ԱՅՐԻ ԿՆՈՋ ԼՈՒՄԱՆ
«Վստա՛հ գիտցէք, որ այս թշուառ այրին բոլորէն շատ դրամ նետած եղաւ գանձանակին մէջ, որովհետեւ միւսները իրենց աւելորդ գումարներէն նետեցին, մինչ անիկա, հակառակ չքաւոր ըլլալուն, ինչ որ ունէր՝ նետեց, իր ամբո՛ղջ ապրուստը» (ՄԱՐԿ. ԺԲ 43-44), (ՂՈՒԿ. ԻԱ 1-4)։
Յիսուս տեսնելով ցուցամոլութեամբ՝ ի ցոյց մարդկանց նուիրատուութիւնը կարգ մը անձերու, անոնց բարեգործութիւնը բաղդատեց այրի կնոջ մը նուիրատուութեան հետ, որ քիչ, բայց իր ունեցածը ամբողջութեամբ նուիրած էր՝ «իր ամբո՛ղջ ապրուստը»։
Մեծաքանակ նուէրներ կու տային ոմանք, բայց ո՛չ սրտանց, ո՛չ իսկապէս բարիք ընելու համար, այլ՝ իրենց փառքին, պատիւին համար, ո՛չ թէ բարիք ընելու, այլ «բարեգործ» երեւելու համար պարզապէս։
Արդարեւ, ուրիշ առիթով մը Յիսուս կ՚ըսէ.
«Երբ ողորմութիւն կ՚ուզես տալ, փող ու թմբուկով մի՛ ըներ՝ մարդոց ուշադրութիւնը գրաւելու համար, ինչպէս կեղծաւորները կ՚ընեն ժողովարաններու մէջ եւ հրապարակներու վրայ՝ մարդոցմէ փառաւորուելու ակնկալութեամբ։ Վստա՛հ եղէք, միայն ատիկա է անոնց վարձատրութիւնը։ Ընդհակառակը, երբ դուն ողորմութիւն կու տաս, ձախ ձեռքդ թող չգիտնայ թէ ինչ կ՚ընէ աջ ձեռքդ։ Այսպիսով ողորմութիւնդ գաղտնի ըրած կ՚ըլլաս…» (ՄԱՏԹ. Զ 2-4)։ Արդարեւ, աջ կամ ձախ ձեռք, մարդ երկու ձեռքն ալ կը գործածէ որեւէ գործ ըրած ատեն, յաճախ երկու ձեռքով կը փարի գործին, որպէսզի ան կատարեալ ըլլայ եւ կարենայ հասնիլ իր նպատակին։ Եւ ինչպէս ժողովրդական իմաստութիւնը կ՚ըսէ, թէ՝ գործի մը կատարեալ արդիւնք տալու պայմանը՝ անոր երկու ձեռքով փարի՛լն է։ Ի՛նչ որ կը նշանակէ՝ լուրջ, անկեղծ եւ խոհեմ աշխատութիւն, պատասխանատուութեան գիտակցութիւն՝ պարտաճանաչութի՛ւն։
Ուրեմն մարդս երկու ձեռքն ալ կրնայ օգտագործել՝ բարիք ընելու, ուրիշին օգտակար գործ մը ընելու՝ օգնելու համար։ Այս հատուածին մէջ այլաբանական մերձեցում մը կը գտնուի։
Արդարեւ «աջ» եւ «ձախ» ձեռքերը խորհուրդ ունին իրենց մէջ։ Հատուածին մէջ «աջ ձեռք» ըսելով, Յիսուս ըսել կ՚ուզէ, թէ՝ ողորմութիւնը, բարեգործութիւնը պէտք է ըլլայ աջ, յաջողակ, ճարտար, նպատակայարմար եւ արդիւնաբե՛ր, եւ ո՛չ թէ ձախողական, ձախողակ ողորմութիւն կամ յետին նպատակով՝ կեղծաւորութեամբ կատարուած։ Քանի որ «յաջողակ» բառը կու գայ «աջ» բառէն, իսկ «ձախողակ»ը՝ «ձախ» բառէն։
Հոս կարեւոր է նկատել՝ թէ ո՞ր ողորմութիւնը կամ բարիքը յաջողակ է եւ ո՛րը՝ ձախողակ։
Այս հարցին մէջ «անկեղծութիւն»ը անհրաժեշտ պայման մըն է «յաջողակ» ըլլալու համար բարիքի մը։
Անշուշտ չի բաւեր անկեղծ ըլլալ, պէտք է նաեւ՝ զգուշութիւն, խոհեմութիւն, բծախնդրութիւն եւ մանաւանդ բարիքի արդիւնքին հասնելու համար ողջամտութիւն։ Արդարեւ ամէն բարիք կարծուածը «բարիք» չէ՛, եթէ ակնկալուած արդիւնքին չի հասնիր։ Երբեմն, մարդ բարիք ըրած, օգտակար եղած կը կարծէ, բայց նպաստընկալը՝ բարերարուողը եթէ օգտակարութիւնը գէշ նպատակի գործածէ՝ «բարիքէն կը ծնի չարի՛ք», ինչպէս կ՚ըսէ ժողովրդական ծանօթ ասացուածքը։
Կարեւոր դեր կը խաղայ իսկական նպատակը՝ թէ՛ բարիք ընողին, թէ՛ բարերարուողին։ Եթէ իրական նպատակը չար է, ապա ուրեմն այդ բարիքին, ողորմութեան արդիւնքն ալ «չա՛ր» կ՚ըլլայ։
Ուրեմն, անկեղծութեան առընթեր, բարիքին արդիւնքին ալ հետապնդումը, այսինքն չբաւականանալ միայն բարիք ընելով, այլ հետապնդել նաեւ անոր յաջողակ արդիւնաւորման։
Եւ անկեղծ ու իսկական «բարիք»ը ա՛յս է ահաւասիկ, թէ ո՛չ՝ բարիքը կրնայ չարիքի փոխուիլ։ Ասիկա խղճի եւ պատասխանատուութեան գիտակցութեան հարց մըն է…։
Տրուած ողորմութեան, կատարուած բարիքի պատճառով պէտք է որ խիղճը կատարելապէս հանգստանայ, որեւէ խղճահարութիւն, խիղճի անհանգստութիւն չզգացուի. «Երանի թէ այդպէս չընէի, երանի թէ այդքան չտայի…», եւ ասոնց նման տարակուսանքներ, կասկած, շփոթ կամ երկմտութիւն, թէեւ բարերարուողին չ՚ազդեր, բայց բարեգործին մտահոգութիւն կը պատճառէ, այլապէս իր կողմէ բարիքը անկատար կը մնայ։
Այս պատճառով է, որ բարիքին արդիւնքը պէտք է հետապնդել՝ անոր բարի կամ չար արդիւնքը, ուրիշ խօսքով՝ մեր կատարած բարիքներուն «բարի» հետապնդողները ըլլանք։ «Ես իմ խղճի պարտականութիւնս կատարեցի, աւելին զիս չի հետաքրքրեր», եւ նման խորհելակերպեր կը վնասեն կատարուած բարիքը։ «Բարիք»ին պէտք է տէ՛ր կանգնիլ՝ հետապնդել զայն մինչեւ բարւոքումը բարիքին։ Կարելի՞ է այս։ Կարելի պէտք է ըլլայ, քանի որ բարեգործութիւնը «ամբողջ» մըն է՝ թէ՛ բարեգործին, թէ՛ բարերարուողին տեսանկիւնէն։ «Բարիք» ըսուածը միակողմանի չէ, այլ երկկողմանի՝ «տալ» եւ «ընդունիլ», եւ այդ ընդունելութեան նպատակայարմարութենէն պատասխանատո՛ւ է տուողը եւ բո՛ւն «բարիք»ը այս է, թէ ոչ բարիքը պարզ «տուրք» մը, հարկ մը չէ, որ տալով վերջանայ պարտքը ե՛ւ պատասխանատուութիւնը։
Մէկու մը մէկ օր հաց տալ՝ թերեւս «բարիք» է, բայց անկատար բարիք մըն է, քանի որ ան յաջորդ օրը եթէ հաց չտրուի դարձեալ անօթի է։ Ասիկա պէտք չէ հանգստացնէ խիղճը, քանի որ ամէն անգամ որ յիշուի այդ անօթի մարդը, մարդ կը խղճահարուի, եւ բնական է այս։ Ուրեմն բարեգործութեան անհրաժեշտ պայմաններէն մին է՝ տեւականութիւնը, գոնէ ուրիշ բարեգործներու մասնակցութիւնը ապահովելու եւ օգնութեան, բարեգործութեան տեւականութիւնը հաստատել։ Այս է ահաւասիկ իսկական «բարիք»ը՝ ողորմութիւնը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 29, 2016, Իսթանպուլ