ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՉՔՈՎ ԴԻՏԵԼ

Մարդ երբեմն գործածելու է «հաւատքի աչք»ի հեռադիտակը՝ հոգեւոր աչքը, տեսնելու երկնային գեղեցկութիւնը եւ բաղդատելու զայն երկրային հրապոյրներու հետ։

Այս առումով Առաքեալը կը թելադրէ. «Վերի բաները փնտռել» եւ «Վերի բաները մտածել», որպէսզի մեր երկրային կապերէն լման անջատուած ըլլանք եւ երկրի «գեղեցիկ բաները» աննշան դառնան։ «Այն բաները զորոնք աչք չէ տեսեր եւ ականջ չէ լսեր եւ որոնք մարդու սրտին մէջ չեն ինկեր, Աստուած զինք սիրողներուն պատրաստեց». (Ա ԿՈՐՆԹ. Բ 9)։

Մարդկային ցեղերուն մէջ աստ-ւածային բազմաթիւ համոզումներ, գաղափար եւ տեսութիւններ կան։ Ցեղերէ ոմանց մէջ կան աւելի հին գաղափարներ, որոնք կը կոչուին հոգեպաշտութիւն (animism)։ Ասիկա ա՛յն հաւատքն է, որ իր վստահութիւնը կը դնէ բազմաթիւ աստուածային ուժերու վրայ՝ հոգիներ, ոգիներ եւ այլն, որոնք իբր թէ կը բնակին ժայռերու մէջ, ծառերու մէջ՝ ինչպէս մեր հայ նախնիները «Սօսի» կոչուած ծառերը կը պաշտէին, տուներու մէջ, առուակներու, գետերու, լեռներու եւ նոյնիսկ յատուկ պարագաներով մարդոց մէջ կը բնակին։

Վհուկութիւն, կախարդութիւն, հմայութիւն, մոգութիւն, զոհաբերութիւն եւ թովչութիւն (հրապոյր, կախարդութիւն) մաս կը կազմեն հոգեպաշտութեան (animism

Այս շարժումին կը պատկանին Չինաստանի Թաօ կրօնքը (Taoism), Ափրիկէի ցեղային կրօնները, եւ այլն։

«Բազմաստուածութիւն»ը (polythéisme) ընդհանրապէս բնական ուժերու մարմնացումն է։

Մեզի ամենէն ծանօթ օրինակը Յունական եւ կամ Հռովմէական Պանթէոնի աստուածներն են։ Աբրահամ ալ քաղդէացիներու երկրէն ելաւ, որ բազմաստուածութեան կը հաւատային անոր բնակիչները։ Աթէնքի մէջ, Պօղոս առաքեալ, յոյները բազմաստուածապաշտ գտաւ, որ նոյնիսկ ունէին «խորան» մը՝ որուն վրայ կ՚ըսէր.

«Անծանօթ Աստուծոյն», որպէսզի անտեսուած չըլլար որեւէ պաշտամունքի առարկայ եղող չաստուած մը։

Այս կէտին կարելի է հարցնել, թէ՝ բարոյականութի՞ւնը կրօնքի մաս կը կազմէ, թէ կրօնքը՝ բարոյականութեան։ Այս հարցը անջատօրէն խորհրդածութեան թողլով՝ շարունակենք «Աստուած գաղափար»ին պատմական ընթացքին։

Ո՛չ «հոգեպաշտութիւն»ը եւ ոչ ալ «բազմաստուածութիւն»ը բարոյական բովանդակութիւն ունին։ Այսինքն՝ չաստուածները եւ կամ հոգիները զիրենք պաշտողներուն «բարոյական արդարութեամբ» հետաքրքրուած չեն։ Ուրեմն, պաշտամունք եւ կրօնք հասկացողութիւնը կը կայանայ զոհաբերումներու եւ թովչութեանց մէջ բաժին վերցնելուն վրայ, որպէսզի համոզեն չաստուածներն ու անոնց բարկութիւնը ամոքեն, որպէսզի թոյլ տան, որ մարդը իր կեանքը խաղաղութեամբ վարէ։

Քրիստոնէութիւնը, սակայն, «միաստուածութեան» կառչող դրութիւն մըն է։ Այսինքն՝ կը հաւատայ մէկ գերիշխան Աստուծոյ եւ կը մերժէ, կ՚ուրանայ մնացած բոլոր չաստուածները։ Հրէութիւնը-Մովսիսականութիւնը եւ Մահմետականութիւնն ալ, աշխարհի մնացած կրօններու շարքին, «միաստուածութեան» կը կառչին։

Պատմութեան նայելով կը տեսնենք, թէ վաղեմի օրերէն իսկ, գոնէ Աբրահամի օրերէն, այս երեք տեսակի աստուածպաշտութեան դրութիւնները գոյութիւն ունէին. հոգեպաշտութիւն, բազմաստուածապաշտութիւն եւ միաստուածապաշտութիւն։

Եւ այսօր՝ ցաւօք սրտի, քսանմէկերորդ դարու մէջ, տակաւին միաստուածապաշտութեան կողքին կա՛ն նաեւ հոգեպաշտութեան եւ բազմաստուածապաշտութեան դրութիւնները։ Եթէ քրիստոնէութիւնը արտօնէր բազմաստուածապաշտութիւնը, Հռովմէական կայսրութեան հետ երբեք բախում պիտի չունենար։ Զոր օրինակ, եթէ քրիստոնեաներ ճանչնային կայսրը իբր «աստուած»՝ ազատ համարձակ պիտի շրջէին կայսրութեան մէջ։ Սակայն վաղեմի քրիստոնեաները անզիջող դիրք բռնած էին եւ չէին ուզեր գործ ունենալ բազմաթիւ չաստուածներու հետ եւ ո՛չ ալ բազմաթիւ տէրերու հետ. (Ա ԿՈՐՆԹ. Ը 5-6)։

Միաստուածապաշտութիւնը ունի երեք ձեւեր. արմատ առնելով Աստուծոյ եւ տիեզերքին հետ եղած յարաբերութիւններէն, որուն մէջ կ՚ապրէինք։ Ասոնք՝

ա) Տեիզմ (Deism). Աստուածապաշտութիւն,

բ) Համայնաստուածութիւն (Pantheism),

գ) Թեիզմ (Theism

Շատ հետաքրքրական է տեսնել, որ Աստուածաշունչ Մատեանը երբեք չ՚աշխատիր Աստուծոյ գոյութիւնը փաստելու։ Սուրբ Գիրքը Աստուծոյ իրականութիւնը կ՚ընդունի իբր ճշմարտութի՛ւն…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունուար 27 2023, Իսթանպուլ 

Երկուշաբթի, Յունուար 30, 2023