարդիկ՝ հեռու մնալու մեր հաւաքական կեանքէն». 2024 թուականին այդ ներքին, ինչպէս նաեւ անձնական պատճառներէն քանի՞ն լուծում ստացաւ. կարելի՞ է արդեօք անուններ յիշել. եւ կամ հասարակութիւնը տեղեակ պահելու համար կարելի՞ է յիշել լուծում ստացած ներքին ու արտաքին պատճառներու եւ ազդակներու լուծումները՝ գուցէ հեռու մնացող մարդուժերը մօտեցնելու օգնող: Արամ Ա. Կաթողիկոս կ՚ըսէր. «Այս մտահոգիչ երեւոյթին դիմաց չենք ուզեր այպանել ո՛չ հեռու մնացողները եւ ո՛չ ալ անոնց հեռու մնալուն պատճառ հանդիսացած կառոյցները կամ պատասխանատուները». սակայն կորսուող մարդուժը փրկելու եւ զանոնք վերադարձնելու համար յաճախ պէտք է այպանել եւ արդարութեան սիրոյն բարձրաձայնել ճշմարտութիւնները, որովհետեւ այպանելէ հեռու մնալով պարզապէս մարդուժը հեռու պահող հիմնական պատճառները ծածկել կը նշանակէ եւ այնքան ատեն, որ այդ ծածուկները կը շարունակեն մնալ անլուծելի՝ պիտի շարունակուի զգացուիլ նաեւ մարդուժի պակասը:

Մենք չենք ուզեր ըսել, որ այս հռչակումը մնաց անուանական եւ ոչ մէկ արդիւնք ունեցաւ. ընդհակառակը, կ՚ուզենք եւ տեղ մը որպէս իրաւունքի տէր կը պահանջենք լսել ու գիտնալ եւ վստահ ենք, որ անոնց բարձրաձայնումը շատ աւելի լուրջ հանգամանք մը պիտի տայ կաթողիկոսական ապագայ հռչակումներուն։ 276 օրերու ընթացքին ի՞նչ եղաւ մարդուժի պատրաստութեան կապակցութեամբ, չենք գիտեր, սակայն յոյսով ենք, որ յառաջիկայ 88 օրերը փաստեն եւ հասարակութեան դիմաց դնեն անոր ունեցած դրական արդիւնքը, այլապէս տարեթիւերն ու անուանումները կու գան ու կ՚երթան... մինչեւ օր մը մենք ամբողջութեամբ գացած ըլլանք եւ յանձնուած պատմութեան էջերուն:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ինչո՞ւ ոսկին աւելի արժէքաւոր է քան արծաթը:

Պատասխան. Ոսկին աւելի արժէքաւոր է քան արծաթը, որովհետեւ ոսկին աւելի քիչ կը գտնուի՝ քան արծաթը։ Երկրի ընդերքին մէջ արծաթը աւելի է քան ոսկին, ինչ որ աւելի արժէքաւոր կը դարձնէ ոսկին: Ետքը ոսկին աւելի տոկուն է քան արծաթը. օրինակի համար՝ արծաթը ժամանակի ընթացքին իր փայլը կը կորսնցնէ, սակայն ոսկին աւելի տոկուն ըլլալով աւելի երկար կը պահպանուի: Անշուշտ, պէտք է նկատի ունենալ նաեւ պատմական նշանակութիւնը, որովհետեւ ոսկին գրեթէ բոլոր քաղաքակրթութիւններու մօտ եղած է արժէքաւոր:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2024