ՀԱՒԱՏՔԻ ԱՌԱՐԿԱՆԵՐԸ
Յաճախ կը փորձենք խորհրդածել հաւատքի մասին։ Սակայն ըստ էութեան, հաւատքը բացատրել դժուար է, քանի որ իւրաքանչիւր անհատ տարբեր հասկացողութիւն մը ունի անոր մասին, եւ այդ իսկ պատճառով հաւատքը ըմբռնել, իւրացնել եւ հաստատապէս թափանցել անոր իմաստին դիւրին չ՚ըլլար շատ անգամ։ Չափազանցած չենք ըլլար ըսելով՝ թէ ամէն անհատ ունի իրեն յատուկ հաւատք մը, եւ ամէն մէկ անձ իր տեսանկիւնէն հաւատացեա՛լ է։ Արդարեւ մէկուն համար հաւատք կարծուածը՝ ուրիշի մը համար ուրիշ բան մըն է, զոր օրինակ՝ նախապաշարում, աւանդապաշտութիւն կամ աւելորդապաշտութիւն, նոյնիսկ ունայնապաշտութիւն։
Ահաւասիկ, պարզ հարցում մը. «Ի՞նչ է հաւատքը»։
Ամենապարզ բացատրութեամբ հաւատքը՝ առաքինութիւն մըն է, որով մարդ ներքնապէս կ՚ընդունի եւ արտաքնապէս կը խոստովանի զԱստուած եւ Անոր յայտնած ճշմարտութիւնները։ Այս իմաստով հաւատքը՝ ճշմարտութիւնը ճանչնա՛լ է եւ երբ ճշմարտութիւնը մէ՛կ է, ուրեմն հաւատքն ալ «մէ՛կ» է։ Կարեւորը այդ «մէկ»ը՝ միակը, կամ բացարձակը տեսնել, անդրադառնալ անոր, ընդունիլ զայն եւ առանց տարակուսանքի յայտնելն է։ Այն որ կ՚անդրադառնայ «ճշմարիտ»ին, կը տեսնէ եւ կ՚ընդունի «ճշմարտութիւն»ը, ան հաւատքի տէ՛ր է, իսկական իմաստով՝ հաւատացեա՛լ…։
Ուստի ճշմարի՛տ հաւատքի գլխաւոր կէտերն են.
ա. Աստուծոյ Գոյութիւնը,
բ. Սուրբ Երրորդութիւնը,
գ. Աստուածորդւոյն Մարդեղութիւնը,
դ. Եկեղեցին եւ անոր Սուրբ Խորհուրդները,
ե. Մեռելներու Յարութիւն,
զ. Վերջին Դատաստան,
է. Յաւիտենական Կեանք։
Արդարեւ այս ճշմարտութիւններուն անդրադարձող այս իրողութիւնները որպէս ճշմարտութիւն ընդունող անոնց՝ հաստատ համոզումով փարող ու ապաւինող ամէն անձ «հաւատացեալ» է՝ ուրիշ խօսքով, ճշմարիտ հաւատքի տէ՛ր է։ Աստուած այս ճշմարտութիւնը Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ կը յայտնէ մարդկութեան։
Յիսուս կ՚ըսէ. «Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեա՛նքը» (ՅՈՎՀ. ԺԴ 6)։ Ուրեմն, ճշմարիտ հաւատքին գլխաւոր առարկաները՝ վերոյիշեալ եօթ կէտերը ներքնապէս ընդունող եւ արտաքնապէս խոստովանող ամէն անհատ իրապէս հաւատացեալ կը նկատուի։
«Հաւատոյ Հանգանակ» կը կոչուի քրիստոնէական գլխաւոր հաւատալիքներու բանաձեւուած ամբողջութիւնը։ Հաւատոյ առաջին Հանգանակը յօրինուեցաւ Առաքեալներու ժամանակ՝ Եկեղեցիին կողմէ։ Այս Հանգանակը կը կոչուի՝ «Առաքելական Հանգանակ»։
Իսկ 325 թուականին, Նիկիոյ Ա. Տիեզերական ժողովի ընթացքին, 318 հայրապետներ որդեգրեցին աւելի ընդլայնուած Հանգանակ մը՝ որ կը կոչուի «Նիկիական Հանգանակ», կամ «Հանգանակ Հաւատոյ», կամ պարզապէս «Հաւատամք»։
Իսկ 381 թուականին, Կ. Պոլսոյ Տիեզերական ժողովին ընթացքին՝ վերահաստատուեցաւ Նիկիական Հանգանակը, փոքր յաւելումներով։
«Հանգանակ» կը նշանակէ՝ հաւատքի կամ դաւանութեան կէտերու՝ հաւանում, դաւանանք, այսինքն հաւատքի մասերուն ամբողջութիւնը։ Արդարեւ Եկեղեցւոյ բոլոր անդամները, եթէ ո՛չ անգիր, բայց պէ՛տք է գիտնան Հաւատոյ Հանգանակը, որպէսզի որոշ չափով տեղեկութիւն ունենան իրենց հետեւած Կրօնքին հաւատալիքներուն եւ վարդապետութեան մասին եւ ապրին անոնց համաձայն։
Արդարեւ առանց գիտնալու, առանց իմաստին թափանցելու հաւատալ՝ կոյրզկուրայն, առանց քննելու, կշռելու ուրիշի մը հետեւիլ մարդկային բանականութեան ու արժանապատուութեան բոլորովին հակառա՛կ է. չէ՞ որ Յիսուս կ՚ըսէ. «Քննեցէ՛ք գիրքերը…»։
Ուստի ճշմարիտ հաւատքը՝ ճշմարտութիւնը ճանչնալ կը նշանակէ, եւ քանի որ միակ ճշմարտութիւնը Աստուած է, ուրեմն՝ Աստուած ճանչնա՛լ։ Այո՛, Աստուած մէ՛կ է, քանի որ ճշմարտութիւն է Ան, եւ ճշմարտութիւնը մէ՛կ է։ Աստուած մէ՛կ է, սակայն միեւնոյն ատեն Ան «Երրորդութիւն» է, այսինքն Անոր մէջ կան երեք Անձեր՝ Հայր, Որդի եւ Սուրբ Հոգի։ «Աստուած բառի ստուգաբանութիւնը ցոյց կու տայ՝ թէ Ան միշտ եւ ամէնուրեք «ներկա՛յ» է, այսինքն միշտ եւ ամէն տեղ «աստ» է, հո՛ս է, հոս կը գտնուի. «աստուա՛ծ»։ Ուրեմն Հայր Աստուած Արարիչ է, ստեղծած է տիեզերքը եւ ամէն ինչ, որ գոյութիւն ունի։ Ան ծնողն է Որդիին եւ բխողը Սուրբ Հոգիին։
Որդին Յիսուս Քրիստոս ժամանակներէ առաջ ծնած է Հօրմէն։ Ան աշխարհ եկաւ, մարմնացաւ ու մարդացաւ, որպէսզի Իրեն հաւատացող մարդիկ փրկէ մեղքերէ եւ անոնց համար ապահովէ խոստացուած «յաւիտենական կեանք»ը։
Իսկ Սուրբ Հոգին, աղբի՛ւրն է շնորհներու, ժամանակներէ առաջ բխած է Հօրմէն։
Սուրբ Հոգին միշտ կեանք եւ զօրութիւն կու տայ բոլոր մարդոց՝ որ կը հաւատան Ամենասուրբ Երրորդութեան եւ կ՚ըլլան Եկեղեցիի անդա՛մ։
Յիսուսի Մկրտութեան ժամանակ, Ս. Երրորդութեան երեք Անձերը յայտնուեցան աշխարհի.
«Ասիկա՛ է Իմ սիրելի Որդիս, որուն ես հաւնեցայ», վկայեց Հայր Աստուած վերէ՛ն, մինչ Սուրբ Հոգին երկինքէն աղաւնակերպ իջաւ Աստուածորդիին՝ Քրիստոսի վրայ։ Ահաւասիկ Որդիին՝ Յովհաննէս Մկրտիչի ձեռքով, Յորդանան գետին մէջ մկրտուած ատեն այսպէս յայտնուեցաւ Ս. Երրորդութիւնը։
Արդարեւ Աստուած ինքզինք մի՛շտ յայտնած է սուրբերու եւ անոնց միջոցաւ իր պատգամները տուած է մարդոց։ Անոնք որ անդրադարձած են, եղած են ճշմարիտ հաւատացեալներ։
Աստուած իր Որդիով ինքզինք ուղղակի՛ կատարելապէս եւ ընդմիշտ յայտնեց համայն մարդկութեան։
Քրիստոս թէպէտ Հայր Աստուծմէ ծնած է, բայց Անկէ յետոյ եղած չէ՛ եւ ո՛չ ալ Անկէ փոքր այլ «ժամանակներէ առաջ» է եւ Հօր նման կատարեալ Աստուած է։ Ուստի Քրիստոսի Հայր Աստուծմէ ծնունդը կարելի է բացատրել լոյսին օրինակով՝ որ յիշուած է Հաւատամքին մէջ. «Լոյս ի Լուսոյ»։ Լոյսը ինչպէս լոյսէն կը ճառագայթէ, այնպէս Որդին ծնած է Հօրմէն։ Քրիստոս իր Աստուծոյ Որդին ըլլալը, այս աշխարհի վրայ յայտնեց վարդապետութեամբ՝ ուսուցումներով, հրաշքներով, Իր Յարութեամբ եւ Սուրբ Հոգիին առաքմամբ։ Միջանկեալ ըսենք, որ «Յիսուս» բուն յունարէն բառ մըն է, որ կը նշանակէ Փրկիչ։ Աստուած իր Որդին՝ Փրկիչը ղրկեց, որպէսզի փրկէ մարդիկը իրենց մեղքերէն եւ անոնց սորվեցնէ ապրիլ «բարի կեանք»։
Իսկ «Քրիստոս» կը նշանակէ՝ օծուա՛ծ։
Ամենասուրբ Երրորդութեան երրորդ Անձն է Սուրբ Հոգին։ Ան կը կոչուի՝ Ճշմարտութեան Հոգին, Աստուծոյ Շունչը, Մխիթարիչ, Աղբիւր Կենաց, Բաշխող Շնորհաց, եւայլն։ Սուրբ Հոգին Մարգարէներուն եւ Առաքեալներուն ներշնչում տուած է՝ որոնք քարոզած են զԱստուած, գրած են Սուրբ Գիրքը։ Այս իսկ պատճառով՝ Սուրբ Գիրքը կը կոչուի «Աստուածաշունչ»։
Սուրբ Հոգիին Հօրմէն բխումը, ինչպէս եւ Ամենասուրբ Երրորդութեան երրորդ Անձը ըլլալը չե՛ն նշանակեր, որ Ան բաժնուած է Հօրմէն ու Որդիէն, կամ՝ նուազ կատարեալ է քան Հայրը կամ Որդին։ Այլ Սուրբ Հոգին՝ Հօր եւ Որդիին համագոյ եւ համահաւասար կատարեալ Աստուա՛ծ է, ինչպէս կը վկայէ Սուրբ Գիրքը։
Համբարձման օրը, Քրիստոս Առաքեալներուն խոստացաւ ղրկել Սուրբ Հոգին։ Իսկ Սուրբ Հոգիին գալուստով՝ սրբագործուեցան հաւատացեալները՝ որոնք թիւով 120 էին, եւ կազմեցին Առաջին Եկեղեցին։ Եւ Հոգեգալուստէն ետք Առաքեալները Սուրբ Հոգիին շնորհներով զօրացած՝ ձեռնարկեցին քարոզութեան…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 23, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 02/05/2025
- 02/05/2025