ՊԱՏՄԻՉՆԵՐԸ ՍՏԱԽՕՍՆԵՐ ԵՆ

Որքանո՞վ կարելի է վստահիլ Մովսէս Խորենացիի, Ագաթանգեղոսի, Փաւստոս Բիւզանդի, Փարպեցիի, Սեբէոսի եւ այլ պատմիչներու արձանագրած պատմութեանց, որոնց մէջ անառարկելիօրէն գոյութիւն ունի անճշդութիւն եւ ստախօսութիւն: Մեր ժողովուրդը հայ պատմիչները սուրբերու դասի արժանացուցած է եւ որպէս հաւատք եւ սկզբունք միշտ ալ երկիւղը ունեցած է «սուրբ»երու գրածները հետազօտութեան ենթարկել եւ անոնց ճշդութիւնը հարցականի տակ դնել:

Այնպէս ինչպէս այսօրուան լրատուութեան հանդէպ կարելի չէ կոյր վստահութիւն ունենալ, նոյնպէս ալ կարելի չէ վստահիլ պատմիչներուն հետեւեալ պատճառներով.-

Ա.- Նկատի ունենալով արհեստագիտութեան յետամնացութիւնն ու թուղթի չգոյութիւնը եւ հետեւաբար անոնց պատճառած նիւթական պահանջները, պատմիչ ունենալու առանձնաշնորհը տրուած էր իշխանականներուն: Եւ հետեւաբար պատմիչները պատմագրութիւնը նուիրումէ աւելի կը կատարէին որպէս գործ՝ ինչին համար մեծ հաւանականութեամբ կը վարձատրուէին: Այնպէս ինչպէս այսօր Դաշնակցական կամ Հնչակեան թերթի մը մէջ աշխատելով յօդուածագիր մը չի կրնար անոնց դէմ քննադատութիւն մը գրել եւ կամ գրելու պարագային խմբագրութիւնը չի հրատարակեր, նոյնպէս այս կամ այն իշխանին «պաշտօնեայ» եղող պատմիչ մը վստահաբար չէր կրնար ամէն բան գրել այնպէս՝ ինչպէս որ է. մարդկայնօրէն եւ մա՛նաւանդ կեանքի անվտանգութիւն մը ապահովելու համար վստահաբար անոնք գրած են այն՝ ինչ որ իրենց ծառայած իշխանին կամ թագաւորութեան շահերը կը հետապնդէր:

Օրինակի համար, պատմահայ Մովսէս Խորենացի իր «Պատմութիւն հայոց»ը գրած է Բագրատունեաց տոհմի նահապետ իշխան Սահակ Բ. Բագրատունիի խնդրանքով. ինչքանո՞վ տրամաբանական պիտի ըլլար եթէ Մովսէս Խորենացի գրի առնէր Սահակ Բ. Բագրատունիի սխալները:

Բ.- Նկատի ունենալով թուղթի պակասութիւնն ու արհեստագիտութեան յետամնացութիւնը, սերունդէ սերունդ պատմիչի մը գրածները կ՚ընդօրինակուէր, որովհետեւ մագաղաթէ թուղթերը որոնք կ՚օգտագործուէին այդ ժամանակ, կրնար որոշ ժամանակ ետք բորբոսիլ, հետեւաբար պէտք է միշտ նոր ընդօրինակութիւններու ենթարկել՝ սերունդէ սերունդ փոխանցել կարենալու համար: Նոյն ընդօրինակութիւնը կը տարուէր դարձեալ թագաւորական իշխաններու թելադրանքով եւ հետեւաբար անոնք եւս կրնային ենթարկուիլ վերաքննութեան եւ վերատեսութեան. այնպէս ինչպէս ամէ՛ն կուսակցութիւն պիտի ուզէր պատմութեան էջերէն առյաւէտ սրբել ու ոչնչացնել իրենց մասին գրուած ժխտական ու բացասական գրառումները, նոյնպէս ալ օրուան թագաւորներն ու իշխանները պիտի ուզէին:

Ընդօրինակութեան միւս անպատեհութիւնը այն էր, որ մարդկայնօրէն սխալներ եւ վրիպումներ վստահաբար կրնան պատահած ըլլալ: Պէտք չէ ընդունիլ, որ այսօր մեզի հասած Մովսէս Խորենացիի գրած պատմութիւնը ամբողջական է, որովհետեւ արհեստագիտութեան պակասութիւնը մեր մատենագիտութեան շա՜տ վնասներ պատճառեց:

Գ.- Իւրաքանչիւր պատմիչ ուզած է ձեւով մը անմահացնել իր հերոսները եւ հետեւաբար շատ անգամ չափազանցելով ուզած է զանոնք «աստուածացոնել» եւ հետեւաբար դէպքերու նկարագրութեան մէջ դիմած է ծայրայեղութեան: Օրինակի համար, կասկածէ վեր է Գրիգոր Լուսաւորիչի չարչարանքներու ենթարկուելու դժբախտ իրողութիւնը, սակայն նկարագրուած չարչարանքները որքանո՞վ իրաւացի եւ ուղիղ են՝ անորոշ է: Մարդկանօրէն անկարելի է դիմանալ նկարագրուած չարչարանքներուն, սակայն Գրիգոր Լուսաւորիչի Աստուծոյ մարդը ըլլալը փաստելու համար դիմած են չափազանցութիւններու:

Նոյն մտածումով ձեր աչքերուն առջեւ ունեցէք գիրերու գիւտն ու Էջմիածինի պատմութիւնը. երկուքի պարագային ալ կը տեսնենք հաւատքի եւ հոգեւոր արժէքներու ներկայութիւնը. գիրերը Աստուածային ձեռքով մը յայտնուած էին. նոյնպէս Էջմիածինի Տաճարի շինութեան վայրը արդիւնքն էր Աստուածային տեսիլքի մը. պատմիչներ դիմած են այս քայլերու, որպէսզի ժողովուրդը տարբեր կապուածութիւն ու ակնածութիւն ունենայ որոշ դէպքերու եւ անձերու հանդէպ:

Այս չափազանցութիւնները փաստելու եւ համոզուելու լաւագոյն ձեւը Վարդանանց Ճակատամարի մարտադաշտ եղող Աւարայրը տեսնելն է. պատմիչին համաձայն, պարսկական բանակը կազմուած էր 90 հազար զինուորներէ եւ աւելի քան 13 հազար մարտական փիղերէ: Իրականութեան մէջ Աւարայրի դաշտը այնքա՜ն փոքր է, ուր անկարելի է այդքան զինուոր ու փիղ տեղաւորել: Այդ թիւերու չափազանցութիւնը պարզապէս Վարդանանց հերոսներու անվախութիւնն ու քաջութիւնը աւելիով շեշտելու կը ծառայէ: 

Վերոյիշեալ կէտերը նկատի ունենալով վստահ ենք, թէ մեր պատմութեան մէջ շա՜տ մը դէպքեր մատնուած են լռութեան եւ կամ այլափոխուած են: Ո՛չ միայն անցեալին, նոյն չափազանցութիւններն ու այլափոխութիւնները կը տեսնենք ներկայ լրատուական աշխարհին մէջ՝ որ մերօրեայ պատմիչն է:

Մաղթենք, որ սուտերը մէկ կողմ դնելով յառաջիկայ մեր պատմութեան մէջ առանց չափազանցութիւններու իրաւացի յաղթանակներ արձանագրուին:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -155-

Հայոց Պատմութեան դասընթացքներէն մէկուն ընթացքին ուսուցիչը խօսելով հայ սուրբի մը կեանքի մանրամասնութիւններուն մասին, յայտնեց անոնց չափազանցուած ըլլալու իրողութեան մասին: Այս անսպասելի յայտարարութիւնը յուսահատութեան մատնեց մեր դասընկերներէն մէկը, որ մինչեւ այդ օր կոյր վստահութեամբ համոզուած էր անոնց ճշդութեան՝ առանց հարցականի ենթարկելու:

Աւելի քան երկու շաբաթ ուսումնասիրեց գրեթէ բոլո՛ր սուրբերու կենսագրութիւններն ու մա՛նաւանդ չարչարանքները: Հիմա անհաւատ է թէ ոչ՝ չեմ գիտեր:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երկուշաբթի, Յունուար 30, 2023