ԲՆՈՒԹԻՒՆԸ ԳԵՂԵՑԻԿ Է
Յաճախ կ՚ըսենք. «Բնութիւնը գեղեցիկ է…»։ Պայմանադրականօրէն ըսուած այս խօսքով ի՞նչ ըսել կ՚ուզենք։
Արդարեւ, իր լայն առումով «բնութիւն» բառը կը նկարագրէ մարդկային էութիւնը։ Բայց, ընդհանրապէս երբ կ՚ըսենք ու յաճախ կը կրկնենք. «Բնութիւնը գեղեցիկ է», արդեօք կը մատնանշենք ծառե՞րը, կամ երկինքի կապո՞յտը, եւ կամ անծայր, անկախ ու ազա՜տ ամպե՞րը, խո՞տը, ծաղիկներու բազմաթիւ տեսակնե՞րը, մեր շուրջ կատարուած երեւո՞յթները՝ որոնք կը կազմեն «բնական տեսարան» մը…։ Բոլորը՝ որ մեր շուրջը կը տեսնուին, կը պատահին, բոլորն ալ կը կազմեն «բնութիւն»ը՝ մեզմէ բոլորովին անկախ ու ազատ։
Ուրեմն, սիրելինե՜ր, բնութեան նախապայմանն է՝ ազատութիւն եւ անկախութիւն։
Բայց բնութեան ո՞վ տուաւ այդ ազատութիւնը, անկախութիւնը։ Ահաւասիկ, կարծեմ հարցը հո՛ս է սիրելիներ, քանի որ ամէն գոյութիւն, ամէն էութիւն ունի նախապատճառ մը, ինչպէս ունի էութեան նպատակ մը, այսինքն՝ իմա՛ստ մը։
«Իմաստ»ը՝ ամէն գոյութեան հոգին է, հոգ չէ՛, թէ ան մեր ըմբռնած իմատսով «հոգի» մը ունենայ կամ ո՛չ։ Ամէն իր եւ ամէն իրողութիւն, անպայմա՛ն «հոգի» մը ունի, որ կը նշանակէ՝ «իմա՛ստ» մը ունենալ։
Մարդիկ, ընդհանրապէս առօրեայ զբաղումներու մէջ, կ՚անտեսեն, պէտք եղած կարեւորութիւնը չեն ընծայեր «իմաստ»ին եւ մակերեսային տեղեկութիւններով, հարեւանցի մօտեցումներով կը շարունակեն իրենց կեանքին ընթացքը։ Բայց եթէ քիչ մը խորանան իմաստին՝ բոլորովին պիտի փոխուի իրենց կեանքը, բոլորովին տարբեր տեսանկիւնէ մը պիտի դիտեն աշխարհը՝ իր տարբեր երեսներով։ Կեանքը միայն մեր ապրածը, միայն մեր տեսածը չէ՛։ Խորանալ, խորը թափանցել իմաստին՝ ուր կայ կեանքը իր ամբողջ ճշմարտութեամբ։ Նշմարել, թէ ի՛նչ է կարեւորը, էականը ե՛ւ կենսականը կեանքին մէջ՝ ուր պարտաւորուած է ինք ապրիլ։
Պարզ եւ հասկնալի խօսքով՝ մարդ մը իր բոլոր կեանքին մէջ, կեանքի բոլոր շրջաններուն կ՚ապրի՛, կ՚ապրի, բայց շատ անգամ չի տեսներ գեղեցիկը, կ՚անտեսէ բարին եւ չ՚անդրադառնար ճշմարիտին։ Ան այս արժէքներէն ո՛չինչ վրայ տալ կ՚ուզէ իր ամբողջ կեանքին մէջ, բայց յաճախ վրայ կու տայ, քանի որ չ՚անդրադառնար անոնց գոյութեան ու կարեւորութեան իր ապրած ժամանակաւոր կեանքի ընթացքին։
Երբ կը խօսինք «Բնութեան» մասին, պէտք է անդրադառնանք անոր իմաստին։ Ասոր համար հարցում մը հարցնենք մենք զմեզ. ինչո՞ւ համար Աստուած չստեղծեց այնքան «կատարեալ» աշխարհ մը՝ ուր ո՛չ մէկ չարիք կարենար գոյութիւն ունենալ։
Աստուած միշտ կարո՛ղ է Իր անհուն զօրութեամբ եւ ամենակարողութեամբ՝ աւելի կատարեալ բան մը ստեղծել։ Ո՛չ մէկ կասկած այս մասին։
Սակայն Աստուած Իր իմաստութեամբ եւ Իր անսահման բարութեամբ ու սիրով, ազատօրէն ուզեց ստեղծել աշխարհ մը՝ յառաջընթացութեան մէջ, ուղղուած դէպի իր վերջնական կատարելութիւնը։
Բարեշրջման փափաքը միշտ աշխո՛յժ կը պահէ։
Աստուծոյ ստեղծագործութեան ընդհանուր ծրագրին մէջ այս կերպ ըլլալը՝ կը ներփակէ կարգ մը արարածներուն երեւումը, եւ անոնց երեւումին հետ նաեւ՝ անհետացումը ուրիշներուն, ամենակատարեալին կողքին՝ նուազ կատարեալը, զօրաւորին կողքին՝ տկարը, լիութեան կողքին՝ թերին, բնութեան շինարարութեան կողքին՝ նաեւ կործանումներ։
Այս կը նշանակէ, թէ ֆիզիքական բարիին կողքին պիտի ըլլայ նաեւ, եւ անպայմա՛ն, ֆիզիքական չարիքը, այնքան ատեն, որ արարչագործութիւնը չէ՛ հասած իր կատարելութեան։ Արդարեւ, ստեղծագործութիւնը դէպք մը չէ՛, այլ՝ ընթացք մը, որ պիտի տեւէ մինչեւ որ ամբողջանայ ծրագիրը։
Ինչպէս ըսինք, որեւէ բան ստեղծել իր կատարեալ ձեւով, պատճառ կ՚ըլլայ անշարժութեան, ամլութեան եւ որեւէ իմաստ ու արժէք չի ներկայացներ «բարեշրջում»ը՝ որ անհրաժեշտ է ամէն կատարելագործութեան, անթերիութեան եւ զօրութեան։ Դէպի հորիզոն քալելու է մարդ, որպէսզի հասնի նպատակի մը, եթէ նոյնիսկ չհասնի հորիզոնին, ինչ որ անկարելի կը թուի, գոնէ ամէն քայլով յառաջդիմութիւն մը կ՚ունենայ եւ կը մնայ աշխոյժ ու մշտեռա՛նդ։ Եւ այսպէս կարելի է ժամանակի ընթացքին ի յայտ բերել, թէ Աստուած Իր ամենազօր Նախախնամութեամբ կարո՛ղ է Իր արարածներուն պատճառած «չար»ին հետեւանքներէն «բարիք» քաղել, նոյնիսկ «բարոյական չարիք»էն։
«Գէշութիւնը զոր ինծի ընել ծրագրած էիք, Աստուած՝ զայն բարիքի փոխեց» (ԾՆՆԴ. Ծ 20)։
Բայց մարդ երբ կը հասնի իր կեանքի վաճխճանին՝ կ՚անդրադառնայ արժէքներուն, սակայն ջուրերը կարելի չէ երբեք դէպի ետ հոսեցնել եւ անցնող ջուրի կաթիլը երբեք անգամ մըն ալ չ՚անցնիր նիւթապէս նոյն կէտէն։ Այն ինչ որ շահուած է՝ ա՛ն կը մնայ։
Արդարեւ, Աստուած մէկ օրուան համար գեղեցկութիւն, բարութիւն եւ ճշմարտութիւն չէ տուած մարդուն՝ այս արժէքները մշտնջենաւոր են՝ բա՛ւ է, որ մարդ անդրադառնայ անոնց իր կեանքի որեւէ պահուն՝ երբ տակաւին կ՚ապրի եւ կը շնչէ։
Աստուծոյ շնորհները, պարգեւները տեւական են, քանի որ Ի՛նք Աստուած տեւական է եւ յաւիտենական։ Իր բնութիւնն է մշտնջենաւորութի՛ւնը։
Ինչպէս գեղեկցութիւններով կ՚օժտէ Աստուած ամբողջ Բնութիւնը, այնպէս ալ գեղեցիկ է ստեղծած մարդը թէ՛ մարմնով, թէ՛ հոգիով։ Բնութիւնը գեղեցիկ է՝ մա՛րդն ալ…։ Գեղեցիկ կը ծնին բոլոր մարդիկ, բայց ոմանք չեն անդրադառնար իրենց գեղեցկութեան, ոմանք ալ ուշ կ՚անդրադառնան։ Անոնք որ կ՚անդրադառնան՝ կ՚օգտագործուին իրենց շնորհուած գեղեցկութենէն, կը պահեն զայն։
Գեղեցկութիւնը մշտնջենաւոր եւ անայլայլ արժէք մըն է, զոր պէ՛տք է մարդ պահէ անեղծ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 27, 2015, Իսթանպուլ