ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ
Աստուած մարդը իմացական եւ բանաւոր արարած ստեղծեց, տալով անոր արժանապատուութիւնը անձի մը՝ որ օժտուած է նախաձեռնութեամբ եւ իր գործերուն տիրապետութեամբ։ Արդարեւ, «Աստուած թողուց մարդը իր անձնական դատումին». (ՍԻՐ. ԺԵ 14), որպէսզի ան կարենայ անձամբ փնտռել իր Արարիչը եւ ազատօրէն փարելով Անոր, հասնիլ լի եւ երանաւէտ կատարելութեան։
Սուրբ Երանոս Լիոնցի կ՚ըսէ. «Մարդը իմացական արարած է, եւ ասով՝ նման Աստուծոյ։ Ան ստեղծուած է ազատ եւ տէ՛ր իր արարքներուն»։
Ինչպէս յաճախ կը կրկնենք, ազատութիւնը իմացականութեան եւ կամքին մէջ արմատացած կարողութիւնն է գործելու կամ չգործելու, ընելու այս կամ այն, ինքնակամ վճռելու կատարելիք գործեր։ Ինքնակամութեամբ իւրաքանչիւր ոք տէ՛ր է իր անձին։
Ազատութիւնը, մարդուն մէջ զօրութիւն մըն է աճումի եւ հասունութեան՝ ճշմարտութեան եւ բարութեան մէջ։ Ազատութիւնը կը հասնի իր կատարելութեան, երբ կը կարգաւորուի դէպի Աստուած՝ մեր երանութիւնը։ Այնքան ատեն որ ազատութիւնը վերջնականապէս չէ հաստատուած իր վերջնական բարիքին մէջ՝ որ Աստուած է, ան իր մէջ կը կրէ կարելիութիւնը «ընտրելու բարիին եւ չարին միջեւ», եւ հետեւաբար կարելիութիւնը աճելու եւ զարգանալու կատարելութեան մէջ եւ կամ սայթաքելու եւ մեղանչելու՝ կորսուելու խաւարին մէջ։ Արդարեւ, ազատութիւնը հասարակաց է՝ հաւաքականութեան մը մէջ՝ ուր մէկ հոգի իսկ ազատութիւնը չի վայելեր, հոն ազատութիւն չի՛ կրնար գոյութիւն ունենալ։ Այս իմաստով, ազատութիւնը ընկերային, հասարակութեան հարց մըն է։ Անհատներու միասին, միատեղ ապրելու կարելիութիւնը կ՚ապահովուի հասարակաց ազատութեամբ։
Ազատութիւնը կը բնորոշէ յատկապէ՛ս մարդկային արարքները։ Ան կը դառնայ «աղբիւր գովասանք»ի կա՛մ «պարսաւանք»ի՝ արժանիքի կա՛մ անարժանիքի։
Մարդ արարածը կ՚ապրի օրէնքներով, կանոններով՝ պատշաճ կարգապահութեան մը պարտադրանքներով. եւ այնքան ատեն որ կը համակերպի այդ կարգապահութեան պահանջներուն՝ այն համեմատութեամբ ազատութիւն կը վայելէ։ Այս ալ կը նշանակէ՝ որ ազատութիւնը անսահման վայելք մը չի խոստանար մարդ արարածին։ Տուեալ սահմանին մէջ մարդ ազատ է եւ ազատութիւն կրնայ վայելել։
Ազատութեան սահմանները կ՚որոշէ նաեւ «բարի»ն։ Ուստի, մարդ ո՛րքան աւելի բարիք կ՚ընէ, ա՛յնքան աւելի կ՚ըլլայ ազատ։ Չկա՛յ ճշմարիտ ազատութիւն եթէ ոչ ի սպաս բարիին եւ արդարին։ Անհնազանդութիւն, անհաւատարմութիւն եւ ընդհանրապէս չարիք նախընտրելն՝ ազատութեան զեղծումն է եւ կը տանի բարոյական ստրկութեան. (ՀՌՈՄ. Զ 17)։
Այս իմաստով, ազատութիւնը մարդը կը դարձնէ «պատասխանատո՛ւ» իր արարքներուն՝ այն չափով որ անոնք կամովին են՝ ազատ կամքի արդիւնք եւ գիտակցաբար։ Յառաջդիմութիւնը առաքինութեան մէջ, ճանաչումը բարիին եւ ճգնակեցութիւնը կ՚աճեցնեն կամքին տիրապետութիւնը ինքն իր արարքներուն վրայ։ Արարքի մը հանդէպ յանցապարտութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը կրնան նուազիլ, նոյնիսկ բոլորովին ջնջուիլ տգիտութեան, բռնութեան, անտարբերութեան, անուշադրութեան, վախի, սովորութեան, ունակութեան, անչափաւոր ծայրայեղ հակումներու եւ հոգեկան-բարոյական կամ ընկերային այլ ազդակներու պատճառով։ Արդարեւ, ամէն կամովին ուզուած եւ կատարուած արարք վերագրելի է զայն կատարողին։ Ուստի, Տէրը մեղքէն ետք՝ կը հարցնէ Ադամին պարտէզին մէջ. «Ի՞նչ գործեցիր». (ԾՆՆԴ. Գ 13)։ Նո՛յնը՝ Կայէնին. (ԾՆՆԴ. Դ 10)։ Այսպէս նաեւ Նաթան՝ Դաւիթին՝ յետ շնութեան Ուրայի կնոջ հետ եւ Ուրայի սպանութեան. (Բ ՍԱՄ. ԺԲ 7-15)։
Ազատութիւնը մարդուն արժանապատուութեան հետ սերտօրէն առընչուած աստուածային պարգեւ մըն է, պէտք է տեղին վայելել…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 29 2023, Իսթանպուլ