ՉԱՓԱԶԱՆՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Մար­դիկ, ընդ­հան­րա­պէս, ի­րենց փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ չափ ու կշի­ռով չեն վա­րուիր։ Եւ առ­հա­սա­րակ, գի­տակ­ցա­բար կամ ան­գի­տակ­ցա­բար կը շա­հա­գոր­ծեն, չա­րա­չար կը գոր­ծա­ծեն բա­րեա­ցա­կա­մու­թիւն­նե­րը եւ թոյլ­տուու­թիւն­նե­րը ի­րենց շուր­ջին­նե­րուն։ Դի­տե­ցէ՛ք ձեր շուր­ջը՝ պի­տի տես­նէք մար­դիկ, ո­րոնք կը պար­ծե­նան «մարդ ճանչ­նա­լով» եւ կը կար­ծեն ա­մէն ինչ լու­ծել այդ «ճանչ­ցած մարդ»ուն շնոր­հիւ։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ հո՛ս է մարդ­կա­յին տկա­րու­թիւն­նե­րէն մին՝ չա­փա­զան­ցու­թիւ­նը, որ շատ ան­գամ վնա­սա­կար հե­տե­ւանք կ՚ու­նե­նայ՝ խա­թա­րե­լով եւ նոյ­նիսկ քան­դե­լով բա­րե­կա­մու­թիւն­ներ եւ վստա­հու­թիւն­ներ։

«Ես մա՛րդ կը ճանչ­նամ…», եւ ու­րեմն՝ «ա­մէն ինչ կրնամ լու­ծել, ա­մէն ինչ կրնամ կար­գադ­րել ա­նոր շնոր­հիւ…»։Եւ սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, ո՜ր­քան նուաս­տա­ցու­ցիչ պա­րա­գայ մըն է, ո՜ր­քան ցա­ւա­ռիթ մտայ­նու­թիւն մըն է ա­սի­կա՝ բա­րե­կա­մու­թիւ­նը եւ վստա­հու­թիւ­նը շա­հա­գոր­ծել, եւ մէ­կէ մը ա­ւե­լի՛ն պա­հան­ջել, ա­մէն ինչ պա­հան­ջե­լու ի­րա­ւուն­քը ու­նե­նալ կար­ծել…։

Այս յանդգ­նու­թեան, այս չափ ու կշիռ չգիտ­նա­լու պատ­ճա­ռը՝ ինք­նա­գի­տակ­ցու­թեան պա­կա՛սն է։

Եւ երբ մարդ չի գի­տեր իր տե­ղը, դիր­քը, կա­րո­ղու­թիւ­նը, տա­րո­ղու­թիւ­նը, մէկ խօս­քով՝ չի ճանչ­նար ինք­զինք, ա­հա­ւա­սիկ ա­սի­կա պատ­ճառ կ՚ըլ­լայ յու­սա­խա­բու­թիւն­նե­րու, հիաս­թա­փու­թեան եւ են­թա­կան ա­նակն­կալ ե­րե­ւոյ­թով մը կը դի­մա­ւո­րուի։ Ինք­զինք ճանչ­նալ, ինք­զինք գիտ­նալ կը նշա­նա­կէ՝ չա­փը ու կշի­ռը գիտ­նալ, պա­հանջք­նե­րու սահ­մա­նը, տա­րա­ծու­թիւ­նը եւ չա­փը լա՛ւ ո­րո­շել եւ ըստ այնմ շար­ժիլ։

Ան­շուշտ, որ մէ­կու մը վստա­հիլ եւ վստա­հած մէ­կէ մը օ­գու­տի սպա­սել բնա­կան զգա­ցում մըն է, եւ սա­կայն այդ զգա­ցու­մը այն ա­տեն ի­րա­ւա­ցի եւ ար­դա­րա­ցի կ՚ըլ­լայ, երբ անկը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ պա­հան­ջա­տէր դիր­քի վրայ գտնուող ան­ձին պա­հան­ջե­լու ի­րա­ւուն­քին, այ­սինքն ար­դար եւ ի­րա­ւա­տէր ըլ­լա­լուն։ Այս ալ կ՚ո­րո­շուի, ինչ­պէս ը­սինք, ինք­նա­ճա­նա­չու­թեամբ։ Ար­դա­րեւ, «ինք­զինք ճանչ­նալ» ա­ռա­քի­նու­թիւն է, ազ­նուու­թիւն է, վե­հանձ­նու­թի՛ւն է։

Ուս­տի յան­դի­մա­նու­թեան ցա­ւա­ռիթ հա­կազ­դե­ցու­թիւն­նե­րու հետ չդի­մա­ւո­րուե­լու հա­մար պէ՛տք է զգոյշ ըլ­լալ՝ պա­հանջ­քին բո­վան­դա­կու­թիւ­նը, էու­թիւ­նը, պա­հան­ջո­ղին ան­ձին եւ դիր­քին հետ ու­նե­ցած հա­մե­մա­տու­թիւ­նը եւ հա­մա­պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը լա՛ւ ո­րո­շել եւ մա­նա­ւանդ պա­հանջք ներ­կա­յա­ցուած ան­ձը շի­տակ, վայ­րը եւ ժա­մա­նա­կը պա­տեհ ու պատ­շաճ կեր­պով ըն­տրել…։

Այ­լա­պէս ա­նի­րաւ պա­հան­ջո­ղը պէ՛տք է յանձ­նա­ռու ըլ­լայ՝ ար­դար զայ­րոյ­թի հե­տե­ւան­քով ա­մէն նա­խա­տին­քի։

Մեր խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րը շա­րու­նա­կենք Սմբատ Սար­կա­ւագ Խա­նուէ­լեա­նէ գրառ­նուած ա­ռա­կով մը։

«Խ­­լուր­դը՝ դաշ­տա­մու­կը կը սի­րէր թա­փա­ռիլ գետ­նա­տակ զով ան­ցու­ղի­նե­րու մէջ՝ ո­րոնք փո­րած ու մաք­րած էին ի­րեն ծնող­ներն ու պա­պե­րը։

«Ան կը բարձ­րա­նար վե­րին սրահ­նե­րը եւ կ՚իջ­նէր ներ­քին խո­ռոչ­նե­րը՝ ո­րոնք ու­տե­լի­քի պա­հեստ­ներ էին։

«Իր կա­լուած­նե­րը եւ հարս­տու­թիւ­նը ու­սում­նա­սի­րե­լով՝ ան ան­գամ մը ան­ծա­նօթ սո­ղանցք յայտ­նա­բե­րեց եւ ո­րո­շեց պար­զել, թէ դէ­պի ո՞ւր կը տա­նին զինք այդ ու­ղի­նե­րը։ Յան­կարծ.- Կանգ ա՛ռ, նա­խազ­գու­շա­կան ձայն մը լսուե­ցաւ, որ շա­րու­նա­կեց.- այդ ճա­նա­պար­հը վտան­գա­ւոր է։

«Բայց հե­տաքրք­րու­թե­նէ դրդուած՝ խլուր­դը ա­ւե­լի՜ եւ ա­ւե­լի վեր կը բարձ­րա­նար, եւ վեր­ջա­պէս, թա­թե­րով հո­ղը ետ տա­լով, ան տե­սաւ իր առ­ջեւ բա­ցուող կա­պո՜յտ-կա­պո՜յտ ան­հու­նը։ Բայց այդ վեր­ջին բանն էր, որ խեղճ խլուր­դը տե­սաւ իր կեան­քին մէջ։ Ա­րե­ւը իր պայ­ծառ ճա­ռա­գայ­թով հա­րուա­ծեց կի­սա­կոյր խե՜ղճ խլուր­դը՝ ներ­գոր­ծե­լով ա­նոր աչ­քի ճեղ­քե­րուն եւ վերջ­նա­կա­նա­պէս կու­րա­ցուց զայն։

«Ա­հա ա՛յդ­պէս ալ, սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, սու­տը կրնայ միա՛յն թաքս­տոց­նե­րու, որ­ջե­րու մէջ հան­գիստ ապ­րիլ՝ միայն հոն պա­հուը­տե­լով։ Երբ ան լոյս աշ­խարհ կու գայ, տեղ­ւոյն վրայ կը մեռ­նի, կ՚ոչն­չա­նայ՝ ճշմար­տու­թեան լոյ­սով կու­րա­նա­լով…»։

­Սի­րե­լի՜­ներ, այս ա­ռա­կը մե­զի ցոյց կու տայ ա­գա­հու­թեան ան­դար­մա­նե­լի ու ան­դառ­նա­լի վնաս­նե­րը։

Հե­ռո՜ւ, այն ա­մէն­քը՝ ո­րոնց հա­ճոյ­քը զգա­յա­կա­նին մէջ է, ո­րոնց հա­մար հո­գե­կա­նը շատ բարձր է, ո­րոնց հա­մար միտ­քը ա­նա­խորժ, ան­հա­ճոյ տի­րա­պե­տող մըն է, եւ ո­րոնց հա­մար բո­լո­րո­վին ան­ծա­նօթ է հա­ւատ­քը…։

Հե­ռո՜ւ, այն բո­լո­րէն՝ որ լոյ­սը կ՚ա­տեն՝ որ մար­դուս երկ­րի վրայ ա­պա­գան կը յայտ­նէ։

Հե­ռո՜ւ ա­նոնց­մէ՝ ո­րոնց մտա­ծում­նե­րը եր­կի­րը կը շօ­շա­փեն սահ­մա­նա­փակ ժա­մա­նա­կով եւ չեն կրնար հոն բարձ­րա­նալ՝ ո՛ւր գե­րերկ­րա­յին փայլ մը կը հրա­ւի­րէ։

«Ա­գա­հու­թիւն», լայն ա­ռու­մով կը նշա­նա­կէ՝ ար­ծաթ­սի­րու­թիւն, ա­ւե­լի՜ եւ շատ ա­ւե­լի՛ ու­նե­նալ, ան­յա­գու­թիւն, ե­ւայլն։ Ա­գահ մար­դը նախ ան­կեղծ չի կրնար ըլ­լալ՝ խա­բե­բայ է, յափշ­տա­կող, ինք­նա­մոլ եւ ե­սա­սէր, ինք­նա­կեդ­րոն. ի­րա­ւունք չի ճանչ­նար, բայց միայն ի՛ր շա­հը կը հե­տապն­դէ, միակ նպա­տա­կը իր օ­գուտն է՝ ո­րուն ե­տե­ւէն կը վա­զէ։ Ա­գահ մար­դը ո­ղոր­մու­թիւն, գթու­թիւն չի ճանչ­նար, գութ, կա­րեկ­ցու­թիւն չու­նի, եղ­բայ­րա­սի­րու­թիւ­նը օ­տար ար­ժէք մըն է ի­րեն հա­մար եւ մար­դա­սի­րու­թիւ­նը, այ­լա­սի­րու­թիւ­նը բո­լո­րո­վին խորթ է իր կեան­քի ընդ­հա­նուր հաս­կա­ցո­ղու­թեան։

Ա­գա­հու­թեան հա­կա­ռակն է՝ ո­ղոր­մու­թիւն եւ այ­լա­սի­րու­թիւն, աղ­քա­տա­սի­րու­թիւն։ Ա­գա­հու­թիւ­նը մո­լու­թիւն մըն է՝ ա՛խտ մը, որ այն աս­տի­ճան վտան­գա­ւոր եւ վնա­սա­կար է, որ Սուրբ Գիր­քը զայն կ՚ա­նուա­նէ՝ «կռա­պաշ­տու­թիւն», այ­սինքն՝ ծա­ռա­յու­թիւն պա­րապ եւ զուր բա­նե­րու։ Եւ այս իսկ պատ­ճա­ռով ալ Սուրբ Գիր­քը կը պատ­գա­մէ եւ կ՚ա­ւան­դէ՝ «գան­ձե­րը կու­տա­կել ու դի­զել ո՛չ թէ այս աշ­խար­հի մէջ՝ երկ­րի վրայ, ուր ցե­ցը, ու­տի­ճը եւ ժան­գը կը փճաց­նեն եւ գո­ղե­րը կը գող­նան, այլ՝ եր­կին­քի մէջ՝ ուր ո՛չ ցե­ցը եւ ո՛չ ալ ժան­գը կրնան ոչն­չաց­նել եւ ոչ ալ գո­ղեր կրնան գող­նալ եւ կոր­զել ու բռնագ­րա­ւել» (ՄԱՏԹ. Զ 19-21)։­

Ուս­տի ան­յագ ըլ­լալ, եր­բեք չկշտա­նալ՝ թէ՛ ան­հա­տա­կան եւ թէ հա­սա­րա­կա­կան կեան­քին հա­մե­րաշ­խու­թեան եւ խա­ղա­ղու­թեան սպառ­նա­ցող, վտանգ բե­րող չա­փա­զա­նու­թիւն­ներ եւ ան­չա­փա­ւո­րու­թիւն­ներ են։ Ար­դա­րեւ, ո՛ւր որ չա­փա­ւո­րու­թիւն, կշռուա­ծու­թիւն, բա­րե­խառ­նու­թիւն չկայ, հոն կա­րե­լի չէ՛ սպա­սել խա­ղա­ղու­թեան, ան­դոր­րու­թեան եւ հան­դար­տու­թեան։ Եւ ե­թէ մարդ եր­ջա­նիկ ըլ­լալ կ՚ու­զէ՝ պէտք է գիտ­նայ պարզ եւ չա­փա­ւո՛ր ըլ­լալ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­նուար 26, 2016, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Յունուար 30, 2016