ԿԷՕԹԷԻ ՖԱՈՒՍՏԷՆ ՀԱՏՈՒԱԾՆԵՐ
Եոհան Վոլֆկանկ ֆոն Կէօթէի «Ֆաուստ»ը սովորական գրական գլուխ գործոց մը ըլլալէ աւելին է՝ ան «կեանքի գործ» մըն է իմաստասէր եւ համայնագէտ մտքի մը՝ Կէօթէի, որ կատարելագործած է յիսուն տարիի տքնաջան աշխատութեամբ։ Արդարեւ, ան միայն գրական-իմաստասիրական գլուխ գործոց մը չէ, այլ՝ լեզուի մը անթերի կատարելութիւնը։
Արդարեւ ընդունուած է, որ Կէօթէ հանճա՛ր մըն է իր իսկական իմաստով, ինչպէս, անոր գործերը վերլուծողներէն մէկը կ՚ըսէ. «Եթէ ան միմիայն Ֆաուստը հեղինակած ըլլար, իբրեւ գերման եւ տիեզերական գրագէտ իր այսօրուան դերին դարձեա՛լ տիրացած պիտի ըլլար»։
Ուստի «Ֆաուստ»ը թարգմանելը ձեռնարկ մըն է, որ ամենէն հեղինակաւոր գրագէտին իսկ մտածել պիտի տար, քանի որ ան համարձակութիւն պահանջող դժուար գործ մը պիտի ըլլար։ Եւ ահաւասիկ, այս եթէ ոչ անկարելի, բայց շատ դժուար գործը կատարած է Արամ Սամանճեան։ Ի՜նչ անբացատրելի հաճոյք «Faust»ը կարդալ հայերէնով, «Ֆաուստ»։
Արամ Սամանճեան, արդարեւ, շատ մեծ եւ կարեւոր գործ մըն է կատարած եւ օգտակար է եղած հայ ընթերցողին՝ որպէսզի կարդայ «Ֆաուստ»ի նման գլուխ գործոց մը հայերէն լեզուով։ Սոյն թարգմանութիւնը հրատարակուած է 1957 թուականին՝ Պոլիս։ Ահաւասիկ, կ՚ուզենք հատուածներ ներկայացնել մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն «Ֆաուստ»ի այս հայերէն թարգմանութենէն՝ Արամ Սամանճեանի թարգմանութեամբ։ Եւ պիտի տեսնենք հոն «կեանք»ը իր ամբողջ իրականութեամբ, որ շատ անգամ անհասկնալի կը թուի մեզի։
Հատուածները կը ներկայացնենք իրենց բնատիպին բոլորովին հաւատարիմ մնալով՝ ի՛նչ որ կը պահանջէ թարգմանիչին գործին յարգանքը։
«ՖԱՄՈՒԼՈՍ
Ինձ ներեցէ՛ք, մեծայարգ տէ՛ր, երբ ձեզ ըսեմ.
Դիմակախօսիլ յանդգնիլ ուզեմ.
Իրողութեա՛ն այդ ամէնքն են դէմ.
Համեստութի՛ւնն է իր համեստ բաժին։
Անյայտացմանն անբացատրելի
Մեծ վարպետին համակրելի չեղաւ կարելի.
Անոր դարձէն ինքն ըսփոփանք յուսայ, բարին,
Սենեակն, ինչպէս Տոքթօր Ֆաուստի ժամանակ,
Մընայ անեղծ, մինչ ան հեռի
Եւ կ՚ըսպասէ իր տէրն նախնի.
Ներս մտնելու չեմ իսկ համարձակ։
Աստղային ո՞ր ժամուն ենք տակ,-
Թըւին պատերն ինծի դըղրդած,
Դուռը սարսած, կղպանքն ինկած բաց,
Թէ ոչ ինչպէ՞ս դուք հոս մըտաք։
ՄԵՓԻՍՏՈՓԵԼԷՍ
Ո՞ւր ձեր վարպետն է գործեր մուտ.
Զիս հոն տարէ՛ք, բերէք զայն շուտ։
ՖԱՄՈՒԼՈՍ
Ա՜հ, իր արգելքն է բացարձակ.
Պէ՞տք անսաստել, այդ չեմ գիտակ։
Իր մեծ գործին համար երկար ամիսներ
Քաշուած կ՚ապրի, փակուած օր, գիշեր։
Է՛ն փափկազմը գիտուններուն
Ածխագործի ունի տեսք ու գոյն։
Ականջն ու քիթն ծուխ ու մուր,
Կարմիր աչքերը, փըչելէն հուր.
Այսպէս հիւծի ան շարունակ,
Ունելիքին ձայնն է նըւագ։
ՄԵՓԻՍՏՈՓԵԼԷՍ
Մուտքը մերժէ՞ պիտի ինձ միթէ,
Ես մարդն եմ այն, որ բախտ բերելը գիտէ…»։
«Ֆաուստ»ի նիւթը ծնունդ առած է հին առասպելէ մը եւ հետզհետէ զարդարուած Կէօթէի գրիչով։
«Ֆաուստոս» (երջանիկ) մակդիրը գործածուած է առաջին անգամ կախարդի մը կողմէ ԺԵ. դարուն սկիզբը։ Ժողովուրդը այս անունը տուած է բոլոր կախարդներուն՝ որոնք հետեւած են առաջին կախարդին։ Հոս պէտք է յիշել, թէ Միջին դարուն, գիտունները պիտակուած եւ ծանօթացուցած են կախարդի հանգամանքով եւ այդ իսկ պատճառով շատ դժուար եղած է զանազանել իրարմէ՝ իրական կախարդները եւ ճշմարիտ գիտունները։ Կը կարծուի թէ այն առաջին կախարդին անունն էր Եոհան Ֆաուստ։ Եւ այս պատմական իրողութենէն մեկնելով.- Ֆաուստ կը համաձայնի սատանային հետ, որ առաջին անգամ կ՚երեւնայ իրեն։ Մեփիստոփելէս, հաւանաբար «լոյսը չսիրող» իմաստով, համաձայնագրութիւնը արիւնով ստորագրել կու տայ Ֆաուստին։ Այսպէս ալ, Ֆաուստ միշտ կ՚անյայտանայ ամէն անգամ որ իր կախարդական գործերուն հետեւանքով հետապնդման վտանգի կ՚ենթարկուի։ Մեփիսթոփելէս, իբրեւ ծառան, երբեմն ալ իբրեւ փեսան եւ կամ աներորդին ներկայացուած, միշտ կը հետեւի եւ կը սպասաւորէ անոր։ Ֆաուստ շուայտ կեանք մը կը վայելէ։
Կայ կարծիք մը, որ տարբեր մեկնաբանութիւն մը կու տայ. երբ նկատի առնուի դարը, ուր Լութէր կրօնական բարեկարգութեան համար կը պայքարէր, բոլոր լուսամիտ գիտական միտքերն ալ իրեն հետ ունեցած ըլլալը աներկբայ է։
Ֆաուստ ալ գիտուն մըն էր, ան ալ ի հարկէ, ազատամիտ գաղափարներու տէր եւ կուսակից ըլլալու էր։
Ճիշդ այս պատճառաւ ալ բոլոր այս առասպելները կրնան զուտ յերիւրանք եւ վերագրումներ ըլլալ կղերին եւ կղերամիտ դասակարգին, զինք սեւացնելով ժողովուրդին աչքին վարկաբեկելու համար։
Ամէն պարագայի այս կարծիքն ալ իր հետեւորդները ունեցած է, առանց երբեք բացարձակ կերպով ապացուցուած ըլլալու։ Արդարեւ, իրականութիւն թէ վերագրում, Ֆաուստ ինկա՛ծ մըն է ըստ առասպելին։
Կէօթէի Ֆաուստը ճշմարիտ հետախուզող միտքն է։ Ան ուսումնասիրած է մարդկային բոլոր գիտութիւնները՝ առանց անոնցմէ կատարեալ գոհացում եւ յագուրդ գտնելու։ Ան ո՛չ իսկ ետ կեցած է կախարդական գիտութիւններու դիմելէ, ա՛յն յոյսով, որ կարելի է, անոր մէջ կրնայ գտնել իր փնտռածը, եւ ամէն բանի «ի՞նչ»ը եւ «ինչո՞ւ»ն գտած ըլլալու, հարցումներուն պատասխանովը երջանիկ ըլլալ։
Բայց հակառակ իր բոլոր ջանքերուն եւ տքնութիւններուն՝ Ֆաուստ ոչ մէկ բաւարարութիւն է գտած, իր ամէն բան գիտնալու, ամէն գաղտնիքի թափանցելու ջանքերը ապարդիւն են մնացած…։
Եւ եթէ նկատի ունենանք Կէօթէի վերջին խօսքը. «Քիչ մը աւելի լո՜յս»ը, մեզի խորհիլ կու տայ, թէ արդեօք նոյն ի՞նքն է Ֆաուստը։ Կ՚արժէ՛ խորհիլ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 26 2022, Իսթանպուլ